Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Բերա, 24 Մայիս 1896

Սիրեցեալ բարեկամ,

Վերնայարկի մենաւորութեանս մէջ, երկնից լոյսերուն ու մտածմանց ստուերներուն խորհրդաւոր պայքարին հանդիսատես, կ՚ապրիմ բարձրադիտակ անտառներու հազուատես հաւին նման, զոր աներգակ յուզումներով կը համակէ վարդ արշալոյսն ու թուխ անտառին ոգորումն։ Ունկանս միայն կը հասնին քաղաքախումբ ընկերութեան ժխորային ձայներն, իսկ հոգւոյս` սուզուող էութեանց ու սարսռող ալեկաց ձայները, ձայներն աւերակաց բուերուն ու պուրակաց սոխակներուն, որոնք, թերեւս (ո՞ գիտէ), արձագանգ են մէկ մէկու. ո՛ւ խորոց ձայներն ահեղալուր աղեկիզիկ` ծննդաբերութեան կաղկանձող աղաղակներուն նման, ո՛ւ բարձանց ձայներն, որոնք այնքա՜ն մօտէն ինծի կու գան, եւ որոնք տենդոտ թեւերուս` հայրենաբաղձութիւնը կ՚ազդեն հոգւոյս բնագաւառներուն։

Բոլոր այս ձայներուն իբրեւ համերգութիւնն ինձ լսելի ըրիր երէկ այս վերնայարկիս խորհրդազգած լռութեան մէջ, սիրեցեալ բարեկա՛մ։ Անուանս տօնախմբութեանն առթիւ գիրդ ուրախակցութեան` արձակ քերթուած մ՚էր ընդարձակ, ուր գոգցես կը սպառէին բանական կամ գրական գունապնակն ու ձայնաշարն ամբողջ երաժշտութեան։ Լիատարած ծիածանի մը անհուն սխրագոյն կորագծութեան ներքեւ լայնաթեւ կշռաթռիչ ու քաղցրերգակ թռչնոյ մը թեւածումն էր գոգցես, որոյ փետուրներէն ծիր կաթինի սպիտակ աստեղատունք` ցօղացեա՜լ, կը կաթկթէին պապակեալ հոգւոյս մէջ։ Այդ կաթկթման, մտերմական անուշակ ոգւոյն այդ կաթնալուծման կշռական սղումն ու ընդլայնումն անասելի որորման մը հեշտութիւնն ինձ վայելել կու տային եւ երջանկութիւնս արտասուաց մէջ կը լուծուէր, զորս խանդաղատալից աչքերդ հեռուէն այտերուս վրայ կը լափէին։ Ո՜վ հեշտանքն անոր, որ կ՚արտասուէ. ո՜վ բերկրանքն անոր, որ արտասուքը (լոյծ ադամանդ ուր մեր վիշտերը, թուի, կը ձեւահալին), էութեան խորերէն կը հանէ` ի լոյս արեգին կամ ի նշոյլ մաղձոտ լուսնեկին կը բերէ կը շողացնէ։ Աստուածոց տրուած այդ առանձնաշնորհն երէկ վայելեցիր հանդարտի՜կ, մտերմական ազնիւ ոգիդ խտացնող կամ ծաւալող այդ գրուածոյդ մոգութեամբ յարտասուս շարժելով Եղիան, որպէս միայն իր սիրանոյշն ըրած է սիրոյն ու գեղոյն իր զօրութեամբ…։ Խաչանշեցիր կամ աստղանշեցիր, գեղեցկագոյն օրն ըրիր երէկի հինգշաբթի օրն այս Մայիսին, որ թերեւս վերջինն ըլլայ մայիսներուն` իմ եւս քան զեւս խաւարուտ կենաց…։

Ա՜հ, ի՜նչ կոչումներ կ՚ընես ինձ, բարեկա՛մ, մանաւանդ ի՜նչ սրտայոյզ վերակոչումներ ա՛յն ոսկեղինիկ տարիներուն, ուր տառապանքներս տակաւին թանձրացած, գէթ ա՛յնքան թանձրացած չէին։ Գրեթէ հանապազօրեայ պայքարը, զոր այն ժամանակ կը վարէի գաղափարային մարտադաշտին վրայ, կը սփոփէր, կը մկնազօրէր զիս հոգւոյ հիւանդութենէն, որոյ սերմն այնքա՜ն կանուխ յիս դրին վաղահաս ու գրեթէ անառարկայ սիրահարութեան մը մշտարծարծ ու դարուս մեծ հմայաթափներուն հետ ամենօրեայ գլխակցութիւնս։ Առհաւութեամբ. ո՜ գիտէ. աշխարհային կամ անդրաշխարհային առհաւութեամբ` ի ծննդենէ հոգիս հիւանդ էր գուցէ. կը վերակոչէք, կը յարուցանէք հին երանիկ օրերուն Եղիան` գաղափարի մարտիկը, ներողամտօրէն ճիշդ գծերով նկարագրելով իր մտաւորական ու հոգեկան կերպարանքն, որուն վրայ վեհ հանճարներու, առանձնաշնորհեալ էակներու երկնատուր փայլն, ո՜հ, կը նշմարես։ Այդքանը շա՜տ է, սիրելի Նեմցէ։ Միամիտ, գրեթէ ապուշ տղայ մըն եմ ես, որ երբ Գեղեցկին սիրով խանդավառի, գրող մը կ՚ըլլայ, եւ, Ճշմարտին տենչովն երբ համակուի, հրահրուի, խորհող մը կը դառնայ խանդավառ։ Մտածումներս, յոռետեսութեան թանձր ստուերին հակառակ, բոցափայլ երանգ մ՚ունին բազմագոյն, ինչ որ ոմանց ըսել տուաւ, թէ գրուածներս մատնտու մտածում մ՚իսկ չեն պարունակեր. իսկ զգացումներուս արտայայտութիւնն յաւէտ արիւնոտ յատակ մ՚ունի եւ յաւէտ արտասուօք կը դողդոջէ։ Գիտակցութիւնն ունիմ արդի սերնդեան բանաստեղծներուն է՛ն բանաստեղծը, գէթ է՛ն բանաստեղծականն ըլլալու։ Բայց թէ մատենագիր, որպէս ոսկեդարերն արտադրեցին, երբեք չեմ կրնար ըլլալ։ Գրականութիւնն ինձ համար արուեստ մը չէ, հապա հոգիի պէտք մը։ Ա՛յն ժամանակ կը գրեմ, երբ աչուըներս լեցուին, երբ ծնրադրելու պէտքն զգամ, եւ երբ պէտքն` երաժշտութիւն ընելու, երաժշտութիւն արտադրելու։ Ահա` ինչ որ է միայն Եղիան։

Յաւէտ երախտապարտ անո՛նց, որք կը սիրեն իր հոգին, ու քեզ ի մասնաւորի, հոգելի՛ցդ Նեմցէ,

Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1912, էջ 32)