Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳԵՆՔ

Ճպուռը բոլոր ամառը երգած ըլլալուն համար… Մնացածը գիտէք. վերահաս ձմեռը ուր ուտելու փշրանք մը չի կայ. Մրջիւնը, բանը գործը գիտցող րանթիէ մը, որ իր ստորերկրեայ ապարանքին մէջ փորը կուշտ կռնակը տաք, խրատներ կուտայ անօթի Ճպուռին, փոխանակ փշրանք մը հաց նետելու անոր, տեսակ մը Տիկին տը Մենթընօն՝ որ իր հրաւիրեալներուն խոստացած ոստրէն՝ ախորժելի պատմութեամբ մը մոռցնել տուած էր։

Լաֆօնթէնին այս առակէն ի վեր, երգելը՝ քիչ մը ամենուս աչքէն ելած է։ Երգող մէկը տեսնելնուս պէս՝ անմիջապէս ձմեռը, անօթութիւնը, անողորմ մրջիւնի խրատը քով քովի, կարգով մտքերնուս առջեւ կուգան, շոգեկառքի մէկ վակօններուն շարքին պէս, որուն «լօքօմոթիւ»ը, ետքը «թէնտէր»ը, ետքը «ֆուրկօն»ը անմեկնելի կարգ մը կը ձեւացնեն։

Բայց Լաֆօնթէնի առակները ճշմարտութիւնը չեն քարոզեր միշտ։ Եւրոպայի մէջ երգիչները՝ սեղանաւորներու չափ, թերեւս աւելի, ստակ կը շահին, ու դիւրին չէ ամեն ատեն Ճպուռ մը ըլլալ. սակաւակեաց Մրջիններուն համբերատար պարենաւորումը ու Խնայողութիւնը կը ներկայացնէ, ան ալ Շահադիտութեան դիմացը իր առջի նշանակութիւնը բոլորովին կորսնցուցած է։

Ամեն բան վեր ի վար է ուրեմն, եւ շատ կը վախնամ որ եթէ այս դարը առակախօս մը ունենար, Ճպոռէն օրինակ առնելու խրատը պիտի տար Մրջիւնին։

Այո՛, երգի դարուն մէջն ենք։

Տկարանալու, սայթաքելու չէ կեանքի պատահարներու առջեւ, այլ զանոնք դիմաւորելու է ինչս անխուսափելի հիւրի մը ընդունելութիւն կ’ըլլուի, զուարթ երեսով։

Մեր հասարակութիւնն ալ, ուրեմն, պէտք ունի երգելու ու խնդալու՝ կազմելու համար այն մտքի ու սրտի առողջութիւնը առանց որուն յառաջդիմելու կարող չէ։ Լալագին ազգ մը բանի մը օգտակար չէ կրցած ըլլալ աշխարհիս վրայ։