Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՏՈՒԿ ԱՆՈՒՆՆԵՐ

Մեր ընթերցողները չկարծեն թէ քերականութեան վրայ է խնդիրը. պարզ խօսակցութեան մը սովորական կանոններէն անդին քերականութիւն չունիմ ես։ Բայց քերականութեան կանոններ կան որոնք հրապարակագրական բարոյականի ալ կանոններն են, եւ կ’արժէ որ ատոնք մեր ընթերցողներուն ներկայացնենք։ Անոնք որ Մասիսը հրատարակողները կը ճանչնան, գիտեն հարկաւ որ ազգին եղած ոչ թէ պզտիկ այլ մեծ նուիրատուութիւններու համար սովորութիւն չունինք ներբողներ յօրինելու ոչ ոքի, եւ ի մասնաւորի անոնց որ այդ ներբողը մտիկ ընելու համար դրամ կուտան։

Գլխաւորապէս հակառակող ենք ամեն ցոյցի որ դրամատէրներէ քանի մը ոսկի առնելու համար զանոնք անճահ շողոքորթութիւններով մեծարելու մէջ կը կայանայ։

Ւզուր պիտի առարկեն որ ազգը եւ եկեղեցին՝ մարդոց ունայնասիրութենէն պէտք է օգտուին, անոնցմէ քիչ շատ դրամ կորզելով եւ շռայլելով անոնց այն գովասանքները որոնցմով պէտք է մտրակել իրենց կարկամած ողորմասիրութիւնը։

«Նպատակը միջոցները կ’արդարացնէ» մեր սկզբունքը եղած չէ երբեք. անտեղի միջոցով մը ազգին կամ եկեղեցիին շահը փնտռելու ստորնացումը չենք ընդունիր։

Ասոր համար է որ անցեալները կատակի ձեւով քննադատեցինք տարօրինակ ծրագիրը Հիւանդանոցի Խնամակալութեան, որուն մէջ գթութեան մահիճներ հաստատելու գաղափարը կարգ մը ծիծաղելի պայմաններու լծորդուած էր։

Ամեն անգամ որ մեր կարծիքները կուտանք հանրութեան օգտին համար միայն եւ բարոյականի անվիճելի սկզբունքներու յենած, այն ամեն խնդիրներուն վրայ որոնք ուշադրութիւն կը հրաւիրեն, զանոնք ընդունուած տեսնելու միամտութիւնը չունինք. ձայն բարբառոյ յանապատին աւելի քան երբեք այժմեութիւն մըն է։

Հնարամիտներ կարծեցին հակասութիւն մը նշմարել, մեր Ծաղկազարդի թիւին առթիւ Հիւանդանոցին եղած նուիրատուութեանը ցանկերը հրատարակելնուս եւ մեր վերը յիշած սկզբունքին մէջ. ըսին մեզի որ յատուկ անուններ կը հրատարակենք ահա մենք ալ։

Հա՞րկ է միթէ հրատարակել թէ որքան թշնամի ենք մենք հարուստ մէկու մը կողմէ ազգին եղած - սովորաբար չնչին - նուիրատուութիւնները՝ ծանուցումներով, յօդուածներով, ազգային քրոնիկներով, համաքաղաքացիութենէ ուռած պարծանքներով հռչակելու, նոյնքան կուսակից ենք մեր գաւառացի համեստ ժոզովուրդին է՛ն պզտիկ նուէրը՝ բարձրաձայն յայտարարելու. եւ ասիկա սա պարզ ու հասկնալի պատճառին համար որ Պոլսեցի դրամատէրի մէկ կամ երկու տարի 6 կամ 12 կամ նոյն իսկ 24 ոսկի տալը նշանակութեան արժանի չէ պանդուխտ խոհարարի մը քսան ղրշ. տալուն մեծութեանը քով, ինչպէս մայրաքաղաքիս մէջ հաւաքուած հինգ հազար ղրուշը աննշան բան է Տէտէ Աղաճէն ղրկուած եւ հարիւրական փարաներով ձեւացած 75 ղրուշին մօտ։

Այս տեսակ նուիրատուութիւնները արժանի էին նշանակուելու ճիշդ անոր համար որ մինչեւ ցարդ այս կարգի համեստութիւնները յատուկ անուններու խնկարկու հրատարակութիւններու կողմէն սքօղուած էին եւ դեռ սքօղուած ալ կը մնան։

Եւ եթէ անոնց քով հրատարակեցինք անուններ ալ, որոնց համար հարիւր եւ երկու հարիւր ղրշ. տալը՝ զոհողութիւն մը չէր ենթադրի բնաւ, պատճառը այն է որ խօսք տուած ըլլալով առհասարակ հրատարակել 10 եւ 20 ղրշ. տուող անձերու անունները, ամենքն ալ անխտիր հրատարակելու պարտքը ունէինք։

Մեր Ծաղկազարդի թիւին առթիւ աւելի հասարակ անուններ հրատարակեցինք ուրեմն քան թէ յատուկ անուններ, թողլով այս վերջիններուն գովասանք տալը անոնց որոնք այդ ծալքը շատոնց առած են այնքան՝ որ ճիշդ ինքզինքնին հակառակորդ համարած պահերուն սիւնակներ կը լեցնեն ատոնցմով։

Նախ, որ իրենց ազգականներուն յիշատակին յաւերժացումը Հիւանդանոցին մէջ՝ լիուլի վճարում մըն էր - եթէ ոչ աւելի - տրուած ողորմուկ ստակին դէմ։

Երկրոդը՝ 6 կամ 12 կամ 24 ոսկիով՝ մեռած ազգականի մը անունը անմահացնելու եղանակը միտքս կը ձգէ հին ժամանակի, 20 տարի առաջուան մատենագիրները, որոնք գրքի մը տպագրութեան ծախքը հոգալու համար այս կամ այն մարդուն կամ անոր մեռած հօր կամ եղբորորդւոյն կը ձօնէին իրենց երկը սա տեսակ վերտառութեամբ մրոտելով իրենց առաջին էջը.

Ի յիշատակ

Մահտէսի Նիկողոս աղա Լօքմակէօզեանի

Թաւասցի ատաղձագործ

Հայր Ազն. Յակոբ էֆ. Լօքմակէօզեանի

Մեկենաս առատաձեռն

եւ բարերար ազգիս.

Խնամակալութիւնն ալ իր անկողինները կը ձօնէ ահա, աժան աժան, գրեթէ պէտհավա, ուզուած ազգականին, որուն պատկերին առջեւ ապագային գալիք Խնամակալութիւն մըն ալ, յառաջդիմութեան ոգիէն մղուած, հաւանական է որ կանթեղ մը վառելու ելլէ օր մը։