Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՁԱՅՆԵՐ (ՀԱՏՈՒԱԾ ՄԸ, ՈՒՐԻՇ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԵՆԷ ՄԸ)
      
       Ձմրան սաստկագոյն պահերուն, երբ մթնոլորտը վայրենական նոպայէ մը դիւահար, զայրագին մռունչներ կ’արձակէ, եւ հովը ամեհի, անողորմ ոռնոցով մը ձիւնի լորձունքներ կը ցանցնէ չորս դին, կը պատահի որ յետամնաց, կամ անզգոյշ կամ չափազանց յանդուգն ուղեւոր մը ինքզինքը մինակ գտնէ ալեւոր լերան մը կուշտին վրայ։
       Պահը ճակատագրական է, վայրը՝ զարհուրելի։
       Հովը միշտ կ’ոռնայ, ա՛լ աւելի սառնաշունչ, ա՛լ աւելի ամեհի։ Ահա մրրիկի մը համեմատութիւնները առած է։
       Եւ ձիւնը կը տեղայ անընդհատ, ինչպէս փրփրագէս ջրվէժ մը, ու թանձր, սառնորակ խաւեր կը բարդուին իրարու վրայ։
       Ուղեւորը դեռ շատ ճամբայ ունի քալելիք։ Ու ամբողջ լեռներու մէջէն, անդնդախոր ձորերու ափերէն, ահասփիւռ վիհերու բերնին մօտիկ։
       Ուղեւորը կը քալէ, աւելի՝ կը շարժի, գրեթէ անգիտակցօրէն, մեքենաբար։ Ահա հովը մեղմացած է քիչ մը, - մեղմանա՞լ. իր ուժգնութիւնը փշրուած է թեթեւ մը։ Սակայն մթնոլորտը կը շարունակէ միեւնոյն մոլիւնով սպառնալիք հոսել չորս դին եւ ձիւնը կը տեղայ սաստկօրէն։ Ցուրտին զայրուցքը ժայռերուն իսկ սարսուռ կ’ազդէ։
       Ուղեւորը երբեմն կը սայթաքի, գահավէժէ մը գլորելու վտանգներ կ’անցընէ. բայց նորէն կը կանգնի, իր սպառելու մօտ ուժին վերջին բեկորները կը հաւաքէ ծանր ճիգով մը, ու նորէն ճամբայ կ’իյնայ գաւազանին յեց, մինչեւ ծունկերը ձիւնին մէջ խորասոյզ։
       Գոնէ փոթորիկը դադրէր եւ տուն հասնէր… Հակառակ իր բոլոր պատսպարանքին, մարմինը ընդարմանալու վրայ է արդէն. թեւերը չեն գործեր, ձեռքերը կորսնցուցած են ամէն զգացողութիւն. միայն ոտքերն են որ, ինչպէս անպատասխանատու, կամակատար ստրուկներ, կը շարժին կամայ ակամայ։ Շատ չի մնար եւ ուղեղը կը պաղի, եթէ ուղեւորը շուտով չհասնի իր տեղը։
       Ո՜ւհ, այդ այն պահն է, երբ ուղեւորը սաստկօրէն պէտք ունի, որ մէկը հանդիպի իրեն, փորձառու լեռնական մը կամ արթնամիտ տղամարդ մը. մօտենայ իրեն, եւ իբրեւ ամէնէն սովորական բանը՝ շաչուն ապտակ մը փակցնէ այտերուն, յետոյ ուրիշ ապտակներ։
       Իբրեւ թէ, պիտի ըսէք հիմա, - եթէ լերան կեանքը անծանօթ է ձեզի - բաւական չէին մարդուն քաշած տառապանքները, եւ անզգամ մը՝ փոխանակ մարդկօրէն օգնութեան հասնելու, անխղճօրէն ապտակէ՜ տարաբախտ ճանապարհորդը…
       Բայց չէ. ձեզի պահեցէք ձեր միամտութիւնը։ Ա՛յդ իսկ է օգնութիւնը, մարդկօրէն կատարելի առաջին եւ անյետաձգելի պարտականութիւնը։ Այդ ապտակն է, որ պիտի զգացնէ թէ ուղեւորը դեռ կենդանի է, կամ քարանալու կէտին հասած մսակոյտ մը, եւ պիտի փրկէ զայն։
      
