Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՅՍ ԴԱՆԱԿԸ 
       Մարդը կռթնեցաւ իր կընոջ ուսին
Այսպէս երկուքն ալ լացին միասին։ 
Գետնափոր տեսակ մը նկուղ էր լայն
—Գետնափո՜ր, աւա՜ղ, խլուրդներ միայն 
Չէ՛ որ կ’ապրին թաց նըկուղներու տակ… 
Գետնի վրայ յարդի տեսակ մ’այլանդակ 
Անկողնի վրայ, լո՜ւռ, հրեշտակայի՜ն
Երեք փոքրիկներ կը քնանային
Յարդին վրայ, պզտիկ քոյրն ալ իրենց քով 
Կը ննջէր՝ մահուան ճերմակ պատանքով…։ 
       Ո՞վ ըսեր է որ կեանքը երազ մ’է 
Ուր սէրն իր կապոյտ բոյնը կը կազմէ։ 
Ո՞վ ըսեր է որ Ա՛յն որ կու տայ բոյր 
Խոպան դաշտերու ծաղկին սխրաթոյր
Ա՛յն որ ձմեռին մէջ սըգամռունչ 
Ապաստան կու տայ գայլին անտերունչ
Ա՛յն որ հունտ կու տայ նօթի թռչունին
Ա՛յն ստեղծեր է՝ անոնց որ չունին՝ 
Երէներն առատ, հասկերը բեղուն
Արփաւէ՜տ գինին, մեղրաւէ՜տ մեղուն…։ 
       Աւա՜ղ, այն ամէն բաներն ապաքէն 
Որ շընորհուեցան մեզի երկինքէն՝ 
Մարդկային օրէ՛նքն արգիլեց մարդուն…։ 
Ու մարդն անօթի՜, ծարաւա՜ծ, արթո՜ւն
Երջանկութեան յո՜րդ գետին քով՝ հըլո՜ւ 
Կը մեռնի առանց ումպ մը ըմպելո՜ւ…։ 
Մի քանիներո՛ւ համար են միայն 
Ոսկեգեղ հասկի ծո՜ւփ ծովերը լայն
Լեռներու երէն, անտառի թռչունն՝ 
Դե՜ռ իսկ չի ծընած…։ Ո՜վ գիտէ ինչո՞ւն։ 
       Դուրսը ցուրտ գիշե՛րը կը կողկողի։ 
Թաց նկուղին տակ, լամբար մը հողի 
Կը լուսաւորէ առաստաղը ցած։ 
Վտանգին առջեւ սեղմուա՛ծ, քարացա՛ծ
Ամոլը ծերուկ կ’արտասուէ դողդոջ… 
Իրենց դեռ ծաղի՜կ զաւակին բողբոջ
Այսպէս անսուաղ, ցրտահա՛ր, սառա՛ծ
Մահը դիտելէ վերջ բազկատարա՜ծ
Առանց կարենալ բա՛ն մը ընելու
Ի՜նչ լաւ է այսպէս լալ՝ բախտին հըլո՜ւ…։ 
       —Մա՜հ…։ Ի՜նչ տարբեր մահը հարուստ տըղուն։ 
Ան երազ մ’է լո՜ւռ ցնծումով բեղուն
Ան կեանքէն միա՛յն ճանչցաւ նրբագոյն 
Բեհեզները վա՜ռ, ժանեակը գո՜յն֊գո՜յն
Մանեակներն ոսկի, ընծաներն առատ
Թոյլ իրանին նո՜ւրբ շղարշ անարատ…։ 
Չը գիտցաւ որ թանկ քարերը վզին 
Հազար խեղճերու մահով կը դիզուին…։ 
Ու մեռաւ շա՜տ քա՛ղցըր երգի մը պէս
Հծծելով միայն՝ «Ի՜նչ լաւ էր այսպէս…»։ 
       Մինչդեռ այս փոքրիկ մեռելն աղքատին 
Ճանչցաւ կեանքն իր խո՜ւլ ցաւին մէջ յետին
Ո՛չ ծաղիկ, ո՛չ խինդ, ո՛չ ժըպիտ, ո՛չ երգ
Կեանքը վի՜շտ կարծեց, աշխարհքը՝ մի վէ՜րք…։ 
—Ա՜յ յիմար փոքրիկ, կեանքը խօլական 
Հանդէս է, քանի՜ երջանիկներ կա՜ն…։ 
Սակայն դուն մեռար ու հիմա հանգչէ՛։ 
Պատանք մը ճերմակ՝ երկու ափ քուրջէ՝ 
Քու նիհար մարմնիդ համար շա՜տ է լայն…։ 
—Ողջունեցէ՛ք, Նոր֊Վաղուան սերմն է այն…։ 
       Գլխուն քով, կարմիր կանթեղը հողէ՝ 
Պատանքն իր աղքատ լոյսով կ’ողողէ։ 
Ճերմա՛կ մահն է այդ, մա՛հը անսուա՜ղ…։ 
Նոյն յարդին վրայ են միւսներն ալ խաղա՜ղ
Ծանըր քունն իրենց աչքը կը գոցէ
Կ’երազե՜ն. ու ա՜լ չ’արթննան գուցէ…։ 
Դուրսը ուժգնօրէն ոռնացող քամին 
Դուռը կը զարնէ. զաւակներէն մին 
Կ’աղերսէ քնա՜ծ շրթներով կիսբաց՝ 
«Հայրիկըս բերա՞ւ պատառիկ մը հա՜ց…»։ 
       Հա՞ց…։ Ո՜վ ողորմուկ երեխայ սովա՛ծ
Հաց չըկա՛յ. այսպէ՛ս է տնօրինուած…։ 
Դու դեռ շատ փոքր ես, դեռ չես հասկընար 
Որ հարուստն ունի իրաւո՛ւնք , հընա՛ր 
Քեզ մեռցնելու ծանրածանր մահով
Օրէնքն է իրեն պաշտպան ապահո՜վ…։ 
Միայն փոքր ուղեղդ կը զգայ շուարուն 
Թէ ինք իրաւունք ունէր արեւուն 
Տակ բողբոջելու, թերե՜ւս. ու կատղա՜ծ
Կը փղձկի վճիտ հոգիդ, «Մայրի՜կ , Հա՜ց…»։ 
       Հա՞ց…։ Աշխատելէն հայրըդ դարձաւ ծեր
Հացի խնդիրն ի՛նքն ալ չէ՛ հասկըցեր։ 
Ինչո՞ւ ոմանք տէր են, ոմանք գերի…։ 
Թէ Բախտը կո՜յր մ’է որ կը դեգերի 
Ինչո՞ւ օր մ’իրենց դուռին չի զարկաւ…։ 
Թէ մարդը կաւ մ’է, այս ի՜նչ շունչ, ի՜նչ կաւ…։ 
Թէ աշխարհ անծիր երկիր մ’է անհուն՝ 
Ինչո՞ւ ոմանք քա՛ր մը չունին գլխուն…։ 
Թէ ամէն տարի հունձքը կ’ողողի՝ 
Ինչո՞ւ իրենց հա՜ց մը չիկայ հողի…։ 
       Գործարաններու դուռները փա՛կ են
Ամի՜ս մ’է արդէն։ Հազարը մէկէն 
Բանուորներն ամբողջ նետեր են փողոց
Ամէնքն ալ հայրեր մի քանի տըղոց։ 
—Մատուցումը շա՜տ, խնդրանքներ չիկան
Կ’ըսեն, ապրանքով լեցուեր է շուկան
Գործի մե՜ծ օրէնքն է տնտեսավար.  
Այդ լա՛ւ, բայց նօթի մեռնիլն է դժուար։ 
Թէ բանուորն այնքա՜ն արտադրեր է շատ
Ինչո՞ւ հաց չունի բանուորն անաշխատ…։ 
       Մարդկութի՜ւն, պատի՜ւ… Թմբուկներ հնչո՛ւն
Աչքըդ գոց հաւտա՛, մի փնտռեր ինչո՛ւն։ 
Մուրալն ամօթ է, գողնալը ոճիր
Իսկ թէ խելօք ես՝ ո՛չ ոք չի հաճիր 
Հաւտալ որ տղադ մեռաւ անօթի
Կը խնդայ վրադ առանց ամօթի…։ 
—Ծերը կռթներ է իր կընոջ ուսին
Աչքի արցունքներն անդո՜ւլ կը հոսին
Կը մթնա՜յ քիչ֊քիչ ներսի մաքո՜ւր
Պարզ հոգին ինչե՜ր կը ծնի թաքթաքուր…։ 
       Բայց ահա տղան նորէն լացաւ «Հա՜ց…»։ 
Հա՞ց…։ Մայրը ոտքի նետուեցաւ կատղած
Հին դանակ մ’էրկան տուաւ այլայլուա՜ծ
«Հաց ճարէ, ըսաւ. հետդ ըլլայ Աստուած…»։ 
—Էրիկը գնաց։ Գոռուցքը հովուն 
Կարծես հարց կու տար իրեն խռովուն՝ 
«Միթէ ոճրագո՞րծ… միթէ բարերա՞ր…»։ 
Դանակը ձեռքին զարնելո՛ւ կ’երթար
Փրկելու համար անօթի տըղան…։ 
—Բանուո՛ր, այդ ճամբան կ’երթայ կախաղան…։ 
       —Ի՞նչ կ’ընէ երբ ա՜զգ մը մնայ նօթի
Ձեռքէն բահ ու բրիչ կը նետէ մէկդի
Կ’երթայ հաղորդուիլ մատուռ մ’անխռով
Կը զինուի տէգով, կը զինուի սուրով
Ու կ’երթայ ամէն միջոցներով վատ 
Ազգի մը կռիւ մըղել յուսահատ…։ 
Թէ յաղթուեցաւ՝ աւա՜ղ է իրեն
Իսկ եթէ յաղթեց՝ աշխարհ համօրէն 
Գովեստի երգեր կ’երգէ ամէն օր
Պատմութիւնն ոսկի է՛ջ կու տայ անոր…։ 
       Քամին կը գոռայ, ձիւներ կը թռչին
Բանուորը կանգնած շէնքի մը առջին 
Երգը կ’ունկնդրէ ցուրտէն երերուն  
Գործարաններու բոլոր տէրերուն…։ 
Մատուցումը շա՜տ, իսկ խնդրանքը քիչ…։ 
Որո՞ւ փոյթ. կ’ուտեն, կ’արձակեն քրքիջ…։ 
Երբ դուրսը ձիւն է, գինւոյ շոգիով 
Ի՜նչ լաւ է ուռիլ՝ քանի մ’հոգիով…։ 
Գործ չիկա՜յ. ի՜նչ փոյթ. դա՛ս մ’է անխընայ 
Որ բանուորը քի՛չ մը խելօք մընայ…։ 
       Բանուորը կու լայ. կը գոռայ քամին։ 
Ահա՛ դուրս ելաւ այդ տէրերէն մին
Աստուա՜ծ, իր Պե՛տն է՜…։ Ձեռքը քարացած
Աչերը կարմիր, բանուորը գոռաց՝ 
—«Գթութի՜ւն, Պարո՛ն, ընտանեաց հա՜յր եմ
Զգո՜յշ մերժելու, Ձեր հոգին կ’այրե՜մ…»։ 
Հարուստը նետեց ինչ որ կար իր վրան
Ժամացոյց, շղթայ, դըրամ , թղթարան։ 
Երէկ տէր, հիմա ստրուկ դողդոջուն
