ԽՐԱՄԱՏԸ
1.
Ահա
վեց
ամիս
է,
որ
անփոփոխ
Պայծառը
կը
կանչէին
լուացքի
համար,
-
գաւառացի
կին
մը,
որուն
գարուն
օրերը
տաշտերու
գիրկը,
անոնց
յաճախ
պիղծ
աղտոտութիւններուն
շոգիովն
էին
խանձոտած։
Շատ
գոհ
չէին։
Գոհ
կրնա՞յ
ըլլալ
ունեւորը,
երբ
իր
գրպանէն
բան
մըն
է,
որ
կը
պակսի։
Սակայն
լուրջ
դժգոհութեան
ալ
զօրաւոր
պատճառ
մը
չունէին։
Աղան,
օրուան
գործերուն
հոգերովը
մտալլուկ,
հազիւ
թէ
կը
հետաքրքրուէր
տունի
տաղտուկներով։
Եւ
տիկինը
լիովին
կը
գոհացնէր
իր
պակասը,
թէ՛
իբրեւ
ունեւոր
տանտիրուհի,
որ
գիտէ
խղճմտօրէն
շահագործել
վճարած
դրամին
իւրաքանչիւր
մասնիկը,
եւ
թէ,
աղային
բացակայութեանը,
իբրեւ
տունին
լիազօր
տէրը,
որ
իր
յարմար
դատած
եղանակով
կը
տնօրինէ
գործերը,
-
կը
քակէ,
կը
շինէ,
կ’արձակէ
կամ
կը
վարձատրէ։
Ու
ահա
վեց
ամիս
է,
որ
միշտ
Պայծառը
կը
կանչէին
իրենց
լուացքին
համար։
Սովորաբար
20-25
ղրուշ
էր
իւրաքանչիւր
լուացքին
գինը.
սակայն
տիկինը
իր
ճարպիկութիւնը
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
փայլեցուցած
էր
էրկանը
աչքին,
15ի
կապելով
սակարկութիւնը։
Եւ
Պայծառ
ընդունած
էր։
Կրնա՞ր
չընդունիլ,
երբ
բուռ
մը
ժիժ
ու
միժեր
իրեն
կը
սպասէին
սովալլուկ,
ու
ինք
անոնց
մայրիկն
էր,
եւ
հայրիկը։
Վերջին
անգամ
երբ
զինքը
կանչեր
էին,
Պայծառը
տրտում
էր,
անսովոր
տրտմութեամբ
մը
նկուն,
եւ
հազիւ
պահէ
պահ,
նուաղուն
ժպիտ
մը
կը
կծկէր
իր
աւերակ
դիմագիծը։
Տրտում
էր
Պայծառը,
եւ
լրջօրէն,
ու
արտակարգօրէն։
Ամէնէն
քարսիրտն
իսկ,
իր
ա՛յդ
օրուան
արտայայտութեան
առջեւ,
խղճահարութիւն
մը
պիտի
զգար,
պիտի
ուզէր
մտերմանալ
իրեն
հետ,
պրպտել
ցաւը,
վշտակցիլ
իրեն
եւ
մխիթարութեան
բորբոսած
բանաձեւը
շշնչել.
