ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՐՏ
Մարդկութիւնը
մէկ
աչքով
կը
քնանայ
1939Սեպտեմբերէն
ի
վեր։
Պատերա՛զմ։
Աշխարհածաւալ
«մարտ
պատերազմի»։
Աշխարհամարտ։
Շանթամարտ։
Գեհենամարտ։
Արեւուդ
մեռնիմ,
ա՜յ
իմ
բարբառ
մայրենի։
Ո՜րքան
արու,
ջլապինդ,
հոսուն
բառեր
կը
ծնիս,
առանց
տղաբերքի
ցաւեր
քաշելու։
Դիւամարտ։
Հսկայամարտ։
Գոյամարտ։
Ու
տակաւին,
մասերու
բաժնելով
կամ
գունաւորելով.
–
Ճակատամարտ։
Ծովամարտ։
Օդամարտ։
Սովամարտ։
Ապա
ջլամարտ։
Պատերազմ
ալիքներու։
Կարճ։
Միջին։
Երկայն։
Անհամար
լեզուներով։
Մինչեւ
անգամ
հայերէն։
Ահեղ
փոթորիկ՝
բռնած
ամբողջ
աշխարհամասեր։
Հրաբուխ
համայնակուլ։
Թաթա՛ռ։
Ժաժք։
Ալեկոծութիւն
տիեզերական։
Ահագնադղորդ
հրանօթներ
որ
քաղաքներ
կը
քանդեն
128,
թերևս
200
քիլոմեթր
հեռուէն.
(էր
երբեմն՝
40
քիլոմեթր)։
Ականարձակ
պայթուցիկներ,
որ
իրենց
տաքութեամբ
կը
հալեցնեն
պողպատը։
Օդանաւեր
սրաթռիչ,
որ
տանիքներ
կը
քերեն։
Ուրիշներ,
որ
ասպարէզ
կը
կարդան
երկինքէն,
ծփալով
10-12
հազար
քիլոմեթր
բարձրութեան
վրայ։
«Թռչուն
բերդեր»,
որ
կը
սուրան
8001000
քիլոմեթր
արագութեամբ,
գլխու
պտոյտ
պատճառելով։
Տիտանաթեւ
օդանաւեր
զարմանազան
կարգուսարքով։
Հետազօտիչ։
Հետապնդիչ։
Ուղղաձիգ։
Ռմբաձիգ։
Որսկան։
Հորիզոնական։
Անդնդասոյզ։
Սաւառնաթեւ։
Հովանոցաձեւ։
Բարձրահայեաց
եւ
քաղցրահայեաց։
Ջրօդանաւեր,
որ
դիւային
պարեր
կը
սարքեն
մարտանաւերու
կամ
նաւախումբերու
գլխուն։
Նաւախումբեր
«ընդ
հսկողութեամբ»,
որ
ծովերը
կը
ճեղքեն
ծփուն
բերդերու
մէջէն,
կամ
կը
ճարճատին
ցիրուցան։
Զրահաւորներ,
որ
70-80-1000
օդանաւ
եւ
սաւառնակ
շալկած
կը
յածին,
կ’արածեն
ծովերէ
ծով,
զանոնք
թռցնելու
համար,
աղաւնի
թռցնելու
պէս։
Եւ
ասոնց
ետեւէն
լուղորդներ՝
ելեկտրական
թեւերով,
սուզանաւեր
դարանակալ,
կամ
օդանաւեր,
որ
թորփիլ
եւ
ական
կը
ցանեն։
Որսկան
շուներ
ուժանակ
բեռցած,
որ
կը
սողոսկին
թշնամի
պահականոցներու
մէջ
եւ
կը
պայթին
անոնց
հետ։
Դեւեր,
որ
երեքովչորսով
նոյնացած
իրենց
արձակելիք
թորփիլներուն
հետ,
միասին
անդունդ
կը
գլորեն
վիթխարի
զրահաւորներ,
ծփուն
բերդեր։
Օդաչուներ,
որ
կ’իյնան
ջարդուփշուր,
յիսուն,
հարիւր,
երկու
հարիւր
հերակլեան
թռիչքներ
կատարելէ
վերջ։
Օդատորմիղներ
շարք-
շարք։
Օդարշաւներ
