Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  Fiction  

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԻՆ

Ժընէվ, Դշ. Հոկտ. 1898

Սիրելի Չերազ,

Դեռ հոս եմ. բայց տոմսակն առի, վաղ առաւօտ ժամը 7ին պիտի մեկնիմ, գրեթէ մութուն։ Եւ ա՛յնքան յուսահատ պիտի մեկնիմ, այնքա՜ն յուսահատ` ազգիս վիճակէն։ Մէկ կողմէ, այն մե՜ծ ջարդին ազդեցութենէն դեռ ազատած չէ սիրտս, եւ, առանց ճշմարտութիւնն ըլլալու, ճշմարիտ էր գրածդ, թէ ջարդերուն հիւանդն եմ։ Միւս կողմէ, սրտիս վէրք մ՚եղած է նոր այս հեստ երիտասարդութիւնն, որուն սրտին խորն զգացի Թուրքին դէմ հեռ, այլ ո՛չ Հայուն համար սէր։ Իրենց ընկերական գաղափարներն Ընկերութեան ժխտումն են, Ընկերութեան (մանրանկար ընկերութենէն` Ընտանիքէն սկսելով) քայքայումն, ուստի եւ անիշխանութիւնը (գաւառաց արդի վիճակէն շատ աւելի վատթար վիճակ մը) պիտ՚ ըլլայ։ Ուղղակի, թէ անուղղակի, շատ յորդորեցի զիրենք` պզտիկները (քանզի մեծերնին շա՛տ մեծ մարդիկ են` զիս տեսնել հաճելու համար). շատ յորդորեցի, որ աւելի դրական, աւելի բանաւոր, աւելի մարդկային դաւանանք մ՚ընդունին։ «Մեզի կործանել ըսէ՛». ահա՛ իրենց յայտարարութիւնը, զոր ընողը գրող մըն է` Կեդրոնականի նախկին աշակերտներէս։

Գաւառացիներէն ալ շատ զզուած եմ։ Պոլիս` մօրաքրոջս տունն, արտասուալից խօսքեր կ՚ընէի երբեմն, սեղանին վրայ, ազգին վրայօք, օրուան դէպքերուն առթիւ. լուացուած ատենս սպասաւորները, քէօռ գինով, սրունքնին սրունքիս կցելով, քիթս մտնելով, կը հարցնէին. «Ի՞նչպէս ըսիր, Եղիա էֆէնտի, իրա՛ւ Եւրոպայի այսինչ պետական մարդն այդ յուսատու խօսքն ըրե՞ր է»։ Ա՜հ, եթէ Եւրոպա, որպէս մեր փրկութիւնը, մենք պիտի խափանենք զայն, նո՛յն այն ան… գաւառացիք պիտի խափանեն զայն։ Տես ո՜րքան պղտոր է մելանս, ի՜նչ բաց գոյն. 3-4 անգամ ջուր խառնեցին մօրաքրոջս տան Հնչակեան սպասաւորներն, որոնք արդէն Աղա կը յորջորջուին, եւ որոնք քանի՛ անգամ ալ ոգեհնոցիս ալքոլին ջուր խառնեցին։ Արիւնարբո՛ւ մանաւանդ. «Արիւն չթափուի նէ, - ըսին, - փրկութիւն չկայ»։ «Բայց պարա՜պ տեղը կը թափուի կոր այդ արիւնը, - պատասխանեցի. - կրնայինք գուշակել, որ, օգուտ չունենալէ զատ, վնաս պիտի ունենայ»։

Աւա՜ղ, Եւրոպացիներէն ալ շատ պաղեցայ ամէն կերպով։ Հոս տիրող զգացումը դեռ շահախնդրութիւնն ու կրօնամոլութիւնն է։ Տաճկաց բարոյականն, այս նկատմամբ, քիչ մ՚աւելի բարձր է. մեր ազգայնութեան պահպանութիւնն ալ Տաճկաց պարտական ենք. մի՛ շատ հարուածեր զիրենք, Մինա՛ս. մեր ազգին դժբախտ ճակատագիրն աւելի մեր, քան օտարաց գործն է, արդա՛ր ըլլանք։

Մնաս բարով, եղբայրս։ Այս պատրանքը կրելո՞ւ էի Զուիցերիոյ մէջ, բովանդա՜կ Եւրոպայի մէջ։ Լոնտրայի համար ալ քու խօսքերէդ յուսախաբ եղայ։ Ողջ չհասնէի՜ Պոլիս, եթէ լաւագոյն օրեր պիտի չտեսնենք` ազգս ու ես…։ Մթնեց, ա՛լ չեմ տեսներ կոր։

Քոյդ
Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1927, էջ 297)