-
Աստուած
ողորմած
է,
աղջիկս,
ի՞նչ
ընենք,
ճակատագիր
է…
Բայց
պայծառը
լուացարարուհի
էր,
-
մէկը,
որ
ուրիշներուն
աղտերը
կը
մաքրէ,
որպէսզի
հացի
դրամ
հանէ։
Եւ
ո՞վ
պիտի
ուզէր
մտերմանալ
լուացարարուհիի
մը
հետ,
պրպտել
անոր
ցաւը,
վշտակցիլ
անոր,
սփոփել
զայն,
եւ
մխիթարութեան
հոգ
չէ
թէ
բորբոսած
բանաձեւը
շշնչել։
Ո՞վ,
եթէ
ոչ
իր
բախտակիցները,
եւ
իր
բախտակիցներէն
անոնք,
որ
կը
ճանչնային
զինքը։
Ու
Պայծառը
քիչ
ունէր
այդ
կարգի
բախտակիցներ,
-
քանի
մը
հոգի,
գիւղացի
կիներ
իրենց
պէս,
որոնք
ունեւոր
տուներու
մէջ
մէկ
մէկ
անկիւն
գտած,
տաժանելի,
տառապագին
գոյութիւն
մը
կը
քաշքշէին,
քանդուելով,
հիւծուելով
օրէ
օր,
յամր
բայց
անվրէպ։
Ո՞վ
պիտի
զիջանէր
հետամուտ
ըլլալ
լուացարարուհիի
մը
հոգերուն՝
ունեւոր
տան
մը
մէջ։
Եւ
շատ
բնական
բան
մըն
էր
երբ,
ա՛յն
օրը,
Պայծառին
չհարցուցին
իսկ
թէ
ինչո՛ւ
տխուր
էր,
թէ
ինչո՛ւ
այնքան
քայքայուն
երեւոյթ
մը
ունէր։
Ոչ
մէկը
հետաքրքրուեցաւ
երբ,
լուացքի
պահուն,
յաճախ
ուժի
նուազումներ
կ’ունենար,
ձեռքերը
հազիւ
թէր
կրնային
բռնել
ճերմակեղէնները,
եւ
օճառը,
որ
երբեմն
իր
պիրկ
մատներուն
ճնշումը
կը
մատնէր,
այն
օրը՝
լպրծուն՝
կը
սահէր
կ’իյնար,
եւ
առտուընէ
ի
վեր
թերեւս
տասն
անգամ
խուսափած
էր
իր
ձեռքէն։
Բայց
պէտքը
կար
–
պզտիկներուն
իրիկուան
հացը
–
եւ
այդ
ահաւոր
իրականութիւնը
պտոյտ
կուտար
իր
դիւրաբեկ
ուղեղին։
Ու
գերագոյն
ճիգերով,
ակամայ
խեղդելով
ըմբոստացումի
տարտամ
նոպաներ,
կը
շարունակէր
լուացքը
համր,
վհատ,
համակերպած
իր
ճակատագրին
եւ
համոզուած
այդ
ճակատագրին
օրինաւորութեան։
Եթէ,
այդ
պահուն,
մէկը
կարենար
խզել
լուացարանին
խորհրդապահութիւնը
եւ
ուզէր
համակրութեամբ
ականջ
դնել,
ապահո՛վ
պիտի
լսէր,
խուլ
հեծկլտուքներու
հետ,
հառաչանքի
փշուրներ.
-
Ա՜խ,
Աստուած…
Բայց
ո՞վ
պիտի
ուզէր
հետաքրքիր
ըլլալ,
գոնէ
պահ
մը…
Ընդհակառակն,
ահա
տանտիրուհին
վար
կ’իջնէր
հանդիսաւորապէս,
պատկառազդու,
յատկապէս
սերտուած
շարժուձեւերով,
ու
անպատճառ
պատուէր
մը,
հրաման
մըն
էր,
որ
կուտար
բրտօրէն,
եթէ
կոպիտ
կշտամբանք
մը
չունենար
ընելիք։
-
Ինծի
նայէ,
Պայծա՛ռ,
տիխաթ
ըրէ,
ան
ի՞նչ
է,
Անժէլին
թաշկինակին
վրայ
լէքէ
մը
մնացած
էր
անցած
անգամուն։
Պայծառ
կ’ունկնդրէր
գլխահակ,
եւ,
չնայելով
իր
նեարդները
յօշոտող
հոգերուն,
կը
յանկերգէր
արմատացած
ունակութեամբ
մը.
-
Գլխո՛ւս
վրայ,
հանըմ։
Եւ
հանըմը
վեր
կ’ելլէր
նոյն
հանդիսաւորութեամբ,
նոյն
պատկառազդու
շարժուձեւերով,
լիովին
գոհ
իր
ըրածէն։
2.
-
Անժէ՛լ,
անո՛ւշս,
գնա
մէյ
մը
վարը
նայէ
չամաշըրճին
ի՞նչ
կ’ընէ.
