ՄԻՆԱՍ
ՉԵՐԱԶԻՆ
Բարեկամդ
իմ
Մինաս,
Մտածում
մը
վերջապէս
մարմնացաւ։
Երթամ,
Մինաս,
քաղաքական
զանգակը
կը
զարնէ,
զիս
կը
կանչէ,
երթամ։
Փառաց
դռնէն
մտնելով`
կ՚երթամ
հո՛ն,
ուր
բոյր
մը
կայ,
այլ
ո՛չ
ծաղկի,
ուր
շունչ
մը
կայ,
այլ
ո՛չ
զեփիւռի,
ուր
երգ
մը
կայ
այլ
ո՛չ
սոխակի,
ուր
ճռուողիւն
մը
կայ
այլ
ո՛չ
թռչնիկի,
ուր
կարկաջ
մը
կայ
այլ
ո՛չ
աղբիւրի,
ուր
շշուկ
մը
կայ
եւ
ո՛չ
տերեւի,
ուր
մրմունջ
մը
կայ
եւ
ո՛չ
առուակի,
ուր
երթեւեկ
մը
կայ,
այլ
ո՛չ
թիթեռնիկի,
ուր
լոյս
մը
կայ
եւ
ո՛չ
լուսնի,
ուր
արձագանգ
մը
կայ,
այլ
ո՛չ
Ահի,
ուր
մռունչ
մը
կայ,
այլ
ո՛չ
Ովկէանի,
ուր
դաշտ
մը
կայ,
այլ
ո՛չ
ծաղկի,
ուր
հետք
կան,
այլ
ո՛չ
մոլորեալ
պատանւոյ,
ուր
հառաչք
կան,
այլ
ո՜չ
կուսի…։
Կ՚երթամ,
Մինաս,
հո՛ն,
ուր
քաղաքականութեան
կծու
եւ
դառնաշունչ
քամին
կը
փչէ։
Անոր
դառնազօր
շունչին
առջեւ
զեփիւռը
շնչասպառ
կ՚իյնայ,
ծաղկին
բոյրը
կը
ցնդի,
սոխակին
երգը
կը
լռէ,
տերեւը
կը
թառամի
եւ
կ՚իյնայ,
թռչնիկին
դայլայլը,
աղբիւրին
կարկաջը,
առուին
մրմունջը,
ովկէանի
մռունչը
կը
խեղդեն,
թիթեռնիկին
թեւերը
կ՚անզօրին,
դաշտին
ծաղկունք
կը
թոշնին,
մոլորելոյն
հետք
կը
ծածկուին,
լուսինը
կ՚աղօտի
եւ
կ՚անհետի,
արձագանգը
կ՚անձայնի,
եւ,
ա՜հ,
կուսին
հառաչանքը
կը
կորսուի…։
Երթամ,
ո՞ւր։
Գարունի
կանաչազարդ
եւ
վարդաբոյր
ծածկոցին
վրայէն
անցնելով,
ուր
վարդն
Այգուն
ցօղաթուրմ
արտսուքն
իւր
կարմրավառ
թերթերուն
վրայ
կը
փայլեցնէ`
զիս
յարտօսր
յուզելու
համար,
ուր
կապուտագեղ
մանիշակն
իւր
հեզախոհիկ
գլուխը
կանաչորակ
տերեւին
վրայ
կը
խոնարհէ`
իմ
գլուխս
ծռելու
համար,
ուր
հեզասիք
զեփիւռը
դեռափթիթ
տերեւներուն
մէջէն
տխրաշունչ
կը
սուլէ`
ինձ
հառաչել
ուսուցանելու
համար,
ուր
սպիտակափայլ
շուշանը
կարմրադալար
ծաղկանց
մէջէն
կը
բարձրանայ`
շիրմանց
սպիտակութիւնն
ինձ
յուշ
առնելու
համար,
ուր
կոյս
յասմիկը
իւր
մաղձասփիւռ
բուրումը
կը
ծաւալէ`
մեռնող
կոյսերու
կամ
երիտասարդներու
մահահոտ
բոյրը
ինձ
զգալի
ընելու
համար,
ուր
մելամաղձոտ
լուսինը
կը
փայլի
անհունութեան
լուսակապոյտ
վերարկուին
վրայ`
իւր
ամէն
մէկ
ակնարկովն
հոգիէս
մէյ
մէկ
մաս
ամբառնալու
համար.
անցնելով,
այո՛,
ինչպէս
տժգոյն
եւ
հողմաթառամ
տերեւ
մը
մարգաց
վրայէն,
աշունի
հողմով
վրդովեալ
եւ
մռնչող
անտառաց
մէջ
մտնել
եւ
հողմայոյզ
ծառի
մը
կոճղերուն
վրայ
փռուած
իւրաքանչիւր
տերեւի
անկման
տխուր
եւ
լռին
ձայնը
լսելու
եւ
անոնց
հետ
կեանքիս
վայրկեանները
թուելու
համար
ծնած,
ո՞ւր
կը
կանչէ
զիս
փառաց
ձայնը,
փառաց
զանգակը։
Երթամ,
զանգակը
կը
շտապէ,
զիս
կը
կանչէ։
Օգնութի՜ւն,
գթութի՜ւն։
Ա՜հ,
կեանքիս
ամենէն
անուշ
եղանակն
հասաւ.
ի՞նչ
տխուր
կ՚երգէ
հովն
անտառակիս
ծառերուն
մէջ.
հիւսիսի
հովն
է,
որ
մեր
գերեզմանաց
վրայէն
կու
գայ.
