ՀԱՒԱՏՔ
Ուշ
գիշերին
հասաւ
գիւղը,
անօթի,
ուժաբեկ,
բոլորովին
անտրամադիր։
Ի՜նչքան
ճամբայ
էր
կտրած։
Եւ
ո՞վ
եղաւ
վկայ
իր
ուղեւորութեան
տաժանքին։
Ճանապարհորդութիւն,
ձիւն-ձմեռով,
գիշեր
ժամանակ,
մեր
հայրենի
երկրին
մէջ…
Բուք
եւ
սառնամանիք։
Ամեհի
անհարթութիւններ։
Գետակներ՝
անծանօթ
հուներով։
Լեռնամէջ
անցքեր՝
անդնդային
գահավէժներով։
Ու
խաւար,
խաւա՜ր։
Երկուքն
ալ,
ինքն
ու
ձին,
իրենց
ուրոյն
տագնապներն
ունէին։
Ընտանի
նախազգացում
մը
կը
պրկէր
իրենց
ջիղերը՝
հանդէպ
երկու
կախարդիչ
նենգութիւններուն,
բնութեան
ու
մարդուն։
Ապաւինած
բիբերու,
ռունգի,
սմբակի
հինաւուրց
վարժութեան
մը,
կը
քալէին
երկուքը,
ձին
ու
մարդը,
քով
քովի,
կողք
կողքի.
կը
քալէին
ձիւնին
մէջ,
խաւարին
մէջ,
լեռներն
ի
վեր։
Դե՜հ,
դուք
եղե՞ր
էք
ուղեւոր
հայրենի
լեռներու
մէջ,
քաղաքէ
քաղաք,
գիւղէ
գիւղ,
նոյնիսկ
լեռնային
կայքէ
ուրիշ
հանգրուան
մը,
ձիւն-ձմեռով,
ուշ
գիշերին։
Ճանապարհո՜րդ
ես,
մեն-մենակ,
եւ
ահա՝
հրացանակիրն
է,
որ
կ’ուզէ
բլթակը
շօշափել…
Ա՛յնպէս,
արիւնի
արբեցութիւնն
ունի
ան.
ոճիրը
կը
գործէ
ոճիրին
համար,
վարժութեամբ
համաձայն
աւանդութիւններու,
զորս
հայրեր
փոխանցեր
են
որդիներուն
եւ
զորս
թոռներ
կ’ուսանին
յաջորդ
սերունդին
համար։
*
Իր
առաջին
ուղեւորութիւնը
չէր
այս,
նման
ճանապարհներէ,
նոյն
խենթ
բաղձանքներով
տենդահար։
Բա՜հ,
այս
տաժանքն
ի՛նչ
էր,
որ
իր
երէկուան
մարտիրոսութիւններուն
քով։
Ինք
ունեցաւ
օրեր,
երբ
արտի
մը
ափը,
քարայրի
մը
խորը
քնանալու
արկածախնդրութիւնն
իսկ
պերճանք
մը
կը
նկատէին։
Դեռ
քանի՞
տարի
առաջ
էր,
երբ,
թշուա՜ռ
վտարանդի,
կը
փախչէր,
կը
փախչէ՜ր
աւելի
ահաւոր
պայմաններու
մէջ,
հալածուա՜ծ
մարդերէն,
ենթակա՜յ
տարրերու
ձմեռնային
սանձակոտոր
մոլուցքին։
Կը
վազէր
դաշտերու
մէջէն,
ձորերն
ի
վար
թաւալխգլոր.
