Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  Fiction  

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԻՆ,

Գատըքէօյ, 11 Դեկտ. 1889

Բարեկամդ իմ Մինաս (Չերազ),

Երկուքս ալ տեղ փոխեցինք այս տարի, բայց ո՛չ երկուքս ալ ի Պոլիս դժբախտաբար. քու թողած Գատըքէօյդ գացի բնակութիւն հաստատել. քու թողած Լօնտօնդ գացիր հաստատուիլ։ Հետքդ կայ այս հողին վրայ, բայց իմ հետքս այդ ապառաժներուն վրայ չկա՜յ. թերեւս մառախլապատ օդոյն մէջ, որ զքեզ կը պարուրէ, հետքն ըլլայ մշուշապատ հոգւո՛յս, որուն այնքա՜ն է սիրելի յածիլ ո՛ւր կը վախճանի ցամաք երկիրն, ո՛ւր կը տարածուի մռայլ ովկէանն, ուր կը ծփան` անդնդոց վրայ ու ծովային թռչնոց մութ թեւերուն տակ, միգամած մեծ ու փոքր կղզիներն այն Բրիտանական։ Կայ հետքդ այս սիրեցեալ ափանց վրայ, եւ ես կը փնտռեմ զայն, քանզի հանճարիդ մէկ շողը կը լուսաւորէ կամ սրտիդ մէկ բաբախիւնը կենդանի կը կացուցանէ զայն. սակայն եթէ տրամադրութիւնն ալ ունենաս, չեմ հաւատար, որ ժամանակ գտնես օդային հետքեր դու փնտռելու. կենացդ մէջ անտարակոյս երբեք աւելի պէտք զգացած չես դրական մարդ ըլլալու. քանզի մեծ երազն երբեք առաւել սեղմ գրկապնդութեամբ գրաւած չէր միտքդ ու սիրտդ։ Հաւատք մը` յաւէտ, քան երբեք, հոգիդ կը վառէր, երբ որոշեցիր այս անգամ ուղեւորիլ յԱնգլիա, հաւատք հզօր ու անսահման` որպէս Գոլոմպոսինն, երբ որոշեց ուղեւորիլ ովկէանոսին մէջ. Ճենովացի նաւապետը, դէպ յԱրեւմուտս նաւելով, կը հաւատար գտնել Արեւելից սղագոյն ճամբան. եւ դու, դէպ յԱրեւմուտս ուղեւորելով, կը հաւատայիր գտնել Հայաստանի փրկութեան ապահովագոյն ուղին։ Ի՞նչ փոյթ ինձ, եթէ ուզես մոռանալ հայ անհատ մը, թէեւ սրտահատոր բարեկամ, երբ Հայութիւնն իր լրութեան մէջ ամէն վայրկեան ներկայ է մտացդ. ի՜նչ եսամոլ էակ մ՚եղած պիտ՚ ըլլայի, եթէ զքեզ մեղադրէի քու լռութեանդ համար, ինձ նկատմամբ, երբ լուռ չես մնար, երբ բարձրաձայն կը բարբառիս հայրենեացդ համար։

Լ՚Առմէնիդ, զոր ինձ յղած էիր, սրտատրոփ կարդացի. ծաւալով ոչ շատ մեծ թերթդ ինձ Թայմզի չափ ընդարձակ թուեցաւ. ո՜րքան բազմանիւթ էր թերթդ, եւ ո՜րքան ճարտարօրէն ճառած ամէն նիւթի վրայ։ Անշուշտ, Գրական փորձերէդ այնքան հեռու է ֆրանսերէն Հայաստանդ, որքան բանաստեղծութենէն հեռու է քաղաքագիտութիւնն. այլ ԺԹ. դարու մէջ, աւա՜ղ, քաղաքագիտութեամբ կ՚ազատին ազգերն. երբ քաղաքագէտք իրենց գործն աւարտեն, տեղի կու տան բանաստեղծներուն, կամ, ինչ որ հազուադէպ ու հիանալի է, քաղաքագէտն, որ իր գրչաւ ստացաւ ազատութիւնն, իր քնարով կ՚երգէ զայն, «սիրեցեա՜լ ազատութիւնն»` ըստ Ռուժէ տը Լիլի բացատրութեան։

Հայկական գործոց ա՛յն կեդրոնէն, ուր կը գահես, որքա՜ն արդէօք փոքր կ՚երեւի քեզ Կեդրոնական վարժարանն, ուր հինգ հոգի (որոց մէջ կոտորակեցաւ պաշտօնդ) հեռի են կատարելապէս կատարելէ միակ Տնօրէնի մը գործն։ Արդարեւ, քու Տնօրէնութեանդ ժամանակ ալ պակաս մը կար վարժարանին մէջ. տղայք ըստ փափաքելւոյն կանոնապահ չէին, սակայն շատ աւելի կանոնապահ չեն այսօր ալ։ Փոխանակ դոյզն կանոնապահութեան, զոր ստացան ուսանողք ի գործ դրուած խստութեանց շնորհիւ, շատ անկանոնութիւններ կան վարժարանին մէջ։ Ամէնուն բերանն է «դպրոցին համը փախաւ»։ Ամէն անգամ, որ անունդ կ՚արտասանուի, յուզում մը կը յայտնուի դիմաց վրայ։                                   

Քոյդ
Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1924, էջ 37)