Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՁԱՅՆԵՐ
      
       Միամի՜տ Պէրթլօ…
       Դո՞ւն ալ յուսախաբ պիտի ըլլայիր։ Դուն, որ տարրերուն էութիւնը մագլած էիր այնչափ պինդ, այնքան ապահով, որքան բազէն իր որսին կուշտը, դուն որ կը բաղադրէիր կամ կը լուծէիր կանխորոշ հաշիւներու համաձայն, եւ արդիւնքը կը ստանայիր ճշգրտօրէն, անվրէպ, առանց դիպուածին բան մը ձգելու. դո՞ւն ալ պիտի խաբուէիր շնչաւոր տարրերու էութեան մասին, պիտի հաւատք ունենայիր անոնց բարութեան վրայ։
       Միամի՜տ Պերթլօ…
       Բարի էիր։ Ինչ որ հիները խղճմտանք կը կոչէին եւ մենք այսօր գիտակցութեան անունով կը ճանչնանք, կը բոցոտէր քու զգայուն էութիւնդ, եւ քու գիտունի պայծառ դատողութեամբ, կը տրամաբանէիր թէ այս այսպէս պէտք չէ ըլլայ…
       Կը տեսնէիր խոնարհ ազգ մը, դարերու ժառանգութիւն, զոր բնաջնջելու կ’աշխատէին հրէշային բարբարոսութիւններով, Բուղան կամ Լենկթիմուրը շիկնեցնող գազանութիւններով։ Կը լսէիր պատմութիւնը այդ հեռաւոր ազգին որ, լքուած ամէնուն կողմէ, տիտանեան պայքար մը կը մղէր իր գոյութիւնը պահպանելու յամառ ձգտումով։ Կը տեսնէիր թէ ի՛նչպէս քաղաքակիրթ, քրիստոնեայ, անհամեմատ աւելի զօրաւոր ազգեր չէին բարեհաճիր իսկ օգնութեան թեթեւ շարժուձեւ մը փորձել ի նպաստ այդ ազգին, որ, հակառակ իր թշուառ կացութեան, անզանցառելի ազդակ մը եղած է արեւմտեան մտքին ծաւալման գործին մէջ, որ լուսաւորութեան, հոգ չէ թէ համեստ, ջահ մը պտտցուցած է միշտ իր կոխած տեղերը, նոյն իսկ աւերակոյտերու մէջէն, եւ որ այդ իսկ պատճառով, ահա խեցեվճռի կը դատապարտուի արիւնախանձ ճիւաղներու կողմէ։
       Սիրտդ կը մորմոքէր, դիտելով թէ ինչպէս այդ հալածական ազգը, մոռնալով իր բազմադիմի ծառայութիւնները Մարդկութեան դատին, որոնք երախտաւորի արդար արժանիք մը կ’աւելցնէին իր բարեմասնութիւններուն վրայ, եւ, հետեւաբար, իրաւունք կուտային պահանջելու ինչ որ պէտք էր իրեն, ընդհակառակն, իբրեւ զոհ, իբրեւ ընդհանուրէն անիծուած յանցապարտ, գլուխը կախ, արտասուագին՝ օգնութիւն կ’աղաղակէր, նուաղուն աչքերը հզօր «մարդասէր» Եւրոպային յառած, անոր ականջին կը հասցնէր համասփիւռ զարհուրանքի եւ գազանութեան պատմութիւններ, որոնց նմանը ոչ մէկ ազգ արձանագրած է իր տարեգրութիւններուն մէջ, որոնց խորութեան ոչ մէկ լեզու պիտի կրնայ թափանցել։
       Կը տեսնէիր բոլոր ասոնք…
