Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  Fiction  

ՀՐԱՆՏ ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ,

Պէշիկթաշ, 9 Ապրիլ 1883

Քաղցր իմ Հրանտ Ասատուր,

Այժմ Օտեանին գրեցի. քանի որ տխուր եմ, քեզ ալ գրեմ. եւ կրնայի գրել Օտեանին ու չը գրել քեզ, որ մատաղ հասակիդ մէջ կը փայլեցնես չքնաղ ձիրքեր` Օտեանին նման. քեզ, որ իմ հոգեւոր եղբայրս ես, որպէս Օտեանին որդեակն եմ ես հոգեւոր։ Յորմէ հետէ մեկնած ես Պոլիսէն առաջին անգամն է կարծեմ, որ քեզ կը գրեմ, նոյնպէս Օտեանին. բայց երկոցունցդ ալ ստէպ գրեցի հրապարակաւ։ Կը դանդաղիմ գրել մասնաւոր նամակ, նոյն իսկ մտերմաց. այո՛, մտերիմք ինձ կը ներեն սակայն, զի քաջ գիտեն նոքա, թէ սէրս անհուն է նոցա նկատմամբ. գիտեն նոքա, որ, երբ մտերիմ կոչեմ անձ մը, նոյնացած ու միացած եմ յաւիտեան այդ անձին հետ։

Երբ զքեզ կը տեսնեմ վերստին, որքա՜ն արդեօք փոխուած պիտ՚ ըլլաս դէմքով, ոչ սրտով, անտարակոյս. իսկ դու զիս անփոփոխ պիտի գտնես ըստ ամենայնի, դէմքով ալ, սրտով ալ. մազերուս մէջ քանի մը ճերմակ թելեր աւելի պիտի գտնուին. ահա տարբերութիւնն։ Ես, Հրանտ իմ, ես օգտակար չը պիտի կրնամ ըլլալ հայրենեացս. կը խիթամ մանաւանդ, թէ վնասակար չըլլամ. երկբայութիւնն ողողած է հոգիս. Սատանին տիրապետութիւնն անձիս վրայ կ՚ընդարձակի եւս քան զեւս։ Յուսահատութեան իմաստասիրութիւնն, ամէն իմաստասիրութիւններէ գեր ի վեր, ինձ համար հրապոյր ունի։ Չը գիտեմ` ո՞վ կամ ի՞նչ բան զիս այսպէս ըրաւ, բնական տրամադրութի՞ւն մը, բարոյական տառապանքնե՞ր, մարմնոյ չարչարա՞նք, զոր կը կրեն այս ազգին մէջ գրականութեան հետեւողներն, յոյսե՞ր ի դերեւ ելան, երազնե՞ր, որք ամէնն ալ գուցէ միանալով` զիս այսպէս ըրին, հիւանդ, հիւանդ մարմնապէս, այլ մանաւանդ բարոյապէս։ Ինչպէս Պարոնեանի ծիծաղին տակ արցունք կայ, նոյնպէս իմ ալ արցունքիս ներքեւ ծիծաղ կայ։ Կը գրեմ առանց սկզբունքի, առանց ուղղութեան, առանց նպատակի. ներդաշնակ պարբերութիւններ իրարու քով շարել, սրտերն անզգալապէս ապականել, մտքերն, յանուն լուսաւորութեան, երկբայութեամբ ու մթութեամբ լցունել, հոգիներն հեշտութեան եւ անտարբերութեան հրաւիրել (անտարբերութեան դէմ սուրբ ցասմամբ մաքառելու կերպարանքն ունենալով), այս չէ, անշուշտ, նպատակս, այլ, անշուշտ, ա՛յս պիտ՚ ըլլայ, բարեբախտաբար կամ տարաբախտաբար, գրուածոցս արդիւնքն։ Տարօրինա՜կ խոստովանութիւն։ Մնաս բարով։

ԵՂԻԱ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1914, էջ 39)