Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՐԻՃԸ 
       Իրիկուն է։ Փոքրիկ, ահեղ, մահունակ
Կարիճն հանդարտ մեղմ արեւուն կը տաքնայ։ 
Գնչուի խեղճ գերեզմաննոց մ'ուր մինակ 
Եմ իրեն հետ. քարին վըրայ, ես ու նա։ 
       Անճա՛ռ հեշտանք, հեւքն արեւուն գաղջունակ
Կռնակէն ներս, արիւնին մէջ կ'ընթանայ
Մինչ տտունն իր գլխուն վերեւ շարունակ
Կ'ելեւէջէ, արքայօրէ՛ն անխընայ։ 
       Ան կը տաքնայ. ու կը պաշտեմ զայն լռին
Ու կը պաշտեմ ես քեզ, մըթի՜ն թագաւոր
Դուն Ո՜ւժ, դուն Վրէժ, դուն Դառնացումն անմեկին։ 
       Երնէ՛կ կարիճ։ Երանութեա՜մբ թաթաւուն
Մահը ծոցիդ, թոյնը խղճիդ , ահաւո՜ր
Դուն դեռ կրնա՜ս տաքնալ բարի արեւուն…։ 
       5 Հոկտ. 1908