վրաս
կարողութիւն
չնմաց
ելլել
իջնելով,
չելլէ
ապուր
մը
ուտէ…
-
Կ’երթամ,
մամա՛։
-
Պիչիմսիզ
բան
մը
տեսնես
նէ
պոռա՛
երեսին.
հիչ
մի
վախնար,
փարայովս
չէ՞
մի,
հիմա
ուզեմ
նէ
կը
ճամբեմ…
-
Շատ
աղէկ,
մամա՛,
այսօր
քիչ
մը
երեսը
կախ
կ’երեւար
ամա…
-
Կրո՛ղս
տանի,
անոր
երեսը
կախե՞լն
ի՛նչ
պիտի
ըլլայ.
չամաշըրճիի
փարչա
մը,
տահա՞…
Անժէլ
դուրս
ելաւ
հիւրասրահէն,
ուր
փարթամութիւնը
իր
հեղգ
գոյութիւնը
կը
զգացնէր
իւրաքանչիւր
իրի,
գեղորի
վրայ։
Ծփուն,
տռփագրգիռ
բազմոցներ,
հեշտաւէտ
օրրաթոռներ,
թանկարժէք
թաւ
գորգեր,
հազար
փնտռտուքով
գնուած
օթոցներ,
հոս
ու
հոն
ցիրուցան
մեղկաբոյր
ծաղկանօթներ
–
բոլոր
կարկառուն
յատկանիշները
ունեւոր
սալոնին
–
այս
ամէնը
անջատ-անջատ
իրենց
գոյութենէն
մաս
մը
կաթեցուցած
էին
ընտանիքի
իւրաքանչիւր
անդամի
տրամադրութեան,
խառնուածքին
մէջ,
եւ
այսպէս
լրացուցած
այն
յեղյեղուկ,
հեշտասէր,
յոյլ
եւ
հոգատ
գոյութիւնները,
որոնք
ունեւորը
կը
կազմեն,
եւ
հա՛յ
ունեւորը
մանաւանդ։
Անժէլ
արտասովոր
բան
մը
չդիտեց
լուացարանին
մէջ։
Պայծառը
կ’աշխատէր
տաժանագին,
դժկամակ,
բայց
եւ
այնպէս
համակերպիկ։
Եւ
արդէն
մաս
մը
ճերմակեղէններ
եռացող
ջուրին
մէջ
նետած
էր
լեղակով,
ինչ
որ
կը
նշանակէր
թէ
լուացքը
լրանալու
մօտ
է։
Մանկամարդուհին՝
աշխոյժ,
ոստոստուն,
եւ
յղփացածի
նեղսիրտ
շարժուձեւերով,
աչք
մըն
ալ
պտտցուց
լուացարարուհին
յանդիմանելու,
ինքզինքը
ցուցնելու
առիթ
մը
փնտռեց,
սակայն
հազիւ
թէ
կրցաւ
գտնել։
-
Պայծա՛ռ,
լաթերը
շատ
կ’եփես
կոր,
աչքդ
չորս
բաց։
-
Գլխուս
վրայ,
հանըմս,
գլխուս
վրայ,
աչքս
վրան
է։
Եւ,
տեսնելով,
որ
Անժէլը
վեր
ելլելու
կը
պատրաստուի,
յանկարծ
թողուց
լուացքը,
ճիգ
մը
փորձեց
ինքն
իր
վրայ
եւ
կակազեց.
-
Արեւո՛ւդ
մեռնիմ,
օրիորդ
Անժէլ,
քեզի
խնդիրք
մը
ունիմ…
-
Ի՞նչ
է,
ըսէ
նայիմ։
-
Չբարկանաս,
հանըմս,
չէի
ուզեր
ձանձրացնել
ձեզ,
բայց…
-
Էյ
ամա՛ն,
երկան
կ’ընես
կոր,
շուտ
ըսէ
նայիմ,
ի՞նչ
է։
-
Մի՛
բարկանար,
հանըմս,
մայրիկիդ
կ’ուզէի
ըսել,
բայց
վերջէն
մտածեցի,
որ
քեզի
ըսելս
աւելի
աղէկ
է…
-
Շուտ
պիտի
ըսե՞ս,
սընըրներս
ոտք
կը
հանես
կոր։
-
Անժէ՛լ,
գիտե՞ս,
սեւ
խապարներ
կուգան
հայրենիքէն…
-
Հայրենի՞քն
ինչ
է
քի…
-
Հայաստանը
չե՞ս
գիտեր,
եավրո՛ւմ,
մեր
ամէնուս
հայրենիքը…
-
Ես
Պոլսեցի
եմ։
-
Գիտեմ,
գիտե՛մ,
բայց
հայրդ
Հայաստանցի
էր,
մեր
ամէնուս
օրրանը
Հայաստանն
է,
հոգ
չէ
թէ
Պոլիս
ծնած
ըլլաս.
