Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  Fiction  
ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԻՆ


10/22 Մարտ 1869, Խասգեղ

Բարեկամդ իմ Մինաս (Չերազ),

Դեռ երեք շաբաթ անցած է այն օրուան վրայ, ուր կենաց բաժակին դառնութիւնն, առաջին անգամն ըլլալով, իմ շրթանցս զգալի եղաւ։ Դեռ երեք միաշաբաթ անցած են այն օրուան վրայ, ուր Այն, որու վրայ մտածել գիտցայ տասներեք տարիներէ ի վեր, Այն, զոր խաբուսիկ Յոյսը օր մը, անշուշտ, իմ գրկացս մէջ սեղմեալ տեսնել կը խոստանար, Այն, առանց որոյ աշխարհ իւր ամէն հրապոյրներովն ու հրաշալեօքն սեւ ու մութ կէտ մ՚է ինձ համար, Այն` իմ տիրուհիս, իմ սէրս, իմ հոգիս, իմ կեանքս, երկու ժպիրհ բազուկներ խլեցին տարի՜ն։ Դեռ երկու Աստուծոյ նուիրեալ օրեր անցան այն աղետալի օրուան վրայ, ուր տխուր եւ յուսահատ աչերով իմ չքնաղ հոգւոյս, եռամսեայ բարեկամի մը գրկաց մէջ մտնելով, մեր սիրային օրերուն վերջին հրաժեշտ մը տալը դիտելէ ետեւ, դառնագին արտասուօք իմ ամենասիրելի մօրաքրոջս սեւաստուեր դագաղին ընթացայ, վերջին յարգանք մը մատուցանել ու վերջին մնաս բարով մ՚ըսել իրեն այն տաճարին մէջ, ուրկէ քառասունմէկ տարուան ցաւալի կեանքէ մ՚ետեւ կ՚երթար յաւիտենականութեան ծոցը մտնելու…։

Երեք շաբաթ խորին տխրութիւն, եւ ահա նամակ մը, լոյս մը, աստղ, որ իբր մթագին հոգւոյ մը հորիզոնը կու գայ լուսաւորել. նամակ մը` գրուած ա՛յն մատներէն, որ բարեկամ սրտի մը զգացումները ճանչցող եւ նորա գաղտնեաց միմիակ հաւատարիմ տուփն եղող հազուագիւտ սրտէ մը տուն կ՚առնէ. Լոյս մը, որ կը բղխի այն լուսոյ աղբիւրէն, զոր Ամենակալին ձեռքերը չեն զլացած այնչափ առատօրէն լեցնել. Աստղ մը` ա՛յն աշխարհի երկինքէն, որու ամէն մէկ դաշտերուն մէջ Անհունին գերահանճար մատները մասնաւոր խնամօք ցանած են մարդկային ամենէն նուիրական զգացմանց` գեղեցկին, բարւոյն եւ ճշմարտին անմահական սերմերը։

Առոյգ երեւակայութեան մը կենդանի՜ նկարագիր բնութեան… գեղեցիկ եւ հանճարեղ գիւտ այն խորհրդաւոր թռչնիկին, որ ի գարնան առաւօտ բնութեան հրաշալիքը դիտող պատանւոյն պատուհանէն ներս կը մտնէ, ընդերկար նորա սիրահար եւ գթալիր մատանց հետ փոքրոգի մրցումներ կ՚ընէ, կը սպրդի, կը փախչի պատուհանէն` ոչինչ թողլով այն սիրահար մատանց մէջ, բայց եթէ թեթեւ փետուր մը…։

