Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՆԱԽ ՁԵՐ ՄԵՂՔԸ
      
       ԽԱԼԻՏԷ ԷՏԻՊ ՀԱՆԸՄԻՆ
      
       An orphan’s curse would drag to hell
       A spirit from on high;
       But oh! more horrible than that
       Is the curse in a dead man’s eye!
       Seven days, seven nights, I saw that curse,
       And yet I cound not die.
      
       S. T. COLERIDGE
      
       Կարդացի Ձեր սրտառուչ խոստովանանքը, «Ուիլսընի պայմաններուն հանդէպ»։ Եւ ուզեցի լալ, Տիկի՛ն։ Ուզեցի լալ որովհետեւ ինծի այնպէս եկաւ թէ ձեր աչքերէն ալ արցունք հոսած է անոր ամէն տողը գրած ատեն։
       Բայց ափսո՜ս, արցունքն անգամ, արտասուելու ընդունակութիւնն անգամ կորսնցուցած ենք մենք, Էտիպ հանըմ։
       Մետասաներորդ ժամու հառաչանքներուն մէջ, որոնք քանի մը շաբաթէ ի վեր կ’ոգեւորեն թուրք մամուլը, ձերինը առաջին արի փորձն է ճշմարտութեան մօտենալու, յանդգնութիւն մը, որուն անատա՜կ է տակաւին ա՛յսօր թուրք մտաւորականութիւնը։
       Գոնէ այն զարհուրելի սպանդէն, որուն ենթարկուեցաւ խժդժօրէն գրական եւ գործիչ հերոսներու անմահ փաղանգը»։
       -Ի՞նչ կրնայինք ընել, ի՞նչ կրնայինք գրել. պատերազմ կար, պատերազմական ատեան կար, պաշարման վիճակ կար… Քաղաքական տեսակէտով ամէնէն թեթեւ պատիժը «իտամ» էր։ (Ալի Քէմալ)։
       Մոխիր ցանէիք ձեր գլխուն եւ լաչակ մը կապէիք, Քէմա՛լ պէյ։
       Չեմ գիտեր ո՛րեւէ պատմութեան մէջ եղա՞ծ է աւելի մեծ անարգանք մտաւորականութեան դէմ, աւելի նուաստ, աւելի գետնաքարշ սրբապղծութիւն քան այս։
       Զգացե՜ր են, տեսե՜ր են, հասկցնե՜ր են, որ գէշ բաներ կ’ըլլան»։
       Եւ սակայն, որովհետեւ պատերազմական ատեան կար, իրենց խիղճը հանգստացուցեր են երեսը անդին դարձնելով, երկու հառաչ, կաթիլ մը արցունք թափելով, իբրեւ թէ պարզ յուղարկաւորութեան թափօր մը անցած ըլլար պատուհանին առջեւէն։
       Ամբողջ պետութեան մը փլուզումը ու թաղումը կը պատրաստուէր. տեսե՜ր են ամբողջ ժողովուրդի մը ոչնչացումը, բնաջնջումը գլուխ կը հանուէր գիտե՜ն եղեր եւ բոլոր սարսափները, այս թաւալգլոր անկումն ու քայքայումը փութացնողներն ալ «քանի մը հոգի» են եղեր այս ալ իրենք կ’ըսեն, եւ սակայն լռեր են, խուլ ու համր դարձեր են, քանի մը ախ ու վախով, երկու անէծքով ամէն հաշիւ փակեր են իրենց խղճմտանքին, իրենց գիտակցութեան, իրենց պատիւին հետ…
       Լացէ՛ք, Էտիպ հանըմ, լացէ՛ք։ Բայց ո՛չ մեզի համար, ո՛չ Հայ ժողովուրդին հանդէպ գործուած այն Ոճիրին համար, «որուն նմանը ո՛չ թէ ազգերու պատմութեան մէջ, այլեւ Օսմանեան պատմութեան մէջ իսկ չէ՛ տեսնուած»։ Ատոր համար շատ ուշ է արդէն։