ի՜նչպէս
մէկ
կողմանէ
տերեւները
կը
թափէ
եւ,
միւս
կողմանէ
զանոնք
հաւաքելով,
ամպերու
նման
լոյս
կը
հանէ,
կը
տանի՜.
ի՜նչ
կեղերջական
խշրտուք
կը
հանէ
հաւուկը,
որ
չոր
տերեւներու
մէջ
սնունդ
կը
փնտռէ.
ի՜նչ
տխուր
եւ
սրտաճմլիկ
ձայնով
մը
կ՚ողբայ
աղաւնին,
որ
իւր
բոյնը
կու
գայ
ծառոց
մէջ
դնել…
մահու
ողբը
կը
կարդայ…։
Ա՜հ,
ինչո՞ւ
կ՚ուզեն
բաժնել
զիս
այս
անտառակէս,
ուր
մի
միայն
կեանքն
ու
անմահութիւնը
կը
զգամ.
ինչո՞ւ
չեն
թողուր,
զի
հոն
ողբամ
տխուր,
ցերեկն`
ամպասքօղ
արեւուն
ցուրտ
լուսով
եւ
գիշերին`
սեւասքօղ
լուսնին
աղօտ
եւ
մահաստուեր
լուսով`
սիրոյ
անցեալ
օրերը,
տամ
քամիին
աղօտաձայն
եւ
սպառող
երգերս`
տանելու
զանոնք…։
Ինչո՞ւ
փառաց
ձայնը
կը
կանչէ
զիս
ի
լոյս
եւ
ի
մեծութիւն,
զի՛ս,
որ
մթութեան
եւ
անգիտութեան
մէջ
կը
սիրեմ
ապրիլ,
զի՛ս,
որ
աշխարհէ
հեռու
եւ
մահու
մօտ`
գերեզմանի
ստուերաց
մէջ
պէտք
է
ապրիմ…։
Այլ
պէտք
է
երթամ։
Ահա
կ՚երթամ,
Բ.
Դրանը
կը
մօտիմ,
անտառակէս
կը
բաժնուիմ,
կեանքէս
եւ
սրտէ՛ս
կը
բաժնուիմ։
Օգնութի՜ւն,
գթութի՜ւն.
չե՞ս
լսեր
զիս
Մինաս…։
Երեւակայութեան
վեհասլաց
նաւուն
մէջ
նստած
եւ
հանճարի
հողմովն
առագաստներդ
ուռուցած`
դու
կը
սկսիս
մտաց
ովկէանոսին
մէջ
սահիլ,
թռանիլ։
Գնա՛,
գեղանսե՛հ
նաւարկու,
հորիզոնիդ
վրայ
երկու
պայծառ
աստղեր
կը
շողան.
երկու
լուսին
նաւուդ
վրայ
կ՚ընթանան
եւ
քեզ
քաղցր
նաւարկութիւն
կը
խոստանան։
Գնա՛,
բարեբաստիկ
պատանի.
ամենազօր
աջ
մը
իւր
բարձրութեան
մէջ
զքեզ
կը
պաշտպանէ.
երբ
հակառակ
հողմ
մը
եւ
հակառակ
ալիներ
նաւուդ
ժտին
դիմադրել,
այդ
ձեռքը
կը
սաստէ
անոնց։
Գնա՛,
Մինաս,
մտաց
ովկէանոսին
բարձրադէզ
ալիները
պատռելով`
գնա՛
մինչեւ
հոն,
ուր
անհունութիւնը
ովկէանին
հետ
կը
խառնուի,
ուր
մարդու
տեսութիւնը
զքեզ
պահ
մը
կը
կորսնցունէ,
ապա
երկնքի
մէջ
շողշողուն
աստղ
մը
տեսնելու
համար։
Գնա՛
դուն։
Եւ
կ՚երթամ
ես,
վասն
զի
ա՛լ
պէտք
է
երթամ։
Փառաց
բարձրագոյն
Դռնէն
մտնելով,
ուր
շատեր
մտան
միայն
միւսէն
դուրս
ելլելու
համար,
կ՚երթամ
փառաց
եւ
մեծութեան
զինուոր
գրուիլ
ա՛յն
տաճարին
մէջ,
ուր
ազգաց
եւ
պետութեան
ճակատագիրը,
անկումն
ու
կանգնումը
կը
վճռուի,
ա՛յն
տաճարին
մէջ,
ուր
քանինե՜ր
մտան
եւ
ուր
սակայն
ո՜րչափ
քիչեր
ընտրուեցան։
Օր
մը,
իբր
հրեղէն
մարմին
մը,
մտաց
ովկէանին
վրայ
թառած
ատենդ,
դո՛ւ
ալ,
Մինաս,
պիտի
ստիպուիս
կանգ
առնելու
այն
տաճարին
առջեւ,
ուր,
աւա՜ղ,
շատ
կանուխ
կ՚երթամ
մտնել։
Հոն,
կանգուն,
ես
զքեզ
պիտի
ընդունիմ
գրկացս
մէջ,
ի
քէ՜ն
ծարաւի։
Հոնկէ
գիրկընդխառն
պիտի
թռանենք
փառաց
եւ
մեծութեան
ովկէանոսին
մէջ,
մենք,
որ
գիրկընդխառն,
սիրտընդխառն
եւ
հոգիընդխառն
ենք
այսօր։
Ե.
-
ՀՐԱՆՏ
(Թէոդիկ.
-
Ամէնուն
Տարեցոյցը,
1914,
էջ
33)