Քաոսը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՄԻՆԱԿ ՄԱՐԴԸ 
       Հորիզոններու վրայ հեռաւոր 
Խաւարը իջաւ, քալէ՜, ուղեւոր, 
Խաւարը իջաւ. քու բոյնդ ո՞ւր է որ… 
Հորիզոններու վրայ հեռաւոր…։ 
       Հորիզոններու վըրայ հեռաւոր 
Խաւարը իջաւ. մանո՛ւկ , ալեւո՛ր 
Քաշուեր են իրենց բոյնին մէջ աղուոր , 
Խաւարը իջաւ, քու բոյնդ ո՞ւր է որ…։ 
       Մինա՞կ ես, տուն֊տեղ չունի՞ս հեռաւոր , 
Մենութիւնն մահուա՛ն չափ է ահաւոր , 
Խաւարը իջաւ, գլխուս ալեւոր 
Չղջիկներ պիտի հըպին սըգաւոր…։ 
       Կը տեսնե՞ս լոյսեր խաւարին մէջէն , 
Հոն սիրող զոյգեր զիրա՜ր կը շնչեն. 
Վա՜խ, դո՛ւն ալ չունի՞ս լոյս մ’ուր քե՛զ կանչեն 
Հորիզոններո՜ւ վըրայ հեռաւոր…։