Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՆԱՆՉ ԿԻՐԱԿԻ

Մեր բլուրներուն վրայ, գեղէն վեր քալող դեղնութիւնը օր օրի կը դառնայ դալուկ կանանչի մը ու գեղէն վար, դէպի լճակը, բլուրները փաթթող գորշութեան մէջ, կ՚առատանան արծաթէ լեզուները, ճիւղերուն երկու կողմը, մանկան մատներուն պէս գողտրիկ՚ տերեւները ձիթենիներուն։

Այն ատեն ամբողջ դեղին շուրջը, անծանօթ ակերէ, կու գան խաղալու մեր տժգոյն հոտերը, այնքան ինքնատի՛պ՝ իրենց աւազաններուն վրայ։ Հարաւն ու հիւսիսը, Մանթաշն ու Ծմակը կը տրոփեն անոնց շունչին տակ, ամէն մէկը իրեն յատուկ յուզումով մը լեցնելով պզտիկ փոսերը, որ պարտէզները կը քառակուսեն՝ կախուելով ճերմակները թափած կեռասիներուն թեւերէն, կամ շուլլուելով ապառաժներուն բարձրութիւնն ի վեր, այնքան հանդարտ ու քաղցրութեամբ, որ քարերը կը մեղմանան ու ձորերուն մէջ իր մռունչը գալարող ջուրը կը սիրէ երկարաձիգ երգի մը պէս մասնակցելու մեծ տօնին։

* * *

Գարունին տօնը, մարդերուն մօտ, դուք տեսած ըլլալու էք ով գիտէ քանի՜-քանի՜ անդամներ։ Կրակին դէմ՝ դարձող գառնուկ մը, քանի մը հատ աճապարոտ ծաղիկի փունջ, առատ կնիկ ու աղջիկ։ Բայց ձեր միտքէն չ՚անցնիր երիտասարդ ձիաւոր մը, ձիւնի պէս ճերմակ նժոյգի մը վրայ, որ այդ իրկունը պիտի ելլէ ջուրերուն ծոցէն ու պիտի վազէ մեր դաշտերէն ու մեր բլուրներէն։

Հեքիաթը զայն միշտ երիտասարդ կ՚ուզէ, աղուո՛ր՝ մատաղցու աղջկան մը նման, որուն դէմքին վրայ իր հոգին ծաղիկի մը պէս հանգիստի եկած ըլլար։ Անոր գոյները չեն իյնար թանձրութեանը տակ մեր բառերուն ու մեր աչքերը չունին պատկերը ձեւերու այդ անկարելի քերթուածին, որ կաթի պէս ճերմակ ու բարի, կը բարձրանայ փրփուրէն, խաժ՝ տակաւին տժգունութեամբը ալիքներուն ու երկու երկինքներ շափիւղաներ կը նետեն անոր կազմութեան։

Տեսնողը չէ եկած։ Բայց ինծի պատմած են անոր հասակը, որ աստուածային ցօղունի մը նման կ՚երկննայ մինչեւ կատարը ամէնէն մեծ ծառերուն, ազատելու համար սօսիներուն աչքերը բամպակէ հանգոյցներէն կամ կաղնիին ճիւղերուն անցընելու անուշ մատնոցը, կանանչները բանող երկնային աղջիկներուն, անո՛նց՝ որոնք ամէն գարունի մօր մը պէս իրանդաղատանքով կու գան հարսնեւորելու ծառերուն մերկութիւնը, անոնց փատցած միսերուն վրայ ճերմակ ու կարմիր, կապոյտ ու դեղին դնելով ծաղիկը իրենց համբոյրներուն։

Տեսնողը չէ եկած։ Բայց պզտիկ աղջիկն անգամ՝ գիտէ այդ հսկայ ձիաւորին գուրգուրանքը քարերուն մէջ բանտուած թուփերուն, որոնց առջին, կ՚ըսեն, կ՚իջնայ թեւաւոր իր ձիէն ու իր տաքուկ շրթունքէն պաչիկ մը կը վազեցնէ կուզիկ ու տառապաբար այդ հոգիներուն, որոնք ով գիտէ ի՜նչ խենթութեան մը հովէն տարուած՝ ձգեցին դաշտերուն հանդարտ տափակութիւնը ու իրենց մեղքը կը քաւեն հիմա, մեղքը բոլոր ձգտողներուն, բարձունքներու ճամբուն վրայ կալանակապ ու վարսուած, բայց արի, ա՛յնքան՝ որ ձմեռներն անգամ կը յարգեն անոնց ուխտը, եւ փոխանակ ամէն տարի մեռնելու ընկերութեան մեծ հօտերուն նման, կը դիմանան, իրենց գերութիւնն անգամ փոխելով ստեղծագործ բարութեան, ապառաժներուն վրայ սուտ մը շո՜ւք, եղնիկներուն երկու ժամ կանա՜չ շնորհելու։

* * *

Ու ոսկի մտրակը ափին՝ ան կը վազէ ցորեններուն մէջտեղէն, դանդաղ աճումին սահմանուած խոտերը ծեծելով ու ծեծելով։