ամէնքս
ալ
պանդուխտ
ենք,
-
Ի՞նչ
խենդ
բաներ
կ’ըսես
դուն
ալ.
մենք
Պոլսեցի
ենք,
դուք
դուրսեցի.
ինչէ՞ն
Հայաստանը
մեր
ամէնուս
հայրենիքը
կ’ըլլայ…
-
Տահա
դուն
պզտիկ
ես,
աղջի՛կս,
քու
խելքդ
չի
հասնիր…
-
Է՜յ
սա
ըսելի՞քդ
ինչ
էր։
-
Սեւ
խապար
ներ
կուգան
հայրենիքէն,
եավրո՛ւմ.
գեղեր
կրակի
տուեր
են
նորէն,
անմեղ
մարդիկ
մեռցուցեր,
ուրիշներ
բանտը
նետեր
են,
երէկ
իմացայ…
-
Քեզի՞
ի՛նչ։
-
Ի՞նչ
կ’ըսես,
եավրո՛ւս,
ատանկ
խօսք
կ’ըլլա՞յ.
անոնք
ամէնքն
ալ
քեզի,
ինծի
պէս
հայ
քրիստոնեայ
են,
խաչապաշտ.
Քիւրտերը
եւ
Տաճիկները
մէկ
եղած՝
զարկեր
ձգեր
են,
տուները
վառեր
են.
ուտելու
հաց
չկայ,
հագնելիք
չկայ…
քեզի
պէս
աղջիկներ
լեռներն
են
ինկեր,
խոտ
կը
ժողվեն,
որ
ուտեն…
-
Ես
ի՞նչ
ընեմ…
շուտ
լմնցուր
ինչ
պիտի
ըսես
նէ,
Էօժէնը
ինծի
կը
սպասէ
կոր։
-
Ըսելիքս
ան
է
քի ,
աղջիկս,
ձեւով
մը
հասկցնէիր
մայրիկիդ,
որ…
քիչ
մը
դրամ
տար…
անոնք
ալ
մեղք
են,
քեզի
պէս
մատղաշ
աղջիկներ
կան,
աղբօրդ
պէս
թոսուններ…
ուտելու
հաց
չունին…
մերկ
են…
անոնք
ալ
հայ
քրիստոնեայ
են,
խաչապաշտ…
-
Ա՞տ
է,
լմնցա՞ւ։
-
Քա՛,
աղջիկս,
արեւուդ
մեռնիմ…
Աստուած
տուշմանիս
չցուցնէ
ասանկ
բախտ,
վա՜խ,
անբա՛խտ
աշխարհ…
-
Ինծի
նայէ՛,
մէյ
մըն
ալ
ինծի
«աղջիկս»
չըսես.
ցնդա՛ծ,
ես
ինչէ՞ն
քու
աղջիկդ
կ’ըլլամ։
-
Մի՛
բարկանար,
եավրո՛ւմ,
մի՛
բարկանար,
քեզ
սիրելուս
համար
է,
արեւուդ
մեռնիմ…
3.