հինգ
հարիւրով,
հազարով։
Հազար
ու
հազարներ
դէպի
երկինք՝
միեւնոյն
ատեն։
Անսահման
տարածութեանց
վրայ։
Առանց
ազգի
խտրութեան։
Կտրիճներ
օդայած,
օդասլաց,
օդավար
կամ
օդաշրջիկ,
որ
երկինքէն
կը
թափին
կարկուտի
պէս։
Որ
անկարգելներէն
կը
ցատկեն
դաշտերու
կամ
քաղաքներու
մէջ,
բերդերու
կամ
ժայռերու
վրայ,
սպառազէն՝
գնդացիրներով,
ձեռնառումբերով,
ուտելիքով
եւ
ռազմամթերքով։
Ճեպընթաց
«մոթօ»ներ
մէկ,
երկու
կամ
երեք
ռազմիկներով,
որոնց
իւրաքանչիւրը
դիտակ
մը
ունի
ճակտին
վրայ,
անթել
մը՝
ականջին,
ձեռնառումբ
մը
կօշիկին
մէջ
խրած։
Ու
նաեւ
ատրճանակ
եւ
դաշոյն։
Ի
հարկին
հրացան
եւ
մնացեալը։
Հսկայական
օթօներ
սպառազէն
ինչպէս
ամրոց
մը։
Զօրամասեր
մեքենաշարժ,
սրընթաց։
Շառաչուն
վաշտեր
զրահապատ։
Դժոխային
ռումբեր,
որ
երկինքէն
կը
թափին
հարիւր
հազարներով
-
թոներով։
Օրուան
բոլոր
ժամերուն։
Գիշեր
ցերեկ։
Ռումբեր
պայթուցիկ,
ռումբեր
հրձիգ։
Խորտակիչ։
Ծխարձակ։
Բոցավառ։
Ռումբեր,
որոնց
միայն
խլացուցիչ
ժխորը
եւ
դիւային
քրքիջը
բաւական
են
ամբողջ
բազմութեանց
ջիղերը
խախտելու,
ցրեխ
ցրեխ
փշրելու։
«Ական»ակուռ
դաշտեր
նման
ցորենի
դաշտերու։
Ռազմադաշտերէն,
ճակատէն,
բերդաքաղաքներէն,
ծովափներէն,
լեռնալանջերէն,
անտառներէն,
կամուրջներէն
մինչեւ
հասարակ
փողոցները
շէն
քաղաքներու։
Մինչեւ
տուներու
սեմին
տակ։
Ականի
ցանցեր,
ուռկաններ,
որոգայթներ
ծովերէ
ծով։
Բոլոր
բանուկ
ճամբաներուն
վրայ,
նեղուցներու,
ջրանցքներու
և
քարափներու
առջեւ։
Փշաթել
ցանցեր,
որոնց
եթէ
դպչիս՝
կը
դառնաս
ածուխ
կամ
աղէ
արձան։
Թնդանօթներ
եւ
գնդացիրներ
իրենց
մահաբոյր
բերանները
դէպի
երկինք
ուղղած,
պայթեցնելու,
վառելու,
ջարդուփշուր
զգետնելու
համար
թշնամի
օդանաւեր
եւ
սաւառնակներ։
Մակոյկներ,
որ
ական
կը
ցանեն
ծովերէ
ծով
եւ
ուրիշներ,
որ
կը
ժողվեն
զանոնք։
Զրահապատ
կառախումբեր,
որ
անդունդն
ի
վար
կը
գլորին
ականաբարձ
կամուրջներու
վրայ։
Կամուրջներ
եւ
նաւակներ
ձգախէժ։
Կազարգել
դիմակ։
Անկարգել։
Անցարգել։
Օդապարիկ
լուսարձակ։
Օդայած
«երշիկ»։
Հրթիռներ
գոյնզգոյն,
լուսատու։
Ուրիշներ
ծխարձակ։
Հսկայական
լուսարձակներ,
որ
գիշերը
արեւ
կը
ցանեն
քաղաքներու
վրայ։
Ամպեր
արուեստական։
Մեքենաներ՝
անապատին
աւազները
հրամանի
տակ
առնելու
եւ
կամ
արուեստական
