Ա.
ԱՐԱՐ
Բեմը`
Պոլսական
միջնակարգ
տան
մը
հիւրասրահը։
Պատին
գաւառական
թիփով
լուսանկարներ
մեծցուած։
Գաւառական
ու
պոլսական
ճաշակներու
խառնուրդ
առարկաներ:
Մեծ
սէտիր
մը:
Փայտ
է
կոնքով
ու
լաւ
բանուած
աթոռներ։
Թուղթեր,
պատէն
կախ
յատակագիծեր։
Գոնսիւլ։
Խալֆա
(Գրեթէ
գիշերնոցով
ոտքերը
տաճկական
մեստ.
գլուխը
ածիլուած,
պեխերը
ճերմակ,
առաջաւոր
փոր.
կուրծքը
կէս
կոճկուած.
թոյլ,
կեցուածքին
ու
ձայնին
մէջ)։
Տիգրան
(Մաշած
էֆէնտի
մը,
դիւանադպիրի
բարտըսիւ,
խոշոր
ու
ճմռթկած
ակնոց,
որոնք
չեն
կենար
խելօք։
Ճկուն
ձայն,
կռնակը
քիչ
մը
առաջ
հակած,
սմսեղուկ
բայց
լաւ
խօսող.
քարտուղար
է
Թաղական
Խորհուրդին
մէջ:
մէկ
աչքը
ճաթած
է)։
Բեմը
կը
բացուի։
Երկուքը
նստած
են,
սիկառի
մուխին
մէջ։
ԽԱԼՖԱ
—
Չես
խօսիր
կոր։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Կեցիր
քիչ
մը,
շունչ
առնեմ.
սանդուխները
շատ
կու
գան
կոր.
է՛,
խօսք
չէ,
ծերացած
ենք
ալ։
ԽԱԼՖԱ
—
Կեցիր
նայինք
երէկի
տղան
ենք։
Սահակ
էֆէնտին
հարսանիք
ընէ
նէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ո՞ր
Սահակն
է
ադ։
ԽԱԼՖԱ
—
Սա
պաշտօնեայ
մը
կայ,
երկաթուղին,
սիրքէճին
կը
կենայ
նէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Է,
հա,
կը
ճանչնամ,
Մարգարեան
Սահակ
էֆէնտին,
բնիկ
Գատը-Գիւղցի։
Կամուսնանա՞յ,
կոր։
ԽԱԼՖԱ
—
Այսօր
իմացայ։
Նշանը
եղեր
լմցներ
է
տէ,
մենք
լուր
չունինք,
մեղք
որ
Գատը-Գիւղցի
պիտի
ըլլանք:
ՏԻԳՐԱՆ
—
Զարմանալի
բան։
Ան
մարդը
բոլորովին
ծեր
է
նէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ես
ալ
ադ
կ՚ըսեմ։
Ծօ
ան
ամուսնանայ
նէ,
ես՝
հայտէ
հայտէ
։
Ես
Արաբկիրէն
եկայ
նէ,
պզտիկ
տղայ
էի,
գոգնոցով։
Անիկա
Միւսիւ
Սահակն
էր,
շնորհքով
երիտասարդ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ո՞վ
կ՚առնէ
կոր։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ
աղջիկ։
Հաւտալդ
չիգար։
Երկու
տուն,
բաւական
մըն
ալ
կարմիր
ոսկի։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Բան
մը
կայ
հոդ,
խելքս
չառներ
կոր։
ԽԱԼՖԱ
—
Ի՞նչ
կենայ
պիտի։
Սահակ
էֆէնտին
անանկ
թեթեւ
մարդ
չէ
որ
քիթէն
բռնեն։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հա։
Բայց
բան
մը
կայ
տակը,
անպատճառ։
(
Կը
կենայ
)
Աղջիկը
աղո՞ւոր
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Շատ
շնորհքով
կտոր
է։
Շիտակը,
հինցած,
տուն–մնաց
բան
մը
ըլլար,
շատ
ալ
զարմանքիս
պիտի
չգար։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Կեր
տէ,
ապա
գոհացիր։
Կեցիր
նայինք։
(
Նորէն
մտածկոտ
կը
կենայ
)
Կնքահայրը
ո՞վ
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Անունը
ըսին,
մտքէս
ելաւ։
Շատ
հարուստ
է,
Հա,
Մինասեան
էֆէնտին։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հա,
սանկ
չըսե՞ս,
Հիմա
բարտօն։
Խեղճ
Սահակ
էֆէնտին
ալ
կնիկ
առի
թող
ըսէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ան
ալ
էսնաֆ
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Չգիտնայի՞ր։
ԽԱԼՖԱ
—
Ո՞ւրկէ
գիտնամ։
Պատուաւոր
վաճառական,
պանգէր,
թաղական։
Ո՞վ
կը
սպասէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Դուն
ինծի
հարցուր։
Ադ
հարուստներուն
ներսի
կողմը
ես
գիտեմ,
ես։
Բոլորն
ալ
ինծի
կու
գան։
ԽԱԼՖԱ
—
Վայ
Տիգրան
էֆէնտի.
ըսել
է
ա՛յդքան
մեծցար
հէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Քաւ
լիցի։
Ամէնքն
ալ
ոսկիով
մեծնալու
չեն։
Ես
ալ
իմ
ձեւովս։
ԽԱԼՖԱ
—
Է,
դուն
հիմա
դարձիր
մեր
գործին։
Լաւ
մտածեցի՞ր։
Աղէ՞կ
կ՚ըլլայ,
գէ՞շ
կ՚ըլլայ
ես
չեմ
կրնար
կոր
տեղ
մը
կապել։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Քու
տեղդ
ալ
մտածեցի։
Ատկէ
լաւը
չի
կայ։
ԽԱԼՖԱ—
Ալ
ծերացանք։
Փորձանք
չի
բերենք
գլուխնուս։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ուրիշ
մը
իրաւունք
ունի
այդպէս
խորհելու։
Դուն՝
ո'չ։
Չէ՞
որ
դրամը
կայ,
անոր
ըրածը
Աստուածն
ալ
չըներ։
ԽԱԼՖԱ
—
Առաջները
աղէկ
էր։
Հիմա
չի
տարուիր
կոր։
Գիտնաս
վերջին
անգամ
ինչ
քաշեցի։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հրեայ
աղջիկէ՞ն։
ԽԱԼՖԱ—
Եա՛,
չի
հանիր,
ծեր
ես
կ՚ըսէ։
Ինծի
խաբեցիք
կ՚ըսէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
(
Խնդալով
)
Ամէնէն
առաջ`
ադ
կը
հարցնեն,
երիտասարդ
ըսես
նէ
կէս
մը
ուրախ
աչքերին
վար
կառնեն։
ԽԱԼՖԱ
—
Պեխերս
կը
քաշէ
կը
քաշէ։
Ի՛նչ
ըրի
չմօտեցուց։
Դրամով
հազիւ
կրցայ
համոզել։
Սակարկութեան
տասն
անգամ
նստաւ:
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ինչո՞ւ
պիտի
տամ
եղեր։
Սակարկութիւն
է,
էֆէնտիմ։
Ատանկ
խարդախ
բան
կ՚ըլլա՞յ։
Գործ
է
նէ
աս։
ԽԱԼՖԱ
—
Գտար
այդ
լեզուներէն
հասկցողները։
Ատոնք
օրէնք,
արդարութիւն
ո՞ւր
տեսեր
են։
Ամէնէն
բռնկած
բանս
է։
Բայց
ինչ
ընել։
Գլուխդ
եկած
է,
կը
քաշես։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ըսել
է
ակռադ
առաւ,
հէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ի՞նչ
կ՚ըսես
աղբար,
ի՞նչ
կ՚ըսես։
Ամէնէն
դպածը
գիտես
ո՞րն
է։
Սենեակին
դուռը
կը
բանան
տէ,
սանկ,
դուռին
մէջէն
քիչ
մը
վերէն
վար
մէկ
մը
կը
չափէ,
գլուխը
անդին
կը
դարձնէ,
չկայ
մի։
Տարուան
մը
եղդ
մէկ
անգամ
էն
կը
հալի։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Կնքահայրութիւնը
հազար
անգամ
խերով
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Քեզի
պէս
ուրիշներ
ալ
ըսին։
Հիմա
ադ
կ՚ուզեմ
փորձել.
բայց
կը
վախնամ։
Անվարժ
եմ։
Մինակ,
գետինն
անցնին
ադ
աղջիկները։
Ուրկէ՞
ալ
կու
գան։
Աս
քառասուն
տարի
է,
հաշիւ
ըրէ
անգամ
մը։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Իմին
խելքս
շատ
չի
հասնիր
այդ
աղջիկներուն։
Ես
ժամանակին
զրուցած
եմ
քեզի
մի՞տքդ
է։
Դրամէդ
զատ
ով
գիտէ
ինչ
կայ
ետին։
Աղջիկ
է
ըսելով
սենեակը
կը
նետեն.
ինչ
խաղեր
կան
տակը։
Ես
գիտեմ
մէկը
որ
քառասուն
տեղ
մտաւ,
քառասուն
տեղն
ալ
աղջիկ
եղաւ:
Դեռ
ուրիշ
ինչեր։
Հիւանդանոցներն
ալ
պակաս
չեն։
Կնքահայրութի՛ւն։
Ապահով
ճամբայ.
