ՍԱՔԻԱ
ՄՈՒՆԻ
«Սաքիա՜,
Սաքիա՜,
կը
կանչէ
ձայնը
հեռուէն։
Կը
թաւալէր
արեւն
իր
գունտը
ոսկեայ
Ու
անապատն
իր
մրափին
մէջ
յուլօրէն
Կ’արձագանգէր
կերկերուն
կոչը
Սաքիա։
Իմաստունի
աշակերտը
մոլորուն.
Արշալոյսին
մթնշաղէն
շատ
առաջ ,
Սկսեր
էր
իր
անվերջ
վազքն,
ու
Սաքիան
Վաղուց,
տխուր
կը
նուաղէր
իր
հառաչ։
Քաղաքներէն
ան
կը
դառնար
տխրագին ,
Նուիրական
հովիտներէն
Գանգէսի,
Ռաճիբուրէն,
բանասէրէն,
ուր
կրկին
Կը
մատուցուէր
խունկ
եւ
կնդրուկ
հանդէսի։
Մազերը
խռիւ,
ոտքերը
մերկ,
անձնուէր ,
Ի
զո՜ւր
գիւղէ
գիւղ
իր
ստուերը
տարաւ ,
Ի
զո՜ւր
մարդոց
ան
խօսեցաւ
անվեհեր
Իմաստունին
պատուէրները
սրտագրաւ։
Ան
Նիրվանա
կը
քարոզէր,
Նիրվանա՜ ,
Ինքնամոռաց
անէութի՛ւնը
հոգւոյն ,
Տենչանքներու
ոչնչացումն
անխընայ ,
Երազամոլ
վերացումը
գերագոյն։
«Ա՜հ
Նիրվանա,
ո՛չ
մէկ
փափաք,
ո՛չ
մէկ
սէր ,
Ո՛չ
իսկ
յետին
գոհացումը
մեր
սրտին ,
Ո՛չ
տառապանք,
ո՛չ
ալ
ժպիտ,
ո՛չ
յոյսեր ,
Ա՜հ,
Նիրվանա,
ինքնակամ
մահը
ցրտին»։
***
Մարդերը
զայն
քաղաքներէն
վանեցին։
Ոտքերը
մերկ,
մազերը
խռիւ,
անձնուէր,
Անապատին
ճամբան
բռնեց
առանձին,
Ու
յուսահա՛տ՝
իմաստունը
կը
փնտռէր։
Արեգակին
հրատապ
գունտին
տակ
հսկայ ,
Տաք
աւազը
թմրած,
անշարժ
կը
ննջէր ,
Ու
տանջուող,
գալարուող
ձայնը
«Սաքիա՜»
Մենութեան
մէջ
լացի
մը
պէս
կը
հնչէր։
Սարսափ։
Իր
մեծ
բազուկնե՜րը
լա՜յն,
արձա՜կ ,
Հըրատապ
շէկ
աւազին
վրայ
կը
տարածէր ,
Սրբութիւնը,
գիտութիւնը
բացարձակ ,
Սաքիա
Մունի,
Պուտտա
ինքը
մեռած
էր։
«Սաքիա՜,
Սաքիա՜
»
հեկեկաց
ձայնը
լալէն ,
Կը
թաւալէր
արեւն
իր
գունտը
ոսկեայ ,
Ու
անապատն
իր
մրափի
մէջ
յուլօրէն
Արձագանգեց
յուսահատ
ճիչը
«Սաքիա»։—
«Սաքիա՜,
Սաքիա՜
»
հեկեկաց
ձա՛յնը
լալէն…։
1907