աւազ
յարուցանելու
համար։
Հրասանդ։
Գնդացիր։
Թնդանօթ։
Հրացան,
սուին
եւ
փամփուշտ՝
նորութեան,
նրբութեան,
ուժգնութեան
գերադրական
աստիճանով։
Հրասայլեր
80-150
թոն
ծանրութեամբ,
որ
կը
թնդան,
կը
թնդեն
կ’անցնին
«օձապտոյտ
գալարմամբ»,
ոստոստելով,
խրելով,
խորտակելով։
Եւ
սպառազէն
միլիոններ
դէմ
դիմաց։
Գունդագունդ
երիտասարդներ
կրակի
գծին
վրայ։
Գետնին
տակ։
Օդին
մէջ։
Երկրէ
երկիր
կամ
խորերը
անծայրածիր
ովկիանոսին։
*
Մեր
հայերէնը
ունեցա՞ծ
է
պատերազմական
գրականութիւն,
արուեստ
մը,
որ
կարենար
տալ
արդիական
գեհենամարտի
մը
ոչ
միայն
արհաւիրքը,
այլ
եւ
ձայները,
գոյները,
ձեւերը։
Հազարումէկ
տեսակ
եւ
հազարաւոր
զէնքերուն
եւ
մեքենաներուն
խժալուր
թաւալումը,
ոստոստումը,
յարձակումը,
խորտակումը,
ընդհարումը,
պայթումը,
կամ
հրկիզումը։
Անոնց
իւրաքանչիւր
շարժումին
եւ
գործողութեան
ինչն
ու
ինչը։
Հայացուցէք,
օրինակ,
այն
ձայնը
զոր
կը
հանէ
օդանաւը,
երբ
անիւները
կը
թաւալին
եւ
«թռչունը»
կը
սուրայ
անջրպետին
մէջ
(vrombissement)։
Մեր
հին
բարբառը
ունի
խուժդուժ,
պղնձակուռ,
փոթորկաձայն
բառեր
եւ
ահեղ
պատկերներ,
որոնք
պատերազմ
կը
հոտին։
Ո՜րքան
շղթայաշար
նախադասութիւններ,
հիւսքեր,
որակումներ,
որոնք
իրարու
վրայ
կը
խուժեն,
գրոհ
կուտան,
կը
շառաչեն
ինչպէս
կատղած
գետ
մը,
երբ
ժայռերուն
կը
զարնուի։
Գրաբար
նկարագրութիւններ
ունինք
ինքնագիր
թէ
թարգմանածոյ,
որոնք
երբ
քով
քովի
գան,
կը
յիշեցնեն
ժխորը
ամեհի
օդարշաւի
մը
կամ
քստմնելի
թաւալումը
վիթխարի
հրասայլերու։
Ջոլիրս
ջախջախս
ջարդողաց
ի
վերայ
զօրու
նորա
ածէր…
Անհրաժեշտ
չէ
վկայութեան
կանչել
պատմական
դարերու
մատենագիրները,
Խորենացի
կամ
Եղիշէ
պրպտել,
գրաբար
Իլիական
կամ
Ոդիսական
թղթատել։
Տարիներ
առաջ,
Խորէն
Արք.
Նարպէյ
պատմական
վէպ
մը
կարկտելով
(Արտաւազդ
Բ.
),
կը
փորձէ
պատերազմի
մը
պատրաստութիւնը
նկարագրել
բնութեան
ձայներէն
կազմուած
բառերով.
-
Դափր
անդ
ի
դրընդիւն.
Նժուգից
վրնջիւն,
Որսորդաց
գոչիւն,
Բարակաց
հաջիւն,
Երէոց
բաջիւն,
Զինուց
շառաչիւն,
Աղեղանց
ճայթիւն,
Նետից
ճարճատիւն
Շըռինդ
ընդ
բոմբիւն,
Անդյընդոստ
թընդիւն
Յանտառ,
ձոր
թըմբիւն,
Դըղըրդեն
գանգիւն։
Աւելի
ծանօթ
եղանակ
մը,
Ալիշանի
«Բամ
Փորոտան»ը,
այնքան
գոռոզ,
բարբարոս
եւ
ռազմաշունչ.