Չէ՛, սիրելիդ իմ Մինաս, երբեք գրուած մը այնչափ տպաւորութիւն ըրած չէր իմ վրայ (բացի Վերթերի վերջին նամակէն առ իւր սիրոյ հրեշտակն) որչափ քու նամակդ։ Ո՛չ, հոգիդ իմ Մինաս, երբեք խօսք մը բոլոր իմ անդամներս, մարմինս, սիրտս եւ հոգիս այնչափ սարսռած չէր, որչափ այն խօսքերդ, զգայուն, գեղեցիկ ու վսեմ այն տողերդ. «Անօգո՜ւտ հառաչանք. մխիթարուէ՛. թռչնիկն իւր սիրելի բոյնը ճանչելով` առ այն կը սլանայ. կ՚ուզէիր զայն իւր երջանկութեան բարձէն բաժանեա՞լ տեսնել»։ Ինչպէս դաշնակի մը մատներէն ելած ձայնը, ուղղակի զգայուն մարդուն սրտին թելերուն դպչելով, զանոնք կը թրթռացնէ, այնպէս այդ մելամաղձոտ խօսքերը տառապեալ սրտիս բոլոր թելերը թրթռացուցին. զանոնք կարդալով` երեւոյթ մը անցաւ սրտիս եւ հոգւոյս մէջ, երեւո՛յթ մը, զոր քեզի կը թողում մակաբերել, վասն զի սրտին եւ հոգւոյն phénomèneները գրիչն ինչ որ ընէ, չկրնար հաւատարմաբար նկարագրել։ Վշտացեալ սրտերու թելերը դիւրաթեք եղէգներու կը նմանին, որոնք ամենաթեթեւ քամիի մը շունչով իրար կը զարնուին ու մեծ խշրտիւն մը կը հանեն դաշտին մէջ. ուր մնաց ուժգին քամիի մը դառնաշունչ բնութեան…։

Այդ խշրտուքը կամ, ըսեմ, այդ յեղափոխութիւնն անցաւ իմ սրտիս մէջ ալ, երբ կարդացի այդ տողերդ։ Ես ինձմէ ելայ եւ մութ ամպ մը պատեց հոգւոյս վրայ, երբ տող մը վար տեսայ երեք տխուր կէտեր սահմանող երկու տխրագոյն տառեր. դողացի… եւ տակաւին կը դողամ…։

Ու ինչո՞ւ այդ նամակը, եւ ինչո՞ւ այդ տխուր խօսքերը. ի՞նչ պաշտօնով կ՚ուղղուին նոքա առ իս. զիս մխիթարելու, ինձ խոստովանել տալու համար, թէ «իրաւունք տուի եւ մխիթարուեցայ»։ Ա՜հ, մխիթարութի՞ւն կ՚ուզես տալ, Մինաս, այն վշտաց մեծագոյնին զաւկին, որու ա՛լ աշխարհ իւր հրապոյրներն ու երանութիւնները կը զլանայ. վշտաց դառնագոյնովը վշտացեալ պատանւոյն, որու աչերը, աշխարհի վրայ նայելէ զզուած, կը թափառին այն սպիտակ դաշտին վրայ, որ ա՛յնչափ քաղցր է իւր երանութիւնն այս վշտաց հովտին մէջ գտնելէ յոյսը կտրած մահկանացուին համար։ Ու ինչո՞ւ չսիրեմ գերեզմանները, երբ աշխարհ, այո՛, Ա…կ բարձիկ մը կը զլանայ ինձ իւր սրտին վրայ, որու վրայ իմ տառապեալ գլուխս հանգչեցնեմ. ինչո՞ւ չսիրեմ այն փոսը, որ յօժարաբար իմ մարմնոյս առջեւ կը բացուի եւ ինձ, թերեւս, յաւիտենական հանգիստ մը կը խոստանայ։

Իրաւ է, դեռ շատ անգամ դիմացս վրայ ժպիտ պիտի տեսնես, բայց երբեք չպիտի փորձիս ըսելու, թէ այդ զուարթ դէմքին տակ ծածկուած սիրտն ալ բերկրալիր է։ Ա՜հ, դրսէն պայծառ երեւցած սիրտ մը շատ անգամ այն վարդին կը նմանի, որոյ կարմրագոյն եւ խորհրդալիր թերթերը կը ժպտին մարդուս երեսին. բայց երբ մարդ զանոնք բանայ մէկիկ-մէկիկ, մէջը կը տեսնէ որդ մը, որ կը քանցէ։ Շատ անգամ զուարթ ընկերութեանց մէջ զուարթագին խօսակցութիւններ պիտի ունենամ, բայց կ՚աղաչեմ, մի՛ մտաբերեր երբեք ըսելու, թէ ա՛լ ամէն մթագին ամպեր փարատած են այդ հոգւոյն վրայէն։ Յարատեւ տխրութիւնը ընկերութեան մէջ չըլլար. տխրութեան ու մելամաղձոտութեան մեծ հայրենիքն առանձնութիւնն ու անապատներն են…։

