Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՊԱՍՈՒՄԸ

Պզտիկ մանչ մըն է Վահրամ։

Անոր աչքերը խելօք կը կենան ու անոր երեսներուն վրայ քիչ արիւն կայ։

Անիկա մէկ հատիկ մանչն է հազացող մօր մը, որուն ափէն կրակը անպակաս է շարունակ։

Իր մամային հետ ան կը նստի պատուհանին առաջին ու կռնակը տուած մօրը կուրծքին, կը նայի վար, նիհար ու մութ փողոցին։

* * *

Պզտիկ աղջիկ մըն է Սիրանը։

Կապոյտ երակներով անոր երեսները՝ քաղցր ու մեծ ծաղիկի թերթին կը նմանին։

Անիկա մէկ հատիկ աղջիկն է երիտասարդ կնոջ մը, որուն ուսերուն վրայ գիր ուզես կը գրուի։

Իր մամային հետ ան կը նստի պատուհանին առջեւ ու, կուրծքը տուած բազմոցին բարձերուն՝ կը նայի վար, նիհար ու մութ փողոցին։

* * *

Տղաքը նոյն տարիքը ունին, բայց ոչ նոյն հասակը։ Մանչը բարակ է ու երկայն ու անոր ոսկորները ոտքն ի վեր ելած ատենը, դողդղալու մօտ բանով մը կը տառապին։

Անոր թաթիկները լոյս կու տան, երբ լամբարին դէմ բռնուին։

Բայց անպատմելի շնորհ ու անուշութիւն կայ անոր անարիւն երեսներուն վրայ ու անոր ճակատը տժգոյն մահիկի մը պէս կը կորսուի մազերուն աղեղին տակը։

Անիկա խոհուն է ու քիչ կը խաղայ։

Փողոցներէն համ չառներ ու Սիրանին մօտ անգամ ձանձրոյթով կը նստի։

Մանչը բարակ է ու երկայն ու անոր կռնակին ոսկորը թիի մը պէս կակուղ է եւ կամարատիպ։

* * *

Անոնք կը սպասեն իրենց հայրիկները։

Վահրամինը՝ տարին գիշեր մը, երբ ինք քնացած էր ու հիմա նամակներ կու գան անկէ։

Տղեկը կը ճանչնայ ծերուկ ցրուիչը, երբ անիկա փողոցը կը դառնայ քրտինքը սրբելով։ Կրակի պէս կը նետուի վար, շունչը կտրած կը բերէ քառանկիւն ու հաստ թուղթի այդ կտորը։

Մաման մէկ ձեռքը կուրծքին՝ միւսովը կը բռնէ դողացող թուղթիկը ու լացով ու ժպիտով բարձրաձայն կը կարդայ զայն։

Այդ օրը մաման կը խնդայ մինչեւ իրիկուն ու պատուհանին տակ տագնապի սպասումը շուտ կը վերջանայ։

Այն գիշերը մամային հետ միասին տղեկը կը մտնէ անկողին եւ, իր պզտիկի քունէն առաջ՝ հաճոյքով կը հաստատէ մամային մեծ ու չարչարալից քունը, որուն խելք չէ կրցած հասցնել։

* * *

Անոնք կը սպասեն իրենց հայրիկները։ Սիրանինը՝ գնաց շատ առաջ։ Ձմերուկ կար այն ատեն։

Ան միշտ կը տեսնէ փողոցին դրան վրայ իր մաման, որ վիզն է ինկած հայրիկին ու լացով, լացո՜վ չուզեր զատուիլ անկէ։

Ան տակաւին կը զգայ հայրիկին ուժով բազուկները իր պզտիկ մէջքին վրայ։ Ան ինքզինքը կը տեսնէ անոր կուրծքին վրայ ու անոր համբոյրները այրող բան մը ունէին, աղի ու այրող բան մը։

Ան ալ կը ճանչնայ ցրուիչը։

* * *

Ու օրեր անցան։

Ծերուկ ցրուիչը ձմեռուան վերարկու հագաւ ու անիկա՝ ա՛լ քրտինքը չէր սրբեր փողոցէն դարձին։

Վահրամը տխուր էր ու կու լար մամայէն գաղտնի։

Անիկա մոռցաւ պատուհանին առջին իր տեղը, մոռցաւ ցրուիչն ու անոր նամակները։ Անիկա կու լար մամայէն գաղտնի ու ան կը վախնար բազմոցն ի վար երկարած մամային տալու ծանրութիւնը իր պզտիկ գլուխին։ Այդ

Հիւանդ էր մայրիկը ու շատ, շա՜տ կը հազար։

* * *

Ձմեռը եկաւ, հետը բերելով ցուրտին փորձանքն ու ասեղները։

Երկու վարձուորները, եղերապէս միացած ճակատագրին մեծ ցաւին մէջ, իրարու մօո փորձեցին գտնել մեծ մխիթարանքն ալ։

