Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՐԻՆ
Բ


Մութին հետ ելաւ Մարտիրոս. խանութը աւլեց, առջի օրուընէ անկարգ թողուած տուփերն ու ծրարները տեղը դրաւ, վաճառատան մեծ ապակին սրբեց ու երկաթեայ փեղկերը բացաւ: Քիչ մը վերջը ա՛լ բոլորովին լուսցած էր, գործաւորներ, արհեստաւորներ, ամեն ազգէ ու ամեն կարգէ, Պոլիս կը դիմէին ու Մեծ Փողոցը կը զարթնուր, կը շարժէր այս անցուդարձով. կամաց կամաց խանութները կը բացուէին, ապակիները կը մաքրուէին, գրագիրներ իրենց պաշտօնին, կար կարող աղջիկներ իրենց գործին գլուխը կուգային:

Առտու էր:

Վեց ամսէ ի վեր այս մաղազային մէջ կ՚աշխատէր իր հօրեղբօրը տեղ, որ տասը տարի իբրեւ բեռնակիր ու պահապան ծառայելէ վերջ հայրենիք վերադարձած էր, Մարտիրոսը թողլով իր տեղը:

Տասնըինը տարու կար չկար. բարձրահասակ ու մենծ մենծի էր, ինչպէս կ՚ըսէին կիները, բայց իր թուխ ու գեղեցիկ դէմքը պատանութեան փափկութիւնը կը պահէր առնական դրոշմը առնելով հանդերձ. սեւահեր ու սեւաչուի էր. քաղցր, վեհերոտ եւ տղայական բան մը ունէր իր նայուածքը. լայն ու դուրս ցցուած կուրծքը իր հզօր ու հպարտ իրանին բոլոր առաւելութիւնները ցոյց կուտար: Կապոյտ չուխայէ ձեռք մը հագուստ շինել տուեր էին իրեն, որ աղէկ կը վայլէր իր կորովի ու առոյգ մարմնին. ջլապինդ բազուկները հազուագիւտ ոյժ մը պէտք էին ունենալ, մինչդեռ կարճ ու ամփոփ փոխանին զանգապանը ազդրերուն հարուստ ու բարեձեւ լեցունութիւնը կը հաստատէր:

Բերայի մէջ նորութիւն մը եղաւ այս նորեկ պահապանը. կիները հիացան ու սքանչացան այս երիտասարդին վրայ, որուն ամչկոտ համեստութիւնը նոր ու կանանց համար միայն հասկնալի հրապոյր մը կուտար իրեն:

Վաճառատան համար ձգողութեան պատճառ մը եղաւ այս պատանի մարդը. ինքը միայն չհասկցաւ այն հետաքրքիր ու մանրախոյզ նայուածքները, որոնց ենթակայ էր. ամենքը համակրելի կը գտնէին զինքը ու չէին քաշուեր բացէ ի բաց իր երեսին ըսելու այնպիսի անհաւատալի համարձակութեամբ մը, որուն վրայ կը զարմանար:

Ամուսնացա՞ծ ես, կը հարցնէին իրեն ամեն կողմէ:

Ու հաստատական պատասխանին վրայ, որը կը ցաւէր, որը կը ծիծաղէր. այս Պոլսեցի կիները կատակը կը սիրէին. այնպիսի յիմար բաներ կը տեսնէր, որոնց վրայ հազիւ իր խնդուքը կը զսպէր:

Առանց բացորոշ բան մը գիտնալու, իր նրբամիտ դրսեցիի բնազդումովը կ՚ըմբռնէր սակայն որ իր նպաստաւոր ընդունելութիւնը աւելի վայելուչ մարմնին կը պարտէր, քան թէ իր աշխատութեանը:

«Բռէնթան»ի վաճառատան մէջ առջի օրերը Մարտիրոսի համար ապշութեան, զարմանքի ու սքանչացման օրեր եղան:

Այս բազմայարկ ու փառաւոր շէնքը, իր հազար ու մէկ բաժանումներովը, օձապտոյտ սանդուխներովը, ճոխութեամբը, յաճախորդներու անընդհատ հոսանքովը, պզտիկ, բայց երանելի քաղաքի մը ազդեցութիւնը ունեցաւ իր վրայ:

Առտուընէ մինչեւ իրիկուն ոսկիներու, մէճիտիէներու հնչիւնն էր, որ կուգար դրան մօտ դրուած սեղանին կողմէն, ուր յատուկ պաշտօնեայ մը տոմարներու վրայ ծռած` անհաւատալի գումարներ ժողվելու միայն զբաղած էր:

Յաճախորդներ, մեծ մասամբ կիներ, համարձակ, երեսնին բաց, ամեն ազգէ, գլխաւորապէս Ֆրէնկներ, մինչեւ անգամ թրքուհիներ ու հայուհիներ, շպարուած ներկուած, միշտ գեղեցիկ ու ա՛լ աւելի գեղեցիկ լինելու հետամուտ` կուգային անվերջանալի պահանջներով վէճերով զբաղեցնելու բոլոր խանութը:

Ինքը` հոն կանգուն էր, շուարած, բան մը չհասկնալով այս տարօրինակ ու միջազգային լեզուէն զոր կը խօսէին եւ այս առուծախէն, որուն օգտակարութիւնը չէր ըմբռներ: Յետոյ ինքն ալ վարժուելով քիչ քիչ այս բուրդէ, մետաքսէ, ասուիէ, շղարշէ, թաւիշէ ծրարներուն զորս մէկ օրէն միւսը, այս կանանց շրջազգեստը դարձած կը տեսնէր, տակաւ առ տակաւ հասկնալով այս ամենը, ֆրանսերէն բառեր շարունակ լսելով ու սորվելով: Պարապ չէին թողուր զինքը խանութին մէջ, անընդհատ տարուբեր այս բոլոր նիւթերուն մէջ, զորս մէկ տեղէն միւսը կը փոխադրէր մինչեւ իրիկուն:

Եւ գիշերը, երբ այս բոլոր ժխորը դադրէր ու մինակ մնար ընդարձակ խանութին մէջ, վարանոտ ու հետաքրքիր, կը խառնէր, կը ջանար հասկնալ իր շուրջի բոլոր նիւթերը:

Հոս՝ ֆիլտէքօսէ կամ մետաքսէ կանացի գուլպաներ գոյնզգոյն, բանուած, մինչեւ զիստը ամփոփելու չափ երկայն, որոնց ներդաշնակ շրջագիծը` մարմնի ճշդութեամբ պատկանելու համար ձեւուած էր. անդին ճերմակեղէններ` սպիտակ ու նուրբ վուշէ, որոնց իր համբակ մտքովը գործածութեան տեղ չէր գտներ. շապիկներ` երկար, լայն, թափանցիկ, փրփուր տանթէլներով խառն, որոնք կուրծքը մերկ ձգելու քան թէ ծածկելու համար պատրաստուած էին. ուրիշ ճերմակեղէն հանդերձներ, կարուա՞ծ թէ կարուելիք, չէր գիտեր, վասն զի էն անհրաժեշտ մասերը իրարմէ անջատ ու բաց թողուած կը տեսնուէին. աւելի անդին գլխարկներ, թռչուններով կամ ծաղիկներով զարդարուն, կօշիկներ տարօրինակ ձեւերով, ձեռնոցներ, պախճաւանդներ, ծնրակապեր այս վերջինները կը ճանչնար հայրենիքէն, եւ զորս երբեմն իր ծունկին վրայ կը փորձէր վերջապէս հազար խռովիչ ու հեշտաւէտ առարկաներ, մանաւանդ գեղաբոյր փոքրիկ ու զարդարուն շիշեր որոնք իր դրսեցիի դիւրագրգիռ քիթին համար ամենէն ախորժելի էին:

Բայց վերի յարկը ա՛լ աւելի զարմանքներու կը հանդիպէր. կար կարողներու սենեակին մէջ, մերկ, բոլորովին մերկ կին մը, ո՛չ, կանացի փայտաշէն մարմին մը, ճշմարիտ ու կենդանի կարծուելու չափ ճարտարութեամբ շինուած, իր զմայլած աչքին կը պարզէր, յայտնի լրբութեամբ մը, այն բոլոր թաքուն հրապոյրները, որոնք իր նոր ամուսնացած երիտասարդի տենդագրգիռ արիւնը կը բորբոքէին: Ու մինչեւ լոյս չէր քնանար, կանանց մարմնին համար մտածուած, երեւակայուած, ստեղծուած այս բոլոր խօսուն եւ գրգռիչ նիւթերէն շրջապատուած, որոնց բոլորին վրայ, իբրեւ հրաշալի աշխարհի մը մէջ, այդ մերկ կինը` սէգ, խրոխտ, բայց միանգամայն կարծես թէ անձնատուր ըլլալու պատրաստ, կը տիրէր իր մարմնին շլացուցիչ գեղովը: Ու կանանց յատուկ, անոնց գաղտնիքներովը, հրապոյրներովը լեցուն այս քաղաքին մէջ անզգայ պահապան մնալու դատապարտուած` այս երիտասարդը կուրտ աքաղաղի տարօրինակ դեր մը կ՚ստանար: