ՃԱՌԱԳԱՅԹ
ՄԸ
ԹԱՂԵՑԻՆՔ
Ճառագայթ
մը
բազմանշոյլ։
Ճառագայթը
կը
թաղուի՞։
Ահա
տեսէք
վերջալոյսը
բոցավառ,
որ
կը
խորասուզուի
հորիզոնին
վրայ։
Կը
թաղուի՞։
Օշական
տակաւին
ի
վիճակի
էր
ստեղծագործելու,
երբ
դաւադիր
երակ
մը
պայթեցուց
իր
սիրտը։
Եւ
ի՜նչ
եղերական
զուգադիպութիւն։
Ինկաւ
ճիշդ
այն
ճամբուն
վրայ,
որուն
սարսափները
պատմելու
ձեռնարկած
էր,
«Մնացորդաց»ի
վերջին
շարքը,
«Արեան
ճանապարհով»։
Այն
ճամբուն
վրայ
ուր
ամբողջ
ժողովուրդ
մը
փոշիացաւ
Ակնունիներով,
Զարդարեաններով,
Խաժակներով,
Բժ.
Տաղաւարեաններով,
Ս.
Մինասեաններով,
Ճանկիւլեաններով։
Ապա
եւ
Զօհրապներով
ու
Վարդգէսներով։
Ինք
հրաշքով
փրկուած
էր
հայաջինջ
սպանդէն,
եւ
ահաւասիկ
իր
տեղը
կը
գտնէ
նոյն
ճամբուն
վրայ։
Ատով
իսկ
նորաբաց
փոսը
կը
դառնայ
խորհրդանշան
մը
այս
գերեզմանատան
մէջ.
Հողվրտիք՝
մեր
իմաստուն
ժողովուրդին
բառով։
Օշական
պէտք
է
մնայ
այստեղ,
յիշեցնելու
համար
թէ
իր
երկունքը
կանգ
առաւ,
իր
շունչը
սպառեցաւ
նոյն
երազով։
Իր
մահը,
խորապէս
կսկծալի,
կը
դառնայ
կատարեալ
ողբերգութիւն
մը,
ճիշդ
անոր
համար,
որ
չկրցաւ
լրացնել
«Արեան
ճանապարհով»ը։
Այն
ինչ
որ
սկսած
էր
«Մնացորդաց»ով,
կը
կազմէ
ամէնէն
վճռական
վկայութիւնը
ծրագրուած
գործին
մեծութեան,
խորութեան։
Մնաց
որ,
ո՞վ
պիտի
փորձէր
չափել
խորութիւնը
Օշականի
մշակած
գրականութեան։
Մանաւանդ
այս
գորշ
օրերուն,
ուր
որեւէ
դպիր
կամ
չինովնիկ,
յետին
թշուառականը,
կրնայ
ճակատ
եւ
արժէք
մրոտել։
Ուսուցիչ՝
յետամնաց
գիւղի
մը
մէջ,
Օշական
զգուշութեամբ
մտաւ
գրական
անդաստանը,
հէքեաթներ
հիւսելով։
Բայց,
առաջին
օրէն
իսկ
օտար
յառաջապահ
գրականութեան
ընթերցումը
դարձաւ
տեսակ
մը
մոլութիւն՝
իրեն
համար։
Շաբաթը
առնուազն
մէկ
անգամ
Պրուսայէն
Պոլիս
կ’իջնէր
հեւ
ի
հեւ,
Փարիզեան
գիրքեր,
մասնաւորապէս
Մերքիւր
տը
Ֆրանս
եւ
անոր
հրատարակութիւնները
փոխ
առնելու
եւ
վերադարձնելու
համար։
Երբ
հետզհետէ
տիրական
դիրք
մը
բռնեց
հրապարակին
վրայ,
կը
խոստովանէր
թէ
երկու
հազար
հատոր
կարդացած
է
արդէն։
Անշուշտ
այդ
է
մէկ
պատճառը,
եթէ,
տարիներու
ընթացքին,
դարձաւ
զարտուղի
դէմք
մը,
ե՛ւ
արտադրութեամբ
ե՛ւ
լեզուով։
Այլ
մանաւանդ
լեզուով,
որ
մինչեւ
վերջը
մնաց
խորթ
եւ
խրթին։
Միայն
երեւութապէս
անմատչելի։
Ափսո՜ս
որ
առիթ
չեղաւ
մեր
աշխարհաբարին
վերածելու
նմոյշ
մը
«Մնացորդաց»ի
հոյակապ
էջերէն։
Առանց
ստորակէտ
փոխելու,
որպէսզի
տեսնէինք
թէ
ի՛նչ
պիտի
ըլլար
իր
տպաւորութիւնը։
Ամէն
պարագայի
մէջ,
այդ
լեզուն
եթէ
կը
դժուարացնէ
ընթերցումը,