       *
       Այդ ապտա՜կը, փրկագործ այդ շաչիւնը առնացի մատներու։ Ո՜ր աստիճան պէտք ունինք ատոր սա՛ պահուն, մեր գոյութեան սա ճակատագրական վայրկեանին, երբ զգացումները սառ կապելու եւ ինքնագիտակցութիւնը ընդարմանալու վտանգին մէջ են։
       *
       Ծանօթ. (8 Օգոստ. 1941) . - Մնացեալը քննադատութի՜ւն մըն է Թուրքիոյ Հայութեան մասին, ըսելու համար թէ փրկարար ազդակին կը կարօտի Հայութիւնը, ինչպէս լերան սառելու դատապարտուած ուղեւորը.
       -«Բայց այդ Ապտակը անհրաժեշտ է, անյետաձգելի՝ այդ բիրի հարուածը, ուշաթափութենէ փրկելու համար այն զանգուածը, որ դէպի ոչնչացում կը դիմէ անգիտակցաբար, բարեխնա՜մ Համիտին գորովազեղ աչքերուն տակ, անոր զազրելի ժպիտին հովանաւորութեամբ, ինչպէս լերան ուղեւորը՝ սառնալանջ լեռներուն կծու քմծիծաղովը պարուրուած»։ Այս առթիւ «խանութպաններու ազգ» բառն ալ կը գործածուի.
       -«Չըսին թէ Հայը ատել գիտէ, չըսին թէ Հայը բարկանալ, ըմբոստանալ գիտէ. թէ Հայը իտէալներ ունի, գաղափարի կռիւներով կը խանդավառուի։ Այլ ըսին եւ մենք չհերքեցինք թէ Հայը գործնական ցեղ է, փարա վաստկելու ճամբան աղէկ գիտէ։ Եւ հրճուեցանք, ու դիւրահաճ ժպիտ մը լուսավառեց մեր անարիւն, չորցած այտերը։ Ո՞վ պիտի շաչեցնէ բարերար ապտակը, տրորելու համար Թուրքիոյ Հայութեան ներքին հուրքը, որ ահա պիտի շիջանի շրջապատի սառոյցներէն, - սառ կեանքէն ու սառ տրամադրութիւններէն» եւայլն։
      
       *
       Առաջին թղթակցութիւնը, «Ձայներ Պոլսէն», նուիրուած է Օրմանեանի, եւ կը սկսի այսպէս. - «Օրմանեանը բիւրագունակ, բիւրածալ տիպար մըն է։ Նախ եւ ասիկա իր սովորական վիճակն է զուարճասէր, զուարճախօս է, շոշորթի կատարեալ մարմնացումը։ Այս պարագային, ամէնէն աննպաստ առիթէն իսկ կ’օգտուի, ժեզուիտական զրախօսութիւն մը փակցնելու, «հի, հի, հի»ներու պժգալի լուսին մը ցոլացնելու համար իր բոլորշի, թաթարական դէմքին վրայ», եւայլն։ Օրուան կացութիւնը պարզելէ վերջ, հետեւեալ ազդարարութիւնը, որ տպուեր է նոյնութեամբ.
       -«Ազգը գիտէ բոլոր ասոնք, եւ դեռ շատ բաներ, բայց կը լռէ, առժամապէս կը համբերէ, Ազգը գիտէ թէ երբ գայ հաշուեյարդարի օրը, ձեր ամէնէն թեթեւ պատիժը պիտի ըլլայ խարոյկ մը եւ անոր վրայ՝ ձեր պարարտ մարմինը, - ձեր ա՜յնքան խղճամիտ խնամքով եւ հոգածութեամբ սնուցած մակաբոյծ մարմինը, որպէսզի հետք չմնայ անոր ապականութիւններէն»։
      
       *
       Երկրորդ թղթակցութիւնը երկար զրոյցն մըն է թուրք յեղափոխականներու մասին, շատ յոռետես։ (Բարբարոս, 10 Փետր. 1907)։ Նոյն տարին, 11 Յուլիս, «Առաջարկ մը» խորագրով թղթակցութեամբ մը պարզելով Մուշի եւ Վանի սովը, կ’առաջարկէ Արտասահմանի թերթերէն հաւաքել բոլոր արժէքաւոր գրուածքները -«անոնք որ իսկապէս Հայ Ցաւը կը թարգմանեն հարազատօրէն, Հայ Ցեղին հոգին կը պրիսմակեն, հզօր Խորհուրդի մը կամ Յղացումի մը տենդովը կը սպառնան»-եւ պարբերաբար տպել մէկ ֆրանքնոց հատորներու ձեւով։ Կեդրոնը՝ Փարիզ կամ Թիֆլիս, եթէ աւելի յարմար տեղ չկայ։ (Բարբարոս , - նոյն տարին Սեպտ. 29ին «Զարթումը» - զրոյց Թուրքերը յեղափոխութեան հրաւիրելու, ի պատասխան ոստիկանին «նէրէյէ կիտիյորսուն» հարցումին։
       (Ըմբոստ)։