Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՍՏԱՆԸ

Ամո՜ւ… ամո՜ւ… Կոստան ամո՜ւ…

Աղա ամո՜ւ… աղա ամո՜ւ… Կոստան ամո՜ւ…

Հայրի՜կ… Կոստան հայրի՜կ…

Մօրքրո՜րդի, մօրքրո՜րդի, քեզի եմ, մօրքրո՜րդի, կը քնանա՞ս, աչքերդ բա՜ց, արթնցի՜ր…

Խանպակենց Աղջիկը, ինչպէս կ՚ըսէին Դպրենց հարսին` Դշխուին, իր երկու տղաքը, ներոջը Բրաբիոնին երկու տղաքը, աղջիկներէն մեծը` Բուբուլը առաւ, երկու էշերը առաջքնին Կարմիր Հողերու այգիները իջան` թութ ժողվելու: Իր մարդը` Կոստանը, ուրբաթէն ի վեր այգիները կը պառկէր: Իրենց ջուրի կարգն էր, այգիները պիտի ջրէր, պարապ պահերուն ալ ծառերէն թափած թութերը պիտի ժողվէր, մինչեւ որ կիրակի իրենք գային գիւղէն, բոլոր ծառերը թոթուէին ու բերքը տիկերը լեցնէին, տուն տանէին:

Շիտակը եթէ կ՚ուզէք` իրենցմէ գոնէ մէկը այգիները պառկելու էր: Երեք այգի էին, գիշեր-ցերեկ հոն եղող մը, ամէն օր ծառերուն թութերը ժողվող մը ունենալու էին, բայց չէր ըլլար: Տղաքը պզտիկ էին, անոնց չէր վստահուեր, իրենց մեծերուն ալ ընելիք գործերը շատ էին, չէին կրնար գալ` այգիները մնալ: Հերկի, խոտի ամիս էր, արտերը պիտի հերկուէին, լեռներուն խոտերը պիտի քաղուէին, ո՞վ պիտի ընէր: Անանկ մէկ հոգիով, երկու, երեք հոգիով գլուխ ելլուելիք բաներ չէին: Եւ եթէ Վարդավառի ամսուն չվերջացնէին, ու այգիները հեղ մը որ ճերմկնային, գարեքաղը, ետեւէն արտքաղը մէկ մը որ սկսէր, այնուհետեւ բնաւ չէին կ՚ըրնար ընել: Նախ որ` լեռները խոտ չէր մնար: Խոլորձները, դմակ դեղինները, յոտոցիկները, աղուէսի պոչիկները, մկան ակռիկները, բռան ծաղիկները կը չորնային, կը թափէին գետինները: Մարագը ինչո՞վ պիտի լեցնէին, ձմեռը չորս ամիս ի՞նչ պիտի կերցնէին այնչափ ոչխարին ըռզակին: Նմանապէս ալ հերկը: Լեռան արտերուն կէսը դեռ չէին հերկած: Եթէ այս մէկ-երկու շաբթուան մէջ երկու եղբայր չհերկէին, ալ անկէ ետքը թէ ժամանակ չէր մնար եւ թէ խոփը չէր բաներ հողերը: Ի՞նչ բերք կը սպասուէր չհերկուած, ներքեւի հողերը վրան չհանուած, սէզերէն չմաքրուած ու արեւին մէջ չհանգչած արտէ մը: Իրենց գործը մինակ գետափերու այգիներուն հետ չէր, իրենց տունը մինակ այգիով չէր պահուէր: Խոտը, արտը այգիէն առաջ էին:

Խանպակենց Աղջիկը, տղոցը հետ խումբով, այգիին առաջքը հասաւ, փշատիի ձողերով ճաղէ դուռը չբացած, զարմացաւ՝

Մրի՛կ…— ըսաւ ինքնիրեն, ինչպէս կ՚ըսէին կիները` չյուսացուած բանի մը դէմ դիմաց որ գային: Այգին ջրուած չէր: Առուները չոբ չոր էին: Ծառերուն, որթատունկերուն տակը նոյնպէս չոր էին: Տախդեղներուն, լոլիկներուն, սոխերուն մաշըրաները արեւահար եղեր էին: Թութերը թափեր էին մէկ մէկու վրայ, իրարու վրայ, առուներուն մէջ, ագուգաներուն վրայ, պատերուն երկայնքին, այգիին երեսը մինչեւ գետափին աւազները, ուր նայէիր` ճերմակ, անկուտ թութ էր, զոյգ զոյգ, իրարու փակած, ինկած տեղերնին հասունութենէն փշրուէր էին, անուշութիւննին դուրս հոսեր էին, ու թութ մը վերցուած չէր:

Ի՞նչ ըրեր էր այս մարդը Ուրբաթ, Շաբաթ ու այսօր` Կիրակի, այս երեք օրուան մէջ: Այս այգին որ չէր ջրեր, միւս երկուքը ջրե՞ր էր, կամ գետը անցեր, Մասուր ձորի առուոյտնոցը ջուր կապե՞ր էր կ՚ըսես: Ինչ որ է, թութերը թող ժողված չըլլար: Տղոցը հետ ինք կը ժողվէր: Գիտէր, որ էրիկ մարդ ըսածդ նեղու չի գար, կնիկներու պէս չեն: Իրենց պէս չեն կրնար մէջքերնին ծռել, ծունկերնին կոտրել ու մէկիկ մէկիկ թութ ժողվելով տոտիկ տոտիկ առաջանալ տասը-տասնըհինգ ծառին տակէն: Աղաչես. «Ի՞նչ կ՚ըլլայ` դուն ալ քիչ մը ժողվէ, որ ժամ մը առաջ լմնցնենք» ըսես, երկուք մը կը ժողվեն, քչիկ մը որ նեղու գան` կը ձանձրանան. «է՜յ… հիմա ձեր թութին ալ կ՚ըսեմ, ձեզի ալ…», ճիկարայ մը կը փաթթեն, կը հայհոյեն, գլուխնին կ՚առնեն, կ՚երթան: Տղաքն ալ հօրերնուն պէս չե՞ն: Երկուք մը կը ժողվեն, կը ձգեն, կը փախին, գետեզերքը կ՚երթան` գետին հետ կը խաղան, ձուկ կը բռնեն, աղջիկ զաւակներու պէս չեն, որ իրենց մօրերնուն քովէն չեն հեռանար, իրենց հետ մինչեւ իրիկուն կը բանին: Բայց ուտելու որ գայ` իրենք իրենցմէ շատ կ՚ուտեն: Ձմեռը թութին ուրուպը ափսէով սեղան որ գայ, թանձրացած, շաքարոտած, ծլած ալ կ՚ըլլայ, անոնք անանկ հացը կը թաղէն ու կ՚առնեն մէջէն, որ իրենց երեք անգամէն երեք պատառով կերածը անոնք մէկ պատառով կը վերցնեն ու բերաննին կը կոխեն, անանկ կ՚ուտեն, որ ներսերնին կ՚այրի, վրայն աղի տախդեղ, կծու սոխ կ՚ուտեն, թթուի ջուր կը խմեն, որ նորէն ուտեն: Ընկուզմէջով չոր թութը նոյնպէս իրենցմէ շատ կ՚ուտեն: Հապա օղի՞ն: Թութէն պատրաստուած օղին ո՞վ կը խմէ: Կնիկ մարդիկը օղի՞ կը խմեն, իրենք կը խմեն:

Թութերը չէր ժողվէր, բայց այգիները ինչո՞ւ չէր ջրէր, ի՞նչ պիտի ընէին հիմա իրենք: Շաբաթ մը դարձեալ պիտի սպասէին, մինչեւ որ նորէն իրենց ջուրին կարգը գար: Որթատունկերուն ջուր չտային ալ կ՚ըլլար, խաղողները հասնելու վրայ էին, բայց թութին, տանձին, դեղձին, ծիրանին կամ պահենի խնձորին ծառերը մինչեւ այն ատեն ի՞նչ կ՚ըլլային, կը դիմանայի՞ն, լոլիկները, տախդեղները, ազատքեղները պիտի չորնային: Ո՞վ իր հերթը իրենց կուտար:

