ԱՐԳԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
ԹԷՈԴԻԿԻՆ
Մառախուղի
առաւօտով,
ծե՜ր,
ձիերը
կը
քաշեն։
Դանդա՜ղ,
անիւը
չի
ճռար
ձիւնին
վրայ։
Միայն,
շէ՜ն,
Խարազանն
է
որ
կը
խօսի
թաց
օդերու
մռայլ
սուգին։
Ու
կ’երկա՜րի
ճամբան,
մինա՜կ,
անհորիզոն,
ահագին։
Ինքնասուզուա՜ծ,
նախատիպար
այդ
կառքին
մէջ
գիւղաշէն ,
Ես
կը
դիտեմ
սառած
ձիւնը
կախուած
իրենց
լա՜յն
բաշէն։
Ծե՜ր,
կը
քաշեն։
Խեղճ
ամոլը։
Աջն
Արուն
է,
ձախն
Էգին
Խորշոմ
Ծաղիկը
կ’երեւայ,
պոչին
շարժքէն ,
ցաւագին…։
Հալածուա՜ծ
զոյգ։
Ու
կը
խորհիմ
թէ
այդ
երկո՛ւքը
միայն ,
Մշտնջական
Տառապանքն
է,
զոր
կը
տանին
լռելեայն ,
Եւ
թէ
մէ՛կը
միւսին
բաւ
է՝
խեղճ
բնազդի
մը
հըլու՝
Տառապագին
սերունդի
մ’ամբողջ
սերմը
դնելու…։
Այսպէս,
թշուա՜ռ,
արքայափառ
մտրակի
մը
ներքեւ
շէ՜ն.
Յաւիտեանին
Անէծքն
իրենց
Արգանդին
մէջ
ախտաշէն,
Մառախուղի
առաւօտով,
ծե՜ր,
ձիերը
կը
քաշեն…։
1
Հոկտեմբեր
1908