Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԹԷՖԱՐԻԿ
Թ


Մեռաւ իր գիւղին մէջ ուր ղրկեցինք զինքը բժիշկին պատուէրին համաձայն. մեռաւ անհուն խղճի խայթ մը թողլով սրտիս որ ահաւասիկ տասը տարի վերջը կը թելադրէ վարանող գրիչս, ու իմ կամքիս հակառակ առաջ կը մղէ զայն գրով պահելու անշահասէր, աննման սիրոյ մը դէմ ցուցուած ապերախտութեանս յիշատակը:

Ու կը խորհիմ, որ կեանքը լեցուն է այս կերպ աղէտներով իրար չհասկնալէ առաջ եկած ցաւեր, որ անդարմանելի կ՚ըլլան. անսպառ գորովներ հո՛ս հո՛ն թափուած, անօգուտ ու աւելորդ դատուելով, եւ փճացնելով սէրը, զոր պէտք էին ամուր ու տեւական դարձնել. նպատակէն շեղած սպառումներ, իրարու չհամապատասխանող երթեւեկ մը զոհողութեանց որոնք, փոխադարձ չըլլալնուն համար, կը վատնուին ու խղճի տառապանքներով լեցուն յիշատակներ կը թողուն միայն: