Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԿԱՐՄԻՐ ԴՐՕՇԱԿԸ 
       «—Անօթինե՜ր, անգործներու կո՜ւռ բանակ
«Փոս աչերնիդ դէպի երկինք զո՜ւր բանաք։ 
«Տառապա՜նքի ոստայնանկներ, ի կըռի՜ւ…։ 
«Ի զէ՜ն կիներ, ի զէ՜ն ծերեր ալեխռիւ…»։ 
       Դուրսը ձմրան սոյլին մէջէն կը լսուէր 
Բողոքի ձայն մը գալարուող կարեվէր
Ընդհատուած խո՜ւլ հռնդիւնով կատաղա՜ծ
Որ արձագանգ կու տար երկար. «հա՜ց, հա՜ց , հա՜ց…»։ 
       Ի՞նչ կար։ Կուրծքիս տակ ուժգին սիրտըս դողաց։ 
Ձիւն֊ձմեռո՜վ, այսպէս գիշեր ատեն՝ հա՜ց…։ 
Գաղջ անկողնէս վար նետուեցայ մրափուած
Պատուհաններս բացի փութով, ու , Աստուա՜ծ…։ 
       Մի՞թէ…։ Ամէն բան հասկցայ ու լացի…։ 
Բոլոր վայրագ պայքարողները հացի
Հազարներո՜վ, հո՛ն, վա՛րն էին, խեղճ ու վէ՛ս
Կուտուա՜ծ, կատղա՜ծ, մրջիւններու շեղջի պէս…։ 
       Ցո՜ւրտ, իրենց վրայ դանդա՜ղ կ’իջնէր ձիւնն համակ 
Անյուսութեան ծաղիկներու պէս ճերմակ։ 
Ցո՜ւրտ, կը պատէր զիրենք գիշերն անսահման
Թշուառութեան մթին դաւի մը նման։ 
       Իրենց մէջտե՛ղ. խեղճ կառքի մը վրայ խարխուլ
Հազարներու հռնդիւնին մէջէն խուլ
Աշխատանքի նօթի ստրուկ մ’ալեփառ
Կանգնած, դողդո՜ջ, կը բողոքէր, կը պոռթկար։ 
       Ու իր խօսքերը կ’իյնային փրփրադէզ
Անիծապարտ սե՛ւ ամբոխին վրայ ա՛յնպէս՝ 
Ինչպէս ժայռեր ովկէանին մէջ կատղած…։ 
Ու ովկէանը կը ճողփար. «հա՜ց, հա՜ց , հա՜ց…»։ 
       «—Ինչո՞ւ ոմանք սնդուսներով օրօրուն
«Ոմանց գլուխը՝ մայթին ձիւնոտ քարերուն…։ 
«Ինչո՞ւ մէկը՝ ձեղուններու տակ ոսկի
«Միւսը՝ խոնաւ խշտեակի մէջ սողոսկի…։ 
       «Մէկուն դիակին վրայ դամբա՜ն, վա՜րդ , մարմա՜ր
«Ողջը չունի բարձ մ’ուր հանգչի՜լ կարենար…։ 
«Բոյն֊ընտանիք ունի թռչունն օդաչու
«Ան ե՜րգ ունի. իսկ մենք՝ Անէ՜ծք միայն . ինչո՞ւ։ 
       «Ինչո՞ւ հազա՜ր պերճ տաճարներ հրաշակայ
«Աստուծոյ մը հոգւո՛յն համար որ չի կայ…։ 
«Մեր որբերը կը հալածուին՝ տեղ չի կայ…։ 
«Մեր խեղճ կինե՛րն են հոգեվար՝ դեղ չի կայ։ 
       «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, ու մինչեւ ե՞րբ , սեփական 
«Մե՛ր քրտինքով պիտի շաղուին պատուական 
«Համադամներ մեծատունի՜ն, իր շունի՛ն
«Մինչ աշխատող բազուկներ չո՜ր հաց չունին։ 
       Ծերը դողդոջ իջաւ կառքէն այն խարխուլ
Ու կատաղի գոռիւններու մէջէն խո՜ւլ
Կառքին գեղջուկ բեմին վրայ՝ հիւծահա՜լ 
Խեղճեր ելան խօսք առնելու, կինե՜ր ալ…։ 
       Կը խօսէին անո՜ւս դէմքեր ապաքէն  
Ի՛նչ որ պոռթկար իրենց նօթի աղիքէն
«Իրաւունք»ի կոպիտ բառեր ինքնաբեր
Զոր կապուտցած իրենց շրթունքը կափէր։ 
       Խո՜ւլ աղաղակը կ’ընդհատուէր պահ մը. «հա՜ց. » 
Ու ամբոխը լուռ կ’ունկնդրէր ծարաւա՜ծ 
Արդարութեան չքնա՜ղ ձայնին այդ տըկար
Արդարութեա՜ն՝ որ երբե՛ք չի պիտի գար…։ 
       Վայրա՜գ գոռիւն մը գիշերին մէջ թնդա՜ց
Ձիւնոտ ցայգին անբա՜ւ սուգին մէջէն թաց
Բոցերո՜ւ պէս շըքեղ, տէ՜գի պէս հըպարտ
«Կարմիր դրօշա՜կ»ը բարձրացաւ անհանդարտ…։ 
       Ու ամէնքը խլրտեցան, շարժեցան
Թափօրի մը պէս ահաւոր ու անձայն
Կռապա՜շտօրէն լծուած սուգի սեւ հանդէ՜ս  
Խարխուլ կառքին՝ Արդարութեան բեմին պէս…։ 
       Ու ես տրտո՜ւմ, ու ճմլուա՜ծ , անբարբա՜ռ
Կը դիտէի որ կ’երթային տրտմաբար
Ձիւնի՜ն մէջէն, մութին մէջէն անսահմա՜ն
Գրաստներու սեւ բանակի մը նման…։ 
       Ո՞ւր, դէպի ո՞ւր…։ Քաղցած կեանքեր համօրէ՜ն
Ի սպառ լքուած աստուածներէ՜ն, մարդերէ՜ն
Լո՜ւռ կ’երթային, խո՜ւլ բնազդի մը հլո՜ւ
Նո՛ր Օրէնքի նո՛ր Նժար մը կերտելու…։ 
       Ու ինձ այնպէ՜ս թուեցաւ թէ լռելեա՜յն 
Ճակատագրին թեւը կ’իշխէ՜ր իրենց վրան… 
Բայց կ’երթային անոնք, Ի ԶԷ՜Ն, Ի ՊԱՅՔԱ՜Ր
Արդարութեա՛ն կը դիմէին խո՜նջ տըկա՜ր
       Արդարութեա՜ն որ ա՛յս կերպով պիտի գար…։ 
       Լօզան, 1909