գիտես
կոխած
տեղը։
Աղջիկներուն
պէս
դարվեր
ալ
չունին,
ադ
ալ
հաշուի
առնելու
է
մեր
տարիքէն
ետքը։
Դուն
էիր
ըսողը
որ
բժիշկները
կ՚արգիլեն
կոր
ընկերներուդ:
ԽԱԼՖԱ
—
Ինծի՛
ալ,
ինծի՝
ալ։
Անցած
շաբթու
աչքերս
մէկէն
ի
մէկ
սեւցան,
քիչ
մնաց
տանիքէն
իյնայի
պիտի։
Բժշկին
գացի,
ըսաւ
խելօք
ապրելու
է։
Մեզի
կ՚ըլլայ,
դուն
ըսէ։
Որո՞ւն
համար
վաստկեր
եմ։
Ատ
ալ
չըլլա՞յ,
թող
հողը
բանան,
ողջ
ողջ
մէջը
դնեն
ինծի։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Էֆէնտիմ
բժիշկներուն
ամէն
ըսածը
Աւետարանի
պէս
բռնելու
չէ։
Անոնք
խոշոր
կը
ցուցնեն։
Բայց
խելօք
ապրիլը
շատ
լաւ
խրատ
է։
Աղջիկները
այս
տարիքին
համար,
դուն
ալ
գիտես,
շատ
ծանր
կու
գան։
Միտքիդ
չի
գար
Պահչէ-Գաբուի
Պարսիկը,
սենեակին
մէջը
մեռած
գտան
նէ,
աղջկան
մը
հետ։
Սրտին
կապը
փրթեր
էր։
Տարիքն
ալ
իր
իրաւունքները
ունի։
Ատոր
համար
ամէնէն
յարմարը
իմ
ըսածս
է։
Կը
գտնաս
խելօքիկ
մարդուկ
մը,
շնորհքով
տեսակէն
-
մազիդ
չափ
շատ
են
-
կ՚ունենայ
ատիկա
շնորհքով
աղջիկ
մը
-
ո՞ր
տունը
երկու
երեք
չիկայ
-
ետքէն
ադ
աղուորիկ
աղջիկը
կը
կարգես
քու
ուզած
ուրիշ
մարդուկիդ
հետ
–
աս
տեսակէն
ալ
շատցաւ
հիմա
-
ամէնուն
ետեւէն
դուն
ալ
քու
էշդ
կը
քշես։
Ի՛նչ
ընենք,
աշխարհը
ասանկ
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Իրաւունք
ունիս։
Դժուարութիւնը
ատոնք
գտնելուն
մէջն
է,
բայց։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ես
տղան
գտած
եմ։
Սուրբիկին
ալ
պատուիրած
ես
արդէն։
ԽԱԼՖԱ
—
Դուն
տղան
գտած
ես
մի։
Իմ
ըսածի՞ս
պէս։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ինչ
կարծեցիր
եա։
Իմ
ձեռքէս
ի՞նչ
կը
փախի։
Խալֆա,
դու
քսակդ,
փորդ
մեծցուցեր
ես
նէ,
ես
ալ
ասիկա
մեծցուցի
(
Գլուխը
կը
ցուցնէ
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչ
տղայ
է
ադ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Սքանչելի։
Բոլոր
յարմարութիւնները
ունի։
Ճիշդ
մեր
ուզածին
պէս։
ԽԱԼՖԱ
—
Ուրկէ՞
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ծախսս
առնելու
չես
եա։
Ինչո՞ւդ
պէտք
ուր
տեղացին։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինտոր
պէտք
չէ։
Դուն
տեղին
կարեւորութիւն
չես
տար
ամա,
կը
սխալիս։
Մարդիկը
իրենց
հողէն
կը
ճանչնան։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Գառնուկի
պէս
տղայ
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչ
կ՚ելլայ
ատկէ,
հիմա
նեղը
կ՚ըլլայ,
գառնուկի
կաշի
կը
հագնի,
վաղը
քիչ
մը
կշտացածին
պէս,
գլուխ
բռնէ
նէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Չէ,
ատանկ
մարդ
չէ,
զավալլըին
մէկն
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Դուն
ինծի
ըսէ,
ուրկէ՞
է։
Պոլսեցի՞
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ապրի՛ս,
Խալֆա։
Ատանկ
կը
ճանչնաս
դուն
ինծի։
Քեզի
ողջ
ողջ
կերե՞մ։
Ըլլալիք
բա՞ն
է։
Պոլսեցի՞ն։
Գաւառացի
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Անոր
ալ
կողմը
կայ։
Վանէն,
Մուշէն,
Տիգրանակերտէն
հանգչէ
հանգչէ
փախիր։
Գլուխնին
կը
ծռեն,
գործիդ
կը
մտնեն
ետքը
կռնակ
մը
կը
հանեն։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Չէ,
չէ,
ասիկա
մօտիկ
տեղէ
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Մինչեւ
հիմա
ո՞ւր
ապրեր
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Պատերազմին
ուր
ըլլալը
չեմ
գիտեր։
Բայց
Հիւանդանոցէն
ղրկեցին,
երկու
շաբաթ
կայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Հիւա՞նդ
է
որ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Չիյտեմ
ինչ
ունի։
Հիւանդի
շատ
չի
նմանիր։
ԽԱԼՖԱ
—
Արհեստը
ի՞նչ
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Վարժապե՛տ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինտոր
գլուխ
ելլալ
հե՛տը։
Անոնք
խելք
չեն
ունենար,
հետերնին
յարմարիլը
դժուար
է,
Տիգրան
էֆէնտի։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հասկնալիքդ,
ասիկա
քիչ
մըն
ալ
գլխէն
զարնուածի
կը
նմանի։
Չի
խօսիր։
ԽԱԼՖԱ
—
Չպոռացող
չարէն
վախցիր
կ՚ըսէր
ողորմած
հոգի
հայրս,
մարդուն
չխօսողը
գէշ
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Է
ասիկա
կարծածիդ
պէս
չէ։
Գլխու
հիւանդութիւն
ունեցեր
է,
անոր
համար
է
որ
շատ
բերանը
չի
բանար։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ
մը
չեմ
հասկնար
կոր։
Գլխու
հիւանդութիւնը
որն
է։
Փախցուցա՞ծ
է
ադ
մարդը։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Չէ՛,
փախուկ
չէ.
բայց
գլուխը
կախ
շաբաթներով
չէ
կերեր,
մինակ
ջուր
խմեր
է։
Տեսակ
մը
ջղայնութիւն
է:
Բժիշկները
անուն
մը
տուին։
ԽԱԼՖԱ
—
Է
հիմա՞։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հիմա,
տեսնաս
պիտի։
Շատ
չի
խօսիր,
հարցումիդ
պատասխան
կու
տայ,
չի
խնդար։
Միշտ
հեռուն
նայող
մարդ
մըն
է։
ԽԱԼՖԱ–
Իմ
սիրտս
կը
խտղտի
կոր։
Գիտնական
է
կ՚ըսես,
ետքէն
կնկան
հետ
գործ
եփէ
նէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Անանկցու
չէ,
տեսնաս
պիտի։
Աս
աշխարհէն
վազ
անցած
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Է
ըսի՞ր
պայմանը։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հարկաւ։
Գլուխը
ծռեց,
միւս
պայմանները
մտիկ
ըրածի
պէս։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինտոր
կ՚ըլլայ
եա։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ադտեղը
ես
ալ
չի
հաւնեցայ
առջի
բերան։
Երբ
գլուխը
վեր
առաւ,
թաց
էին
աչքերը։
ԽԱԼՖԱ
—
Ըսել
է
դպեր
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Տեսածս
կ՚ըսեմ.
աչքերը
սրբեց,
ինձմէն
գաղտնի,
նորէն
գլուխը
կախեց
ու
մտիկ
ըրաւ:
ԽԱԼՖԱ—
Ուրիշ
բաներ
խօսեցա՞ր։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Չէ
դուն
ատանկ
հրաման
մը
չտուիր։
Կարեւորը
ատ
կէտն
էր,
ատ
ալ
այդ
ձեւով
կարգադրուած
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Ուրիշ
մարդ
չունի՞ս
ձեռքիդ
տակը։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ուրիշներ
շատ
կան,
բայց
գործիդ
չեն
գար։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Մէկը
որ
շնորհքով
դիրք
ունի,
նեղն
է
կարծեմ,
մէկ
անգամէն
տասը
հազար
ոսկի
կ՚ուզէ
կոր։
ԽԱԼՖԱ
—
Ո՞վ
է
որ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ինչուդ
պէտք։
Յարմար
ըլլար
ես
չէի
փախցներ։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղո՞ւոր
է
կնիկը։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Սքանչելի։
ԽԱԼՖԱ
—
Է,
ատ
ընենք։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Դուն
կարճ
կը
տեսնաս։
Անոնք
ամէնէն
առաջ
Պոլսեցի
են։
Անգամ
մը
դրամը
առնեն
նէ,
ետքը
դուռը
կը
ցուցնեն,
կը
հասկնա՞ս։
Մէկ
երկու
անգամի
համար
ալ
այդչափ
դրամը
շատ
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Ատանք
բաներ
ալ
կան
ըսել
է։
Բայց
սակարկութիւն
ընենք
պիտի
նէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Սակարկութիւն
ով
մտիկ
կ՚ընէ։
Ան
կնիկը
երկու
հատ
ալ
սիրող՝
ունի,
մէկը
իր
զարդին
համար՝
հարուստ
ամուրի,
միւսն
ալ
իր
մարմինին
համար՝
թարմ
երիտասարդ
մը։
Գործիդ
կու
գա՞յ։
ԽԱԼՖԱ
—
Չէ,
ատ
չըլլար։
Ուրի՞շ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ուրիշներ
ալ
կան,
բայց
ամէն
մէկը
իր
անպատեհութիւնները
ունի։
Մէկ
մը
շատ
պարկեշտ
մարդ
է,
աչքը
կուշտ,
անոր
ալ
կնիկը
բան
չարժեր։
Տղայ
ունեցաւ
կնքահայրը
կրնար
փոխել։
Բայց
քեզի
չի
գար։
ԽԱԼՖԱ
—
Ուրի՞շ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ուրի՛շ,
ուրի՛շ։
Կան.
իմ
պաշտօնիս
բերումովը
շատ
գաղտնիքներ
գիտեմ։
Ես
ինչ
որ
քեզի
ըսի
ամէնէն
յարմարն
է։
Սանցու
շատ
կայ
բայց
քու
պայմանիդ
մօտեցող
չի
կայ։
Լսածնուն
պէս
կը
հայհոյեն
ու
կը
քաշուին։
ԽԱԼՖԱ
—
Մարդերը
շատ
ապականած
են։
Ինտո՞ր
ալ
չեն
ամչնար։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Դուն
ալ
հոդ
անիրաւ
խօսք
ըրիր։
Կնիկը
պիտի
առնէ
մէկ
ձեռքով,
միւսով
քեզի
պիտի
տայ,
առանց
դպելու,
ուր
տեսնուեր
է
Պալ
դութան
փարմասինը
եալար
կ՚ըսէ
ժողովուրդը։
ԽԱԼՖԱ
—
Ես
քեզի
խելացի
կը
կարծէի։
Իմ
պայմանս
պատուաւոր
է։
Ու
քու
վարժապետդ
հիմա
իմ
մօտս
ատոնց
ամէնէն
արժէքովն
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Պարապ
խօսք։
Գործիդ
այդպէս
կու
գայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ճանըմ
աղէկ.
հիմա
ատոր
համար
կռուելու
չենք։
Ե՞րբ
պիտի
գայ
ինծի։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Երբ
որ
ուզես։
ԽԱԼՖԱ
—
Այս
գիշեր:
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հիմա
նոյնիսկ։
Ասկէ
կիջնամ,
կը
ղրկեմ։
Տաքը
տաքին
կը
լմնցնես։
Ասանկ
բաները
չեն
հոտեցներ։
Կը
տաքցնեն,
կը
փակցնեն։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ.
Սուրբիկն
ալ
հիմա
գայ
պիտի
կնկան
վրայով
լուր
բերէ։
Աղէկ
դուն
խելացի
մարդ
ես։
Ինտո՞ր
կնիկ
ըլլայ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Շատ
կարեւոր
կէտ
մըն
ալ
ատ
է։
Ամէնէն
առաջ
Պոլսեցի
ըլլալու
չէ։
Ինչուն
հարցնես
նէ,
հաշիւները
շատ
են։
Ատ
ճամբու
կնիկ
մը
քիչէն
քիչ
երկու
երեք
մարդ
ունի
փէշին։
Աս
եղբօր
տղայ
է,
ան
մօրեղբօր,
աս
մօրաքրոջ,
չի
հատնիր.
