Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԱՌԵԱԿԸ

Բոլոր թաղին մէջ մինակ մենք է, որ հաւ չունինք։

Հա՞ւն ինչ է, մի ըսէք ու անցնիք։ Անիկա բակին մէջ պտըտող թռչունն է։ Ու անիկա թեւ կը բանայ երբեմն երկինքին վրայ։

Ես հոգի կու տամ պուտ-պուտ ճերմակով սա մեծ հաւուն, գլխին գունաւոր փնջիկը տեղաւորած։

Ան ունի փետուրէ ու մետաքսաւէտ զոյգ մը օղ, որոնք ճերմակ կոճակի մը պէս կը գոցեն անոր ականջները։

Ես գինովցած՝ կը հետեւիմ թութերու եղանակին, պուտ-պուտ ճերմակով պսակուած հաւուն, որուն չորս դին կը դառնայ պզտիկ ժողովուրդը իր ձագերուն։

Անոնք ալ ունին, իրենց կատարին, ոսկի կամ մետաքս փնջիկը, որ գողտր կոկոնի մը նման կը կենայ հոն եւ երբեմն պզտիկ աղջիկները փորձի կ՚ենթարկէ։

Աղուոր բան է բլուրին դեղին հողերուն վրայ՝ մե՛ծ, մեծ այգի մը ունենալ, թուզի ծառերով եւ կամ նուռի տունկերով եզերուած։

Աղուոր բան է լիճին մօտիկ պարտէզ մը ունենալ, ուր ձիթենիները ծանր ու քողուած հարսներու նման կենան արեւին մէջ ու օրհնեն հողերուն բարութիւնը։

Աղուո՛ր, աղուո՜ր բան է սակայն մեզի պէս աղքատներուն համար գոնէ ունենալ սանկ վառեակ մը, պուտիկ-պուտիկ փետուրներով, խենթուկ վառեակ մը, որ ամառ օրերուն քիչ մը թեւ ու ձայն պտըտցնէ ամայի բակիդ մէջ։

Ի՞նչ միամիտ ու ի՞նչ քիչ են երբեմն տղոց երազները։

* * *

Մայր–Սողմէնը տուաւ ինծի։

Ձրի չէ, գիտցէք։ Լեցուն շալակ մը խոտ եմ տարեր անոնց հորթին։

Ի՜նչ անուշիկ հով մը կայ անոր փետուրներուն վրայ, ամէնէն պզտիկ շունչին, անոնք կը բացուին փախչելու համար։

Մինակ փետուրնե՞րը։ Տեսնայիք, ի՞նչ քաղցրութիւն կայ անոր թափանցիկ աչուկներուն խորը, որոնք ադամանդէ ոսպերու պէս կը վառին գլխուն երկու կողմերէն։

Մինակ աչուկնե՞րը։ Անոր գլուխին գուգուլիկը ճերմակ է ձիւներու պէս։

Օրը քանի անգամ շրթներուս կը տանիմ անոր կտուցին ոսկին։ Օրը քանի մը անգամ ես կը թաղե՛մ բերնիս մէջ չհալող ձիւնը անոր փնջիկին։

Ի՜նչ զուարթ, ի՜նչ չար ու, մա՛նաւանդ` ի՜նչ բարի է իմ վառեակս։ Օր մը ամբողջ մտմտուք եկաւ ինծի անոր անուն մը գտնելու համար։

Հիմա անուն ալ ունի, փողոցի պզտիկ աղջկան մը վրայէն գողցուած, բայց իրեն պէս նոնոշիկ անուն մը։

* * *

Ճանճ կը բռնեմ իմ Դադուշիս։

Արեւածաղիկի հունտ կը գողնամ իմ Դադուշիս։

Դեղին ցորեն կը բերեմ իմ Դադուշիս։

Ափիս մէջէն ջուր կու տամ անոր։

Ան ծաղիկն ըսէիր պիտի հոգիիս, ինծի պակսող քուրիկը կամ պուպրիկը:

Դպրոցէն դարձիս իր դեղնորակ տոտիկներուն վրայ օրուելէն–օրուելէն, թեւերուն սանտրը կէս մը լարած՝ կը վազէ իմ դէմ։

