ԲԱՍԹԷԼ
Դաշտանըկար
մըն
է
հոգիս
Բասթէլի.
Ուր
ոչինչ
կայ
աչքի
խօսող,
ոչի՜նչ
վառ,
Ուր
ամէն
ինչ
մըշուշի
մէջ
կը
հալի։
Կապոյտ
սարի
մը
կատարին
ամայի՝
Բաղեղապատ
խարխուլ
գմբէթն
Հաւատքիս
Տարակոյսին
անդունդն
ի
վար
կը
նայի։
Բըլուրն
ի
վեր,
բըլուրն
ի
վար,
իմ
կեանքիս
Խոպան
ճամբա՛ն
է
որ
կ'երթայ
մենաւոր…։
Բասթէլի
մութ
դաշտանըկար
մ'է
հոգիս։
Խոպան
ճամբուն
եզերքն
ի
վար
իմ
մոլոր
Բագիններուս
ու
մեղքերուս ,
վէրքերուս
Կըրանիթէ
մահարձաննե՛րն
են
բոլոր։
Պուրակ,
առու
իր
դաշտերուն
մէջ
չի
կան.
Իր
ձորերուն
մէջ
ո՛չ
լելակ,
ո՛չ
նարկիս ,
Որ
քաղէի
իմ
սիրտիս
քո՜յր
աղջըկան։
Մոռցուած
ա՛փ
մը
ջուրի
վըրայ
հեռաւոր ,
Աչքէ
հեռու,
սէզերու
մէջ
կը
սահի
Անուրջներուս
վայրի
կարապը
աղուոր…։
Ու
այս
բոլորը
կը
դողայ,
կը
հալի
Մըշուշի
մը
տարտամութեա՛նը
մէջ
ուր
Լացող
դէմքի
մ’ստուերը
կայ
պաշտելի…։
Հոգիս
նիհա՜ր
նըկար
մըն
է
Բասթէլի։