մէյ
մըն
ալ
տեսնես,
երիտասարդները
չորս
դին
կառնեն։
Բան
չես
կռնար
ըսել։
Էրիկը
կայ
անդին։
Ուզես
չուզես
լռես
պիտի։
ԽԱԼՖԱ
—
Փորձանք
բան
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ի՞նչ
գիտցար
եա։
Կնքահայրութիւնն
ալ
իր
օրէնքները
ունի։
Եթէ
հանգիստ
ապրիլ
կ՚ուզես,
մանաւանդ
քեզի
պէս
մէկը
որ
ընկեր
ամուսինն
ալ
չընդունիր.
պիտի
ընտրես
սանկ
խելօք
գաւառացի
մը։
ԽԱԼՖԱ
—
Հրեշտակ
ալ
ըլլայ,
Մշեցի,
Վանցի,
Տիգրանակերտցի
չեմ
ուզեր։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Երկուք
եղաւ
կը
կրկնես
կոր։
Ի՞նչ
է
ատոնց
հետ
առնելիք
տալիքդ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ատ
իմ
գործս
է։
Երդում
ըրած
եմ
մօրս
գերեզմանին
վրայ։
Այդ
գաւառացիներէն
մարդ
իմ
հացս
չուտէ
պիտի։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Աղէկ,
զօռդ
ի՞նչ
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Երկան
խնդիր։
Դուն
ձգէ
ատիկա,
նուֆուսին
թուղթերը
նայիմ
պիտի
մանչուն
ալ,
կնկանն
ալ:
ՏԻԳՐԱՆ
—
Մի
վախնար,
ադ
ըսած
գաւառներէդ
կնիկ
չի
գար
հոս,
եղածները
մօտի
բաներ
են
Պարտիզակ,
Իզմիր,
Ատաբազար,
Պրուսա։
Ատոնց
միսն
ալ
առատ
է,
գոյներնին
ալ
տեղն
է։
Մի
խնդար,
փորձառութիւնով
կը
խօսիմ։
Պառկելնին
անգամ
համ
ունի։
Հիմա
շա՜տ։
Էրիկնին
զինուոր
գնաց
ու
չեկաւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ադոնք
ալ
կասկածելի
են։
Հիւանդութիւնը
պակաս
չէ
մէջերնին։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ըրած
հոգը։
Բժիշկները
ի՛նչ
են
եղեր։
Մանրամասն
մինչեւ
սրտին
անկիւնները
քննել
կու
տաս։
Կատու
առնել
չէ
աս,
կնիկ
առնել
կ՚ըսեն
ասոր։
ԽԱԼՖԱ
—
Շատ
ալ
ճիշդ
է։
Կնքահայր
կամ
փեսայ,
տարբերութիւն,
որն
է
եա։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ատկէ
դուրս,
ադ
կնիկը
ըլլալու
է
կոկիկ,
գեղեցիկ,
աչքը
կուշտ,
տեղ
մը
տանիս
տէ,
պզտիկ
մնալու
չես։
Անուշիկ
ձայն
մը,
երգելու
ըլլայ
նէ,
հին
օրերը
միտքդ
բերել
տայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Է,
ան
օրերը
գալիք
չունին։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Վարպետ
ալ
ըլլալու
է։
Երկու
հոգիի
մէջ
լեզուն
դարձող,
բաւական
մըն
ալ
ցուցաւոր։
Տեղ
մր
մտնայ,
ինքզինքը
սեպել
տայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Բոլոր
մտքէս
անցածները
կ՚ըսես
կոր։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Դեռ
կեցիր
նայինք:
Նոր
սկսայ։
Ամէնէն
կարեւորը,
պետք
է
լուրջ
ըլլայ։
Թեթեւսոլիկները
վրադ
կը
խնդացնեն,
մինակ
լուրջն
ալ
չի
բառեր.
պէտք
է
ըլլայ
պաղարիւն,
որպէսզի
ուրիշներուն
ծիծաղը,
արհամարհիլը
տանի,
ինչու
որ
մարդիկ
անոր
պիտի
նային
տեսակ
մը
մեղքցողի
ձեւով։
Անանկ
շատ
պաղզաւակն
ալ
լաւ
չէ։
Մարդու
հետ
խօսած
ատենը
բռնել
պիտի
գիտնայ։
Կը
տեսնաս
որ
շատ
նուրբ
խնդիր
է։
Մանաւանդ
քեզի
պէս
մէկուն
համար։
ԽԱԼՖԱ
—
Հագուստը,
զարդը՝
մօտայէն,
աս
չըսիր։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ադ
ալ
ուրիշ
կէտ։
Ամուսինին
գործը
գիտէ։
Եթէ
մեծ
գործ
բանաս,
այն
ատեն
զարդը
անհրաժեշտ
է։
Ճիշդ
ուզածիդ
պէս
կ՚ապրիս։
Բոլոր
հարուստ
տուները
պատիւ
կը
սեպեն
քեզ
ներս
ընդունիլը։
ԽԱԼՖԱ
—
Ըլլայ
պիտի
նէ,
ատանկ
ըլլայ։
Իմինն
ալ
կեանք
է։
Առտուն
կանուխ
ելիր
ծակէդ,
հողին
ու
ցեխին,
փայտին
ու
տախտակին
մէջ
օրդ
իրիկուն
ըրէ։
Իրիկունը
շնթռկէ
մենաւորիկ,
առտուն
նորէն
սկսէ։
Աղջիկներն
ալ
չըլլան
նէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հա,
պիտի
ձգես
ատ
վայրենի
ձեւերը։
Մարդերու
մէջ
մտնաս
ու
ելլաս.
կնիկներուն
ձեռքը
բռնես
պիտի,
երեսնին
խնդաս։
Նայէ
քանի
հոգի
ետեւէդ
պիտի
դառնայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Աս
տարիքի՞ս։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Տարիքդ
ի՛նչ
ունի
որ։
Կնիկները
ամէնէն
ուշ
մարդուն
տարիքին
կը
նային,
աղջիկ
չեն
անոնք։
Որքան
աւելի
աղէկ
հագուեցնես,
այնքան
աւելի
կնիկ
պիտի
տանիս
փէշիդ։
ԽԱԼՖԱ—
Կնիկը
իմս
չէ,
չմոռնանք։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ատիկա
է
եա
բուն
պատճառը։
Ատիկա
կնկանը
ճակտին
հայելիի
պէս
գրուած
պիտի
ըլլայ,
բայց
ամէն
մարդ
պիտի
քաշուի
հոն
նայելէ,
քանիներ
գիտեմ,
համրեմ։
Ամէնէն
աղէկը
մեր
Մինասեանը
չէ՞։
Կարգելիք
աղջիկ
ունի,
կարգուկ
տղայ
ու
կնքահայր
ըլլալու
հոգի
կու
տայ։
Եկուր
տես
որ
թաղականութեան
ատենապետ
է,
հիւանդանոցի
հոգաբարձու։
ԽԱԼՖԱ
—
Ըսել
է
ատանկ
բաները
մեղք
չեն
սեպուիր։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ի՜նչ
միամիտ
մարդ
ես
դուն։
Համարումդ
կ՚աւելնայ,
եւ
ատիկա
իրաւունքով
ալ
է։
Ամէն
մարդու
տրուած
չէ
ատանկ
կարգադրութիւններ
գլուխ
հանել։
Մատով
կը
ցուցնեն
ատանկ
մէկը։
Դիւրին
է
տունի
մը
շեմին
կապուիլ,
անոր
էշը
ըլլալ,
ամօթ
է
խօսքս։
Ատիկա
ամէնքը
կ՚ընեն։
Արժանիքը
միւսն
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Ո՜ւր
էինք,
ո՜ւր
եկանք։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ասոնք
ալ
պէտք
են։
Տակաւին
շատ։
Նայէ
որ
կնիկը
մարդ
չունենայ։
Ճիշդ
է
որ
բոլորովին
անկարելի
է
ատիկա,
բայց
վերջապէս
սանկ
տղայ
մը,
քոյր
մը,
հոգ
չէ։
Երեքը
անցնելու
չեն։
Անոնց
մեծնալը
կայ։
Ամէն
մէկը
գլխուդ
չուան
չուան
գործ
կը
բանայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Քիչ
առաջ
ըսէի
պիտի,
անցաւ։
Շատ
աղուորը
նայելու
չէ,
չէ՞։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Շատ
աղուորը
թէ
վնասակար
է
թէ
օգտակար։
Ատանկ
կնիկ
մը
ընդհանրապէս
վարպետորդի
կ՚ըլլայ։
Ետքէն
քեզի
ալ
կնքահայր
կը
ճարէ
առանց
ուզելուդ։
Կրնայ
պարկեշտ
ալ
ըլլալ
բայց
ամէն
բախտի
գործ
չէ։
Տգեղներուն
խօսքը
չեն
ըներ։
Քու
կինդ
երկուքին
մէջինը
ըլլալու
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Շատ
աղէկ
կը
մտածես
կոր։
Չէի
սպասեր։
Ըսածիդ
պէս
պարապ
ժամանակ
չես
անցուցեր,
աս
տեղդ
(
գլուխը
ցուցնելով
)
բան
ես
հաւաքեր։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Պզտիկուց
յայտնի
էր։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչ
կը
բարկանայի
քեզի,
գիտնաս,
ան
օրերուն։
Դպրատո՛ւն,
խենդ
կ՚ըսէի
ես
ինծի,
քեզ
տեսնելով
ատանկ
չանթան
թեւիդ
տակը։
Մենք
ան
օրէն
շուկային
վազեցինք։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ամէն
մարդ
կրցածը
կ՚ընէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Տիգրան,
դուն
գիտես
իմ
ամբողջ
պատմութիւնս,
հայրենակից
ըլլալը
պարապ
բան
չէ։
Մինչեւ
հիմա
մեր
ազգէն
դուրս
ապրեցայ։
Գործս
անոնց
հետ
էր։
Պէյերու,
փաշաներու
ետեւէն
ժամանակ
անցուցի։
Ալ
կ՚օգտէ։
Ինծի
սանկ
շնորհքով
մարդ
մը
ընես
պիտի,
ըսածիդ
պէս
ամէնէն
յարգուած։
Փարայով
ըլլալիք
բոլոր
գործերուն
տակէն
կ՚ելլամ։
Ես
քեզի
կը
վստահիմ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Գլխուս
վրայ։
Ատիկա
պարտականութիւն
մըն
է։
Իմ
փորձառութիւնս
ու
դիրքս
քեզի
շատ
օգտակար
կրնան
ըլլալ։
Ամէնէն
առաջ
մենք
կը
սկսինք
յարաբերութիւնը։
Էֆթիկը
քեզի
իր
ծանօթներուն
présenter
կ՚ընէ։
Ամէն
կողմ
կը
գովենք։
Արդէն
հին
պատմութիւնները
քիչեր
գիտեն
հոս։
Ու
քանի
որ
դրամ
ալ
աչք
առած
ես,
ճամբան
դիւրին
է։
Սանկ
մէկ
երկու
ամիսէն
քանի
մը
հազար
թուղթ
ճախա
ըրիր
մի,
կամ
հիւանդանոցին
կամ
խնամատարութեան,
մաքրուած
ես։
Այն
ատեն
քեզ
կ՚ընդունին
ազգային
բարերար։
Մէկ
տարիէն
թաղական
ես։
Ինծի
Տիգրան
էֆէնտի
կ՚ըսեն։
Սըւոնք
կ՚ածիլեմ
եթէ
ըսածներուս
մէկ
կէտն
ալ
սուտ
ելլայ։
Քեզի
պապայի
խրատներ։
Հայկիտի
խալֆա,
Հայ։
Կը
յիշե՞ս
Պէօյիւք
Տէրէի
Չէրքէզ
աղջիկը,
քանի՞
տարի
կայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Հի՜ն
օրեր։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Երէկի
պէս
միտքս
է,
ինտո՛ր
մերկացուցիր,
տէ,
ջուրը
տարիր։
ԽԱԼՖԱ
—
Խենդութիւն։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ատոնք
անցան
հիմա։
Այն
ատենը
ուրիշ
էր։
Նորին
նայինք։
Հարսնիքի,
պսակդրամի,
մոմի
խնդիրներուն
մէջ
ան
ճանավար
ժամկոչին
չերթաս,
քեզ
կը
սոթտէ։
Դուն
ամէն
բան
ինծի
ձգէ։
Ես
կը
կարգադրեմ
քու
ուզածէդ
աւելի
լաւ։
(
Կը
կենայ։
Բառերը
կը
պակսին,
բան
մը
աւելի
ըսել
ուզողի
ձեւ
կամ
իր
մօտ,
բայց
չըսեր
)։
ԽԱԼՖԱ.