Ես ծունկի եմ։ Ու երկարող ափիս վրայէն, պզտիկ աճպարարի մը պէս ան կը քալէ բազուկէս, կը հասնի ուսիս ու հոն կը նստի, գլխիկը երկարած նայուածքիս։

Յետոյ՝ իր կտուցիկը դըփ, դըփ կը զարնէ ականջիս, երեսիս, քիթիս ու բերնիս։

Կը տանիմ վեր, մեր հողէ սենեակը։

Մէկտեղ կը նստինք փայտէ կլոր սեղանին առջին։

* * *

Առտուն կանուխ սենեակն է նորէն։

Կը նետուի շիտակ, պատուհանին տակ քնացած իմ գլուխիս։ Ճանճերը կ՚ուտէ, կը վանէ։

Ան իր սուր կտուցովը կը դպի կոպերուս, որոնք ծալուող վարագոյներու պէս կը կծկուին ու իմ նայուածքս քաղցրութեամբ կը դիմաւորէ անոր չարաճճի ու երկարուն դէմքը։

Ի՞նչ խենթուկ է անոր ճիչը, երբ կը սեղմեմ իր պզտիկ, փետուրէ մարմինը կուրծքիս վրայ։

Դուք լսա՞ծ էք ճըդ-ճըդ այդ ձայնը։ Կարծես ամէն սեղմումիս ծղրիթ մը փախէր անառակին կոկորդէն։

* * *

Որքան մենծ է իմ վառեակս։

Ուժով–ուժով կը չափէ հիմա փողոցին քարերը։ Ցածուկ պատուհաններէն ան իր մարմինը չի վախնար նետել պարապին մէջ։ Անիկա ջուր խմած ատենը անանկ աղուոր դուրս կը հանէ իր կուրծքը, որ դուք կոտրտուող պզտիկ աղջիկ մը կարծէիք պիտի։

Ուշադիր կը հսկէ պատուհաններուն մէջ ծագող ձեւերը եւ լուացուածներէն իջնող խոշոր անձրեւը։

Դուք ինծի պէս կը հաշուէ՞ք հիմա անոր մայր–հաւ մը ըլլալը, հաւկիթին վրայ հաջան տիրացուի պէս պոռպռալը, երէցկինի մը պէս քառսունք մտնելը ու խումբ մը պզտիկներով, կորթ–կորթ արձակող կոկորդովը՝ բակին մէջ դառնալն ու դառնալը։

* * *

Ի՞նչ լաւ բան է երազ ունենալ։

Ի՜նչ լաւ բան է վառեակի մը հետ պագտուիլ գիտնալը։

Բայց ի՜նչ տխուր բան է համբերող չըլլալը։

Ի՜նչ տխուր բան է մա՛նաւանդ խենթի պէս սիրելը։

* * *

Խեղճ իմ վառեակ։

Կը հարցնէք, չէ՞։

Մեռաւ անիկա մարիկ չեղած, տիրացուիի պէս ձայն չարձակած, երէցկինի պէս թուխսի չգացած։

Անիկա մեռաւ իմ խենթութենէս։ Լսուա՞ծ բան է, որ համբոյրով մարդ մեռցնեն։

Լսուա՞ծ բան է, որ կուրծքիդ վրայ սեղմուած վառեակը մեռնի։

Բայց ասիկա պատահած բան է ու իմ գլխուս եկածներէն կը պատմեմ ձեզի։

Գիտցէք, թէ կուրծքիս վրայ խենթի պէս սիրող բազուկներուս տակը խեղդուեցաւ իմ վառեակս։

Պզտիկ ու տխուր ճիչ մը։ Բերնէն քանի մը կաթիլ ջուր, ետքինը կարմիր։ Այսքան։

Արցունքով թաղեցի։

Տղաք, մեծ ըլլաք թէ պզտիկ, մի պագնէք խենթի պէս ու մի սեղմեք մա՛նաւանդ խենթի պէս, ձեր կուրծքին վրայ ինկող ամէն բան։