Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆԸ ԱԺԱՆՑԱԾ

Բարոյական աշխարհն ալ՝ սեղանաւորական աշխարհին պէս, իր բաժնեթուղթերը ունի, ասոնք ալ՝ իրենց գիներուն ելեւէջները։

Ատեն կ’ըլլայ որ մարդ տասը հազար ոսկի տալով բարերարի բաժնեթուղթ մը չի կրնար գնել. Ամերիկայի եւ Եւրոպային մէջ մանաւանդ միլիոններ պէտք են. կը պատահի երբեմն որ միլիոններն ալ չբաւեն. տուողին բարոյական նկարագիրը, տրուած դրամին ուսկից գոյացած ըլլալը հարցնեն, փնտռեն եւ եթէ աղբիւրը հստակ ու վճիտ չգտնեն, այդ միլիոններն ալ մերժուին։

Մեր բարերարութեան բաժնեթուղթերը այդքան բարձր գին ըրած չեն երբեք, բայց չենք յիշեր որ 4-5000 ոսկիէն ալ վար ինկած ըլլան։

Այս օրերս տեսնելով անշուշտ որ ատանկ հազարներով ոսկիի փոխարէն այդ բաժնեթուղթերը գնող չի կրնար գտնել, Հիւանդանոցի Վարչական Յանձնաժողովը որոշած է զեղչ մը ընել, ազգային վարչութեան քով դիզուած եւ քիչ քիչ մգլոտիլ սկսած բարերարութեան բաժնեթուղթի սթօքը քշալու համար։ Մեր երկուշաբթիի թիւին մէջ կարդացիք հարկաւ Հիւանդանոցի մէջ գթութեան անկողիններ հաստատելու ծրագիրը։

Ա՛լ այսուհետեւ բարերար չըլլալը չարժէր, քսանըչորս որսկիով, դուք, ես, ամենքս ալ բարերար պիտի ըլլանք. այս գումարը մէկ տարի մը տալը կը բաւէ որպէսզի մեր պատկերը ունենանք իւղանե՞րկ թէ մատիտով, այս մանրամասնութիւնները, որ սակայն իր կարեւորութիւնը ունի, դեռ չէ լուծուած Հիւանդանոցին մէջ. ժամանակին Պատրիարքը մեր հոգւոյն Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ անուննիս պիտի յիշատակէ։ Եթէ ամեն տարի տանք 24 ոսկի, պատկերնիս հիւանդներու անկողիններուն վրայ պիտի կախուի, թերեւս պահապան հրեշտակի մը փոխաբերական իմաստովը, եթէ յաջորդ տարին չվճարենք, պատկերը անկողինին վրայէն պիտի վերցուի յատուկ սրահի մը մէջ դրուելու համար. այս սրահը կ’երեւի թէ բարերարութեան սնանկացեալներու յատուկ սրահը պիտի ըլլայ։

Բայց աւելին կայ. սովորական բաժնեթուղթերը չեն կրնար կիսուիլ, օրինակի համար՝ չէք կրնար կէս երկաթուղիի բաժնեթուղթ մը գնել. Վարչական Յանձնաժողովը, որուն գործնական ոգին չենք կրնար չգնահատել, այս դժուարութիւնն ալ բարձած է։ Երկու հոգի 12ական ոսկի տալով պիտի կրնան բարերարի ամբողջ մը ձեւացնել. եւ այս ամեն մէկ կէս-բարերարը ամբողջ բարերարէ մը տարբերութիւն չպիտի ունենայ, կէսը՝ ամբողջին հաւասար. ահաւասիկ թուաբանութեան խնդիր մը որ Եուսուֆեան Յովսէփ էֆէնտիի մաթէմաթիքական ձեռնահասութեանը կը պատկանի եւ որուն լուծումը գալ շաբաթուան իր գիտական քրոնիկներէն կ’ակնկալենք։

Ու կէս-բարերարներէն ետքը, քառորդ բարերարներ կուգան, 12նոցներէն ետքը 6նոցները. ասոնք անկողին չպիտի կրանան հաստատել, բայց լաւագոյն բան մը պիտի ընեն, սեղան մը պիտի տան տան տարին անգամ մը իրենց անունովը. իսկ հոգոյն Պատարագը ու յիշատակը այս քառորդ բարերարներուն համար ալ պիտի ըլլայ։

* * *

Վարչական Յանձնաժողովին ծրագիրը, ինչպէս կ’երեւի, շատ հրապուրիչ է. ասանկ անսովոր աժանութիւն մը՝ ամենէն մեծ տնտեսական տագնապներուն մէջ անգամ տեսնուած չէր. ատեն կորսնցնելու չի գար ուրեմն, որովհետեւ վայրկեանէ վայրկեան գիները կրնեն բարձրանալ։ Վարչութիւնը, որ ստիողական հարկերու տեղի տուած է ընդունելով այս ծրագիրը, կրնայ վերադառնալ իր որոշումէն. կրնայ լլալ որ Հիւանդանոցի մեծ բարերարներուն քով, որպէս եղած են Գազազ Ամիրան, Տատեանները եւ ուրիշ սակաւաթիւ ազգայիններ, թոյլ չի տայ որ 24նոցները գան։