—
(
Բանալով
գզրոց
մը
ու
հանելով
հին
բարտըսիւ
մը
)
Աս
կռնակդ
անցուր
նայինք,
պիտի
գա՞յ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
(
Առանց
կրկնել
տալու
իրը
կը
հանէ
եւ
անցնէ.
կռնակը
)
Շա՛տ
լաւ
է,
չէ՞։
ԽԱԼՖԱ
—
Լա՞ւը
ուր
է,
տոպրակի
պէս
բան
մը
եղար,
թաղուեցար
մէջը։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հոգ
չէ,
Էֆթիկին
գործը
ի՞նչ
է,
կը
շտկէ,
կը
կոկէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ատանկ
արհեստ
ունի
նէ,
ըսելիք
չունիմ,
առ
քեզի
ըլլայ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Մէռսի՝
շնորհակալ
եմ,
ուղուրլու
խատիմլի
ըլլայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Բան
մը
չի
կայ
տակաւին։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Դուն
իմ
ըսածս
մտիկ
ըրէ։
Էս
ինչ
որ
կմտածեմ
ան
կ՚ըլլայ։
Ասանկ
կօշիկ
մըն
ալ
չունի՞ս։
ԽԱԼՖԱ
—
Կենալու
է,
ծռէ
նայէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
(
Գզրոցին
տակը
նայելով
)
Սքանչելի։
Քիչ
մը
մեծ
կերեւայ
կոր
ամա,
Արթին
աղան
ճամբու
կը
խոթէ։
(
Միշտ
գզրոցին
տակն
է։
Գլխուն
կ՚իյնայ
ժագէթ
մը
)։
Ատ
ալ
ինծի
կու
գայ
կոր։
ԽԱԼՖԱ
—
(
Ձեռքէն
առնելով
)
Ասիկա
նոր
ժագէթս
է։
Կը
հագնիմ
կոր։
Այդչափը
կը
բաւէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Մեռսի,
մեռսի,
շնորհակալ
եմ։
(
Կը
ծրարէ
կոշիկներն
ու
բարտիւսին,
վրայէն
փոշին
կը
թօթուէ
)
Սիկա՛ռ
մը։
ԽԱԼՖԱ
—
(
Ծանր,
կ՚երկնցնէ
)
Ա՛ռ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Մէռսի,
մէռսի,
շատ
շնորհակալ
եմ։
Տունին
ալ
երկու
ամսական
պարտք
ունիմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ։
Մարդ
չուտելու,
չխմելու
է,
տունին
վարձքը
տալու
է
նէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Խօսքով
դիւրին
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Ամսական
չե՞ս
առներ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ի՞նչ
պիտի
ըլլայ։
Հիմա
ամսականներուն
վիճակը
յայտնի
է,
ամէնուն
ալ
անօթի
բերանը
կը
հոտի։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ
ամա,
այսքան
տարի
է
կ՚աշխատիս։
Էրիկ
կնիկ
մը,
ինտոր
չես
խնայած։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Պատերազմին
քիչ
մը
լաւ
էինք,
հացի
գործը
կար
ասկէ
առաջ
ալ,
հիմա
ալ
գրագիրին
առածը
ինչ
է
որ
ինչ
աւելցնէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Չէ,
ադ
չեղաւ,
ատոր
չհանեցայ։
Հայ
ըլլալուն
առաջին
նշանը
փարա
աւելցնելն
է։
Իմին
գիտցածս
աս
է։
Ես
այսչափ
թուրքերուն
մէջ
ապրեցայ,
այսչափ
աւելի
տուի
աղջիկներուն
բայց
նորէն
իմ
չափս
գիտէի։
Դուն
Արաբկիրցի
չես
անանկ
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Արդէն
քիչ
մը
դրամ
պիտի
տաս։
Ով
որ
ալ
ըլլար,
միջնորդչէքը
կայ
նէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Տուի,
եա,
էվէլ,
էվելօք։
Հիմակուան
փարայով
40–50նոց
բան
է
տարածդ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Ներողութիւն։
Հիմա
աս
պզտիկ
բանին
համար
կռուելու
չենք։
Տակաւին
հարսնիքը
կայ։
Գոհ
մնաս
նէ,
դուն
ալ
մարդ
ես,
կը
խնդացնես
քու
հայրենակիցը։
ԽԱԼՖԱ
—
Հա,
տեսար
մի
մարդավարի
լեզուն.
դուն
ինծի
ձգէ։
Իմ
սրտէս
փրթածը
քեզի
կ՚օգտէ,
կ՚աւելնայ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Աստուած
երկար
կեանք
տայ,
փորձանքէ,
ցաւէ
ազատ
պահեսցէ
(
դուռը
կը
զարնուի
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Սուրբիկը
ըլլալու
է։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Գա՞ր
պիտի։
ԽԱԼՖԱ
—
Լուր
պիտի
բերէր
տէ։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Աղէկ,
անանկ
է
նէ
ես
ալ
երթամ։
ԽԱԼՖԱ
—
Մնացիր,
լաւ
չէ՞ր
ըլլար։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Նայէ,
անփորձ
եմ
կ՚ըսես,
սուտ
չէ։
Դուն
մեր
այդ
խօսակցութիւնը
ոչ
մէկուն
ըսես
պիտի։
Ատանկ
թէլլալներու
մօրուքնիս
տանք
նէ,
ետքը
ո՞ւր
կ՚երթայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ,
աղէկ,
դուն
քէյֆիդ
նայէ՛։
Տղան
ե՞րբ
ղրկես
պիտի։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Հիմա։
ԽԱԼՖԱ
—
Քիչ
մը
ետքը,
սանկ
քառորդէ
մը։
ՏԻԳՐԱՆ
—
Գլխուս
վրայ
(
Խոնարհելով,
անութին
ծրարը,
դուռը
կը
բանայ
ուրկէ
ներս
կը
մտնէ
Սուրբիկ։
Սուրբիկ
հաստ
ու
անհաւասար
մարմին,
գլուխը
սեւ
շալի
մօտ
բան
մը։
Շարժումները
համարձակ,
դէմքը
ծալաւոր
ու
տգեղ։
Ամէն
բան
հասարակ
է
իր
մօտ
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Սուրբիկ
հանըմ,
սանկ
եկուր
նայիմ,
խերով
է:
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
(
Չի
խօսիր,
խոշոր
շունչ
մը
կ՚առնէ,
կը
հազայ,
յետոյ
մէկէն՝
)
Աս
սանդուխներդ
ալ
չեն
հատնիր
(
կը
կենայ
նորէն
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ
պատասխան
չես
տար։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Սպասէ՛,
քիչ
մը
չունչ
առնեմ,
ի՞նչ
անհամ,
մարդ
ես։
ԽԱԼՖԱ
—
Դուն
ալ
ինչ
շունշանորդի
պառաւ
ես,
գիտե՞ս։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Եկածէդ
ի
վեր
այսքան
խօսք
ըրիր,
շունչդ
բաւեց
տէ
երկու
բառի՞ն
կը
պակսի։
Շուտ
ըսէ,
եղա՞ւ,
թէ
չէ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Աճէլէ
չէ.
պօյաճիի
քիւբ
չէ
որ
խոթես
հանես:
ԽԱԼՖԱ
—
Ըսել
է
չեղաւ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ես
չըլլայի
տէ
կը
տեսնայիր
դուն։
ԽԱԼՖԱ
—
(
Ուրախ
)
Կարգի՞ն
է։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Աման
երկան
ըրիր։
Հիմա
կը
պատմեմ։
Սիկառը
ինչո՞ւ
չես
տար։
ԽԱԼՖԱ
—
Դուք,
թէլլալներդ,
չի
կաք
մի
եա՛։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Թէլլալներուն
միսը
չուտէք
նէ
չէք
կշտանար։
Անոնք
չըլլան
նէ,
շունը
կ՚ուտէ
գլուխնիդ։
Մենք
ենք,
մենք,
ձեր
փափաքները
տեղը
տանողները։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէ՛կ
աղէ՛կ։
Ի՞նչ
ըրիր
նայինք։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Հիմա
պիտի
գայ։
Դուն
տեսնուէ,
ուզածիդ
պէս։
Շատ
խպնոտ
է,
անմեղուկ
բան
մը
կ՚երեւայ
կոր։
ԽԱԼՖԱ
–
Տակէն
բան
մը
չհանէ
տէ
տունս
մարէ։
Ատ
է
անմեղուկ
աղջիկներուդ
նմանի
նէ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Չհաւնեցա՞ր
աղջիկներուս։
Քու
կրակի
գին
գտածներէ
հազար
անգամ
լաւ
եղան
անոնք։
Ամա
էրիկ
մարդ
չէք
մի,
ուտող
ուրացող։
Տունդ
մարիլը
որն
է։
Կարծես
կնիկ
կ՚առնէ
կոր։
Նայեցար
չեղաւ,
կամացուկ
մը
կը
քաշուիս։
Էրիկ
չես
եա,
շատ
շատ
կնքահայր։
ԽԱԼՖԱ
—
Դիւրին
համոզեցի՞ր։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Մինչեւ
հա
ըսել
տուի,
պորտս
ինկաւ։
Տուներնին
պարտէզ
չըլլար
նէ,
յոյս
չի
կար։
ԽԱԼՖԱ
—
Ըսել
է
աղէկ
եմ
խելք
ըրեր։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ձեր
հաշիւներուն
համար
անիրաւութիւն
կայ
որ
չընէք,
գեղերը
փողոցն
են։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ։
Աս
սղութեան
ինտո՞ր
կը
հասնին
կոր։
Ատ
տեղը
քիչ
մը
մտածել
կու
տայ
կոր։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Կ՚աշխատին
անոնք
Ատաբազարցի
են.
ինչ
գործ
գտնան
կ՚երթան.
