Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՓՇԵՆԻՆ
      
       - Ա՜հ, տե՛ս, ճի՛շդ այնպէս. ատոր էր նման, - սեւաբախտ պատանին։ Աչքերն այնպէս պայծառ, ինչպէս լուսնակը մեր աշխարհին, կուրծքը հեւալիր սարերու շունչով, հասակագեղ ու յաղթադամ, կեցուածքով մը ուր մէկը համակրանք կը կարդար, մէկն առնութիւն, բայց ո՛չ ոք, ո՛չ ոք պիտի յանդգնէր պճրտկել պղտոր հակումներ։
       Ահա այդպէս։ Ու ամէն առաւօտ երբ հարեւան հիւղակէ աքլորն իր արեւագալը կ’ողջունէր, եւ ամէն իրիկուն, երբ արեւն իր օրհասականի կարմիր ծիծաղը կը վերսկսէր, դուն կը տեսնէիր Թաթուլը այդ սարալանջի երկայնքն ի վեր, առոյգ ու ոգեւոր, անփոյթ օրուան տժանքին, կայտառ երգ մը շրթներուն.
       Սարերի հովին մեռնեմ,
       Իմ եարի բոյին մեռնեմ…
       Իւրաքանչիւր երգի հետ, իր օրուան չար ու բարին էր, որ կը սարսռար թախծագին կամ ծիծղուն, վճիտ ու ամօթխած ինչպէս առուները մեր լեռներուն.
       Թռի՛ր իմ սեւ սրտի խորքից,
       Գնա գտիր սիրուհուս,
       Նրա քնքոյշ կրծքի խորքում
       Դիր կրակը իմ սիրուս…
       Ու պիտի ըսէիք թէ անտարբե՞ր մըն էր միւսը։ Նոյն յոյզերն ու նոյն տրոփումներն էին, աւելի բաբախուն ու աւելի անսանձ, որ կը փոթորկէին իր քնքոյշ լանջքը, ամէն անգամ որ, մանաւանդ իրիկնամուտին, իր հրաշագեղ հայեացքը յառած դէպի սարերու ճամբան, կը կարծէր լսել ձայներն անոր քալուածքին։ Եւ պատկերներ է, որ ծնունդ կ’առնէին իր մանկունակ երեւակայութեան մէջ, - Թաթո՛ւլն է… ահա վար իջաւ առաջին զառիթափէն, ահա դարձաւ շեղ արահետէն… հիմա ձորի ափն է, ահա դուռնէն կ’անցնի ասլանս…
       Մատաղածաւ գեղուհի, երազներու իր նախերգանքը Թաթուլն եղաւ, իր թաղի չքնաղ պատանին: Իր կաթնածոր շրթներն առաջին անգամ անոր շշնչացին տարօրինակ յուզումներ ու քաղցրութիւններ, եւ իր գողտրիկ կուրծքը, առաջին անգամ, անոր տեսքովը հեւաց հեւքը սիրոյ խոյանքին։ Ուղեւորնե՜ր երկու հակընդդէմ, երկու խորթ աշխարհներու, անոնք իրար դիմաւորեցին բնազդաբար, անզուսպ մղումով մը, ու չըսէի՞ դարձեալ, աղջիկն էր երկուքէն այն, որ կանխեց միւսը, որ համարձակ յայտնեց օրհնէնքը կամ անէծքը իր տրոփումներուն։
       Եւ հանդիպակաց ուռիները, եւ ձորամէջի մենաւոր աղբիւրը յաճա՜խ էին խռոված սարսուռներովը երկու սիրածալ հոգիներուն.
       - Թաթուլ, դուն իմս ես, այնպէս չէ՞։
       - Ա՜խ, ինչո՞ւ այդ հարցումը։
       - Միշտ իմինս ես, եթէ նոյնիսկ…
       - Եթէ նոյնի՞սկ…
       - Եթէ նոյնիսկ դէմ կենան թէ՛ մերինները, թէ՛ ձերինները։
       - Եթէ նոյնիսկ դէմ կենայ ամբողջ աշխարհքը… Կ’ապրինք իրարմով, կը մեռնինք իրարու հետ։
      