Եւ այն ատեն երբ գիները մէկէն ի մէկ բարձրանան, հիմակուց քառորդ, կէս կամ ամբողջ բարերարի անուն ձեռք անցընողները կրնան անակնկալ շահերով, մէկին տասը վաստակելով ձեռքէ հանել եւ ուրիշի փոխանցել իրենց իրաւունքները։

Երեւակայեցէք որ ես վաղը առտու կը փութամ Հիւանդանոցի գրասենեակը երթալ եւ տարեկան 12 ոսկիի վճարուով մը, կը տիրանամ եւ իբրեւ փաստաբան՝ վաւերական հէօճէթ մըն ալ կը պահանջեմ ու կ’առնեմ իմ ատկերս անկողնի մը վրայ կախել տալու իրաւունքին, ինչպէս նաեւ ասոր յարակից միւս բոլոր իրաւունքներուն, եւ կ’սպասեմ։

Եթէ այս Վարչութիւնը իր որոշումէն չդառնայ, տարակոյս չունիմ որ գալիքը գոնէ առնուազն պիտի հնգապատկէ այս գիները եւ այն ատեն հաշիւ ըրէք իմ շահս մէկ տարուան մէջ տուածիս հինգ անգամը պիտի առնեմ, եթէ երբեք ուզեմ իմ անմահ բարերարի տիտղոսս, դրամական անձկութեան յաճախադէպ վայրկեանի մը մէջ, ստակի վերածել։

Ասոր համար ուրիշ բանի մը պէտք չունիմ, բայց եթէ մէկը գտնել եւ, այն օրուան գինին վրայ պզտիկ տարբերութեամբ, ծախել իմ իրաւունքներս նոր կէս-բարերարի մը, որ միշտ ամբողջ մը հաւասար է։

Կը տեսնէ՞ք, որքան շահաւէտ գործողութեան մը հեռապատկերը կայ առջեւնիս։

* * *

Լրջութեամբ խորհինք այս ամենուն վրայ. ունայնամտութիւնը էապէս ու գերազանցապէս մարդկային տկարութիւն մըն է որ պզտիկ կամ մեծ չափով միշտ կրնայ շահագործուիլ. չեմ մերժեր ասկից օգտուելու սկզբունքը, վասն զի շատ աղքատ հասարակութիւն մըն ենք, եւ Հիւանդանոցի մը 8-10000 ոսկին վճարել չկրցող ազգ մը խստապահանջ չի կրնար ըլլալ մուրացկանութեան եղանակներուն վրայ։

Բայց… խորհինք նաեւ թէ ի՞նչ կ’ըլլայ հետեւանքը երբոր վարժեցնենք մեր հասարակութիւնը այսքան դիւրագնի պատիւներու. 12 ոսկիով Հիւանդանոցին մէջ պատկեր ունենալու իրաւունք ու անունի յիշատակութիւն տալերնէս ետքը, քանի մը հազար ոսկի շնորհողին ի՞նչ պիտի ընենք. բոլորովին յոյսերնիս կտրած ենք ասանկ բարերարաի մը երեւումէն։

Եւ ի՜նչ ծիծաղելի բան է այն կարգ մը պատկերներու շարքը՝ անկողիններու գլուխը. զաւեշտային միւսէոն մը՝ ցաւի ու տառապանքի հաստատութեան մը մէջ։

Ի՞նչ պիտի զգան նաեւ այն մեծ մարդոց ոգիները որոնք Հիւանդանոցին բարերարներն են. իրենց պատկերները, որ հոն կախուած, չպիտի՞ սարսռան արդար զայրոյթով մը, երբոր այն նոր բարերարներու կոտորակները իրենց քովը գան զետեղուիլ ու խրոխտալ։

Կը հասկնամ Հիւանդանոցի Խնամակալութեան տառապանքը երբոր հասոյթի աղբիւր ճարելու համար գլուխը ամեն քարի կը զարնէ. բոլոր սրտովս կը հասկնամ իր դժնդակ կացութիւնը… բայց Խնամակալութիւնը վստա՞հ է գոնէ որ այս անսովոր աժանութեան գիւտովը՝ իր հէք պատսպարեալներուն փորը պիտի կրնայ կոշտ պահել։

Թէ որ նորէն անօթութեան, խեղճութեան ձայները պիտի լսուին, չարժէր որ, արդէն տարօրինակ կերպով ստորնացած մեր հանրային բարքերը այլ աւելի ստորնացնենք։

Ատենով իրարու անուշ անմահութիւն կը մաղթէին ուրախութեան վայրկեաններու մէջ գինիի գաւաթները իրարու բաղխելով. այսուհետեւ աժան անմահութիւն պիտի առաջարկեն։