ՇԱՆ
ՀՈԳԻ
Այս
իրիկուն
Բըթի֊Շանի
կեղծ֊զուարթ
Սրճարանի
շարքերուն
մէջ,
ես
հանդա՜րտ
Օղիի
ո՛ւմպըս
կ’ըմպէի
քիչ
առ
քիչ,
Վերջալոյսի
ճաճանչներուն
դէմ
մոգիչ։
Ներսը,
թուղթ
է
ճոխ
բեմի
մը
վրայ
սո՜ւտ ,
Կղմնտրագոյն
Հունգարուհի
մը
մսո՜ւտ ,
Շոյուած
հազար
թուրք
աչերէ
մարդակեր՝
Իր
զոյգ
թոքերը
պատռելու
չափ
կ’երգէր։
Դուրսը
վազող
հոսանքին
մէջ
եռուզեռ ,
Պոլսոյ
խեղճուկ
մեր
շուներուն
դասը
ծե՜ր ,
Սալայատակ
զառիվերին
վրայ,
անշա՜րժ ,
Կը
գինովնար ,
—
ո՜վ
տեսարան
սրտաշարժ…։
Կը
խորհէի
իրենց
մորթին
աննշան.
Կը
խորհէի
Լամարթինէ
պաշտուած
շան՝
Զոր
հռչակեց
Վինեի՝
ծախուած
վատ
մը
նենգ…
Կը
խորհէի
ա՛յն
շուներուն
որ
մե՛նք
ենք…։
Յանկարծ
սլացին
անոնք
շանթի
մը
հանգոյն ,
Ու
տեսայ
որ
բարակ
իշխան
մը
տժգոյն
Եւրոպայէ
բերած
շունն
իր
դեռատի
Հաներ
էր
քիչ
մը
իրիկուան
պտոյտի…։
Ու
մինչ
ամէնքս
հիացումո՜վ,
նախանձո՜վ ,
Կը
դիտէինք
իշխանն
աչքո՜վ,
ակնոցո՜վ ,
Մեր
ծեր
շուներն՝
իր
ազնիւ
շունը
գեղերփ
Յօշոտելու
կը
ջանային
ամէն
կերպ։
—Ես
որքան
լաւ
հասկցայ
քեզ,
Շա՛ն
Հոգի…։
Մինչ
մենք
կոտրել
կը
ջանայինք
երկուքի
Բարեւելու
այդ
մակաբոյծը
շըքեղ
Դուն
քու
ակռադ
ցոյց
կու
տայիր
խելայե՛ղ։
Ա՜խ,
Շա՜ն
Հոգի,
դուն
չես
գիտեր
որ
մարդիկ
Աշխարհ
կու
գան
ազնուական
կամ
ռամիկ ,
Եւ
թէ
ազնիւ
ժառանգութիւն
մը
որքան
Կրնայ
տեւել
աւելի
քան
յաւիտեան…։
Միա՛յն
գիտես
դուն
խեղճութիւնդ
անանուն ,
Գիտես
հոգւոյդ
ատելութիւնը
անհո՜ւն ,
Գիտես
քա՛ղցը,
ձիւնը,
ծե՛ծը
վայրենի ,
Եօթազաւակ
յղութիւնդ
ալ
մայրենի…։
Ու
չե՛ս
կրնար
դուն
հանդուրժել
որ
քեզ
պէս
Պոչաւոր
շո՛ւն
մը
խրոխտա՜ր
քովէդ
վէ՜ս ,
Ու
աւելի՛
լաւ
ապրէր
քան
միամիտ ,
Ոեւէ
խեղճ
քաղաքացի
մը
թաղիդ…։
Սիլիվրի,
15
Օգոստոս
1909