Հայկեան
փանդռանց
որոտընդոստ
դռընչին
բարբառք
մարտագոռ,
Դառնագոռոչ
անդրաձայնէ
պարսիկ
կերկեր
ի
շեփոր,
…
Շռինդըն
շանթառաք
զեթերօք
փարի.
…Փռընչեալ
բոցաշունչ
դափր
ի
գարշապար
…
Կռուփ
առ
կռուփ
կոփեն
կմբայք
տէգ
առ
տէգ։
«Հայկ
Դիւցազն»կարդացա՞ծ
էք
(Հ.
Արսէն
Բագրատունի,
Վենետիկ,
1858)։
Վանքէն
փախած
թէ
ճամբուած
գրոց
բրոց
մը
ունէինք
Պոլիս,
-
«Փրոֆեսոր»
Քաջբերունի։
Շրջուն
շտեմարան
գրաբարի,
շաբաթը
քանի
մը
անգամ
«Ճակատամարտ»ի
խմբագրատունը
կը
հանդիպէր,
կէսօրին,
բերնուց
արտասանելու
համար
«Հայկ»ի
այս
կամ
այն
գլուխը,
ի
խնդիր
փոքր
նուէրի
մը։
Հազիւ
բերանը
բացած,
անասելի
սարսուռ
մը
կը
համակէր
մեզ։
Իբրեւ
թէ
անդնդախոր
ձորի
մը
մէջ
գտնուէինք,
բառերը,
նախադասութիւններըը
ջրվէժի
պէս
հոսելով
իր
բերնէն,
ռազմական
մթնոլորտ
մը
կը
ստեղծէին
սենեակին
մէջ։
Ճակատամարտ
չորս
պատի
մէջ.
-
…Ահաւոր
ձայնք
ի
խորխոմս
ի
խորաձորս
երկայնաձիգս,
Թաւալ
առեալ
եւ
գըլոր
հոլովելով
պըտուտկէին։
…Խռովախուժ
տագնապաւ
ի
զէնս,
ի
ձիս
ընթանային.
…Բայց
շաչիւն
շկահիւն
զինուց
եւ
աղեղանց
ճայթմունք
լարից,
Եւ
կոփիւնք
վահանաց,
սըմբակադոփ
ոտին
տրոփմունք։
…Նետք
քարինք
ի
ճակատուց
կարկըտահոս
շառաչէին…
…Ճախրասլաց
մրըրկաթեւօք
հերձեալ
զանդունդըս
փըրփըրադէզ…
*
Զինարուեստը
դեռ
նոր
կը
հոլովէր
իր
մանկութեան
շրջանը,
երբ
գրաբարի
վարպետները
գրի
կ’առնէին
այս
շառաչալից,
«
փըռընչեալ»
բառերն
ու
պատկերները,
այս
խժալուր
խրթնաբանութիւնները,
սաւառնաթեւ
ճախրանքներ
կատարելով։
Եւ
պայթուցիկ
բառերու
այս
փոթորիկը,
պատկերներու
այս
դղրդագին,
ահեղաձայն
տեղատարափը՝
նկարագրելու
համար
դէպքեր,
որոնք
պատահեր
են
դարեր
առաջ,
երբ
ամէնէն
ահարկու
զէնքերն
էին
տէգ,
նետ,
նիզակ,
աղեղ,
ասպար,
վահան,
գեղարդ,
կապարճ,
պարսատիկ,
բաբան,
քարընկէց
կամ
խորտակիչ
գործիքներ
եւայլն,
իսկ
ռազմիկները՝
քանի
մը
հազար
-
ըսէ՛
տասնեակ
հազար
հետեւակ
եւ
այրուձի։
Եւ
այս
ամէնը՝
թափ
տալով
երեւակայութեան,
որ
կարգ
մը
հեղինակներու
քով
կը
հասնէր
հանճարեղ
բարձունքներու։
Իսկ
եթէ
անոնք
ողջննալով
տեսնէին,
լսէին,
զննէին
ու
փորձէին
նկարագրել
արդի
զինարուեստը,
ներկայ
գեհենամարտը…
Ջոլիրս
ջախջախս
ջարդոցաց…
«Հայկաշէն»
1942