կը
վազէր
դէպի
սահմանը,
մոլորած
ձիւնի
այդ
անսահման
տարածութիւններուն
մէջ,
մաքառելով
խաւարին
դէմ
ու
տարրերուն
դէմ։
Ու
ճանապարհին,
ընկճուած
անօթութենէն
եւ
տագնապներէն,
հոգեկան
անլուր
խոնջէնքի
մը
ճնշումին
տակ,
ինքզինքը
գլխիվայր
կը
նետէր
բարձր
գահաւանդէ
մը,
մէկ
անգամէն
վերջացնելու
համար
տանջանքի
եւ
ալեկոծութեան
երիտասարդ
անգիր
պատմութիւնը,
որ
իր
կեանքն
էր։
Վրիպեցաւ
շարժուձեւը՝
փորձուած
իր
իսկ
կեանքին
դէմ։
Ու
այնուհետեւ,
տարիներու
ընթացքին,
իր
կենսագրութիւնը
ճոխացաւ
նոր
դրուագներով,
տարբեր
փորձառութիւններով,
որոնք
կաթիլ
կաթիլ
կը
թունաւորէին
իր
պայծառ
հոգին։
Թերեւս
ոչինչ
այնքան
կոպտօրէն
ցնցած
էր
իր
էութիւնը,
որքան
անցքը,
որ
տեղի
ունեցաւ
հայ
գիւղի
մը
կուշտին,
հայ
գիւղացիներու
շնորհիւ…
Կռիւ
էր,
իսկական
ճգնաժամ։
Երեք
էին
իրենք,
իսկ
թշնամին՝
բազմութիւն
մը
տարացեղ
գիւղացիներու,
որ
արիւնի
ու
թալանի
ցանկութիւն
ունէր,
ու
սրբազան
մոլեգնութեամբ
մը
իր
սահմաններէն
կը
հալածէր
անծանօթները։
Հրացանաձգութիւնը
ազդանշան
մը
եղաւ
եւ
հարեւան
գիւղերէն
ալ
օգնական
ուժեր
հասան
ամբոխին։
Երեք
հալածականները,
ինքնապաշտպանութեան
գերագոյն
թափի
մը
մէջ,
չէին
գիտեր
իրենց
յուսահատական
կացութիւնը,
եւ
կը
շարունակէին
պատասխանել։
Ահա
ինկաւ
իրենցմէ
մէկը։
Միւս
երկուքը
շարունակեցին
կռուիլ,
միաժամանակ
նահանջելով
դէպի
հայկական
գիւղը,
գոնէ
նոր
ուժերու
սպառնալիքով
թշնամին
ահաբեկելու
համար։
Յաջող
էր
ռազմավարութիւնը։
Խուժանը
անընդհատ
կը
կրակէր.
բայց
երկու
փախստականները
քանի
կը
մօտենային
հայ
գիւղին,
յարձակողներու
բազմութիւնը
այնքան
աւելի
կը
նօսրանար.
գնդակները
այնքան
աւելլի
կը
վրիպէին։
Ճիգ
մըն
ալ.
թերեւս
վերջին
փափուշտն
էր,
որ
կ’արձակէին։
Եւ
արդէն
հասեր
էին
գիւղը։
Այլեւս
ապահով
էին։
Ու
այդ
գիտակցութիւնը,
մանաւանդ
գրկաբաց
ընդունելութեան
մը
հեռանկարը՝
առժամաբար
կը
մոռցնէր
իրենց
տագնապները,
կը
կազդուրէր
զիրենք։
Հայ
գիւղացինե՜ր
էին,
եւ
իրենք՝
սարերն
ինկած
հալածականներ…
Գիւղը
արթուն
էր
արդէն։
Ու
ահա
կը
սպասէին,
որ
ձեռքէ
ձեռք
պիտի
խլէին
զիրենք.
ահա
պիտի
կռուէին
իրարու
հետ,
երկու
փախստականներուն
հիւրընկալութեան
նախապատուութիւնը
կորզելու
համար։
Միամտութի՜ւն։
Գիւղացիները,
խոհեմ
մարդեր,
կէս-քուն
կէս-արթուն,
սպասեցին
մէկ
ժամ,
երկու
ժամ։
Ուր
երբ
այլեւս
վտանգը
փարատած
նկատեցին
այդ
օրուան
համար,
իրենք
կտուրներուն
տակ
ապաստանեցան
հատ-հատ,
առանց
չորս
բոլորը
նայելու,
առանց
ետեւ
դառնալու։
Կէս
ժամ
չէր
անցած,
երբ
բովանդակ
գիւղը
խրեցաւ
մահուան
քունի
մը
մէջ,
եւ
երկու
օտարականները՝
իրենք
զիրենք
գտան
մեն-մինակ
աղբիւրին
ափը,
առանձին՝
իրենց
անօթութեան,
իրենց
խոնջէնքին,
իրենց
դժոխային
անձկութիւններուն
հետ։
Ֆիզիքական
քայքայումը
զսպեց
դառնութեան,
յուսախաբութեան
եւ
զզուանքի
զգացումները.