Ես սնունդ կը փնտռէի միշտ` իմ սրտիս մելամաղձութիւնն ապրեցնելու եւ աճեցնելու համար, եւ ահա նամակդ մեծ սնունդ մը եղաւ անոր, նամակդ լոյս մ՚էր իրաւամբ, որ իմ հոգւոյս տխրութիւնն առաւել եւս զգալի ըրաւ ինձ։ Ինչ աստիճան որ իմ մելամաղձութիւնս կը հրաշացնեն Նէճիպէի եւ Ճանա թէէսիրի եղանակները` դաշնակի վրայ զարնուած, նոյն աստիճան քու ներդաշնակ ու մելամաղձոտ տողերդ զգալի ըրին ինձ իմ մելամաղձութեանս հրապոյրները։ Ո՜ւր էր, թէ առօրեայ ըլլային նոքա։ Ի՜նչ սնունդ փնտռեմ, Մինաս, որ քաղցր ու կենդանարար ըլլայ. Օսիանի տաղերուն թարգմանութիւնը, Օսիանի, որուն այնչափ զարնուեցայ` առաջին անգամ անոր սքանչելի մէկ հատուածը կարդալով Վերթերի անմահ վիպասանութեան մէջ։ Այո՞, Օսիան, եւ ոչ հիմայ որոշած եմ զայդ, այլ նոյն իսկ այն ատենէն, երբ Պատանւոյ Հրանտայ Վշտերըս գրելու առիթը վերջապէս, աւա՜ղ, ներկայացաւ ինձ. այո՛, այն աղետալի օրէն, կ՚ըսեմ, յորում մելամաղձութեան հարազատ զաւակ մ՚ըլլալ ուխտեցի այն սրբազան սեղանին վրայ, ուր մարդուս ամենէն նուիրական ուխտերը կ՚ուխտագրին. սրտի՛ս սեղանին վրայ։ Օսիանի հրաշալի տողերուն վսեմութիւնն ու գերածայր քաղցրութիւնը, զոր մեծ իրաւամբ այնչափ լաւ զգաց Անմահն Կէօթէ, դու ալ զգացած ըլլալով, անտարակոյս կը հաւանիս ընտրութեանս վրայ։ Դու ալ, իմս Մինաս, մի՛ դադրիր երբեք, երբեք քու նամակներովդ, որոնք դաշնակի ձայնին նման սարսռեցուցիչ ու սխրական են, ԱՆՈՐ դառնագին յիշատակաւ վշտագին սիրտս կիզելէ։ Վստահ եղիր, որ պիտի պահեմ ես զանոնք ինձ համար թանկագին եւ պատուական այն գիրերուն քով, որոնք պիտի ապրին անշուշտ ո՛չ միայն այնչափ, որչափ պիտի ապրիմ ես, այլ նոյն իսկ այն ատեն երբ, Մինաս, քու անուշիկ Եղիադ սեւ հողին մէջ պիտի մտնէ` ճերմակ քարով մը ծածկուելու…։

Մնաս բարով, Մինաս։ Քեզ հետ խօսելէ չեմ յագենար, սակայն գիշեր է։ Տխուր խօսակցութենէ մը կամ դաշնակի մը տխուր ձայնէն ետեւ քնանալ շատ կը սիրեմ։ Ուրեմն թո՛ղ, որ քնանամ։ Կը յուսամ, որ գիշերուանս երազներուն մէջ անուշ խօսակցութիւններ ալ կ՚ունենանք։

Ե. - ՀՐԱՆՏ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1914, էջ 29)