քիչիկ
մըն
ալ
Ամերիկացիներէն
օգուտ
կայ
գիտցածս։
ԽԱԼՖԱ
—
Չրլլայ
ետքէն
ուրիշ
մէկը
դուրս
գայ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ատանկ
անամօթ
մտածումներդ
քեզի
պահէ։
Մինչեւ
այսօր
քեզի
ե՞րբ
խաբած
եմ։
Ես
իմին
անունիս
մուր
չեմ
քսեր։
ԽԱԼՖԱ
—
Է,
ո՞վ
գիտէ։
Ժամանակները
տարբեր
են
հիմա։
Պատերազմին
ատենը
ինչեր,
ինչ
չըլլալիքներ
եղան
տէ
անցան։
Ինչո՞վ
ապրեր
են,
հարցուցի՞ր,
ան
տարիներուն։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Մեղայ,
ինտո՛ր
չէ։
Ունեցած
չունեցածը
ծախեր
է։
Տախտակի
վրայ
կը
պառկի
կոր
ըսեմ,
սուտ
չեմ
ելլար։
ԽԱԼՖԱ
—
Քոյրը
ինչենի՞
է։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Մօտիսթի
քով
կ՚աշխատի,
հացը
հանելէն
զատ
կտոր
մըն
ալ
բան
կը
բերէ
տունին։
ԽԱԼՖԱ
—
Ապրի՛ս
ըսէ
դուն
անոր։
Ըսել
է
ատանկ
մարդեր
կան
հէ՛,
հաւատալս
չի
գար։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Դուք
աշխարհը
լմնցած
գիտէք։
Ա՜խ,
քեզի
պէս
հարուստները։
Ամէն
բան
ձեր
դրամովը
կը
չափէք։
Անկէ
դուրս
բան
մըն
ալ
չիկայ։
Հէյ,
հին
խոզ,
ժողովուրդին
մէջ
ոսկիի
պէս
մարդեր
կան։
ԽԱԼՖԱ
—
Է,
քարոզներդ
ձգէ
քեզի,
ինչպէ՞ս
կարգադրեցիր։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ես
ինչ
կարգադրեմ,
ատիկա
քեզի
կենայ։
Իմին
գործս
համոզելը
եղաւ,
տեսնաս
ինչ
լեզու
թափեցի։
Աս
գաւառացիներն
ալ
հաստ
գլուխ
կ՚ըլլան
հա,
յոյս
ունի
որ
ամուսինը
պիտի
գայ։
ԽԱԼՖԱ—
Է,
դուն
ուրկէ
գիտես
մեռած
ըլլալը։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Մեղայ,
գիտեսը
ինչ
է,
քովէն
մարդ
եկաւ
նէ,
աչքովը
տեսեր
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Սանկ
ըսէ։
Ետքէն
ուրիշ
փորձանքի
չի
գանք։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Հոգդ,
մարդ։
Անանկ
մը
կ՚ընես
կոր
որ
կնիկ
առնողը
դուն
ըլլաս։
Շատ
շատ
Աստուծոյ
տուածէն
կնքահայր
մը։
ԽԱԼՖԱ
—
Ես
քուկին
գիտցածիդ
պէս
կնքահայր
չըլլամ
պիտի։
Ես
ատանկ
խարդախ
բաներու
մէջ
չեմ
մտներ։
Ես
մինչեւ
այսօր
պատիւովս
ապրեր
եմ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Գիտեմ,
գիտեմ։
Լսողը
ուրիշը
ըլլար,
քեզ
մինչեւ
եպիսկոպոս
ընելու
քուէ
կու
տար։
ԽԱԼՖԱ
—
Ի՞նչ
կարծեցիր։
Որո՞ւն
տասնոցը
կերեր
եմ,
որո՞ւն
կնկանը
խօսք
եմ
նետեր։
Ո՞վ
տեսեր
է։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Բա
մա՛րդ,
գոնէ
ինծի
մի
ըսեր։
ԽԱԼՖԱ
—
(
Տաքցած
)
Քեզի
ինչո՞ւ
չըսեմ։
Տարին
երկու
երեք
աղջիկ
կը
բերես,
անո՞ր
համար
լեզուս
կարճ
ըլլայ
պիտի։
Հազար
անգամ
քեզի
զրուցեր
եմ։
Մեր
ըրածին
մէջ
ամօթ
չի
կայ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Հասկցայ։
Նորէն
շան
քարոզիդ
ելար։
Շիտակը
արմանք
զարմանք
կու
գայ
կոր։
Ինտոր
կ՚ըլլայ
որ
առանց
խպնելու
կ՚ելլաք
ատ
տեսակ
քարոզներ
կ՚առնէք
բերաննիդ։
Քա
որուն
երեսին
խնդաք
նէ
ետեւէն
կնիկը
կը
տեսնէք։
ԽԱԼՖԱ
—
Ապուր
ես
կերեր։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Դուն
չես
կրնար
տէ
անոր
համար
աղջիկ
կ՚ուզես։
Անգամ
մը
պէճէրէիր
տէ
այն
ատեն
կը
տեսնուէի
հետդ։
Ամէնքդ
ալ
կոյս
աղջիկներ
աւրելու
ետեւէն։
Ալ
ասոր
խարդախը
ուր
չէ
եա,
ուր
չէ
եա
ասոր
խայտառակը։
Գոնէ
լեզունիդ
կարճ
ըրէք։
ԽԱԼՖԱ
—
Դուն
այդ
լեզուդ
ուրիշներուն
դէմ
բռնէ։
Ես
դրամը
կը
համրեմ,
ուզածս
կը
գտնեմ։
Ասիկա
սակարութիւն
է
էֆէնտիմ։
Օր
մը
քու
իրաւունքէդ
բան
մը
կտրեցի՞։
Օր
մը
աղջիկ
մը
զրկուած
մօրը
դարձուցի՞։
Չես
ըսեր,
գործիդ
չի
գար։
Չէ՞։
Ուր
է
ալ
ասոր
մէջ
սուտը,
խայտառակը։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ախ,
ձեր
ադ
դրամը։
Արապ
սապօնքէն
ալ
սեւ,
ձեր
այդ
դրամը։
Ամէնքդ
ալ
սրիկայ,
խայտառակ,
անաստուած
մարդեր
էք։
Նորէն
դուն
կարգուած
չես։
Ինչ
որ
է։
Էլմասի
պէս
կնիկ
ունեցողները
որ
ճէպս
դնեմ։
Անուն
կ՚ուզես։
Գնա
չար
սատանայ.
հազար
անգամ
ըսեր
եմ
ամէնուդ
ալ։
Կնի՛կ
ուզեցէք։
Կնի՛կ։
Ատիկա
գտնալը
պարտքս
է։
Տեսար
համով
պատիւով
գործը։
Ուզէ
տէ
այսինչին,
այնինչին
կնիկը,
ամէն
հաւնածդ,
ամէնէն
ամուր
կարծածդ։
Կ՚աշխատիմ,
վազ
անցէք
աս
աղջիկներէն։
Գիտէք
ինչ
զուլում
կ՚ընէք
կոր։
ԽԱԼՖԱ
—
Շան
քարոզը
որերնի՞ս
կ՚ընենք
կոր։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Անանկ
է,
քեզի
ջուրի
ձայն
կու
գայ։
Գիտես,
ինչ
ըսել
է
աղջիկ
մը
առնել
մօրը
ձեռքէն։
Տեսած
չունիս
որ
հասկնաս։
Հայր
ալ
եղած
չես
որ
ցաւը
իմանաս։
Մեռնելու
գացող
մարդերը,
ասանկ
չեն
նայիր
իրարու։
Ամէն
հեղ
լացած
եմ,
մինչեւ
որ
փողոց
ընկած
ենք։
ԽԱԼՖԱ
—
Մի
ըներ,
էֆէնտիմ,
սիրտդ
դէմ
չտար
նէ։
Ուրիշ
գո՞րծ
կը
պակսի։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ուրիշ
ի՞նչ
գործ
ընեմ։
Իմին
ալ
արհեստս
է.
մենք
ալ
տուն
տեղ
ենք,
ապրինք
պիտի։
ԽԱԼՖԱ
—
Անանկ
է
նէ
ձայնդ
կարճ
ըրէ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Չէ,
գանգատ
չէ
ըրածս։
Ամա
ձեր
իրաւունքով
ելլելու
զօռը
չիկա՞յ
մի,
անոր
դէմ
եմ.
փարան
ամեն
ինչ
չէ։
Տուր
կրակը։
Սիկառն
ալ
մարեցաւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ասոր
համար
ալ
լացած
չըլլաս։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ինչո՞ւ
լամ։
Ասիկա
բարիքի
պէս
բան
մըն
է։
Ադ
կնիկը
մէկ
երկու
ամիս
ալ
կրնայ
քաշել,
քաշքշել։
Ետքը,
կամ
երթայ
պիտի
ծովը
նետուի,
կամ
աս
ան
հիւանդոտ
սրիկայի
մը
ծոցը։
Շատ
շատ
քոյրը
ծախէ
պիտի։
Ըլլալիքը
աս
չէ։
Հիմա։
Շէնք
շնորհք,
տուն
կու
տաս
կոր
իրեն։
Հրապարակին
վրայ
ալ
ամէն
բանով
լման
ամուսին
մը։
Ալ
ի՛նչ
ուզէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ե՞րբ
պիտի
գայ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Հիմա՛։
Տունին
թիւը
տուի։
Թերեւս
ճամբան
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Մինակ
է։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Հարկա՛ւ։
Քոյրը
պզտիկ
է։
Ամուսնացնենք
ըսի,
ուրախացաւ։
Վերջէն
լացաւ,
կ՚երեւայ
ինքզինքը
կը
մտածէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Թող
հոգ
չընէ։
Կնիկը
լաւ
ըլլայ
նէ
իրեն
ալ
բան
մը
կ՚ընենք։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ես
ալ
ըսի։
Ուսմունքի
շատ
փափաք
ունի։
Ես
քու
տեղդ
ըլլամ,
թափած
արիւններուս
տեղը
բարիք
մը
կ՚ընեմ։
Որո՞ւ
պիտի
մնայ
այդ
հարստութիւնդ։
Մէկ
բարիքը
հազար
չարիքի
դէմ
կու
գայ։
Ես
քիչ
մը
ատանկ
բաներու
հաւատք
ունիմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Չըլլալիք
բաներ
չեն։
Մինակ
կնիկը
արիւնըս
բռնէր։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Տաքարիւն
է։
Յանցանքը
քիչ
մը
խպնոտ
է։
Մի
վախնար,
երբ
վարժուի,
շաքարի
պէս
կը
համովնայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ցոյց
ունի՞
քիչ
մը:
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Հիմա
տեսնաս
պիտի։
ԽԱԼՖԱ
—
Գիտե՞ս,
ինչու
կը
հարցնեմ։
Չտեսած
քիչ
մը
մտքով
տեսնամ
նէ,
ուրիշ
կ՚ըլլայ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Լուսնտակ
է։
Ճերմակութիւնը
քեզի
կ՚օգտէ։
Կ՚աւելնայ,
հասակն
ալ
տեղն
է։
Քիչ
մը
նիհար
է.
