ՊՈԼՍՈՅ
ՈՐՈՎԱՅՆԻՆ
ՄԷՋ
ՄԵՐ
ՔՈՅՐԵՐՈՒՆ
Առանց
ուզելու,
կարծես
բնա՛զդօրէն,
Քայլերըս
ծերո՜ւկ
տարին
զիս
նորէն,
Այս
գիշեր,
Մեղքի
քառուղիներէն։
Անցայ
ա՛յն
տեղէն,
ուր
աչքէ
գաղտնի,
Քսան
տարիքիս
արեան
ծիրանի
Ապերախտ
փրփուրը
կը
ցանէի։
Նո՛յն
երգերն
էին,
նո՛յն
թաղը
անքուն.
Նո՛յն
բուրումը
գարշ՝
մեղքերու
թաքուն,
Նո՛յն
սի՛ւնը
մըսի՝
սեմին
վրայ
կանգուն։
Նայեցա՜յ.
իրենք
ալ
ինձ
նայեցա՜ն։
Խորշոմ
մորթիս
վա՜րդ
թեւեր
քսուեցա՜ն։
-
Միա՛յն
ծեր
հոգիս
կ՚արտասուէր
անձայն։
Յաւիտենական
ո՜վ
Մեղքի
Քաղաք…։
Ի՞նչ
կ՚ընէք
Կեանքերն,
որոնք
կուլ
կու
տաք…։
-
Ո՜վ
ինկած
քոյրեր՝
այժմ
հողերու
տակ…։
Տռփա՜լ,
ինչո՞ւ
չէ…։
Բայց
աչքէ
հեռու,
Քուրջի
մը
նման
վաճառուի՜լ
հըլու՝
Ա՛յն
ապուշին
որ
դրամ
ունի
տալու…
Վա՜խ,
քոյրե՜ր,
քոյրե՜ր։
Մեր
պի՛ղծ,
յեղյեղո՛ւկ
Կեանքին
զրկուած
ծաղիկներն
էք
դուք…։
Մարդկութեան
փտա՜ծ
թոքէն
նետուած
թո՜ւք…։
Անդին
Սուրը
բի՜ւր
կեանքեր
թող
հնձէ,
Թող
Սովը
հազար
քաղաքներ
ցնցէ,
Վաղը
Մարդկութեան
վախճա՜նն
է
գուցէ…։
Ի՜նչ
փոյթ…։
Հո՛ս
պիտի
երգէ
«լաթէոնա»ն.
Հո՛ս
տրտո՜ւմ
զոյգեր
պիտի
արբենա՜ն.
Հո՛ս
պիտի
ծախուին
Օլկան,
Մառիքան…։
Ո՜վ
արեան
Ծաղի՜կ՝
բացուա՜ծ
խօլական՝
Աւերակներուն
վրայ
բիւզանդական…։
Մշտնջեայ
Մեղքի
մշտնջեայ
Ակա՜ն…։
Ո՜վ
խաւարակուռ
մսեղէն
գաւաթ
Ուրկէ
մարդկութի՛ւնը
թերահաւատ
Կը
ստիպուի
ըմպել
գինիդ
յուսահա՜տ…
Սոդոմէն
բերուած
ընծայ
մահագին՝
Որ
բո՛զ
Արեւմուտքը
Արեւելքին
Կ՚երկարէ
ժպտո՜ւն,
Վոսփորի
կողքին…։
Ո՜վ
մահաժըպի՛տ,
գա՛րշ,
արիւնալի՛,
Հակադարձ
երե՛սը
այն
«մետայլ»ի
Ուր
ՄԱՐԴ
ոսկետառ
անունն
կը
փայլի…։
Բերա,
18
Յուլիս
1909