ՄԻՆԱԿ
ՄԱՐԴԸ
Հորիզոններու
վրայ
հեռաւոր
Խաւարը
իջաւ,
քալէ՜,
ուղեւոր,
Խաւարը
իջաւ.
քու
բոյնդ
ո՞ւր
է
որ…
Հորիզոններու
վրայ
հեռաւոր…։
Հորիզոններու
վըրայ
հեռաւոր
Խաւարը
իջաւ.
մանո՛ւկ ,
ալեւո՛ր
Քաշուեր
են
իրենց
բոյնին
մէջ
աղուոր ,
Խաւարը
իջաւ,
քու
բոյնդ
ո՞ւր
է
որ…։
Մինա՞կ
ես,
տուն֊տեղ
չունի՞ս
հեռաւոր ,
Մենութիւնն
մահուա՛ն
չափ
է
ահաւոր ,
Խաւարը
իջաւ,
գլխուս
ալեւոր
Չղջիկներ
պիտի
հըպին
սըգաւոր…։
Կը
տեսնե՞ս
լոյսեր
խաւարին
մէջէն ,
Հոն
սիրող
զոյգեր
զիրա՜ր
կը
շնչեն.
Վա՜խ,
դո՛ւն
ալ
չունի՞ս
լոյս
մ’ուր
քե՛զ
կանչեն
Հորիզոններո՜ւ
վըրայ
հեռաւոր…։