Հեթանոս երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԵՌԱԾ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ

Արիւնափառ Խաչին տակ,
Որուն թեւերը տըրտմութիւն կը ծորեն
Աշխարհիս վրայ բովանդակ,
Ես պարտըւած, Արուեստիս դառըն սըրտէն
Կ'ողբամ ձեր մահն, ո՛վ հեթանոս Աստուածներ:
Մեռա՜ւ Խորհուրդն. եւ Բնութիւնն է արիւնե՛ր
Օրէնքներու կարկինին սուր սըլաքով:
Ձանձրո՜յթը մնաց, պըճնըւած փուշ պըսակով:
Մարդն է ինկած գարշապարին տակ հըսկայ
Խուլ Աստուծոյ մը հրէայ:
Դիո՛ս, մեռար: Մեռար դուն,
Ո՛վ Ապողոն, որուն կառքէն քառաձի
Կու գար խըրխինջն Արեւուն:
Կայծակն անտէր՝ աստղերուն մէջ կը յածի
Կոյր օձի պէս: Սիրամարգներ չեն քաշեր
Հերայի սայլն՝ որ ունէր լոյս սարիքներ.
Ոչ ալ կ'հոսին, իբրեւ սերմեր դիցական,
Զեւսի անձրեւն ոսկի, արիւնն Ուրանեան:
Չե՛ն արծարծեր ոտնաթեւերն Հերմէսին
Աստղերը որբ երկինքին:

Անտառին մէջ, Անահի՛տ,
Ալ չեմ լըսեր շանդ հաչիւններն՝ ետեւէն
Նախընտրած գէր երէիդ.
Կապարճդ հողին տակ կը փըտի. Լիճերէն
Ջուրն իր խըմել կ'երթայ եղնիկը անվախ:
Չի՛ պըսակուիր Պանը շոճով. ամէն ցախ
Անոր շունչով նորէն առոյգ չի՛ ծաղկիր:
Դափ չէ՛ք զարներ, Այծեմարդե՛ր բարեկիր,
Լոկ կը տեսնեմ Աւանդութիւնն՝ որ կու լայ
Նըստած կոճղի մը վըրայ:

Յաւէրժհարսե՛ր, մեռաք դուք.
Կը խածատեն փըրփրուն գետերը՝ ցաւէն,
Իրենց ափերն յեղյեղուկ:
Նայուհինե՛ր, եղէգներուն ընդմէջէն
Ա՛լ չէք երգեր՝ երբոր ցաթէ լուսընկան.
Կանանչ լօռերն այժըմ կ'ըլլան ձեզ պատան:
Լուսազմայլիկ աղբիւրին մէջ չեմ տեսներ
Բիբերուդ կայծն, անբա՛խտ Նարգիս: Տատրակներ
Երբ գուռին մէջ կու գան լըւալ կըտուցնին՝
Դօդօշներէն կը խըրտչին:

Քեզմէ, ո՛վ վեհ Պոսիդոն,
Ծովն է թափուր: Անտառներէն բուստերու
Չի՛ խոյանար բարձրայօն
Քառանըժոյգը՛դ փըրփրագեղ. ոչ ալ քու
Երեքարձենըդ կ'առխըթէ դըղըրդմամբ
Նըւիրական դելփինին նուսն ապըստամբ:
Մեռա՛ւ Սիրենը ժայռին տակ Սիկիլեան.
Կ'անցնի նաւազն անկէ առա՜նց դիւթութեան:
Չ'ըլլար փրփուրն՝ Աստղիկ, ոչ ալ կոնքը՝ կուր.
Ծո՜վն, Աստուածնե՛ր, ծո՜վն է տխուր:

Տանս ակութէն, Թերափնե՛ր,
Ո՞ւր հեռացաք, ո՞ր ջերմեռանդ սըրբուհին
Ձեզ իր խաչովն է փըշրեր,
Ձեր մէջ պապերս պապե՛րն իրենց դրօշեցին՝
Ընծայելով ամէն օր աղ ու նեկտար:
Չըկաս, Էրո՛ս. պիտի քոյրս իմ սիրահար
Որո՞ւ ձօնէ դահամունքներն իր ուխտին.
Չըկայ ե՛ւ դուռը պահպանող Շան անդրին…
Միայն սնարէս կախուեր է Խաչ մ'յաղթական՝
Ուր կայ լոկ փառքը Մահուան:

Եւ այժըմ այդ Խաչին տակ,
Որուն թեւերը տըրտմութիւն կը ծորեն
Աշխարհիս վրայ բովանդակ,
Ես պարտըւած, Արուեստիս դառըն սըրտէն
Կ'ողբամ ձեր մահն, ո՛վ հեթանոս Աստուածներ:
Տեսէ՛ք, բոլոր մեր անտառներն ու ծովեր,
Աղբերակներն ու երդիքները խաղաղ
Ամայացա՜ն ու տաղտկացա՜ն: Այժմ, աւա՛ղ,
Մարդն է ինկած գարշապարին տակ հըսկայ
Խուլ Աստուծոյ մը հրէայ: