Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՄԸ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԸ
      
       Կը նօսրանան, կը նօսրանան սրընթաց։ Իբրեւ թէ մահաբեր խորշակ մը պայթած ըլլար հայ մտաւորականութեան գլխուն։
       Յ. Օշականի մահով օղակ մը եւս կը փրթի։ Նոր խրամատ մը, երէկուան եւ այսօրուան միջեւ։
       Եթէ փորձէինք համրել միայն 1940էն ի վեր պատահած մահերը, անուններու արձանագրութիւնն անգամ սարսուռ պիտի պատճառէր։
       Երկու սերունդներ են, որ կ’անհետանան յաջորդաբար, իրենց ետին ձգելով բազմակողմանի վաստակ մը։ Անդրանիկ սերունդ, երէց սերունդ, - կոչեցէք ինչպէս որ կ’ուզէք։
       Առաջինէն շատեր ողջ մնացած էին Պոլիս, Կովկաս եւ Արտասահման։ Վերջին աշխարհամարտէն ի վեր, ինչ որ կը շնչէ, մէկ երրորդն իսկ չի կազմեր։
       Եւ հիմա կարգը եկած է 55-60-65նոցներուն, որոնց երիտասարդութիւնը մաշեցաւ օտար ափերու վրայ։
       Ի՞նչ օգուտ ողբուկոծէն։ «Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով»։ Պիտի քալենք մինչեւ անխուսափելի վախճանը։
       Մեր հիմնական մտահոգութիւնը պիտի ըլլայ անվկանդ շարունակել վարուցանը, որպէսզի անտէր չմնայ ժառանգութիւնը։ Որպէսզի նոր ու յարաճուն ուժերով լեցուին պարպուած դիրքերը։
       Ուրեմն, ուսանիլ եւ ուսուցանել։
       Հայրենիքին մէջ բնական ճամբով կը հասնին յաջորդները։ Կը բաւէ, որ հարթիչ գլանը չբանի պարբերաբար, թերխաշ կաղապարի մը վերածելով թեկնածուն կամ բոլորովին մէկդի նետելով, իբրեւ «բուրժուա-նացիոնալիստական»։
       Միջին Արեւելքի մէջ, նոյնպէս բարեբեր է գետինը։ Մանաւանդ եթէ աւելի լայն աղբիւրներ տրամադրուին։ (Հայկական միլիոններ կը հալին, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի մէջ, ֆրանք, սթերլին, տոլար, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ…)։
       Ալ չխօսինք եւրոպական եւ ամերիկեան գաղութներու մասին, ուր միջավայրը բոլորովին տարբեր է։
       Այնտեղ ալ տաղանդներ կը ծաղկին հասնելով ակնածելի բարձրութեան։ Բայց, հետզհետէ հեռանալով հայկական հորիզոնէն։ (Որքան հայ գիտնականներ, դասախօսներ ամերիկեան համալսարաններու եւ ուրիշ հաստատութեանց մէջ, առանց հաշուելու գրագէտ բանաստեղծները)։
       Կացութիւնը կը պահանջէ զօրաշարժ մտաւոր ուժերու։ Համախմբում եւ աշխատանք։ Այն գիտակցութեամբ թէ ի վերջոյ աշխարհացրիւ ժողովուրդը եւ հայրենիքն են, որ պիտի տուժեն, եթէ նոր ճրագներ չվառին։ Եթէ անհետացողին աչքերը ետին մնան։
       Նորերը ոչինչով պակաս են, ասպարէզ նետուելու, դիրքեր գրաւելու, աւելի խոր եւ բեղուն ակօսներ բանալու համար։ Ընդհակառակն։ Եւ կը վայելեն թանկագին առաւելութիւն մը, լայն պատեհութիւն ազատօրէն զարգանալու։
       Երէց թէ կրտսեր, միշտ պիտի չմոռնան մէկ տարրական գիտելիք, - իրենք աւելի բարձր չեն քան այս դարաւոր ժողովուրդը։
       Ուրեմն, պարտաւոր են ծառայել նուիրումով։ Ո՛չ թէ իբրեւ տարապարհակ աշխատանք։ Այնուհետեւ յաջողութիւնը ինքնին կուգայ, ամէնէն առաջ իրենց հոգին կազդուրելով։
       Այն սերունդը, որ իր վերջալոյսը կ’ապրի, հետզհետէ կը հատնի, չվհատեցաւ ամէնէն ծանր խոչընդոտներու, ընդվզեցուցիչ բռնութեանց առջեւ։ Յաջորդները ինչո՞ւ ընկրկին, խեղճանան, բաղդատաբար տանելի պայմաններու մէջ։
       Ամէն տեղ ալ, գիտակից եւ անձնուէր փոքրամասնութիւն մըն է, որ կը հարթէ ճամբան, իր ետեւէն քաշելով ուրիշ ընդունակ ուժեր։
       Թեւ տանք այդ փոքրամասնութեան, բարոյապէս թէ նիւթապէս։ Թեթեւցնենք անոնց մտահոգութիւնները, տրամադրելով ամէն յարմարութիւն։
       Ինչ որ կը թելադրենք, երբեք վեր չէ մեր ուժերէն։ Ապացոյց՝ ներգաղթի հանգանակութիւնը, որ միլիոններ արտադրեց։
       Երբեմն հոգեկան թշուառութիւնը աւելի մեծ աւերներ կը գործէ քան նիւթական տագնապը։ Այս ժողովուրդը հիւանդանոց, դպրոց եւ եկեղեցի պահած է տասնոցներով, Պոլսոյ մէջ եւ այլուր։
       Բայց ինչո՞ւ վկայութեան կանչել անցեալը, երբ ամէն օր մեր աչքերուն առջեւ կը տեսնենք շատ աւելի պերճախօս եւ կենդանի պատկեր մը։
       Ամբողջ գիւղեր, քաղաքներ ծաղկած են երէկուան հիւղաւաններուն տեղ։ Դպրոցներու ցանց մը՝ հազարաւոր աշակերտներով։ Արհեստագիտական յաղթանակներ՝ ամէն ճակատի վրայ։ Եւ այս բոլորը՝ նախնական միջոցներով։ Կրնայինք ըսել՝ արիւն քրտինքով եւ եղունգներով։
       Դեռ չենք խօսիր աւելի հեռաւոր գաղութներու մէջ կատարուած նուաճումներու մասին, բոլորն ալ արդիւնք ինքնավստահութեան եւ յարատեւ աշխատանքի։
       Շինարար գործունէութեան նոյն տենդը՝ մշակոյթի ճակատին վրայ, որպէսզի արշալոյսները անընդհատ յաջորդեն վերջալոյսներուն։
      
       Հալէպ, 1948