Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴՐԱՄԻՆ ԱՂՕԹՔԸ 
       Խեղճերուն 
       Հողագունտիս կեղեւին վրայ տրտմածին 
Թափառայած իմ ոտքերըս քալեցին 
Եղբայրութեան տաքուկ շունչը փնտռելէն , 
Ու ամէն տեղ իմ հէգ աչերըս լալէ՜ն 
Տեսան փարթամ մեծատունին դըրան քով , 
Աղքատ մայր մը, որ կը սպասէր արցունքով։ 
       Ո՞վ ես ուրեմն, թշուառութեա՜ն դու գործի , 
Դըրա՜մ, որուն լուռ ցոլքին մէջ կ’արծարծի 
Ճակատագի՛րը տառապող մարդկութեան։ 
Ըսէ՛, քու կամքդ պիտի իշխէ՞ յաւիտեան. 
Ու պատմէ՛ ինձ, պիտի ըլլա՞ն միշտ, աւա՜ղ , 
Զքե՛զ լալով մեռնողները անսըւա՜ղ։ 
       Մա՜րդն, առաջին այն մարդը որ տենչավա՜ր 
Պեղեց, խուզեց հողին արգա՛նդը խաւար. 
Ու չարանենգ թաքըստոցէդ դարաւոր՝ 
Խըլեց քեզի, յղկեց, մաքրեց փառաւո՜ր , 
Ա՛յդ մարդը, վա՜խ, ժանտ ցոլքերուդ մէջ ժպտուն 
Չը նշմարեց տխո՜ւր անկո՛ւմը Մարդուն։ 
       Տառապանքի, անյուսութեան ողբեր խո՛ւլ , 
Կը խեղդուին քար պատերու տակ խարխուլ. 
Սովալըլուկ բի՜ւր թշուառներ տրտմօրէն 
Իրենց նիհար ձեռքերը քեզ կ’երկարեն. 
Ու տենդահար փողոցին վրայ, ամէն դի , 
Քանի՜ փոքրեր կան մայրազո՜ւրկ , անօթի՜։ 
       Իջի՜ր, իջի՜ր, խոնարհօրէն, մեղմօրէն , 
Իջի՜ր ոսկի սանդուխներուդ մատներէն՝ 
Թշուառութեան խշտեակներուն մէջ խոնաւ 
Ուր քու ցոլքե՛րըդ նըշուլած չեն բընա՛ւ. 
Ցամքա՜ծ շիւղեր, բոլորը քե՜զ կը դառնան. 
Իջի՜ր, իջի՜ր, անձրեւներու պէս գարնան…։ 
       1907