Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Մեր տէրտէրը, իր գունատ վերարկուն ուսին նետած, երբ ժամուն պզտիկ պարտէզին մէջ կը դառնայ, մտիկ ընելու համար նոր ծաղկող աչքերուն հրաշալի յօրինուածութիւնը, ա՛լ վստահ կրնաք ըլլալ, որ Զատկին դուռները կը բացուին ու խստամբեր գեղին մէջ, կնքուած իւղի կարասները կ՚ազատին իրենց քառասնօրեայ կալանքէն։

Ծաղկազարդ, մեր բառովը՝ ծառազարդը, անդրանիկ հանգրուանն է տօնական շրջանի մը, որ կը սկսի առջի տերեւներուն հետ։ Տօնաւորումի այդ շունչը, իր կարմիր, կանաչ ու դեռ չեմ գիտեր ի՛նչ Կիրակիներովը կը պտըտի մեր գեղին մէջն ու դուրսը, մինչեւ որ Եղիային համար երկինքները բացուին ու անոնց պատռուածքէն ամրան կրակները դոյլ–դոյլ թափիլ առնեն։

* * *

Ես կը յիշեմ նորէն բառերը մեր տէրտէրին, որոնք մեր Ծաղկազարդը կը մասնաւորեն ներսի գեղերուն ու քաղաքներուն պարզուկ ու անհարազատ ծաղկաւորումէն։ Աւետարանին յիշատակութիւնը, մեր ձիթենիներուն օրհնութիւնովը, իրական կը դառնայ մեր մօտ ու մեր աղօթքներուն ամէնէն դիւրընկալները ապահովաբար այդ օրուան շարադրուածներն են մեր մամերուն բերնէն դուրս։

Մեզի համար, որ պզտիկներն ենք, երես չունի ծերուկ լուսարարը ու մեր ձիթենիի ճիւղերը, հակառակ անոր, որ ամբողջ դաշտին ամէնէն աղուոր տունկերէն կը փրթին, այնքան գուրգուրանքով ու հաւատքով, բախտը չեն ունենար աւագ խորանին կամարը կանչըւորելու։ Լուսարարը ծեր է ու գիտէ գեղին բոլոր մարդերուն բաց ու գոց ցաւերը ու անոր մատները, բժիշկի մը վարանքովը կ՚երկննան դիզուած ճիւղերուն, բանկալին վրայ, զատելու համար ամէնէն աւելի նուէրները անոնց, որոնք երկինքին առջեւ տեղ մը բանալու հարկովը կը տառապին։

Ու ցաւէ հեռու նայուածքով մը պզտիկ տղաք կը համակերպին տեսնելու իրենց ճիւղերը հարուածող զրկանքը։ Անոնք տառապանքի ըմբռնումին մէջ մեծի մը չափ խորունկ կը դառնան ու այս իմաստութիւնը ցեղին սիրտէն կը փրթի։

Ծաղկազարդ պատարագը կը տարբերի տարուան բոլոր Կիրակիներէն։ Զատիկը ոսկիի ու լոյսի հրդեհում մըն է մեր եկեղեցիէն ներս, որուն բոլոր պատերը ու բոլոր սուրբերը այն օրը բոցէ ջուրով մը կը թարմանան, կը վառին։ Խորանէն, մետաղներուն ամբողջ հոգին, գիծի ու նշուլումի ջրվիժումով մը կը փրփրի ու կը դեղնի չորս դին։ Ծնունդը, իր միւռոնովը մեր մտքին առջեւ թագաւորներուն օծումը կը պատկերէ եւ լացնող սարսուռով մը կ՚անցնի ժամուորներուն հոգիէն, առանց իջնալու անմատչելի ալքերուն, որոնք բացուելու համար ով գիտէ ո՜ր գարունին կը սպասեն։