ան
ալ
ինչ
է
որ
կերածը։
Քու
ձեռքդ
անցնի
պտլըխ
պտլըխ
միս
կը
կապէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ադ
նայէ,
շիտակ
է։
Կերածը
խմածը
թող
է
ինձմէն
գիտնայ։
(
Դուռը
կը
զարնուի
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Կնիկն
ըլլալու
է։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ես
կը
ներկայացնեմ,
վերջը
միւս
սենեակը
կը
քաշուիմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ։
(
Սուրբիկ
կ՚ելլայ
դուրս։
Խալֆան
ոտքի։
Թոյլ
բանթալոնէն
ինկող
շապիկը
կը
կոխէ
վար։
Գիշերանոցը
նետելէն
ետքը
պեխերուն
վրայէն
քանի
մը
հեղ
մատ
կ՚անցնէ։
Գլուխը
կը
շփէ։
Ետքէն
երկու
երկու
մատ
ալ
երեսներուն
կսմիթ,
ամուր
ամուր։
Դուռը
կը
զարնեն
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Մտէ՛ք։
(
Կիները
կը
մտնեն,
սառն
լռութիւն
)։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
(
Միջամտելով
)
Գրիգոր
էֆէնտի,
աւելի
ճիշդը
մեր
վարժուածին
պէս,
խալֆան։
Հրամանքն
է։
ԵԼՄՈՆԷ—
(
Աչքին
տակովը
կը
նայի
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Շատ
քաշուած
կ՚երեւաս
կոր։
Փառք
Աստուծոյ,
վախենալու
տեղ
չի
կայ։
Ասանկ
եկուր
նայիմ,
ինչո՞ւ
բազմոցին
ծայրը
նստար։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Հանգիստ
եմ
հոս։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ինծի
նայէ,
Ելմոնէ։
Ասանկ
խրտչող
կատուի
պէս
չըլլար։
Քու
մարդը
պիտի
ըլլայ
նէ։
Մեղայ,
սանկ
քիչ
մը
տաք։
Մեղք
ադ
աղուորութեանդ
որ
չես
վայլեցնէր։
ԽԱԼՖԱ
—
Կը
վարժուի։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Ինչ
գիտնամ.
մէկէն
դող
մը
եկաւ
կը
մըսիմ
(
Կը
կենայ,
նորէն
կը
նայի
չորս
դին
ու
մէկէն
ձեռքերը
աչքերուն
տանելով
կու
լայ
)։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
(
Կը
նետուի
)
Ինծի
նայէ.
ատանկ
տղայութիւն
չըլլար։
Խե՞նդ
ես
ինչ
ես
(
Խալֆան
ելած
է
արդէն
ու
ձեռքէն
բռնած
)
Մեղայ,
Տէր
Քրիստոս,
ի՞նչ
կայ
լալու,
խնդալու
տեղ։
ԽԱԼՖԱ
—
(Միշտ
բռնելով
ձեռքէն)
Կ՚անցնի
Սուրբիկ
Հանըմ,
կ՚անցնի։
Առջի
բերան
ասանկ
կ՚ըլլայ,
դուն
չես
գիտեր։
Սըկէ
գօնեակ
մը
տուր։
(
Սուրբիկ
գոնեակ
կու
տայ
)։
ԵԼՄՈՆԷ
—
(
Մեղմով
ետ
կը
մղ
է)
Չեմ
կրնար։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Խմէ,
խմէ
քա,
դեղ
է,
ուժ
կու
տայ։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Չեմ
կրնար։
ԽԱԼՖԱ
—
(Ձեռքը
թող
տալով,
Է՛,
զօռ
մի
ըներ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Շիտակ,
Ելմոնէ,
ասանկ
խենդութեան
չէի
սպասեր։
Տասնըհինգ
տարուան
աղջիկը
չըներ
ըրածդ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ձգէ,
Սուրբիկ
հանըմ,
աստեղն
ալ
դուն
չես
գիտեր։
Դուն
ինծի
նայէ։
(
Ելմոնէին
)
Սուրբիկ
Հանըմը
քեզի
հասկցուցած
է
խնդիրը
անանկ
չէ՞։
ԵԼՄՈՆԷ
—
(
Գլուխով
)
Այո՛։
ԽԱԼՖԱ
—
Ըսելիք
մը
ունի՞ս։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Ի՛նչ
գիտնամ։
ԽԱԼՖԱ
—
Նայէ,
տակաւին
մէջտեղ
բան
մը
չի
կայ։
Աւելի
աղէկ
է
ամէն
բան
առաջուց
կարգադրենք։
Ետքէն
ձայն
չեմ
ուզեր։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ես,
եա,
շատ
ալ
աղէկ
կ՚ըլլայ։
Ամէն
բան
առաջուընէ
կ՚ըսէք
իրարու։
Ես
Աստուծոյ
առջին
վկայ
եմ։
Իրարու
հետ
ապրիք
պիտի։
Իրար
լաւ
մը
ճանչցէք,
խօսեցէք,
հասկցուեցէք։
Կ՚ըլլայ
զիրար
չէք
բռներ։
Այն
ատեն
գործը
ուրիշ
կ՚ըլլայ։
Ամէն
մարդ
իր
խսմէթին
։
Նէ
անոր
կնիկ
կը
պակսի,
նէ
տէ
քեզի
էրիկ։
Ամա
էրիկ
ալ
կայ,
էրիկ
ալ։
ԽԱԼՖԱ
—
Սուրբիկ
հանըմին
ըսածները
բոլորն
ալ
շիտակ
են։
Մեր
ընելիքը
իրաւէն
ամուսնութիւն
է։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Ի՛նչպէս:
ԽԱԼՖԱ
—
Խորունկը
նայիս
նէ,
անանկ
է։
Ճիշդ
է
որ
մէջտեղը
երկրորդ
մը
կայ,
բայց
անիկա
անուն
մըն
է,
մինակ
անուն
մը։
Դուն
անոր
հետ
ոչ
մէկ
կապ
ունիս
կամ
պիտի
ունենաս։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Ինչպէս
կ՚ըլլայ
քա
ադ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Հիմա
կը
հասկնաս։
ԽԱԼՖԱ
—
Շատ
դիւրին։
Ես
այդ
պայմանով
կնքահայր
կ՚ըլլամ
կոր։
Քու
ամուսինդ
ցոյցի
համար,
օտարին
համար
մէկալն
է։
Իսկականին
մէջ
դուն
մինակ
իմ
կնիկս
ես։
Մինակ
ինծի։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Մեկա՞լը։
ԽԱԼՖԱ
—
Անոր
վրայ
մի
խորհիր։
Սեպէ
թէ
կաղ,
կոյր,
անդամալոյծ
մէկն
է։
Անոր
հետ
ոչ
պիտի
խօսիս,
ոչ
դուրս
պիտի
ելլես,
ոչ
ալ
առանձին
գտնուիս։
Անիկա
փայտէ
մարդ
պիտի
ընդունիս։
Աստուծոյ
առջեւ
դուն
իմ
կնիկս
պիտի
ըլլաս,
մարդերուն
առջեւ
անորը։
ԵԼՄՈՆԷ—
Ատանկ
մարդ
կ՚ըլլա՞յ։
Ո՞վ
կ՚ընդունի։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Ադ
ալ
դու
մտածելիքդ
չէ
եա.
թող
մարդը
մտածէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ատոնք
բոլորը
ես
կը
յարմարցնեմ։
Հիմա
կը
մնայ
որ
իրարու
տէնկ
իյնանք։
Նայէ՛,
իմ
բնաւորութիւնս
զրուցեմ
ես
քեզի,
կակուղ
մարդ
կ՚երեւամ,
բայց
տեղին
գայ
նէ
շատ
սէրթ։
Շուտ
կը
բարկանամ,
շուտ
կ՚իջնամ։
Ատ
ատեններուն
հետս
վարուիլ
գիտցար
նէ,
մնացածը
պարապ
բան
է։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Տղայ
չէ
հարկաւ,
կնիկ
եղեր,
ամուսին
է
ունեցեր։
Էրիկները
քիչ
մը
բարկացոտ
կ՚ըլլան։
ԽԱԼՖԱ
—
Ազգական,
գուզէն,
սանկ
նանկ
չեմ
ընդունիր։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Ատ
ինչ
ըսել
է։
Մենք
գետնէն
բուսած
սունկ
չենք։
Քոյր
ունիմ,
քաղաքացիներ
կան
նէ ...
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Դուն
սխալ
կը
հասկնաս
կոր։
Անոր
ըսածը
ուրիշ
բան
է։
Ան
շատ
ճահիլ
ճիւհիլ
տղոց
համար
կը
զրուցէ։
՝
ԽԱԼՖԱ
—
Ճիշդ
է,
ճիշդ։
Ոչ
մէկ
էրիկմարդու
հետ
չեմ
ուզեր
որ
տեսնուիս։
Ամա
կնիկ
քաղաքացիներ
կ՚ունենաս,
կու
գան,
կ՚երթան,
ինծի
հետ
տուներ
կը
մտնես,
կ՚ելլես։
Հիւր
կու
գայ,
հիւր
կ՚երթայ,
ատոնք
ուրիշ։
Ասկէ
դուրս
դիւրին
է։
Ուզածդ
պիտի
ուտես,
ուզածդ
պիտի
հագնիս։
Մէկ
ըսածդ
երկու
ընող
չըլլայ
պիտի։
Մատդ
մոխիրը
պիտ
չթաթխես։
Ջուխտ
սպասուհի
պիտի
դառնան
ետեւէդ,
առջեւէդ։
Քոյրդ
ալ
գիշերօթիկ
դպրոց
մը
կը
դնենք:
Տահա
ի՛նչ
կ՚ուզես։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Չգտնուած,
չգտնուած
խսմէթ
է։
Շիտակը,
իմին
երիտասարդ
ըլլալս
եկաւ։
Մեր
ատենը
ասանկ
մարդիկ
կայի՞ն
որ՝
էրիկ
մը
կը
փաթթէին
գլուխնուս,
խըզմէթը
կ՚ընես,
կերակուրը
կ՚եփես,
երկու
տարին
հեղ
մը
փորդ
կ՚ուռեցնես։
Աս
չէ՞ր
մեր
կէնճութիւնը։
Օ՞ր
տեսանք
որ։
Նայէ
քուզում
Ելմոնէս,
նորէն
կ՚ըսեմ,
դուն
չգաս
նէ,
տեղդ
ուրիշը
պատրաստ
է։
Այս
հանգիստը
շատ
ալ
փնտռելով
ձեռք
չիյնար։
Բան
մըն
է
եղաւ։
Խորհէ
անգամ
մը։
Այս
գիշեր
պառկելիք
տեղ
անգամ
չունիս։
Աստուծոյ
առջեւ
անպատիւ
բան
ալ
չէ
իրածդ։
Շատ
մի
մտմտար
Ելմոնէ։
Ըրածդ
ինչ
է
որ,
աչքդ
ասանկ
չորս
կողմ
դարձուր։
Դուն
նորէն
ամէն
օր
կը
տեսնաս,
մէկ
տունի
մէջ
քանի
հոգի
կը
մտնէ
կ՚ելլէ։
Ատոնք
ալ
կարգուած
կիներ
են,
էրիկնին
խազըխի
պէս,
սիւսերնուն
զատ
մարդ,
քէֆերուն
շատ
տղայ,
բայայի
համար
ուրիշ,
ջուրերուն
համար
ալ
ուրիշ։
Ես
բերանս
բանամ
նէ։
Աշխարհ
ըրածը
կ՚ընէ,
մեզի
բան
մը
հարցուցած
չունի։
ԵԼՄՈՆԷ
—
Չիյտեմ,
քա,
Սուրբիկ
հանըմ,
կը
վախնամ։
ԽԱԼՖԱ
—
Երկան
մ՚ըներ։
Սիրտս
բռնեց
քեզի։
Ուրիշ
տեղ
չփնտռեմ։
Հազարը
կայ։
Կեր
խմէ,
քէյֆիդ
նայէ։
Ալ
ի՞նչ
կ՚ուզես
Աստուծմէ։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Փէք
ալ
շիտակ
կ՚ըսէ
կոր։
Աս
եղած
լմնցած
է։
(
Դուռը
կը
զարնուի
)
Աս
ով
է
(
պատուհան
կ՚երթայ
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Նոր
մէ՞կը։
Ո՞վ
է
եա։
ՍՈՒՐԲԻԿ
—
Գլուխն
ալ
վեր
չառներ
որ
երեսը
տեսնամ։
ԽԱԼՖԱ
—
Հա,
հասկցայ։
Դուք
քովի
սենեակը
անցէք։
Պէտք
ըլլայ
նէ
կը
կանչեմ։
(
Կիները
կ՚երթան։
Խալիֆան
հայելիին
առջեւ
կը
վազէ։
Ֆէսը
կը
դնէ
պատկառու
ձեւով
մը,
յօնքերը
կը
կիտէ։
Ոսկի
ակնոցը
քիթին,
անձնաւորութիւն
մը
երեւնալու
ջանքով,
տասը
մատով
)
Մտէք։
(
Կը
մտնէ
Գրիգոր։
Նիհար,
դեղինի
վրայ։
Քիչ
մը
առաջ
հակած։
Մաշած
հագուստ:
Վիրաւոր
նայուածք
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Հրամմէ
նայինք։
Ո՞վ
ղրկեց
քեզի։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Պարոն
Տիգրանը։
ԽԱԼՖԱ
—
Պարոն
Տիգրանը
ո՛վ
է։
Մանուէլեա՞նը։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Այո՛։
ԽԱԼՖԱ
—
Է
ան
Պարոն
չէր
անիկա
մենք
էֆէնտի
ըսելով
չենք
կրնար
կշտացնել։
Մեր
խնդրին
համա՞ր
եկած
ես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Այո՛։
ԽԱԼՖԱ
—
Անունդ
ինչ
է։
ԳԻՐԳՈՐ
—
Գրիգո՛ր։
ԽԱԼՖԱ–
Գրիգո՞ր։
Ատ
չեղաւ։
Փոխելու
ես,
ինչ
է
նէ։
Ետքէն
կը
մտածենք
ատիկա։
Դիւրին
է.