       Եւ որովհետեւ զգալ գիտէիր, եւ որովհետեւ արիասիրտ էիր ամէն ստոր նկատում, ամէն անասնական ինքնահաճութիւն արհամարհելու համար, դուն ալ քու փառաւոր անունդ կցեցիր միջազգային այն ասպետոգի լեգէոնին, որ իրեն սրբազան պարտականութիւն համարած է մոնկոլեան արհաւիրքներու տակ, աւերակներու խորը ճուացող ազգի մը հռնդիւնները լսելի ընել խլացած ականջներու, ընկեր-արարածներու թշուառութեան արձագանգներովը ցնցել բթացած ջիղերը։
       Եւ գիտունի ձայնիդ գոռ շեշտը խառնեցիր այն աղաղակին, որ կը բարձրանար խիզախ բերաններէ պաշտօնական հրէշաւոր անտարբերութեան, քստմնելի սառնասրտութեան մէջ, աչքէ հեռու, սրտէ հեռու նահատակուող ազգին համար Ապրելու Իրաւունքը եւ Արդարութիւն պահանջելով։
       Դուն եղար անոնցմէ, որոնք զգացին առանց այլ եւ այլի թէ իրենց տարրական պարտականութիւնն է թարգման կանգնիլ բիւրաւոր որբերու լեղապատառ ճիչերուն, անհամար այրիներու սիրտ յօշոտող կանչերուն։
       Եւ զարմացար, որ պաշտօնական Եւրոպան ոչ իսկ կը խլրտի։ Եւ գիտունի խորախորհուրդ հայեցողութիւնը թելադրեց քեզի հաւատալ թէ՝ զգացումի ոչ մէկ շիթ մնացած է այսօրեայ մարդկութեան ընդարմացած երակներուն մէջ։
       Ու յետոյ, առաքինի լաւատեսութեան մը պահուն, փորձեցիր հեղ մըն ալ ովկիանոսէն անդին ներարկել բիւրազան ցաւերու շփումէն գոյացած անզուսպ հոսանուտը, խողովակ մը ձեւացնելով ամէնէն հոյակապ անուններէն։
       Եւ յուսախաբ եղար։ Միամիտ Պերթլօ…
       Զարհուրեցար, տեսնելով, որ այնքան ցաւ ու այնքան տառապանք, այնքան լաց ու այնքան հառաչ, այնքան մարդազոհ ու այնքան արիւն բաւական չէին, որ Հին եւ ոչ ալ Նոր աշխարհի «բարեկամեցողութիւնը» շարժելու, ախոյեան կանգնելու ազգի մը, որ ահա կը բնաջնջուի անարգել։
       Տեսար սէրը մեռած, գութը սառած, պարտականութիւնը հեձամահ, ու մարդկութիւնը պարզ մեքենայ մը դարձած, որուն անիւները միայն Անձին Շահուն, Եսին անդորրութեան իւղերովը կը շարժին։
       Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ եղաւ առաջին մտածումդ, երբ պատուական Ռուզվելթը, համասփիւռ հեղգութեան մթնոլորտէն թունաւորուած, կուգար իր կարգին դիւանագիտական եւ պաշտօնական նկատումներու սառնաշունչ համարատուութիւնը ներկայացնել քեզի, իբրեւ պատասխան քու ազնուական կոչիդ, իբրեւ արդարացում իր սարսռալի չկամութեան։
       Միամի՜տ Պերթլօ…
       Չմտածեցի՞ր արդեօք, այդ պահուն, քու հրահոսան Զայրոյթի թափին մէջ, պոռալ հայ ժողովուրդին.
