Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՐՄԻՐ ԴՐՕՇԱԿԸ 
       «—Անօթինե՜ր, անգործներու կո՜ւռ բանակ, 
«Փոս աչերնիդ դէպի երկինք զո՜ւր բանաք։ 
«Տառապա՜նքի ոստայնանկներ, ի կըռի՜ւ…։ 
«Ի զէ՜ն կիներ, ի զէ՜ն ծերեր ալեխռիւ…»։ 
       Դուրսը ձմրան սոյլին մէջէն կը լսուէր 
Բողոքի ձայն մը գալարուող կարեվէր, 
Ընդհատուած խո՜ւլ հռնդիւնով կատաղա՜ծ , 
Որ արձագանգ կու տար երկար. «հա՜ց, հա՜ց , հա՜ց…»։ 
       Ի՞նչ կար։ Կուրծքիս տակ ուժգին սիրտըս դողաց։ 
Ձիւն֊ձմեռո՜վ, այսպէս գիշեր ատեն՝ հա՜ց…։ 
Գաղջ անկողնէս վար նետուեցայ մրափուած , 
Պատուհաններս բացի փութով, ու , Աստուա՜ծ…։ 
       Մի՞թէ…։ Ամէն բան հասկցայ ու լացի…։ 
Բոլոր վայրագ պայքարողները հացի , 
Հազարներո՜վ, հո՛ն, վա՛րն էին, խեղճ ու վէ՛ս , 
Կուտուա՜ծ, կատղա՜ծ, մրջիւններու շեղջի պէս…։ 
       Ցո՜ւրտ, իրենց վրայ դանդա՜ղ կ’իջնէր ձիւնն համակ 
Անյուսութեան ծաղիկներու պէս ճերմակ։ 
Ցո՜ւրտ, կը պատէր զիրենք գիշերն անսահման , 
Թշուառութեան մթին դաւի մը նման։ 
       Իրենց մէջտե՛ղ. խեղճ կառքի մը վրայ խարխուլ , 
Հազարներու հռնդիւնին մէջէն խուլ , 
Աշխատանքի նօթի ստրուկ մ’ալեփառ , 
Կանգնած, դողդո՜ջ, կը բողոքէր, կը պոռթկար։ 
       Ու իր խօսքերը կ’իյնային փրփրադէզ , 
Անիծապարտ սե՛ւ ամբոխին վրայ ա՛յնպէս՝ 
Ինչպէս ժայռեր ովկէանին մէջ կատղած…։ 
Ու ովկէանը կը ճողփար. «հա՜ց, հա՜ց , հա՜ց…»։ 
       «—Ինչո՞ւ ոմանք սնդուսներով օրօրուն , 
«Ոմանց գլուխը՝ մայթին ձիւնոտ քարերուն…։ 
«Ինչո՞ւ մէկը՝ ձեղուններու տակ ոսկի , 
«Միւսը՝ խոնաւ խշտեակի մէջ սողոսկի…։ 
       «Մէկուն դիակին վրայ դամբա՜ն, վա՜րդ , մարմա՜ր. 
«Ողջը չունի բարձ մ’ուր հանգչի՜լ կարենար…։ 
«Բոյն֊ընտանիք ունի թռչունն օդաչու , 
«Ան ե՜րգ ունի. իսկ մենք՝ Անէ՜ծք միայն . ինչո՞ւ։ 
       «Ինչո՞ւ հազա՜ր պերճ տաճարներ հրաշակայ , 
«Աստուծոյ մը հոգւո՛յն համար որ չի կայ…։ 
«Մեր որբերը կը հալածուին՝ տեղ չի կայ…։ 
«Մեր խեղճ կինե՛րն են հոգեվար՝ դեղ չի կայ։ 
       «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, ու մինչեւ ե՞րբ , սեփական 
«Մե՛ր քրտինքով պիտի շաղուին պատուական 
«Համադամներ մեծատունի՜ն, իր շունի՛ն , 
«Մինչ աշխատող բազուկներ չո՜ր հաց չունին։ 
       Ծերը դողդոջ իջաւ կառքէն այն խարխուլ , 
Ու կատաղի գոռիւններու մէջէն խո՜ւլ , 
Կառքին գեղջուկ բեմին վրայ՝ հիւծահա՜լ 
Խեղճեր ելան խօսք առնելու, կինե՜ր ալ…։ 
       Կը խօսէին — անո՜ւս դէմքեր ապաքէն — 
Ի՛նչ որ պոռթկար իրենց նօթի աղիքէն , 
«Իրաւունք»ի կոպիտ բառեր ինքնաբեր , 
Զոր կապուտցած իրենց շրթունքը կափէր։ 
       Խո՜ւլ աղաղակը կ’ընդհատուէր պահ մը. «հա՜ց. » 
Ու ամբոխը լուռ կ’ունկնդրէր ծարաւա՜ծ 
Արդարութեան չքնա՜ղ ձայնին այդ տըկար , 
Արդարութեա՜ն՝ որ երբե՛ք չի պիտի գար…։ 
       Վայրա՜գ գոռիւն մը գիշերին մէջ թնդա՜ց. 
Ձիւնոտ ցայգին անբա՜ւ սուգին մէջէն թաց , 
Բոցերո՜ւ պէս շըքեղ, տէ՜գի պէս հըպարտ , 
«Կարմիր դրօշա՜կ»ը բարձրացաւ անհանդարտ…։ 
       Ու ամէնքը խլրտեցան, շարժեցան , 
Թափօրի մը պէս ահաւոր ու անձայն, 
Կռապա՜շտօրէն լծուած — սուգի սեւ հանդէ՜ս — 
Խարխուլ կառքին՝ Արդարութեան բեմին պէս…։ 
       Ու ես տրտո՜ւմ, ու ճմլուա՜ծ , անբարբա՜ռ , 
Կը դիտէի որ կ’երթային տրտմաբար. 
Ձիւնի՜ն մէջէն, մութին մէջէն անսահմա՜ն , 
Գրաստներու սեւ բանակի մը նման…։ 
       Ո՞ւր, դէպի ո՞ւր…։ Քաղցած կեանքեր համօրէ՜ն , 
Ի սպառ լքուած աստուածներէ՜ն, մարդերէ՜ն , 
Լո՜ւռ կ’երթային, խո՜ւլ բնազդի մը հլո՜ւ , 
Նո՛ր Օրէնքի նո՛ր Նժար մը կերտելու…։ 
       Ու ինձ այնպէ՜ս թուեցաւ թէ լռելեա՜յն 
Ճակատագրին թեւը կ’իշխէ՜ր իրենց վրան… 
Բայց կ’երթային անոնք, Ի ԶԷ՜Ն, Ի ՊԱՅՔԱ՜Ր , 
Արդարութեա՛ն կը դիմէին խո՜նջ տըկա՜ր, 
       Արդարութեա՜ն որ ա՛յս կերպով պիտի գար…։ 
       Լօզան, 1909