ո՞ր
տեղէն
ես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Գաւառացի։
ԽԱԼՖԱ
—
Գիտեմ
գաւառացի
ըլլալդ։
Բայց
տեղդ,
ծնած
քաղաքդ
կը
հարցնեմ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Աւելորդ
հարցում
է
ատիկա։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ի՞նչ
շահ
ունի
ձեզի
իմ
Սեբաստացի
կամ
Կարնեցի
ըլլալ։
ԽԱԼՖԱ
—
Քու
ինչո՞ւդ
պէտք,
տղաս։
Շատ
ալ
պէտք
ունիմ։
Վանցի
չե՞ս։
ԳՐԻԳՐՈՐ
—
Չեմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Մշեցի՞։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Չեմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Տիգրանակերտցի՞։
ԳՐԻԳՈՐ—
Չեմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Կ՚օգտէ։
Ուրիշ
ուրկէ
կ՚ուզես
եղիր։
ԳՐԻԳՈՐ—
Չեմ
կրնար
կոր
հասկնալ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչուդ
պէտք
հասկնալը։
Դուն
ինծի
մտիկ
ըրէ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Աղէկ
(
կը
հազայ
թեթեւ,
բայց
դէմքը
չափազանց
տագնապոտ
է
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ
կը
հազաս.
միշտ
կը
հազաս:
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ատեն
ատեն։
ԽԱԼՖԱ
—
Սաստիկ
թէ
կամաց։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Սովորական:
ԽԱԼՖԱ
—
Հիւանդ
չըլլաս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Չեմ
գիտեր։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչպէս
չես
գիտնար։
Մարդ
իր
հիւանդ
ըլլալը
չզգա՞ր։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Շատ
բարակը
նայելու
ատեն
չունիմ։
Նոր
եկած
եմ
դուրսէն.
հիւանդանոց
պառկեցայ։
Բժիշկները
ըսին
օդափոխութեան
պէտք
ունի։
Լաւ
հանգիստ,
լաւ
օդ։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ.
անոնք
գինի
կ՚ըսեն,
պռզօլա
կ՚ըսեն,
կ՚ըսեն
ու
կ՚ըսեն։
Դրամ
ունի՞ս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Չունիմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ
չունիս:
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Պատասխան
չի
տար
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Քեզի
կ՚ըսեմ,
չի
լսեցի՞ր։
Ինչո՞ւ
դրամ
չունիս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լսեցի,
բայց
հարցումը
պատասխան
չունի։
Չունիմ
անոր
համար
որ
չունիմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ
ամսականէդ
չխանայեցիր։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ամսականը
ի՞նչ
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Վարժապետ
չե՞ս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ո՞վ
ըսաւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Տիգրան
Էֆէնտին։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Սխալուեր
է։
Ես
անոր
դիմած
էի
վարժապետ
ըլլալու
համար։
Ատիկա
ըսել
չէ
որ
ես
ըրած
ըլլամ
այդ
գործը։
ԽԱԼՖԱ
—
Եա,
ըսել
է
սխալ
կայ։
Ի՞նչ
գործ
կ՚ընես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ես
դեռ
գործ
չեմ
ըրած։
Պատերազմին
սկսած
օրէն
մինչեւ
զինադադար
զինուոր
էի։
ԽԱԼՖԱ
—
Զինուոր
էիր
մի։
Աւելի
աղէկ։
Ես
շատեր
կը
ճանչնամ
որ
քէմէրնին
լեցուն
եկան։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ամէն
մարդ
մէկ
չէ.
շինողն
ալ
կայ,
չշինողն
այ։
ԽԱԼՖԱ—
Ըսել
է
կարելի
էր
վաստկիլ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Վարանումով
)
Է՛,
այո՛։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ
ատանկ
կեցար
քիչ
մը։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ինչ
կ՚ըլլայ
որ։
ԽԱԼՖԱ
—
Դուն
իմ
ըսածներուս
պատասխան
տուր։
Դուն
չկրցար,
խօսքին
ճիշդը։
Ինչո՞ւ
կը
պահես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Հա՛։
(
Զզուանքով
)
Չկրցայ:
ԽԱԼՖԱ
—
Հա,
ատանկ
ուժով
զրուցէ։
Աս
աղէկ,
կնիկդ
մեռա՞ծ
է։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ամուսնացած
չեմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ։
Գաւառացիներուն
մէջ
կանուխ
կը
կարգուին։
Դուն
ինչո՞ւ
ուշի
ես
մնացեր։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ինծի
ալ
ասանկ
է
պատահեր։
ԽԱԼՖԱ
—
Պարապ
խօսք։
Սովորութիւն
է
նէ։
Ինչպէ՞ս
հակառակը
կ՚ըլլայ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Հիմա
գաւառներն
ալ
փոխուած
են։
ԽԱԼՖԱ
—
Վայ,
ատոնք
ալ
Պոլսին
պէս
կ՚ընեն
կոր
ըսել
է։
Ներողութիւն
տղաս,
իմ
գլուխս
քիչ
մը
հաստ
է։
Անոր
համար
բարակէն
բարակ
կ՚ուզեմ
ամէն
բան
հասկնալ։
Սիրահարութիւն
ըրա՞ծ
ես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Սիրահարութիւնը
ո՞րն
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Օ՜,
ատ
չեղաւ,
դուն
քեզ
տղու
տեղ
կը
դնես։
Աղջիկ,
կնիկ
սիրած
ես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ո՛չ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ի՞նչպէս
կ՚ըլլայ
եա.
երիտասարդ,
չամուսնանալ,
սիրահար
չունենալ։
Շատ
խելքս
չի
հասնիր
կոր։
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Քիչ
մը
խիստ
)
Ինչո՞ւ
չի
հասնիր։
Դպրոցէն
բանակ,
բանակէն
Պոլիս,
ինչ
կայ
զարմանալու:
ԽԱԼՖԱ
—
Ատ
ուրիշ։
Ըսել
է
դպրոցական
ես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Այո՛։
ԽԱԼՖԱ
—
Երանի
թէ
արհեստ
մը
ունենայիր։
Ուսմունք,
ուսմունք
կ՚ըսեն
կ՚երթան,
մէկն
ալ
խենդ
Տիգրանը
չէ՞ր։
Հիմա
անոթի
բերանը
կը
հոտի։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Է։
(
Դառնութեամբ
)
Ճիշդ
է
քիչ
մը։
ԽԱԼՖԱ
—
Ապրիս
տղաս։
Դուն
խելօք
մէկը
կ՚երեւաս
կոր։
Սիրտս
բռնեց
քեզ։
Ես
քեզ
մարդ
պիտի
ունեմ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Շնորհակալ
եմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ադ
ձայնը
շատ
գրաբար
եկաւ
ինծի։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ձայնին
գրաբարը
կ՚ըլլա՞յ։
ԽԱԼՖԱ
—
Քո՛ւկդ։
Ես
պարզ
մարդ
եմ։
Ինծի
հետ
շիտկէ
շիտակ։
Դուն
կը
շահիս։
Սիրտս
մտնաս
նէ
մարդ
կ՚ըլլաս.
նայէ
մէկը
չունիմ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լաւ.
աշխարհաբար
ձայն
կ՚ունենամ։
ԽԱԼՖԱ
—
Նորէն
գրաբար
է։
Չեմ
խաբուիր։
Բայց
առջի
տեսնուելնիս
է։
Աւելի
ետքը
Աստուծմով
աղէկ
կ՚ըլլայ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Աղէկ։
ԽԱԼՖԱ
—
Հա,
տեսար
աշխարհաբարը։
Սկսար
պիլէ
։
Չերկնցնենք։
Դուն
գիտե՞ս
ինչու
գալը։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Գիտեմ։
ԽԱԼՖԱ—
Անանկ
է
նէ
ականջ
տուր.