-
Մամա՛,
այս
չամաշըրճին
ցնդեր
է,
խենդ
մենդ
բաներ
կ’ըսէ։
-
Ի՞նչ
ըսաւ,
անո՛ւշս,
բերնին
չափը
չտուի՞ր։
-
Ի՞նչ
գիտնամ,
Հայաստան
մը
կայ
կ’ըսէ,
մեր
ամէնուս
հայրենիքն
է,
կ’ըսէ,
անօթի
են,
մերկ
են,
մարդ
կը
զարնեն,
կ’ըսէ…
մայրիկիդ
ըսէ,
որ
փարա
տայ,
կ’ըսէ…
Ասանկ
բաներ։
Հա՛,
մոռցայ,
աղիջկները
խոտ
կ’ուտեն
կ’ըսէ…։
Սընըր
ներս
ոտք
հանեց
անպիտանը։
Նայէ,
Էօժէնիին
ռանտէվու
տուեր
էի,
ուշացայ,
հիմա
աղջիկը
ի՛նչ
պիտի
ըսէ…
-
Վա՜յ
աներես,
ես
հիմա
կը
հասկցնեմ
անոր.
դուն
ելիր
գնա,
խատիֆէ
ժաքէթդ
հագիր,
որ
չմսիս։
Եւ,
մինչեւ
սանդուղին
գլուխը
ճօճելով
իր
պարարտ
մարմինը,
պոռաց.
-
Ծո
Գրիգո՛ր,
սա
Պայծառը
ինծի
կանչէ,
չամաշըրը
թող
ձգէ
գայ
հի՛մա։
-
Հրամանք
է,
հանըմ։
Անժէլը
մեկնած
էր
արդէն,
եւ
լուացարարուհին
հանըմին
հրամանէն
յանկարծակիի
եկած,
հազիւ
ինքզինքը
քիչ
մը
շտկած,
սալոնը
կը
փութար
դողդոջուն,
սիրտը
երկիւղալի
կանխազգայութենէ
մը
բաբախուն։
-
Սանկ
մէջտեղ
եկուր
նայիմ,
կիտի
փոստալ։
Ան
ի՞նչ
է
ըսեր
ես
Անժէլին,
շուտ
ճուղապ
տուր…
-
Հոգիս
մատաղ,
հանըմ…
-
Շուտ
ըսէ
նայիմ,
ի՞նչ
ըսիր,
որ
զավալլը
աղջկանս
սինիրները
ոտք
ելան…
-
Մի՛
բարկանար,
հանըմ,
ոտքիդ
խուրպան
…
հայրենիքէն
սեւ
խապարներ
առի,
անօթի
են,
մերկ
են,
նորէն
արուն
թափեր
է…
-
Ո՞վ
ըսաւ
ատոնք
քեզի։
-
Նամակ
առի,
հանըմ,
հոգիս
մատաղ…
-
Է՜յ
եղեր
է,
ի՞նչ
ընենք.
մենք
բան
մը
կրնա՞նք
ընել։
-
Պզտիկ
օգնութիւն
մը,
հանըմ,
հազար
օրհնութիւն
պիտի
լսէք…
-
Ես
բան
մըն
ալ
չեմ
կրնար
տալ.
սէպէպ
եղողներուն
գացէք,
հէմ
քեզի՞
ի՛նչ
քի
ասանկ
բաներու
մէջ
կ’իյնաս.
տունին
փորձա՞նք
բերել
կ’ուզես։
-
Սէպէպ
եղող
չկայ,
հանըմս.
սէպէպը
անո՞նք
են…
-
Սէպէպը
դո՛ւք
էք,
դո՛ւք,
դուրսեցիներդ…
նայէ
մեզի
բան
մը
ընող
կա՞յ։
-
Հոգիս
մատաղ,
հանըմ,
սէպէպը
անոնք
են։
Առտուն
խաչդ
կը
հանես
արտ
կ’երթաս,
միտքէդ
գէշութիւն
չանցնիր.
կ’աշխատիմ,
արիւն-քրինք
կը
թափեմ,
ձմրան
պաշարս
կը
հանեմ,
կ’ըսես.