       Այլ լացէ՜ք թուրք մտաւորականութեան վրայ, որ աշխարհադղորդ աղէտին հանդէպ աւելի անարժան, աւելի ապիկար գտնուեցաւ քան մեր փառապանծ «անձնազոհ ու վեհոգի թուրք գիւղացին», որ չկրցաւ, օրինակի համար, Զօհրապ մը, Վարուժան մը, Սեւակ մը իսկ ազատել…
       Լացէ՛ք, որովհետեւ օրուան այս ժամուն իսկ, ուր պատերազմը իր վերջին շունչը կը հեւայ, ուր գրաքննութիւն չկայ, իտամի վախ չկայ, գերագոյն հաշուեյարդարութեան, ինքնաքննութեան այս ժամուն, այդ մտաւորականութիւնը տակաւին մտավա՜խ է, երկչոտ, սմսեղուկ ճամարտակութիւններով կ’արտայայտուի, գերի՜ է կանխակալ կարծիքներու, կը ծամծմէ ճշմարտութիւնները, Հայկական Մարտիրոսագրութեան հանդէպ գործածելով այնպիսի ոճեր, արտայայտութեան այնպիսի ձեւեր, որոնք առնուազն հայհոյութիւն են։
       Կը կարդամ, ու կը կարդամ, կը փոխեմ թերթերը, կը վերլուծեմ նախընտրած գրագէտներս ու հրապարակագիրներս, և ափսո՜ս, դեռ չհանդիպեցայ մէկուն, որ ձեզի չափ սիրտ ունենար, ձեզի չափ ճիգ փորձէր շիտակ խօսելու։ «Պիր գըսմ վաթանտաշլարըն եուվալարը պոզուլտու… Էրմէնիլէրէ չոգ ֆէնալըգլար օլտու, պազը վաթանտաշլար էօլտիւրիլտի», եւայլն։ Ահա թուրք մամուլին հայեացքն ու լեզուն՝ ազգի մը հանդէպ, որ արդարութեան համար բնաջինջ եղաւ, որ ուզեց իր տեղն ունենալ արեւուն տակ եւ որուն խլեակները հարիւրին տա՞սը աւելորդ կսկիծ մըն ալ կը կրեն այսօր, տեսնելով ճշմարտութիւնը այսքան յօշոտուած, այսքան թրփատ ու անկենդան, ծաղրանկար մը՝ որ մազեր կը ցցէ։
       Ու ակամայ աչքիս առջեւ կը կանգնին, միս ու ոսկոր կը դառնան, երկերկու, չորս չորս իրար կապուած, մանգաղով փետատով, բահ ու բրիչով յօշոտուած դիակները, տոպրակներով գետամոյն մանուկները, ողջ ողջ թաղուած բազմութիւնները, հրապարակով աճուրդի հանուած կիները, սրայօշ, թոպամահ բեկորները, ժայռերէ թաւալգլոր ջարդ ու փշուր մարմինները, հրկիզուած, ցիցի զարնուած անմեղները եւ շարան շարան կախաղանները. Բոլո՛րը, բոլո՜րը լեզու կ’ելլեն ու ինծի կը նային ու ձեզի կը նային պտղած աչքերով։
       Ու կը սոսկա՛մ, կը սոսկամ. որովհետեւ,
      
       …Աւելի քստմնելի է
       Անէծքը՝ մեռած մարդու մը աչքին մէջ.
      
       Հապա դո՞ւք, որ Լա մոռ բռոմիզը արտադրած էք, որ մինչեւ Դամասկոս պտտած եղաք։
       Եւ կիրքը չէ, որ կը խօսի մեր մէջ, յարգելի Էտիպ հանըմ։ Բայց իբրեւ մտաւորական, երբ այնքան նախանձախնդիր էք «անմեղ թուրք ազգի ճակտին քսուած կեղտ»ին, կը սպասէինք, որ նախ ձեր՝ այսինքն մտաւորականութեան մեղքերը սրբուէին. օտար դատաստանին առաջ, դուք ձեր հետ, ձեր խղճմտանքին, ձեր կոչումին հետ դատի նստէիք։
       Նախ ա՛յս, եւ յետոյ «անմեղութեան» այն միւս հարցը, որու մասին ալ կը խօսիմ, եթէ տրամադիր էք լսելու, եւ աւելի մտերմօրէն եթէ կ’ուզէք։
      
       1918 Հոկտ. 24