Գրական էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ե՛Ւ ԿԱԹԸ Ե՛Ւ ՍԵՐԸ
      
       Խորհրդածութիւններ՝ հանդիսութեան մը առթիւ, որ կը կոչուի Մայրանոցի Օր. (Վերժին Կիւլպէնկեան հաստատութիւն)։
       Պատահական այցելութիւն մը անգամ բաւական է, զգալու համար ձեռնարկին արժէքը այս հայաշատ եւ բազմապահանջ քաղաքին մէջ։
       Անշուշտ անցորդէ մը չէք սպասեր մանրամասնութիւններ, Մայրանոցի ներքին կարգուսարքին, մատակարարութեան եւ ուրիշ գործերու մասին։
       Ինչ թերութիւններ ալ ունեցած ըլայ, այս հաստատութիւնը ճշմարիտ օրհնութիւն մըն է մայրերուն ինչպէս երախաներուն համար։ Թերեւս պակասներն ալ հետեւանք են նիւթական միջոցներու անբաւականութեան։
       Անոնք, որ այսօր պիտի լսեն հաստատութեան տարեկան զեկուցումը, առիթ պիտի ունենան ո՛չ միայն իրենց տպաւորութիւնները յայտնելու, այլ եւ յիշելու կամ յիշեցնելու զանազան պարտականութիւններ։
       Օրինակ, աղբիւրներ ճարել, որպէսզի ամէն տարի փոխանակ 600650ի, անոր կրկնապատիկը երախաներ կարենան օգտուիլ Մայրանոցէն, վայելելով առաւելագոյն խնամքը։
       Այս առթիւ կարելի է սրտաբաց յայտնել նաեւ փաստացի դիտողութիւններ։
       Հայկական աւելի մեծ եւ շէն շրջաններու համար երազ մը պիտի մնայ այսպիսի հաստատութիւն մը։
       «Մայրանոցի Օր»ը մեզի առիթ կ’ընծայէ անգամ մը եւս բոլորին ուշադրութեան յանձնելու մեր վայելած թանկագին պատեհութիւնները Սուրիա-Լիբանանի, եւ առհասարակ Միջին Արեւելքի մէջ։
       Պատեհութիւններ եւ առաւելութիւններ, որոնց կարօտովը կը տոչորին ուրիշ բազմահայ գաղութներ։
       Այլուր, միջավայրը, հիւրընկալ երկիրը կը քամէ մեր նոր սերունդին սերը, մեզի ձգելով մնացորդը։
       Այստեղ՝ մեր ձեռքն է հարազատօրէն պահել ե՛ւ կաթը ե՛ւ սերը։ Կը բաւէ, որ ըմբռնենք մեր պարտականութեան ծանրութիւնը։
       Անոնք, որ ողբեր կ’արձակեն տեղի անտեղի, նոր սերունդի օտարացման մասին, պէտք է սորվին զանազանել ծուռն ու շիտակը։
       Իմաստութիւն չէ ընդհանրացնել չարիքը եւ ամէն բան սեւ տեսնել։
       Հայրենասիրութիւն չէ անտեսել կազդուրիչ իրականութիւններն ալ, գունաւոր կամ լուսարգել ակնոցներ գործածելով։
       Նայեցէ՛ք սա հազարաւոր մանուկներուն, որ կը թրվռան ձեր շուրջը։ Առտուն կանուխ դպրոց գացած ատեն։ Դպրոցին մէջ։ Դպրոցէն դուրս ելած ատեն։
       Լուսապայծառ ապագայի մը շողերն են, որ կը կայծկլտան անոնց անուշիկ, համարձակ աչքերուն մէջ։ Ուշիմութեան կայծեր՝ իրենց մանկական խօսքերն անգամ։
       Ու նայեցէ՛ք սա համեստ աշխատաւորներուն, ուսուցիչ կամ վարժուհի, որ օրն ի բուն կը տքնին տժգոյն դասարաններու մէջ, բան մը աւելի սորվեցնելու համար անոնց։
       Ամէն տեղ ալ, մտաւոր ուժերու սովէն կը տառապին ժողովուրդները։ Կը պարպուին դասախօսական ամպիոնները։
       Փարիզի թերթերը պարբերաբար կը տրտնջան թէ տարուէ տարի կը նօսրանայ ուսուցիչներու թիւը։ Նորեր չեն հասնիր, զանազան պատրուակներով։ Հետեւաբար, նոր սերունդն է, որ պիտի տուժէ, եթէ վճռական միջոցներ ձեռք չառնուին։
       Այլեւս ձեզի կը մնայ բանաձեւել հարցումը. - իսկ մե՞ր մէջ։
       Եւ ձեզի կ’իյնայ հարցումին ալ պատասխանը. - Ի՞նչ ընենք, որպէսզի անապատի կամ անկելանոցի չվերածուի ուսուցչական ասպարէզը։
       Ի՞նչպէս շարժինք, որ եղած ուժերը կարենան տաք սրտով աշխատիլ, զարգանալ եւ ուսուցանել։
       Ի՞նչ միջոցներ ձեռք առնենք, որպէսզի նորեր հասնին, ընդունակ եւ խանդավառ։ Գիտակից նուիրեալներ, եւ ոչ թէ պատահաբար դպրոց մը ինկած «էմէքտար»ներ։
       Եւ այս ամէնը մէկ մտահոգութեամբ. - Մեր ձեռքը պահելու համար ե՛ւ կաթը ե՛ւ սերը, ի շահ տարագիր բազմութեանց եւ վաղուան հայրենիքին։
       Թող չառարկեն թէ պետական միջոցներ պէտք են, կրթական հաստատութեանց շէնքերը բարեկարգելու, լրացուցիչ դասարաններ հաստատելու, ճեմարան կամ վարժապետանոց բանալու համար, Հալէպի մէջ եւ այլուր։
       Բոլոր գաղութներու մէջ ալ ունինք շարժուն եւ անշարժ հարստութիւններ, որոնք դատապարտուած են փոշիանալու, մէկ օրէն միւսը։
       Բեռը այնքան ալ ծանր չէ, մայրանոցէն մինչեւ ճեմարան կամ վարժապետանոց։ Մանաւանդ որ, մէկը պիտի կազմէ միւսին լրացուցիչը։
       Ի՞նչ օգուտ ամէն տարի 6-800 երախաներ լոյս աշխարհ բերել մայրանոցի մը մէջ եւ հազարաւորներ՝ ընտանեկան յարկի մը տակ, երբ ուրիշներ պիտի վայելեն կաթն ու սերը։ Կամ երբ ուրիշը պիտի ապահովէ անոնց կաթն ու սերը, կուլ տալով իր անյատակ ծոցին մէջ…
       Երբեք ալ մեր ուժերէն վեր չէ տիրաբար վարել նոր սերունդի փրկութեան գործը։ Ո՛չ բարոյապէս, ո՛չ ալ նիւթապէս։
       Երբ կրցանք այնքան արդիւնաւոր եւ հաստատուն հետքեր ձգել Թուրքիոյ մէջ, հակառակ անլուր բարբարոսութեանց, այս ազատ երկնքին տա՞կ է, որ պիտի անճրկինք։
      
       «Արեւելք», 1948