Բայց ժամէն ներս, Ծաղկազարդի խաղաղութեան ոստովը զգեստաւոր բոլոր սիւներուն ու բոլոր աղեղներուն վրայ կը նստի քաղցրութիւն մը անհաւասարելի ձեւով հայկական որ Փառք ի բարձունս ի օրհներգութեան ատեն, դամբանի մը պէս փակուող երկու ձեռքերուն մէջտեղ, յոյսի ընձիւղում մը կը դառնայ ու կը դողայ կուրծքերը լարող մեղեդիին նոյնքան այրած շեշտովը։

Ու վայե՜լք, ու կախարդութի՜ւն է տեսնել մեր հարսները, տարիին հարսները, որոնք իրենց քողին տակը կրակ առած, իրենց ճերմակ ձեռքերուն մէջ յոյսի ճիւղ մը մեղմօրէն զետեղած, կը մօտենան Աստուծոյ սեղանին։ Անոնք օրհնուածներն են ու անոնց արգանդը կը նմանի ծաղկի մը բաժակին, ուր պտուղի կանանչ կաթիլ մը ինքզինքը կը բեւեռէ։

* * *

Բայց Ծաղկազարդը ժամէն դուրս է մանաւանդ։

Մեր աղջիկները այն առտուն կը լուացուին հեռուներէն բերուած ջուրերով։ Մեր աղջիկները իրենց ծիծերը կը լոգցնեն հողէ կանանչ թակոյկներու մէջ ու կը սեղմեն անոնց դալկօրէն սեւ պտուկները, մեղմով ու հեշտանքով։ Անոնք կը քակեն ատով, կնիքը, որ անոնց կաթերուն ակերը կը պաշտպանէր չարերէն։ Տարիին քաղցր զոհուելիքներն են անոնք։

Մեր աղջիկները գերեզման կ՚երթան ու անոր լքուած պատերուն տակ փոթաւորուած մանուշակները առանց փրցնելու կը հոտուըտան, վճիտ ու տարփագին արբեցումով մը, որ անոնց աչքերը լռութեամբ կը փակէ։

Անո՜նք, մեր հարսնցուները, առանց ոսկիի, ու առանց օղի, այն օ՛րը, մինակ ձիթենիի մատղաշ բարունակով մը պաշտպանած իրենց գեղեցկութիւնը, կը քալեն գեղին մէջէն, թեթեւ, բարի, առանց վախենալու փողոցի աչքերէն ու անոնց ասելի ու անասելի բոլոր հպումներէն։

* * *

Ի՛նչ հեռաւոր կապ կը միացնէ հին հեքիաթին՝ շարանը մեր աղջիկներուն, որոնք գեղէն դուրս աղբիւրներուն առջեւ կը կենան անձայն, ու ջուրէն շարժող ճիւղին վրայ կը համրեն կայլակները անձկագին, անոնց թիւին խորհրդաւոր խոստումներէն մեծ կայլակի մը պէս, իրենք ալ, իրենց ներսէն դողալով։

Եւ որը ժպիտով մը լուսցած, որը ցաւի ասեղով մը վիրաւոր, անոնք կը դառնան, իրենց մկրտուած ճիւղերուն հետ, անցնելու իրենց սնտուկին առջին, անկէ վերցնելու համար հերուան ոստը, որ ձիւնի պէս մետաքսէ պատանքէ մը դուրս կու գայ եւ որուն գալարուած տերեւներէն, ա՛լ անիրական երազներու պէս ինկածները, դամբարանին խորը, տեսակ մը խորհրդանշան կը մնան ցաւի տարիներուն։

Ու նոր ոստը կը դրուի հիներու նշխարներուն վրայ երկիւղով, ու յոյսով, կնքուած համբոյրով մը դէպի մեծ քուն մը, ուրկէ պիտի արթնցնեն զայն հարսի շրթունքներ, առագաստի գիշերին, երբ սարսուռէն գրեթէ խաղացող մատներ անոր խաղաղութիւնը տարածեն անկողնին վերեւ։

Եւ գեղի աղջիկները պէտք ունին այդ օրհնուած պահպանակին։ Մեր օրերուն իսկ պակաս չեղան խղդուած հարսները, մազերնին պլլուած վայրագ թեւերու, որոնք աղջնակը դուրս կը նետեն կատաղօրէն բացուած դուռնէն, երեսին վրայ՝ մահուան վճիռի մը նման՝ խոշոր թուքով մը։

