4.
ԻԺԸ
Ինչպէս
Ամօթն,
ինչպէս
Մեղքն,
ինչպէս
Դժոխքը,
տեսէ՛ք,
Ան
կը
ննջէ։
Զազրելի՛,
գարշատեսի՛լ,
անշա՛րժ,
սէ՛գ,
Անգիտակից
անմեղի
իր
քունը
խո՜ր
կը
ննջէ…։
Մենէ
որո՞ւն
համար
քունն
սփոփիչ,
կարճ
Մահ
մը
չէ…։
Ո՜վ
նորածին
իժի
ձագ։
Քնացի՜ր,
կո՛ղըդ
հրաշէկ
Երա՜զօրէն
փըռէ
տաք
աւազուտին
վըրայ
շէկ.
Եթէ
հեռուէ
հեռու
մեղմ
ջուրը
տարփոտ
կարկաչէ ,
Քու
գետնաքարշ
մարմինիդ
հովուերգութեանն
համար
չէ՛։
Դուն
հո՜ղ
պիտի
ճաշակես,
ու
դուն
պիտի
Մա՛հ
ըմպես ,
Պիտի
շնչես
ժայռերու
թաքուն
ճեղքին
մէջ
անտես ,
Անիծելով
արգաւանդ
արգանդը
որ
քեզ
ծընաւ…։
Չէ՛,
չի
պիտի
թողում
որ
ապրի՜ս։
Հարուած
մը…
։
Մեռա՛ւ։
Ա՜խ,
հողակե՜րտ,
նզովուա՜ծ,
սողո՜ւն
որդւոցը
մարդկան ,
Փրկարար
մեծ
հարուածն
ո՜վ
պիտի
շնորհէր
վերջնական…։
Լօզան,
[1909]