Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԻՆԱԿ ՄԱՐԴԸ 
       Հորիզոններու վրայ հեռաւոր 
Խաւարը իջաւ, քալէ՜, ուղեւոր
Խաւարը իջաւ. քու բոյնդ ո՞ւր է որ… 
Հորիզոններու վրայ հեռաւոր…։ 
       Հորիզոններու վըրայ հեռաւոր 
Խաւարը իջաւ. մանո՛ւկ , ալեւո՛ր 
Քաշուեր են իրենց բոյնին մէջ աղուոր
Խաւարը իջաւ, քու բոյնդ ո՞ւր է որ…։ 
       Մինա՞կ ես, տուն֊տեղ չունի՞ս հեռաւոր
Մենութիւնն մահուա՛ն չափ է ահաւոր
Խաւարը իջաւ, գլխուս ալեւոր 
Չղջիկներ պիտի հըպին սըգաւոր…։ 
       Կը տեսնե՞ս լոյսեր խաւարին մէջէն
Հոն սիրող զոյգեր զիրա՜ր կը շնչեն
Վա՜խ, դո՛ւն ալ չունի՞ս լոյս մ’ուր քե՛զ կանչեն 
Հորիզոններո՜ւ վըրայ հեռաւոր…։