* * *

Ծաղկազարդին ամէնէն սրտառուչ դրուագներէն է երիտասարդ կիներու, քայքայուած մայրերու գլխահակ արտասուելը մեր գերեզմանէն ներս։ Աւանդութիւն մը անկարելի յոյսի մը պէս գերեզմանները կը պտըտի այն օրը ու հակառակ անոր, որ հազարով տարիներ չեն տեսած դամբաններուն ճեղքուիլը անոնց ճերմակ բնակիչներուն կողմէն, նորէն մխիթարուող սիրտերը տեսակ մը ակնկալութենէ կը սիրեն յամառօրէն խաբուիլ։

Ու, մա՛նաւանդ՝ մայրերը, ժամէն ետքը, մինչեւ իրիկուան ստուերները, կը մնան իրենց սիրական մեռելին վրայ, ծոմ բերնով, նայելով զիկզակ գիծերուն, որոնք հողքին վրայ կը թափառին եւ ուրկէ երբեմն մրջիւն մը, իր բողուկները դուրս հանելով՝ մանրանկարչական քահանայի մը պէս կ՚օրհնէ աջ ու ձախը։ Կը սպասեն մայրերը, որոնց տունը գոցուած է մանաւանդ։ Անոնք հոն կու լան երկար, կու լան անվերջ ու երբեմն անուշ արեւին տակ խաբուող աչքերը կ՚ապրին իրենց երազը։ Հողքը կը ճեղքուի ու պատանքով տղան կը կենայ իր կրունկներուն վրայ ուղղաձիգ՝ մեռելներուն գիծովը։ Ու անոր լաթերը կը թափին փտած թուղթերու նման ու մայրը կ՚առնէ տղան տունը տանելու եւ հանգչող, մարած բուխերիկը նորէն արծարծելու։

Բայց իրիկունը կու գայ, գերեզմանը կը պարպուի լացողներէն ու խաբուողներէն ու ծոմ մայրերը ձեռքերնին մխած իրենց գօտիէն ներս, երբ դուրս կ՚ելլան մեռելներու շրջափակէն, ատենը հեղ մը չեն կրնար ետ չնայիլ, երկար, դեռ ճերմակ մնացող քարերուն մէջէն տեսնելու համար մէկը, որ ստուերի մը անշշուկ քալուածքով պիտի հետեւէր իրենց յուսահատ, իրենց սպաննող վերադարձին։

* * *

Ու սրբապղծուած մեր գերեզմաններէն նե՜րս, ու ճղակոտոր մեր պարտէզներէն ներս, որոնք ձիթենիներուն հանդարտ պարոյրներէն մերկացած, անըմբռնելի փոթորիկին սարսափը կ՚արձանացնեն կապոյտին տակ, մեր գեղին Ծաղկազարդը կու գայ աչքերուս։

Մեռան մեր աղբիւրները, ու անոնց ջուրերը գլուխնին առած գացին երկրին ներսերը թափառելու։ Մենք աղջիկ չունինք հիմա, վրանին ու հարեմին տուած ըլլալով անոնց ծաղիկ կուսութիւնը։

Բայց ամէն ատենէ աւելի շատ ըլլալու է քայքայուած հողքերուն առջեւ, իրենց ծոմովը թրթռուն թիւը կիներուն ու մայրերուն։ Անոնք հոն, քարերուն ջարդուած ժողովուրդին մէջտեղը նստած, կ՚երազեն լռին, յուսահատ ու լացով, իրենց ազնիւ, իրենց սրբազան մեռելներուն ու նո՜ր, նո՜ր Յիսուսի մը, որ անապատներէն, որ ջուրերուն խորքերէն բերէր, դարձնէր իրենց նուիրական ստուերները՝ իրեն համար այնքան սրտաբաց, այնքան ինքնաբուխ, իրենց օրն ու արեւը պատարագ ընող մեր մեծ մեռելներուն։