ուրիշ
ըսելիքներ
ունիմ։
Էն
առաջին
քեզի
պիտի
կարգեմ
կնկան
մը
հետ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լա՛ւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Մէկէն
լաւ
մի
ըսեր։
Ուշադրութիւն
ըրէ։
Քու
ուզած
կնկանդ
հետ
չէ։
Իմ
գիտցածիս
հետ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լա՛ւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ես
կնքահայր
պիտի
ըլլամ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լա՛ւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Նորէն
գիտցածիդ
պէս
կ՚ընես,
օղլում։
Գիտե՞ս
ինչ
ըսել
է
կնքահայր։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Այո՛։
ԽԱԼՖԱ
—
Չէ,
չիյտես։
Քու
Սվազիդ
կնքահայրը
չէ
հոսինը։
Անոր
համար
լաւ
մտիկ
ըրէ։
Ըսելիքներդ
ունեցիր
որ
ետքէն
կռիւ
չըլլայ,
խօսեցանք,
չխօսեցանք
չեմ
ուզեր։
Ես
կնքահայր
պիտի
ըլլամ,
Պոլսեցիներուն
հասկցածովը։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լա՛ւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ըսել
է
գիտես
ինչ
ըսել
է
Գատը-Գիւղի
մէջ
կնքահայր
ըլլալը։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Սորվեցայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Տիգրա՞ն
էֆէնտիէն։
Ատոր
ըսելիք
չունիմ։
Էրիկ
կնիկ
իմ
տունս
պիտի
ապրիք։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լաւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Աս
ամէն
բանի
լաւ
լաւ
կ՚ըսես
կ՚երթաս
կոր։
Բնաւ
առարկութիւն
չունի՞ս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Դուք
շարունակեցէք.
պէտք
եղած
տեղը
ես
ձեզ
կ՚ընդմիջեմ։
ԽԱԼՖԱ
—
Հա,
այդպէս
ըրէ,
քիչ
մը
համ
թող
առնէ
գործը։
Հարսնիքը
պիտի
ըլլայ
այս
տունին
մէջ։
Մարդ
ունի՞ս
Պոլիս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ո՛չ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ատ
աւելի
լաւ։
Պսակէն
ետքը
դուն
քու
սենեակդ
կը
քաշուիս,
կնիկդ
ալ
ինծի
հետ
իմ
սենեակս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Լուռ
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Չլսեցի՞ր,
բան
չես
ըսեր։
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Զուսպ
ու
խորունկէն
)
Լա՛ւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Համաձա՞յն
ես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Կը
նայի,
կատաղութիւն,
յետոյ
ընկճում,
յետոյ
համակերպում
)
Ինչո՞ւ
կը
նեղես
զիս:
Չեկած
համաձայնեցայ
արդէն։
ԽԱԼՖԱ
—
Օտարին
հետ
ուրիշ,
ինծի
հետ
ուրիշ։
Ես
ամէն
բան
սաղլամ
կ՚ուզեմ։
Սակարկութիւն
ընողը
անիրաւ
չըլլար։
Համաձա՞յն
ես։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Այո՛։
ԽԱԼՖԱ
—
Կարեւորը
հոս
էր։
Ասկէ
անդին
կռիւ
ալ
ընենք,
նորէն
կը
կարգադրենք։
Այդ
կինը
քեզի
համար
գոյութիւն
պիտի
չունենայ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Ուժով
)
Լա՛ւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Տունին
մէջ
երբեք
անոր
պիտի
չխօսիս։
Դէմէ
դէմ
պիտի
չգաս,
ետեւէն
պիտի
չնայիս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լա՛ւ:
ԽԱԼՖԱ
—
Սանդուխին
վրայ
իրարու
պիտի
չքսուիք։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լա՛ւ:
ԽԱԼՖԱ
—
Տունէն
դուրս,
երբ
տեղ
մը
երթանք,
թեւը
պիտի
մտնես։
ԳԻՐԳՈՐ
—
Լաւ
չէ՞
որ
չմտնամ։
ԽԱԼՖԱ
—
Իմ
ըսածս
մտիկ
ըրէ։
Կնիկը
քուկդ
է
աշխարհին
առջեւ։
Հիւրերու
ներկայացումին
ատեն
իմ
անունս,
կնքահայր
Գրիգոր
Փէքմէզեան,
ետքը
քուկդ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Այդպէ՛ս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Չեմ
կրնար։
ԽԱԼՖԱ
—
(
Նայելով
քիչ
մը
)
Աղէկ։
Քու
գիտնալիքդ
է։
Ամէն
ամսու
երսունին
կ՚առնես
ամսականդ։
Մէկ
պայման
կը
դնեմ։
Կիներու
հետ,
աղջիկներու
հետ
պիտի
չուտես
ադ
դրամը։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ատոր
ի՞նչ
կը
խառնուիք։
ԽԱԼՖԱ—
Ամէնէն
աղէկը
հոդ
կը
խառնուիմ։
Կարգուած
մարդու
չի
վայլեր։
Վերջը
իմ
պատիւս
կայ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Զսպուած
բայց
յուզումով
)
Քու
պատիւդ։
Աղէկ։
Արդէն
պիտի
չըլլայ։
ԽԱԼՖԱ
—
Լաւ
չհասկցայ։
Ի՞նչ
ըսիր։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Քու
ըսածիդ
պէս
պիտի
ըլլայ։
ԽԱԼՖԱ—
Մի՛
նեղուիր։
Դեռ
ըսելիքներս
ունիմ։
Ընկեր,
բարեկամ,
ազգական,
պեխ
ունեցող,
մարդու
երես
ունեցող
ոչ
մէկը
պիտի
մտնէ
տունէն
ներս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ոչ
մէկը
կրնամ
բերել։
ԽԱԼՖԱ
—
Աստուած
տայ,
զաւակ
ըլլայ,
լրագիրներուն
մէջ
կնունքը
դնել
պիտի
տաս։
ԳՐԻԳՈՐ
—
(
Բարկութեամբ
)
Ո՛չ։
Ատ
չըլլար։
ԽԱԼՖԱ
—
Ինչո՞ւ
չըլլար։
Ըլլա՛յ
պիտի։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Չեմ
կրնար։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ադ
չըլլար։
Ուրիշ
խօսէ։
ԽԱԼՖԱ
—
Ես
ատանկ
կ՚ուզեմ.
ըլլայ
պիտի։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ես
ալ
անանկ
կ՚ուզեմ,
չըլլայ
պիտի։
Եթէ
կը
պնդես,
կերթամ։
Հոս
եկաւ
մինչեւ
(
կոկորդը
ցուցնելով
)։
ԽԱԼՖԱ
—
Կեցիր
նայինք։
Ատանկ
պարապ
բանի
համար
եփած
գործը
չեն
աւրեր։
Մինչեւ
հիմա
դուն
լաւ
ըսիր.
ես
ալ
ատոր
լաւ
կ՚ըսեմ։
Մինակ
չեմ
հասկնար
ինչո՞ւ
ատոր
կը
հակառակիս
կոր։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ուրիշ
ըսելի՞ք։
ԽԱԼՖԱ
—
Հարկաւ։
Ասանկ
խնդիրը
մէկէն
չեն
վերջանար։
Հիմա
որքան
միտքս
գայ
նէ,
կ՚ըսեմ։
Ետքէն
կարգուելէդ
վերջն
ալ
նոր
բաներ
կան
նէ,
անոնք
ալ
պէտք
է
յարգես։
Հա։
Զաւակներուն
անունը
ես
պիտի
որոշեմ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լա՛ւ։
ԽԱԼՖԱ
—
Աւելի
աղէկ
է
որ
այդ
բոլոր
պայմանները
քով
քովի
գրենք։
Գոնթրաթ
մը
ընենք։
Ետքէն
աս
կար,
ան
չիկար
չըլլայ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Աւելորդ
է։
Առաջին
ու
վերջին
պայման
կինը
ինծի
համար
բացարձակապէս
մեռած
է։
Առանց
ատոր
ո՞վ
պիտի
հանդուրժէր
այս
ստորնութիւնը։
ԽԱԼՖԱ
—
Ապրի՛ս։
Ուրիշներ
հակառակը
կ՚ըսեն։
Ես
գիտեմ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ուրիշներով
չեմ
զբաղիր։
Կինը
քուկդ
է։
Գոնթրաթդ
քեզի
պահէ։
Յետոյ
քիչ
մըն
ալ
աւելի
մարդավարի
կարելի
էր
ըլլալ։
Էշ
սակարկելու
պէս
չեն
մտներ
ասանկ
խնդիրներու
մէջ։
ԽԱԼՖԱ
—
Իմ
սովորութիւնս։
Սակարկելը
միշտ
լաւ։
ԳՐԻԳՈՐ—
Բայց
այս
եղածը
անլուր
բան
է։
ԽԱԼՖԱ
—
Ի՞նչ
բան
է։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Մինչեւ
այսօր
չեղած
բան։
ԽԱԼՖԱ
—
Վա՜խ։
Դուն
միայն
կաս
Յերուսաղէմ։
Ասոր
աստեղը
Պոլիս
է
տղաս։
Հոս
չեղածը
չի
կայ։
Քանի
հատը
համրեմ։
Թաղական
մը
կ՚ուզես,
հոգաբարձու
մը,
եպիսկոպոս
մը։
Դուն
պզտիկ
ես։
Խելքդ
շատ
տեղ
չըներ։
Այս
գլուխը
ինչեր
է
տեսեր։
Նայէ
որ
ամսականդ
լման
չուտես։
Փարա
աւելցուր,
ողջուցդ
ալ
պէտք
է
մեռնելիդ
ալ։
Զօրքին
մեռնիմ,
մարդը
չուանէն
կ՚առնէ։
Փարա՛,
փարա՛։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Լմնցա՞ւ:
ԽԱԼՖԱ
—
Սանկ
նանկ
բաներ
մը
մնացին
հարկաւ։
Անոնք
հիմա
միտքս
չեն
գար։
Ետքէն
կ՚ըսեմ։
Հա,
կ՚ուզե՞ս
կնիկը
տեսնալ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ո՛չ։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ
կ՚ըլլար։
Մէկ
անգամէն
կը
լմննար
կ՚երթար։
Հոս
է։
Կանչեմ։
ԳՐԻԳՈՐ
—
Ո՛չ,
չեմ
ուզեր։
ԽԱԼՖԱ
—
Աղէկ։
Ես
հարսանիքիս
օրը
քեզի
կ՚իմացնեմ
Տիգրան
էֆէնտիին
հետ։
Հիմա
դրամի
պէտք
ունի՞ս։
ԳՐԻԳՈՐ—
Անշո՛ւշտ։
ԽԱԼՖԱ—
Մինչեւ
փեսայ
ըլլաս,
ակռադ
սեղմէ։
Խնայելու
կը
վարժուիս։
ԳՐԻԳՈՐ—
Լաւ
կ՚ըլլար
եթէ...
ԽԱԼՖԱ–
Լաւ
կ՚ըլլար,
ես
ալ
գիտեմ։
Բայց
դրամը
կնիկ
առնելուն
չի
նմանիր։
Անիկա
մէկ
մը
վաստակողը
գիտէ,
մէկ
մըն
ալ
չվաստակողը։
Հայտէ
տղաս,
քեզ
տեսնամ.
Ինծի
ամօթով
չես
ձգեր,
չէ՞։
ԳՐԻԳՈՐ—
(
Երկար,
վարանոտ
նայուածքէ
մը
վերջ
)
Լա՛ւ:
ԽԱԼՖԱ
—
Լա՛ւ,
լա՛ւ,
շատ
լա՛ւ։
(
Կը
քաշուի
երիտասարդը
կամաց։
Խալֆան
մինակ
ձեռքերը
շփելով
)
Լա՛ւ,
շատ
լաւ
եղաւ։
Վարագոյր