Ու հրեղէն ձիուն վրայ, ծփանաւո՜ր՝ բոցէ մարդու մը նման, ան կը վազէ ձիթաստաններուն վրայէն, բեղմ ու փոչի թօթուելով անոնց մեծ ալեկոծութեանը վրայ, եւ բլուրները կը դողան ոտքերուն տակը անոր ձիուն ու ապառաժները խմորի պէս կակուղ կը դառնան, երբ անոր շունչը իջնայ իրենց սիրտը։

Գոյնէ զրկուած այս տեսիլքին համար մեր մամիկները կը ստեղծեն, իրենց նախնական երանգապնակէն, նոր-նոր պատկերներ ու երբ ոգին կը մօտենայ տուներուն, երբ դուռերը մետաքսէ վարագոյներու նման թեթեւ ծփանք մը միայն կը զգան անոր թափանցումէն, ի՜նչ հաճոյքով անիկա կ՚առնէ օրանին մէջ կարմրող վարդին թաւշանուշ նուաղումը ու ի՜նչ զմայլելի հարս մը կը դառնայ ան, երբ բարձերուն ձիւնին մէջ թաղուած մազերուն՝ լուսնի ժանեակի մը պէս կու գայ ծաղկելու։ Անոր համբոյրը քնացող աղջիկներուն, անոր համբոյրը երազող մանչերուն, գիտե՜ք, ինչ անպատմելի հեշտանք է պահած։ Գեղը քիչ կը յիշէ այդ բացառիկ բախտաւորներէն։

Կանանչ Կիրակին զիս կը գտնէ քաղաքներուն ամէնէն դեղնածին, ամէնէն գունատին մէջը։

Ու տուներուն բարբարոս բարձրութեանը մօտ, որոնք սղոցուած ապառաժներու երկար շարքեր կը թուին, ու տուներուն սողացոյ տափակութեանը մօտ, որ գետին կը քալէ յարկերը եւ տանիքները, ես կը հետեւիմ Կանանչ Երիտասարդին։

Ան մեր գեղի կրակէ տղէն ոչինչ ունի իր ձիուն քամակին, անոր մտրակը ինկած է մատներէն, քանի որ զինքը կանչողները խանութին երազովը կը պառկին ու ան տուներէն ներս մտած ատենը թանձրացող հաճոյքի մը ալիքն է կարծես։

Հոս ալ կը տօնեն Գարունը, մարգերու վրան, որոնք մօտէն կամ հեռուէն հսկողութեանը տակ կը մնան քարէ գլուխներու, վայրահակ կամ ուղղաձիդ, բարբարոս ու դաժան, նոյնիսկ գերեզմանին ալ մէջը։

Կանանչ Երիտասարդ։ Գիտես, քեզ ալ կը կանչեն անանկ բերաններ, որոնք օրհնելով–օրհնելով մարդեր խղդեցին։ Քեզի ալ կը բարձրանան անանկ բազուկներ, որոնք կնքուած որովայնները բացին կիներուն եւ աղիքները ծերերուն, սերմ կամ ոսկի գտնելու համար։

Եւ դուն, որ ծաղկի մը պորտին անգամ խորհուրդը յարգեցիր, դուն, որ խոտի թելի մը դպած ատենդ անոր մէջը բարձրութեան երազը բռնկեցուցիր, դո՛ւն ըսէ ինծի, ինչպէս գացիր անոնց ձայնին, որ դանակները սուրցնող աղմուկն է յօրինուած, որ մորթուող մայրերու ու խաչուած մարդերու հեկեկանքէն կը քուղաւորուի։

Դուն ըսէ, ինչպէ՞ս մտար այդ տուներէն ներս, որոնց շատին պատերուն, դեռ կը ծածանին ստուերները տապարով ճեղքուած մեր մեռելներուն եւ կամ որոնցմէ ներս, նոր ժամանակներով եղերաբախտ գերիները կը սպասեն լուռ, թեւատ թռչուններու նման, աղբի մէջ բեւեռահար ծաղիկներու նման, քու ազատող, քու բարի, քու թեւաւոր համբոյրիդ։

* * *

Ով որ ալ ըլլայ երիտասարդ այդ ձիաւորին տակ պահուըտող ոգին, անիկա կրնայ հպարտ ըլլալ, երկինքներուն ներսը, զինքը դիմաւորող համակրանքին։

Անոր երկնցող գեղջուկ հոգիներէն դուրս, որոնք հիացումով ու հաւատքով թեւ կու տան անոր ձիուն եւ որոնք իրենց ընտանութեանը կը սիրեն կանչել անոր ձեւերուն թերեւս կամաւոր հոսանուտութիւնը, հագցնելով անոնց մարմինը իրենց սէրերուն ու իրենց երազներուն, ես քեզի կու գամ հիմա, Կանանչ Երիտասա՛րդ Կանանչ Կիրակիներուն։

Գացի՞ր մեր լիճէն փակելու ոսկի պախուրցը կրակէ ձիուդ։

Գացի՞ր փնտռելու մեր օրանները եւ մեր աղջիկները։

Գացի՞ր մեր բլուրներուն դեղնութեանը մէջ համբուրուող ծաղիկներուն երանութեան։