       - Հայե՛ր, կ’ազդարարեմ ձեզի, որ յաւէտ մոռնաք Եհովան, Աբրահամու եւ Իսահակայ Աստուածը, որուն համար կ’ըսեն թէ ամենակարող է, բազումողորմ է, մարդասէր է։ Կը բաւէ որչափ որ երկրպագեցիք անոր։ Կը բաւէ որչափ որ ան հարստահարեց ձեզ, ամէն բան պահանջելով եւ փոխարէն բան մը չտալով, անպայման սէր եւ խոնարհութիւն պատուիրելով եւ, իբրեւ փոխարինութիւն, խուլ ձեւանալով ձեր աղաչանքներուն։ Կը բաւէ՛… Այդ աստուածը խարդախօրէն շահախնդիր է. անյագ վամբիռ մը, որուն ծարաւը չկրցաւ մարել տարիներէ ի վեր ուղխօրէն հոսող արիւնը։ Այդ աստուածը շատ աւելի անգութ է քան առասպելական Մողոքը։ Անիծեցէ՛ք այդ աստուածը եւ անոր տեղ, անոր պաշտամունքին յատկացուած խորաններուն վրայ բարձրացուցէք Նոր աստուածը, ատելութեան եւ զայրոյթի ժահրով շաղախուած ամենակարող Փրկիչը, - Սրբազան ռումբը, զայն հաւասարապէս գործածելու համար ե՛ւ ծոպաւոր սուլթանին, ե՛ւ թագակիր ճիւաղներու, ե՛ւ երիզաւոր պաշտօնակալներու, ե՛ւ դիւանագէտ կոչուած սրիկաներու գլխուն։ Ես, իբրեւ ամէնէն անկեղծ ապացոյցը իմ համակրութեանս, ահա ձեր տրամադրութեան տակ կը դնեմ սեփական բնալուծարանս, որպէսզի հոն անհունապէս ուժեղ, անողորմաբար խորտակող նմոյշներ ձուլէք այդ նոր կուռքէն եւ, անոնց միջոցաւ, ձեր հուր Ատելութիւնը որոտաք, ձեր Կարմիր Արհամարհանքը թքնէք լպիրշ Եւրոպայի եւ պժգալի Ամերիկայի երեսին, որպէսզի ձեր բռնաբարուած հայրենիքին, ձեր հարստահարուած իրաւունքներուն, ձեր մորթուած եղբայրներուն եւ պղծուած քոյրերուն, ձեր կալանաւոր նահատակներուն համարը պահանջէք արիւնկզակ Համիտէն եւ իր արժանընտիր արբանեակներէն, անողորմ, աննախընթաց վրէժխնդրութեամբ։ Ա՛յդ է միակ արմատական, անվրիպելի միջոցը ձեզի համար. ա՛յդ է փրկագործ ռո՛ւմբը - ձեր միակ աննենգ բարեկամը, ձեր դատին հզօրագոյն պաշտպանը։ Զայն գործածեցէք ուր որ Բռնութիւնը կը տիրապետէ, ո՛ւր որ Իրաւունքին գոյութիւնը կþուրանան, ո՛ւր որ կը տեսնէք թէ Մարդկութիւնը դադրած է մարդկօրէն մտածէլէ, եւ միայն որովայնային, անասնական հետապնդումներով կը ղեկավարուի։
       Ա՛յս պիտի ըլլար, չէ՞, անմա՛հ Պերթլօ, քու կտակդ այն ազգին, որուն այնչափ կը համակրէիր գործնապէս, ինքնեկ համոզումով, գիտունի անկանխակալ դատումով, եթէ դառն հարուածը այնչափ անակնկալ կերպով չխլէր սփոփաբար կեանքդ։
       Կամ թէ, քու յուսախաբութեանդ դիւային տենդին մէջ, պիտի ուզէիր ըլլալ գերագոյն ուժ մը, - անսպառ հուր, - ահասփիւռ ծով մը, - ամրակուռ, ահազանգուած մուրճ մը՝ անողոքաբար լափելու, խեղդելու, փշրելու համար ինչ որ բռնութիւն է եւ բռնութեան բերում, ինչ որ ծնունդ է թագակիր յելուզակներու եւ համազգեստաւոր սինլքորներու, կոչուին անոնք վայրենի Համիտ կամ լիրբ Վիլհելմ, մեղկաբարոյ Էտուըրտ կամ ցաւագար Նիկոլա, Ֆոն Պիւլով կամ Զէքի փաշա։
       Չէ՞, բարի Պերթլօ…։
      
       ԲԱՐԲԱՐՈՍ
       Պոլիս, 2 Յունուար 1907