եւ
երկու
հալածականները
զիջեցան
անձամբ
դիմելու,
դուռներն
ափ
առնելու
տագնապին
ալ։
Ու
զարկին։
Քանի՜
դուռներ։
Ո՛չ
մէկ
պատասխան։
Երբեմն,
խռպոտ
ձայն
մըն
էր,
որ
վախն
ի
վախը
հարցում
կ’ուղղէր
եւ
բացասական
պատասխան
մը
կը
փութացնէր։
Աւելի
յաճախ՝
մռլտուքներ,
ստոր
կշտամբանքներ
էին,
որ
կ’արձակուէին
լուսամուտներու
ետեւէն։
Իսկ
դուռներ
կային,
որ
կը
մնային
բոլորովին
խուլ,
հակառակ
ոտքի,
ձեռքի
եւ
փայտի
հարուածներու,
հակառակ
աղեկտուր
կոչերու։
Օրհասական
այդ
պահուն,
երբ
ոչ
իսկ
ոտքի
վրայ
մնալու
կարողութիւնն
ունէին,
յուսահատական
ջղաձգութեան
մը
մէջ,
իրենց
ուժի
վերջին
մասնիկները
հաւաքեցին
երկուքն
ալ,
ու
հեռացա՜ն,
խաւար
գիշերով
անդարձ
մեկնեցան
հայ
գիւղէն,
ո՞վ
գիտէ,
կրկին
սարի
մը
ստորոտը
հանգչեցնելու
իրենց
փշրուած
անդամները…
*
Կը
յիշէ՜ր
այս
բոլորը,
ու
դեռ
ուրիշ
անցքեր,
զարհուրելի
հիւսքեր՝
աննախընթաց
տառապանքի
մը։
Եւ
սակայն,
պէտք
էր
շարունակել
ճանապարհը…
Ու
այս
անգամ
ալ,
ներկայ
աւետաբեր
օրերուն
ալ,
հին
հուրքն
էր,
որ
կ’ոգեւորէր
զինքը,
կը
մղէր
գործի։
Կուսական
խանդավառութիւն
մը,
ստեղծագործ
ինքնախաբէութիւնը
նուաճեր
էին
ուրիշ
ամէն
զգացում,
իր
սիրահար
տղու
յոյզերն
իսկ։
Նոր
կեանքի
կազմութեան,
վերածնութեան
ծրագիրներ,
-
ի՜նչքան
ունէր
անոնցմէ,
մշակ
ժողովուրդին
համար,
գիւղացիներուն
համար։
Ո՜հ,
այդ
գիւղացիները…
Մօտէ՜ն
կը
ճանչնար
շատերը,
բազմութիւնը
այդ
երկչոտ,
այդ
մանր,
այդ
այլասերած
մարդերուն,
որ
կը
զայրանա՜ն,
եթէ
փորձես
ցնցել
իրենց
անկենդանութիւնը,
եթէ
ուզե՜ս
կեանքի
կոչել
զիրենք։
*
Եւ
սակայն,
հարկ
էր
շարունակել։
Կենսական
հարց
մըն
էր,
զոր
այդ
գիշեր
դրած
էր
սեղանի
վրայ,
տասնեակ
գիւղերու
ճակատագիրը
շօշափող
հարց
մը։
Հազար
ճիգերով,
յաջողեցաւ
ժողով
մը
կարգադրել
այդ
օրը,
եւ
ինքն
ալ
գնաց
գիշերանց,
անօթի
եւ
ուժասպառ,
այլ
միշտ
ոգեւոր։
Հաւաքուեր
էին
բոլորը։
Ու
իր
վրայ
լաւ
ներգործեց
այդ
երեւոյթը։
Եկաւ,
ձին
յանձնեց
շինականի
մը,
եւ
ուղղակի
բարձրացաւ
բեմ։
Կը
խօսէր,
կը
յորդորէր.
ծրագիրները
կը
բացատրէր
ու
կը
խանդավառէր։
Իր
իւրաքանչիւր
թելադրութիւնը
տուն
կուտար
մոլեգին
ծափերու։
Իր
արեւ-օրերուն
համար
բարի
կանչեր
կը
թռէին
կոկորդներէ։
Ժողովը
տեւեց
մինչեւ
կէս
գիշերը
երեք
ժամ
անց։
Ձեռքի
սեղմումներ,
խրախոյս,
սիրալիր
հրաժեշտ,
արդէն
ցրուեր
էին
գիւղացիները։
Ուրիշ
ամէն
հոգէ
առաջ,
մտածեց
իր
ձին,
իր
տառապալից
գործունէութեան
համր
վկան։
Թշուա՜ռ
անասուն.
տասը
ժամէ
ի
վեր
մնացեր
է
անօթի,
ծարաւ.