եւ
մէյ
մըն
ալ
կը
տեսնես
գունդ
մը
Քիւրդ
կ’իջնէ,
ցորենդ
կրակի
կուտայ,
էրիկդ
կը
զարնէ,
ունեցածդ
չունեցածդ
կ’առնէ
կը
տանի…
-
Ի՞նչ
կ’ելլէ
ատկէ,
ատանկ
բաներ
ամէն
տեղ
կ’ըլլան։
-
Մի՛
ըսեր,
հանըմ,
ասանկ
բան
ուրիշ
տեղ
չըլլար։
Աղջիկդ
կ’առնեն
եւ
աչքիդ
առջեւ…
Ա՜խ,
ի՞նչ
ըսեմ.
միտքդ
բեր
անգամ
մը,
Անժէլդ
բռնեն,
լաթերը
հանեն,
եւ…
աչքիդ
առջեւ…
դուն
մազերդ
փետէ,
լաց
ու
պոռա,
խանչերը
կ’իջնէ
կուրծքիդ…
Կտրիճդ
արդէն
զարկած
են,
տղադ
կամ
լեռը
տարած,
կամ
տեղն
ու
տեղը
մորթած…
զէնք
չունիս,
որ
դուն
ալ
անոնք
զարնես։
Ասանկ
քանի՞
հարուր
օրինակներ
կ’ուզես,
քանի՞
հարուր…
Եւ
ասիկա
ամէն
օր
է,
հանըմ,
ամէն
օր…
-
Ո՜ւֆ,
սիրտս
դող
կ’ելլայ
կոր,
լմնցո՛ւր։
-
Ո՞ր
մէկը,
հանըմ,
ո՞ր
մէկը
պատմեմ…
գիշերը
քուն
չունիս.
ամէն
վայրկեան
վտանգ.
աչքդ
կը
գոցես
թէ
չէ
իրարանցում
մըն
է
կը
փրթի։
Գեղը
կոխեր
են…
փախչողը
կ’ազատի,
մնացողը
կը
զարնուի,
կամ
հոգին
ազատելու
համար
կը
տաճկնայ…
Մատաղ
աղջիկներ
եւ
հարսեր
իրենց
անարատ
նամուսը
վրայ
կուտան
գազաններու…
Թոսուն
երիտասարդներ
կը
մորթուին
ոչխարի
պէս,
կամ
լեռը
կը
տարուին…
-
Է՛
ատ
ըսած
տեղդ
կառավարութիւն
չկա՞յ։
-
Կա՛յ,
հանըմ,
կա՛յ.
բայց
ի՞նչ
կ’ընէ
կառավարութիւնը.
գլխուդ
փորձանք
հանել
կ՛ուզես
նէ
գնա
գանգատէ.
կամ
բանտը
կը
նետեն
քեզ,
կամ
բիրով-փատով
կը
վռնտեն.
մեծ
բան,
եթէ
կեանքդ
ալ
վրայ
չտաս։
Եթէ
կառավարութիւնը
երբեմն
ձեւի
համար
զօրք
ղրկէ,
այն
ատեն
աւելի
գէշ։
Զօրքը
աչք
կը
գոցէ
աւազակին
ըրածներուն.
ոչ
միայն
աչք
կը
գոցէ,
այլ
եւ
ինքն
ալ
կը
մասնակցի
թալանին,
կը
զարնէ
կը
ձգէ,
աղջիկներ
եւ
հարսեր
կը
պղծէ,
երախաներ
կը
մորթէ…
Ա՜խ,
հանըմ,
ո՞ր
մէկը
պատմեմ։
Կուգան
վէրկի
կ’ուզեն,
տասն
անգամ
վճարած
վէրկի
դ
նորէն
կ’ուզեն.
կրնաս
նէ
մի
տար.
