Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԾԵՐԵՆՑ (ՅՈՎՍԷՓ ՇԻՇՄԱՆԵԱՆ) 
(1822-1888) 

Բարիզ, 1937ին, Տիգրան Կամսարականի տունը ինծի  տրուեցաւ տարօրինակ վկայութիւն մը։ Տիգրան Կամuարական, աշխատակցութեամբ խաղ գրելէ ախորժ զգացող գրագէտ, խորունկ խանդավառութեամբ մը որ զարմանք կուտար ինծի, իր տարիքին հետ խոտոր համեմատելուն, կը պարզ էր ծրագիրը խաղի մը։ Ատոր մէջ, ուրիշ տիպերու շարքին, կը ծանրանար տարիքը առած հօրեղբօր մը դերին վրայ: Իր ճշդումները, հաւաքած գիծերը, հոգեբանական զսպանակները որոնք այդ անձնաւորութիւնը խաղին մէջ կանչուած էին յատկորոշելու, տարօրէն կը յիշեցնէին 1880ի ազգային գործիչը մէկ բիւրեղատիպ ներկայացուցիչը։ Կամսարական կը պնդէր որ այդ գիծերը անփոփոխ տիպարը կը պահէին իր իմացական ու ֆիզիք նկարագիրներուն այնպէս ինչպէս անոնք սեւեռուած էին իր անդրանիկ երիտասարդութեան ընկալուչ հոգեշատակին խորը։ Կը պնդէր մանաւանդ անունին վրայ Ծերենց։ 

Իրապաշտ շարժումի արժանաւոր այս մշակին սա խանդաղատալից վերաբերումը մարդու մը յիշատակին որ ըրեր էր իրենց գրականութեան հակադիր գրականութիւն մը (Ծերենցի վիպական վաստակը այլամերժօրէն ռոմանթիք է), սրտառուչ էր եւ ուշագրաւ ի՞նչ աւելի քաղցր փաստ՝ Զարթօնքի սերունդին լայն, օգտաւէտ ախորժակներէն եւ փառասիրութիւններէն քան Ծերենցի գործը եւ գործունէութիւնը։ Միւս կողմէ՝ չեմ կրնար չյիշել սա մուտքին Հրանդ Ասատուրի մէկ քրոնիկը, Ծերուկ Մալթըզը, որուն հերոսը՝ Տօքթ. Շիշմանեան, այնքան խանդաղատալից յարգանք կը ներշնչէր դարձեալ Իրապաշտ Հրանդ Ասատուրին: Նոյն գուրգուրագին յարգանքը եւ գնահատանքը այս մարդուն հասցէին ուրիշ Իրապաշտ վարպետի մը կողմէ, Զօհրապէն, որուն Ի Հեռաստանէ ն, հակառակ անոր որ գրաքննութեան ճնշումովը գրուած է (1893), Ծերենցը կը պատկերէր խորունկ գեղեցկութեամբ։ Ու Արփիարը, որ իր նշմարներուն մէջ նոյնքան սրտայոյզ յիշատակներ պահած ըլլալը կը յայտնէ Ծերենցէն ։ Ու վերջացնելու համար՝ արեւմտահայ գրականութիւնը խորունկ արհամարհանքով մը դատող Լէօն, որ յարգանքի եւ գուրգուրանքի նոյն զգացումները չի վախնար արտայայտելէ Ծերենցի անձին ինչպէս գործին վրայ

Այս ամէնը անշուշտ բան մը կ՚ապացուցանեն։ 

Երբ այս տողերը կ՚ըսուին (1943), արեւմտահայ գրականութիւնը կնքուած ու փակուած գիրք մըն է շատոնց։ Այնպէս որ անոր արժանաւոր մշակներուն մենագրութիւնը պարտաւոր է նկատի ունենալ ա) բարիքը որ անոնց գործը եղաւ, բ) բարիքը որ անոնց անձը եղաւ, գ) բարիքը որ անոնց անունը պիտի ըլլայ, գալիք սերունդներուն նկատառման արժանի։ Շատ չեն այս երեք հանգամանքները իրենց վրայ մէկտեղող անունները արեւմտահայ գրականութեան մշակներուն մէջ, ուր շատ են անոնք որոնց անձը առաւելակշիռ չափով մը բարիք է արժեւորած։ Քիչ են անոնք որոնք այդ տարիքին ըլլան աւելցուցած գործին ալ փառքն ու բարիքը Տօքթ. Շիշմանեան մէկն է այդ քիչերէն։