Կը փախէր ինչպէս բուէ մը՝ թռչո՜ւն…։ 
       Բանուորը ապշա՜ծ նայեցաւ հեռո՛ւն
Իր հարուստ տիրոջ վազքին շուարուն
Նայեցաւ բարի ձեռքերուն ծերուկ
Նայեցաւ հացի դանակին մանրուկ
Նայեցաւ ոսկւոյն, նայեցաւ իրեն
Փղձկեցաւ հոգին , յուսահատօրէ՜ն 
Ձայնը երկարեց ցայգին մէջ տըխուր՝ 
«Ո՜վ հարո՛ւստ, հարո՛ւստ, եկո՛ւր, ա՛ռ , եկո՛ւր…»։ 
Բայց տէրն աւելի արագ կ’երթար լուռ
Ու կը կրկնէր ծե՛րը. «Եկո՜ւր , եկո՜ւր…»։ 
       —Ո՜վ բարի բանուոր, ծե՜ր բարի բանուոր
Թէ այնքա՛ն անպէտ ես մարդկութեան որ 
Ճարելու համար ապրուստ մը յետին 
Կ’ապաւինիս վատ դանակիդ ետին… 
Թէ սեփական կեա՛նքըդ՝ իժի մը պէս՝ 
Ուրիշին մահով պիտ ' ապահովես… 
Թէ պիտի դաւես մութին մէջ լռելեայն՝ 
Հոգ չէ՛ թէ զաւկիդ համար ըլլայ այն… 
Դէ՛հ, գնա՛ մեռիր , մեռե՜ր ես արդէն
Մարդկութեան ի՜նչ խեր՝ մարդասպան մարդէ՛ն։ 
       Թէ չե՛ս ուզեր որ քու դանդաղ մահով 
Տէրդ իրեն գանձեր դիզէ ապահով… 
Թէ անպէ՛տ, թէ վա՛տ, թէ խե՛ղճ, ցաւագին
Դուն դեռ տէ՛րն ես քու սեփական կեանքին… 
Թէ զաւակներուդ չը կրցար ցո՛յց տալ 
Ապրիլ ատելո՜վ, կեանքին դէմ կուրծք տալ… 
Դանակդ աղիքիդ խոթէ, ու դարձուր
Իրենց քաջաբար մեռնի՛լ սորվեցուր 
Մեռնի՜լ անտեսուած, անճիչ, մթին , վէ՜ս… 
—Աչքերը գոցեց…։ Ու ըրաւ ա՛յնպէս։ 
       Տարինե՜ր անցան. հիմա կը դիտեմ 
Լուռ սենեակիս մէջ առկախուած իմ դէմ 
Այս համեստ դանակն արդէն ժանգոտած 
Որ ձմեռ առտու մը, արիւնով թաց
Ես գտեր էի անհուն գուրգրանքով
Ձիւնին մէջ, մեռա՜ծ գործաւորին քով…։ 
Քարացայ այդտեղ. պոռթկաց իմ հոգիս
Ու դողդողալով տարի շրթունքիս
Խորհրդանի՛շն այդ՝ մութին մէջ լռելեայն 
Տառապո՛ղ, մեռնո՛ղ, այլ քա՛ջ մարդկութեան… 
       Ու քանի՜ անգամ քու առջիդ լացի
Ո՜վ բարի՜, ժանգո՜տ դանակըդ հացի
Դո՛ւն, վերջին պաշտպան զրկըւած մարդուն 
Դո՛ւն, յաւէտ լռիկ այլ յաւէտ արթուն
Դո՛ւն, այնքա՛ն համեստ ու ա՛յնքան խելօք
Եւ որ կրնայիր շարժումո՛վ մը լոկ 
Արեա՛ն վրայ հիմնել Օրէնքդ ապագայ
Բայց կը սպասես որ խաղաղութեա՛մբ գայ
Արդարութեա՛մբ գայ, գա՜յ տարուէ տարի
Զրկուած մարդկութեան երազը բարի…։ 
       Լօզան, 1909