ծեծ,
փատ,
բանտ։
Ունեցածդ-չունեցածդ
կը
տանին
կը
ծախեն,
որո՞ւ
հոգ
թէ
անօթի
կը
մնաս,
թէ
լուծի
մը
եզդ
քշեր
տարեր
են,
եթէ
տղադ
բանտին
մէջ
կը
մեռցնեն։
-
Նորէն
սէպէպը
դո՛ւք
էք,
դուրսեցիներդ։
-
Չէկ,
հանըմ,
ատանկ
բաներ
մի՛
ըսեր,
մեղքը
կը
մտնես։
Սէպէպը
ինչէ՞ն
մենք
կ’ըլլանք։
Երբ
աս
բաները
տեսնես
ի՞նչ
կ’ըլլաս,
կրնա՞ս
համբերել։
Մէկ
կը
համբերես,
երկու
կը
համբերես,
բայց
երբ
չափը
անցնի,
երբ
տարիները
անցնին
եւ
այս
վիճակը
կտոր
մը
չշտկուելէ
զատ
աւելի
գէշ,
աւելի
անտանելի
դառնայ,
ի՞նչ
կ’ընես,
ձեռքերդ
կը
ծալես
կը
նստի՞ս,
որ
գան
ողջ
գլուխդ
կտրեն,
թէ
ոչ
դուն
ալ
գլուխ
կը
վերցնես…
դուն
ալ,
եթէ
զէնք
չունիս,
բահ
ու
բրիչդ
կ’առնես,
դուշմանին
գլուխը
կը
կոտրես,
կամ
դուն
կը
մեռնիս
կամ
ան…
-
Աստուծոյ
արդարութիւնը
չի
խափանուիր.
ինչերնո՞ւդ
պէտք,
որ
ատանկ
բաներ
կ’ընէք։
-
Շիտակ
է,
հանըմ,
Աստուծոյ
արդարութիւնը
չի
խափանուիր.
բայց
այս
անօրէնները
ատանկ
բան
կը
հասկնա՞ն։
-
Ինչ
է
նէ,
դուն
գնա
չամաշըր
դ
լմնցուր,
ասանկ
բաներով
զբաղելու
վախըդ
չունիմ։
-
Ոտքիդ
մատաղ,
հանըմ,
ըսածս
մտիկ
ընէիք…
անօթի
են,
մերկ
են…
-
Ես
քեզի
ի՞նչ
ըսի.
գլուխս
մի
ցաւցներ.
իմ
տէրտս
ինծի
կը
բաւէ։
-
Մի՛,
հանըմ,
ամէնուս
ալ
տէրտն
է…
-
Գնա՛,
ըսի։
4.
Իրիկունը,
երբ
աղան՝
օղիին
ափսէն
առջեւը,
գգուանքի
վայրկեաններ
կը
քամէր
տիկնոջ
հետ,
բացարձակ
առանձնութեան
պահուն
յայրատ
համբոյր
մըն
ալ
ծծելով
անոր
փարթամ
այտերէն,
Անժէլը
ետ
կը
վերադառնար։
Մայր
ու
աղջիկ,
ինչպէս
երկու
փոխանորդներ,
պատմեցին
օրուան
իրողութիւնը,
եւ
աղան
մտիկ
ըրաւ
նախ
ապշահար,
յետոյ
սրտմտած։
Լուացարարուհին
վարն
էր
տակաւին,
հինգ-տասը
վայրկեան
գործ
ունենալով։
Տիկինը
մանրամասնօրէն
բացատրեց
ինչ
որ
եղած
էր
եւ
յարեց.
-
Աս
կնիկը
ցնդած
է,
ա՛լ
մեր
գործին
չի
գար։
-
Տէֆ
ըրէ
երթայ,
խուշիկ
ս,
վրայ
բերաւ
աղան,
չամաշըրճիի
կտորի
մը
հետ
ալ
այսչափ
զբաղիլ
կ’ըլլա՞յ…
-
Ճիշդ
ես
ալ
ատ
պիտի
ըսէի։
Ո՜ւֆ,
ի՛նչ
քաշեցի
մինչեւ
որ
խօսք
հասկցուցի…
Վիրա
նոյն
բանը
կ’ըսէ.
-
Անօթի
են,
մերկ
են,
ջարդ
կ’ըլլայ…
Գիտես
քի
ատ
ամէնուն
սէպէպը
ես
եմ։
-
Տէ՛ֆ
ըրէ
երթայ,
տէ՛ֆ…
Եւ,
զանգակը
հնչեցնելով.
Ծօ
Գրիգո՛ր,
սա
տեղէն
քիչ
մը
ժանպոն
տահա
բեր։
ԸՄԲՈՍՏ
(29
Դեկտ.
1907)