Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  Fiction  

ՀՐԱՆՏ ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ

Վիէննա, 21 Օգոստ. 1898

Սիրելիդ իմ Հրանտ (Ասատուր),

Այն օրէն ի վեր փոխեցինք օրացոյցնիս, այլ ճակատագիրս նոյնը մնաց` հե՜ստ փոփոխութեանց։ Կորուսած հմայքներուս տեղ նորեր չեկան, աւա՜ղ, եւ աւա՜ղ, չկորսուեցան ինչ բան որ պատրանք անուանեցին բժիշկք միաբան։ Դատողութեանս եւ զգայարանացս միաբան վկայութեանց վրայ խօսեցայ. «պատրա՜նք» ըսին բժիշկները։

Ա՜յն օրէն ի վեր… ո՞ր օրն է այն. վերջին նամակէս ի վեր, որ Եւրոպայէն քեզ ուղղած առաջին նամակս էր։ Յուզմամբ կը խօսիմ ա՜յն օրերուն վրայ. Սիրանոյշի մը պէս կապուեցայ Ժընէվին. եւ այն օրերուն յիշատակն, իբրեւ սրտի խի՜թ մը, կը չարչարէ զիս։ Լեմանն ինձ համար անդրիատան մը կենդանի կինն էր կատարելագեղ, որուն շուրջը կը պտտի քանդակագործն անյագ. թաւշաստուեր իր փոսերուն մէջ հրայրադիտակ իր աչուըները կը սուզուին, կը խորասուզուին, մինչ տեսանելեաց զբաղեալ զգայարանաց փոխանակող շրթունքները կրկնապաշտօն` կը ծծեն ու կը դիտեն [1] մսին կարկառուն մասերն, որոնք տե՛ղ մը չեն քառակուսանար. հրաշագո՛րծ Արարիչ։ Տափկամիտ այդ քաղաքին մարդիկն աչքէս անհետ կ՚ըլլային բոլոր, եւ միայն բնութիւնը կը տեսնէի. քաղաքն ամբողջ` իր բնական ու բանաստեղծական առմամբ, իմ անդրիատունս է՜ր. հեղուկ աստուածուհին` օրինակս` հանդէպ հիացողին. կապոյտ առաստաղս` իր թեւաւոր ածուխ կետացանութեամբ ցերեկն եւ իր շողաւոր ոսկի կետացանութեամբ գիշերն, իմ վրձնիս գործն էր. Մօն-Պլանը` պատէն վար կախուած. ես էի զայն քանդակած ու լուսապսակած, ի՜նչ որմնանկար, գունապնակիս երկու կաթիլք կազմած էին Առվն ու Ռօնն, որոնք կը զովացնէին մեծ արուեստագէտի հրատապ սա հարանման ճակատս։ Ժընէվի քաղաքացիներէն հալածեալ ա՜յն միակ Ժընէվացին ընդունած եմ քանդակագործարանիս մէջ. մեծագոյն նահապետն ազատ մտածման ու հոգելից գրականութեան, անհերքելի իմաստասէրն, անմահ արուեստագէտն, անի՛ կը զօրացնէ աչքս ու ձեռքս, անի՛ կը վառէ սրտիս հնոցն ու կը բոցավառէ երեւակայութիւնս։ Իմ հիւրս ու հիւրընկալս է հոն միանգամայն։ Ժընէվն իրն է եւ իմս է Ժընէվն…։

Ու կը պտտիմ անյագ ու անվերջ, հոսանուտ Գեղանուհւոյն շուրջ` սուզելով աչքերս իր խորթութեանց մէջ, ուր փոթորիկք կը թաղուին, շրթունքներովս ալ ծծելով ու դիտելով իր կոհակներուն եղերախոյս թռիչն աղահամ առողջաւէտ։ Ինքն իր լոգարանն է, ինքն իր հայելին, ինքն իր համբոյրն է, ինքն իր հրայրքը։ Աղերն ու լուսոյ շամանդաղներն իր մարմնոյն սնունդը կը մատակարարեն սպիտակ ձիւնին հետ, որուն բուն ակունքն ո՞վ գիտէ. հոս ջուր է, հոն` սառ, աւելի վերն` ամպ, համայն ուրեք` գոլորշի, եւ արտասո՜ւք` իմ աչուըներուս մէջ. իր ակունքը դու միայն, դու գիտես, Տէ՛ր։ Առուակ է հոս, լճակ է հոն. պսակ է լերանց կատարն, աւելի վերը վարդ է ամպի մարմնով, ու վարը` դրախտին մէջ, վարդին ծոցն է` շաղի ձեւով եւ արտասո՜ւք իմ աչուըներուս մէջ, Տէ՛ր…։ Նոյն ինքը չէ՞ մարգարիտը բուստին ծոցն, եւ ադամանդն ածուխին պահարանին տակ, փայլ ու բոց, բիւրեղ ու բոլորակ, աչուըներուս մէջ ալ, աչուըներուս մէջ` կրակ-արտասուքը…։

Ու անիկա՛ կը նուիրէի Լեմանին։ Մեր եղբայրները Ժընէվցի զիս շա՛տ դառնացուցին, զիս շա՛տ լացուցին։ Մեր եղբայրներն արդէն ամէն տեղ շատ արտասուք կը խլեն աչքէս։ Կ՚երթայի Լեմանին եզերքն. ա՛լ մարդ չէի տեսներ։ Թագուհւոյս կը ձօնէի` ինչ որ թախիծը կը յղանայ եւ աչքը կը ծնանի` ադամանդ, որ գին չունի…։

Ու հիմայ հեռու անկէ, դեռ զիս կ՚երեւակայեմ իմ անդրիատանս մէջ, տիպարիս առջեւ, թագուհւոյս ոտքը, Մօն-Պլանի ոտքը, տիպարիս հանդէպ…։ Ու այս ճշմարիտ պատրանքը կը մխիթարէ զիս։

Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1912, էջ 31)



[1] Գէթ ես այնպէս կ՚ընէի, եթէ վարիչ կամ քանդակագործ ըլլայի. արդէն շօշափելեաց զգայարանք տեսանելեաց չե՞ն փոխանակեր մասամբ։