Հիւանդ կնոջը ամուսինը լքած էր ամիսներէ ի վեր։ Անոր մասին շշուկը, բերնէ բերան, չէր ուշացած՝ զարնելու համեստ այդ տնակն ալ։

Միւս կինը, որ երիտասարդ էր ու գեղեցիկ, կը շարունակէր պատահական կապը պահել իր մարդուն հետ, որ լեռներուն վրայ, ճամբաներուն համար քար կը կոտրէր։

* * *

Տարի մը դարձաւ, իր օրերուն անբաւ օղակովը։

Ամբողջ տարի մը դարձաւ այն գիշերուան վրայ, ուր Վահրամին հայրիկը տարին։

Հիմա տղեկը դպրոց կ՚երթայ ու մայրիկէն գաղտնի ան առած է գրիչը, որով տեսած էր հայրիկին աշխատիլը։

Անիկա ամէն օր քիչ-քիչ կը կրէ թուղթերը, որոնք ճերմակ ու սեւ՝ կը քնանան հայրիկին դարակներուն խորը։

Անիկա կարդացող պիտի ըլլայ հայրիկին պէս։

Անոնք՝ Սիրանն ու Վահրամ ը, կը շարունակեն տունին մէջն ալ դպրոցը։

Երկուքին ալ մամաները ուշ կու գան, շուկան գործով ըլլալնուն։

Ատենը հեղ մը, ամիսներու ընթացքին Սիրանին հայրիկէն կու գայ նորէն թուղթին կտորը, զոր չարչարանքով, բայց վճռապէս կը կարդան տղաքը՝ իրենց չորս աչքերուն ամբողջ ուժը վատնելով։

Բայց անոնք ամէն օր կ՚երազեն իրենց հայրիկները։

Սիրանը իր բարի հայրիկը կը գովէ։

Կը գովէ անոր խանութը եւ կօշիկները, որ կը շինէր։

Վահրամ չի կրնար բացատրել իր հօր խանութը։ Բայց գիտէ, թէ անիկա կը գրէր ուրիշ շատերու հետ, մեծ սենեակի մը մէջ։

* * *

Տարինե՜րը։

Անոնք երբ կը քալեն մեզի հետ, աւելի դանդաղ են, քան դաշտերու կրիան։

Բայց անգամ մը, որ մեր ետին անցան, կայծակի մը լոյսէն ալ շուտ կը նետուին։

Ու Վահրամին հասակը երկնցաւ։ Անոր սրունքները՝ բարակ-բարակ՝ ճլտորեցան ու անոր ներս կոխուող ուսերուն վրայ գլուխը աղուորցաւ՝ նոր բուսնող լուսնկայի մը նման։

Տարինե՜րը։

Անցան անոնք։ Պատերազմը գնաց ու գացողներէն մարդեր կան, որ կու գան։

* * *

Գիշերները, պատուհանին առջին, մինակ՝ կը սպասէ Վահրամը հիմա, մայրիկը գործէն յոգնած ու քնացած ըլլալուն։

Ինչ սպասում է ատիկա հատ մը տղուն մօտ, որ չի յոգնիր ու կը յամառի, երբ մեծերը դադրած են իրենց լրումին մէջ։

Պզտիկները մութին մէջ կը կախեն իրենց գլուխները վար, ամայի փողոցին։

* * *

Չը՛ն…

Դուռն է։ Անսովոր է ձայնը զանգակին։ Ու մայրերին առաջ պզտիկներն են, որ կը նետուին։

Երկար ու աղտոտ մարդու մը հասակը դուռին մէջ։

Բայց եկողը ձեռքերը կը բանայ արագ ու անոնց մէջը կը բարձրանայ Սիրանը ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս եղած էր տարիներ առաջ, ձմերուկներու եղանակին։

Զինուորը կը դառնար ու, աղջնակը գրկած՝ կը բարձրանար սանդուխներէն։

Բաց դուռին առջեւ մինակ է Վահրամը։

Անիկա լուռ է ու ակռաները կը խածնէ՝ չլալու համար։

Անիկա կոկորդը կը սեղմէ իր ափիկովը՝ չլալու համար։

Բայց երբեմն ջուրը աւելի ուժով է, քան մարդերուն բոլոր կամեցողութիւնները։

Ու պրկուած աչքերէն կաթիլները կը սկսին։

Մութին մէջ թափուած արցո՜ւնք։

Ու երբ մայրը կ՚իջնայ վար, տղեկը կ՚իյնայ անոր կուրծքը, գրեթէ պոռալով։

- Հայրի՜կը, մամա, Հայրի՜կը, ա՛լ պիտի չգայ։

Մութին մէջ թափուած արցունք։

Մայր ու տղայ կու լան գաղտնի մութին մէջ ու հայրիկին ստուերը, հեռաւոր լերան մը մէջէն, ձեռքերը կռնակին կապ ու առանց գլուխի, կը դողայ՝ չկրնալով նայիլ իր սիրելիներուն։