ոչինչ
կը
պակսեցնէ
իր
ստեղծագործութեանց
հիմնական
արժէքէն։
Հեղումը
-
իր
բառով
-
այնքան
յորդ
եւ
սրընթաց,
թերեւս
թոյլ
չէր
տար
ոճի
նրբութիւններով
զբաղելու։
Ապացոյց՝
իր
բարի,
երբեմն
սկեպտիկ
ժպիտը,
մեր
դիտողութեանց
առթիւ։
Պահ
մը
աչքի
առջեւ
բերէք
իր
անընդհատ
երկունքը՝
հէքեաթներէն
մինչեւ
«Մնացորդաց»ի
երկու
հազար
էջերը
-
միայն
տպագրուած
մասը։
Յետոյ
այն
հազարաւոր
էջերը,
որ
կը
մնան
անտիպ։
Եւ
դեռ
այն
միւս
հազարները
զոր
պիտի
լեցնէր։
Այս
աննման
դէզին
քով
շարեցէք
իր
քննադատական
տեսութիւնները,
սկսելով
այլեւս
պատմական
«Հարթենք»ներէն,
եւ
ապա
լեռնակուտակ
ուսումնասիրութիւնները,
մենագրութիւնները,
վերլուծումները,
թատերախաղերը
-
տպագիր
թէ
անտիպ։
Ու
վերջապէս
իր
«Համապատկերը»,
որուն
12
հատորներէն
միայն
մէկը
լոյս
տեսած
է։
Թերեւս
ալ
ուրիշ
աշխատութիւններ
ու
ծրագիրներ։
Աչքի
առջեւ
բերէք
այս
աննախընթաց,
այս
հոծ
եւ
յարաճուն
վաստակը,
եւ
դուք
վճռեցէք
թէ
ո՛ր
բարձունքին
վրայ
թառած
պիտի
ըլլար
Յակոբ
Օշական,
որեւէ
օտար
գրականութեան
մէջ։
Եւ
այս
բոլորը՝
ի
շահ
գալոց
սերունդներու։
Անսպառ
գանձ
մը՝
յաւիտենական
հայրենիքին
համար,
որուն
այսօրուան
տժգոյն
մանրանկարը
այնքան
տմարդի
դիրք
մը
բռնեց
իրեն
հանդէպ,
շնորհիւ
օտարոտի
կարգուսարքի
մը։
Ոչինչ։
Այն
յորդահոսան,
անհամար
բազմութիւնը,
որ
հետեւեցաւ
իր
յուղարկաւորութեան,
Հալէպի
եկեղեցիէն
մինչեւ
ազգային
գերեզմանատունը,
այն
արցունքները,
որ
հոսեցան
իր
հողաթումբին
վրայ,
այն
կրակոտ
երիտասարդութիւնը,
որ
դագաղը
կրեց
իր
ուսերուն
վրայ,
այս
իրողութիւնները
եւ
նոյնքան
պերճախօս
երեւոյթներ,
հարիւրապատիկ
աւելի
կ’արժեն
քան
ամէնէն
շռայլաբան
վկայութիւնները
աղանդաւոր,
հատուածամոլ
Երեւանէն
եւ
անոր
գոյնզգոյն
բանբերներէն։
Ամբողջ
քաղաք
մը
ոտքի,
խորապէս
յուզուած
եւ
երկիւղած։
Ահա
թէ
ինչպէս
թաղեցինք
այս
բացառիկ
դէմքը,
Յակոբ
Օշական,
որ
սերունդներու
երախտագիտութիւնը
շահեցաւ։
Իբրեւ
գրագէտ-քննադատ՝
իր
հոծ
եւ
մշտահոս
գրիչով,
եւ
իբրեւ
ուսուցիչ՝
իր
վերանորոգիչ
շունչով։
Ճառագայթ
մը՝
արեան
ճամբուն
վրայ։
Գերագոյն
սփոփանքը
մտքի
հերոսի
մը
համար,
որ
նոյնպէս
արիւն
քամեց,
անդադար
պեղելու,
քրքրելու,
վերլուծելու
համար
հալածական
ժողովուրդի
հոգեկան
խորութիւններն
ու
բարձունքները։
Պիտի
կրնայի՞ք
ցուցնել
յիշատակարան
մը
աւելի
թանկագին
քան
արձանագրութիւնը
իր
ստեղծագործութեանց։
Իր
մշտանորոգ
երկունքին
ու
վաստակին։
Անօրինակ՝
նոյնիսկ
իրենց
հակասութիւններով։
Հալէպ,
1948