       *
       Սե՛ւ օր, սե՛ւ աշխարհ։
       Վիրաւոր եղնիկն աւելի դժբախտ չէ ժեռուտքի մը ափը, քան մարդը ինք այս ընտանի վարդաստանին մէջ, զրկուա՜ծ իր սեփական կամքէն, ստրո¯ւկ իր իսկ ձեռքով օղակուած կապանքներու, թաւալգլո՜ր բիւրազան վոհմակներու մէջ ուր ոչ եղբայրն է բացակայ ոչ քոյրը, ուր որդիները անվերջ կը քաւեն հայրերուն ոճիրները, իրենց կարգին աւանդելով զանոնք թոռներու։ն Նետահար արծիւն աւելի աղեկտուր պիտի չճչար գահավէժն ի վար, որքան մարդն իր յաւիտենական վիշտը կը հեծկլտայ սերունդէ սերունդ, արցունքն ու հեծեծանքը անբաժան իր ամէն մէկ քայլէն։
       Եւ, ինչպէս ընդհատուած ժպիտ մը, որ յանկարծ կը սառի անկենդան, ճակատագրական հարուածով մը ընդհատուեցան այս երկու կեանքերն ալ, իրարու նման եւ իրարու ետեւէ։
       Ոչ ոք իմացաւ ամբողջ պատմութիւնը։ Ոչ ոք ուզեց իմանալ։ Շշունչներ միայն, գաղտնասացութիւններ։ Երկչոտ ափսոսանք մը հոս, եւ համակրանքի քանի մը շարժուձեւեր անկիւնէ անկիւն։
       Ու թաղեցին երկուքն ալ, - ոչ ոք իմացաւ ինչպէս։ Թաղեցին դէմ դիմաց, ահա այստեղ, սարի կուշտն ի վար արդեօք յաւիտեանական հեգնութի՞ւն մը խորհրդանշելու համար, - ու բարի հոգիներ երկու ծառ տնկեցին հողաթումբերուն վրայ։
       Ու հիմա, ամէն գարնան ծիլ ու ծաղիկ կուտան այս մատղաշ ծառերը, -խորհրդապատկե՜ր երկու գարուն կեանքերուն։ Բայց եւ ամէն գարնան խորհո՜ւրդ թէ նզովք, չգիտեմ դուն կը տեսնես այս փշենին դժնետեսիլ եւ ամբարտաւան, իր սուր ճիւղերն օրօրուն դէպի աջ ու դէպի ձախ, միշտ սպառնալից ու անկարեկիր։
       Այդ ո՞ր սեւ հողն էր, կամ ո՞ր անագորոյն ձեռքը, որ դիեցուց այս փշենին, -երկու սիրահալ աճիւններու հետ քով քովի, աւելի խրոխտ եւ տոկուն քան երկու պզտիկ ծառերը։ Չգիտեմ խորհո՞ւրդ թէ նզովք բայց մարդիկ ուզեցին անոր մէջ տեսնել բացատրութիւնը կեանքի փիլիսոփայութեան, պատմութիւնն իսկ երկու թշուառ հոգիներուն, որոնց վերեւ, փշենին իր թունալիր ծիծաղը կը սլուըլայ միշտ տարուբեր։
       Մարդիկ պատմեցին իրարու եւ կը պատմեն որդիներէն թոռներուն թէ կը սիրէին իրար կեանքի մէջ, բայց մեր աշխարհը չհանդուրժեց այդ ամբարշտութեան։ Անոնք ուզեցին սիրէր իրար գերզմանէն ալ անդին, դէմ դիմաց, բայց ահա Փշենին անագորոյն եւ չարախինդ, որ մէկ դէպի աջ, մէկ դէպի ձախ երերուն, աշխարհի պատգամը կը կարդայ երկու թառամած հոգիներուն, բոլո՜ր սիրատարփ հոգիներուն։
       - Թաթո՛ւլ, դուն իմինս ես…
       Ու փշենին է, որ կը պատասխանէ, իր լերկ ճիւղերն օրօրուն.
       - Չէ…
       Եւ հեռաւոր արտերէն մինչեւ բուխերիկները, որ կը մխան սա լեռներէն անդին, կորաքամակ ծերունիէն մինչեւ բոկոտն լաճերը, որ ահա կը լոգանան ձորին մէջ, դուն չես գտներ մէկ հատիկ բանաւոր էակ, որ սարսուռով չյիշէ քսմտնելի փշենին մեր գերեզմանատան։
       - Գիտե՞ս, այնտեղ են թաղուած… Կը սիրէին իրար ինչպէս ոչ մէկը սիրած է տակաւին. բայց աշխարհը չհանդուրժեց… Ո՜ւհ, աշխարհը չհանդուրժեց գերեզմանէն ալ անդին, ու ահա փշենին բուսած երկուքին միջեւ, ամբարտաւան ու ազդարար ու չարախինդ։
      
       «Նաւասարդ» Տարեգիր, Ա. հատոր
       1914, Կ. Պոլիս