Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Epistles  Fiction  

***

5 Սեպտ. 1899, Իճատիէ

Սիրելիդ իմ Գասպար Նեմցէ,

Միջօրէի քնէս կը զարթնում. ու Տէրն, եթէ շրթունքս կը վերաբանայ, քեզ հետ խօսելու համար է, կամ երգոյդ` երգօ՛ք պատասխանելու։ Քանիօ՜ն բարեբաստիկ ես, ո՜հ, քանիօ՜ն բարեբաստիկ եմ մանաւանդ ե՛ս։ Արեւելեան խորհրդանիւթ ճաշակելիք կամ ըմպելիքներ կան, որոնք դրախտայի՜ն պատրանքներ կու տան, աստուածոց կամ աստուածուհեաց վիճակին կը վերածեն յանզգայս մահկանացու էակն։ Ա՛յդօրինակ պատրանք ինձ ազդեց գիրդ կամ գեղգեղանքդ` բարձր Պոսֆորէն թռած, որ այս առաւօտ այս բարձանց վրայ ինձ հասաւ։ Ի կոյս աղջիկ հոգեփոխեցայ, եւ յա՛յնպիսի մի աղջիկ կոյս, որոյ զոյգն ո՛չ ուրեք զգալի աշխարհին մէջ կայ. կաթնագոյն թաթիկիս վրայ յաւելուածոյ ստինք մը կը բոլորի բեմպէ՜, ու սիրատարփ երիտասարդք, ոյք կը համբուրեն ձեռքս, կաթ կը ծծեն թաթիկէս` առանց փոխաբերութեան. ու կաթնոլորտ զոյգ գինեգնդակ աչկունքս` ծերե՛րն իսկ կ՚արբուցանեն ու սուրբե՛րն իսկ յերկինս կը դիւալլկեն…։

Լուծուած է արդէն պատրանքս. հմայքն` եղո՛ւկ թափած է, եւ վերստին ձեռքս կ՚առնեմ գրիչս, կը վերընթեռնում գիրդ ու կը զարմանամ, թէ զիա՛րդ վարդի բոյրին կարող ես համեմատել իմ բոյրս…։ Սարը-Եարէն իսկ չե՜ս զգար գարշահոտութիւնս։ Բայց այդ չարաբաստութեանս, որ զիս ի մարդիկ Յոբայ կը հաւասարեցնէ, գարշեցուցիչ այդ անըմբերելի չարաբաստութեանս պարտիմ ա՛յն տաղս, որ գիտակցութիւն ունիմ, թէ Հայ բանաստեղծութեան առաջին կամ ամենէն արդի հատուածն է` Անգեղ երգն։ Երբ գրեցի զայն, Պօտըլէռին Գեղագիտական հետաքրքրութիւններն եւեթ կարդացած էի, ո՛չ դեռ Չարին ծաղկունքն։ Իմ նեխաշաղիղ մարմնէս ու չարաբորբ հոգիէս քաղած եմ այդ քերթուածս, որպէս իմ գրական հատուածներս ընդհանրապէս քաղած եմ կեանքէս, որ այնքան եղերական եղած է։ Իմ անգիւտ վիրացս փտութեամբքն, այո՛, յօրինած եմ Անգեղ երգս. «լէշ» չի՞ հոտիր այն միթէ, եւ ահա է՛ր պիտ՚ ապրի, յորժամ մշտատեւ դիակն աճիւն դարձած ըլլայ ու մոխիր…։

Ի տես։
Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1925, էջ 95)

Կ. Պոլիս