մնացեր
է
ցուրտին
տակ,
անպատսպար,
ու
կը
դողայ,
ու
իր
մատնե՛րը
կը
լզէ
աղիողորմ
վրնջիւնով։
Գիւղացիները,
լայն
խղճմտանքով
մը,
ապաստաներ
էին
իրենց
երդիքներուն
տակ։
Մնացորդ
քանի
մը
հոգին՝
երդում-պատառ
կ’ըլլային,
թէ
խնամած
են
անասունը,
թէ
կերակրած
են
ու
ջրած…
Սո՜ւտ։
Այնքան
մտերիմ
էր
այդ
տանջահար
անասունին
բնազդին
եւ
ցաւերուն։
Չկրցաւ
տանիլ
այս
անպատկառութիւնը։
Ու
տակաւին
չէր
անդրադարձած
իր
իսկ
կացութեան։
Անգամ
մըն
ալ,
հզօր
կամեցողութեամբ
մը,
մոռցա՜ւ
թէ
անօթի
էր,
թէ
իր
ուժերը
կը
դաւաճանէին
արդէն։
Գիշերանց,
ժամը
տասնին,
նորէն
ճամբայ
ինկան
երկուքն
ալ,
ինք
ու
ձին։
Իսկապէս,
չէր
գիտեր
թէ
ի՛նչու
կ’երթար,
ո՛ւր
կ’երթար
այդ
անյարմար
պահուն,
անօթի,
անզէն,
անընկեր…
Քանի
մը
գիւղացիներ
կը
փորձէին
ըսել,
խարդախ
ժպիտով
մը,
որ
մնայ
գիշերը։
Բայց
անմիջապէս,
կարծես
զղջալով,
կը
կցէին։
-
Ճամբաները
չոր
են.
օդն
ալ
մեղմացած…
Անոնք
էին,
իր
արեւ-օրերուն
մաղթերգուները։
Անքուն,
անօթի,
քայքայուած
ֆիզիքապէս
ու
բարոյապէս,
կուրծքը
հեւալիր՝
անհնարին
յուզումով
ու
զայրոյթով
մը,
որ
կը
սպառնար
պոռթկալ
եւ
ամէնէն
լեղի
խօսքերն
արտասանել
մարդուն
դէմ,
աշխարհին
դէմ,
ճամբայ
ինկաւ
գիշերուան
այդ
ժամուն,
անցաւ
արկածալի
արահետներէ։
Պիտի
քալէ՜ր
մինչեւ
լուսաբաց։
Եւ
երեք
ժամուան
թափառումներու
միջոցին,
պատահեցաւ,
որ
դեգերի
անդունդի
մը
ափը,
պատահեցաւ,
որ
իր
անդաւաճան
մտերիմը՝
Կապոյտը,
սայթաքի
եւ
ճգնաժամեր
անցընէ
ձիւնին
մէջ…
Պահ
մը
կանգ
առաւ
առուակի
մը
եզերքը։
Մարմինը
ընդարմացած՝
ոչինչ
կը
զգար
ցուրտէն
ու
յոգնութենէն։
Դառնութիւնն
ու
ցասումը
բթացուցեր
էին
ուրիշ
ամէն
զգացողութիւն։
Փորձեց
նստիլ
քարին
վրայ։
Կը
հեւար,
ու
մաղձի
փրփուրներ
կը
կազմուէին
բերնին
մէջ։
Յանկարծ,
անիմանալի
տենդի
մղումով,
խելայեղ
ու
անզուսպ,
խոյացաւ
անասունին
վրայ,
համբուրեց,
համբուրե՜ց
զայն
անյագօրէն,
մոլեգնօրէն։
Ուղղակի
կը
ծծէր
անասունին
մորթը,
խանդաղատանքով,
երկիւղածութեամբ
շրթներուն
կը
տանէր
անոր
բաշը։
Քիչ
մը
կը
կենար.
ու
աւելի
բուռն
թափով
մը
կը
համբուրէր
ճակտէն։
-
Դուն
աւելի
բարի
ես,
Կապո՛յտ…
դուն
աւելի
ազնիւ
ես…
Այդ
խելագար,
այդ
հրակէզ
ողջագուրումը՝
յաջող
վրէժի
մը
ներգործութիւնն
ունեցաւ
իր
վիրաւոր
զգացումներուն,
իր
գրգռուած
ջիղերուն
վրայ։
Հոգին
խաղաղեցաւ
աստիճան
մը։
Կրկին
նստած
էր
քարին
վրայ,
ու
կ’արտասուէր,
տղու
յորդ,
վճիտ
արցունքներով։
-
Փճացեր
են…
այլանդակուեր
են…
բայց
էլի՛
աշխատենք…
Սրբեց
աչքերը։
Ձեռք
առաւ
ձիուն
սանձը
ու
կը
պատրաստուէր
շարունակել
ճանապարհը։
-
Ափսոսա՜նք
սպառած
կորովներուն
վրայ…
բայց
դա՛րձեալ
քայլենք…
Լոյսը
նոր
կը
բացուէր։
«Ազատամարտ»,
1912
Յունուար
21