Ո՞ւր էր: Եգին ալ չկար: Եգետունը գոց էր: Դռանը փայտէ սողնակին բազուկը մինչեւ վերջաւորութիւնը մտած էր պատին մէջի իր ընդունարանը: Ներսը պառկէ՞ր էր արդեօք:

Չէր կրնար կանչել: Չէր վայլեր իրեն «Կոստան» պոռալը, անունը կանչելը: Տղոցը ամէնէն մեծին, ներոջը մեծ տղուն՝ Եսայի էր անունը, Եսօ կ՚ըսէին`

Եսօ, մէկ մը պոռա՛ ամուիդ, նայինք նե՞րսն է:

Ամո՜ւ… ամո՜ւ… Կոստան ամո՜ւ… պոռաց Եսօն:

Սպասեցին: Պատասխանող չեղաւ:

Կեցիք, ես պոռամ, ես աւելի ուժով կը պոռամ, ըսաւ ներոջը երկրորդ տղան, Մովսէս էր անունը, Մոսօ կը կանչէին: Եսոյէն երկու տարի մը պզտիկ էր, անոր պէս կապուտաչուի, ծունկերը հասնող կարճ կապոյտ շալուարով մը:

Աղա ամո՜ւ… աղա ամո՜ւ… Կոստան ամո՛ւ…

Պոռաց այնչափ բարձրաձայն, որ Կարմիր Հողերու հանդէն չէ միայն, գետին միւս ափին Մասուր ձորի, Գողուն ձորի հանդերէն ալ լսեցին:

Սպասեցին, նորէն պատասխանող չեղաւ: Էշերուն բեռները վար առին, թութերուն պարապ տիկերը հանեցին մէջէն:

Իր տղան, տանը տղոցը ամէնէն պզտիկը, թիզ մը հասակովը, բայց ամէնէն ալ ճինիվիզը, ինքնիրմէն, ըսող մը չեղաւ իրեն, բերանը դրանը սողնակին տուաւ ու

Հայրի՜կ… Կոստան հայրի՜կ, պոռաց:

Ձայն չելաւ ներսէն:

Ամենէն առաջ Ապուշ Հարսիկը իմացաւ ու քովերնին եկաւ: Ապուշտացի էր, Ապուշտացի Հարսիկ`երկայն կուգար, Ապուշ Հարսիկ կը կանչէին: Խելացի, յարգելի կին էր:

Ի՞նչ է ադ, իրար անցէր էք, Խանպակ, ըսաւ:

Քրորդիիդ ենք, Ապուշ Հարսիկ, քրորդիդ կը կանչենք, պատասխանեց: Քրորդին չէր, բայց այդպէս ըսել կը վայլէր: Տարէց էր, անունը տալ կամ` մարդս, էրիկս` կ՚ըսուէ՞ր:

Նայինք եգետո՞ւնն է, ըսաւ:

Ես ալ չգիտեմ, Ապուշ Հարսիկ, նե՞րսն է, ներսը չէ՞, պատասխանեց, հերկին դարէն եկաւ, որ եգիները տի ջրէր, թութերը տի ժողվէր, ան ալ չէ ըրեր, ան ալ երեք օր կ՚ընէ` հոս է: Մէջտեղն ալ չկայ, միտքս հարիւր դի կ՚երթայ, փորձա՞նք մը եկաւ գլխուն:

Միտքդ մի՛ պտտցնէր, Խանպակ, ուր որ է նը` հիմա մէջտեղ կ՚ելլէ, գիտէ, որ Կիրակի է, գեղէն դուք կուգաք, յորդորեց Ապուշ հարսիկը:

Բայց իր ըսածին ինք ալ չհաւատաց: Երեք օր էգին կ՚ըլլայ ու ոչ ծառերը, մաշըրաները կ՚ջրէ, ոչ թութերը կ՚ժողվէ, մէջտեղն ալ չկայ. մեռած չըլլա՞յ խորհեցաւ, բայց Խանպակենց Աղջկանը չըսաւ, անշուշտ:

Ետեւ ետեւի Քարամ մամը, Ելպակ մամը, Այլա հարսիկը, Զիմառցի հարսիկը, Արխան նենէն, անոնց ետեւէն` էրիկ մարդիկը եկան ու այգին լեցուեցաւ ժողովուրդով, եւ երբ Խարիծակէն Արխնենց Համբարձումը, վարի հանդէն Խանըմենց Պօղոսը եկան «Խանպակ, դուն ո՞ւր ես, մարդդ ո՞ւր է» ըսին ու պատմեցին, թէ եգինին չոր մնացեր են, ծառերուն թութերը ժողվող չկայ` ամէնքը մտատանջուեցան: Ըսել է` անոնք ալ Կոստանէն լուր չունին: Փորձանք մը եկած է, անպատճառ գլխուն: Գալենց Ակոբը ինտոր Բերդհովիտի ապառաժներէն ոտքը չբռնեց, մինչեւ գետվրայի քարերը գահավիժեցաւ, գանգը փշրուեցաւ, Մինաս քեռիին առած երրորդ կինը` Տանձեցին, ինտո՞ր Կապաններէն պիտի ելլեմ ըսելով` ձեռքը քարին տուաւ, քարը խախուտ էր, միասին մինչեւ անդունդը ինկան, ատոնց նման բան մը պատահած ըլլալու է: Եւ կամ` գետը մտաւ, Խանըմին Կոլը, կամ` Ամըրքարի Եզնոցը Կոլը եւ կամ` Ֆըռաթը գնաց ու լոգնամ ըսաւ ու խեղդուեցաւ: Աշխարհի վրայ չեղած բան չկայ, եթէ ոչ` ինչո՞ւ երեք օր է մէջտեղը չկայ: Բայց ամէն մարդ զգուշացաւ մտքէն անցածը ըսելու:

Ակը գացած չըլլայ, կամ` Զիմառա, ես կ՚ըսեմ` կամ Ակը, կամ Զիմառա գացած է, ըսաւ Ճորտենց Օհաննեսը:

Ինչո՞ւ երթայ, աղբար, ըսին այս ու այն կողմէն, եգիները կ՚ձգէ երեսի վրայ ու կ՚ելլէ Ակը կ՚երթա՞յ, Զիմառա կ՚երթա՞յ:

Ծերերը` եգի պահողները` Հայնենց Մղտեսի Գրիգորը, որ շիլ էր, մէկ աչքովը քեզի նայելու ըլլար, միւսովը քովդ կեցողին կը նայէր, որ աշնան թութի չոր տերեւները կը մանրէր, ծխախոտի փոշիներուն կը խառներ ու լիւլէովը կը ծխէր, ըստ իրեն սրտացաւ ունէր, ցաւը կ՚ամոքէր, Կորչայենց Մեսրոպ ամուին հետ պահանջեցին, որ եգետունը բանային, նայէին թէ` հո՞ն էր, հոն չէ՞ր, ու մէկ մը յոյսերնին կտրէին հոնկէ: Երկուքն ալ կը հաւատային, թէ ան անպատճառ ներսն էր, եւ մեռած էր, թէեւ չէին ըսեր, կը պահէին:

Բայց էգետունը գոց էր, բանալի չկար: Ուրիշներու բանալիովն ալ անոնց դուռը չէր բացուէր: Ամէնունը չորս կամ հինգ ակռայով էին, անոնցինը, Դպրենց պապաները, Եղիկ պապան, Գասպար պապան` չգիտէ՜ք, անոնց ամէն ունեցածը զատ պիտի ըլլային: Կերճանիսի Մագտերէի քրդերու գեղերէն անոնց տոսախի ծառերէն կտրեր, բերեր ու շիներ էին բանալին` եօթը ակռայով: Սողնակին բազուկն ալ` դաստակէն հաստ էր: Դռներնին Կերճանիսի Տումանլուին կամի տախտակէ էր, կարծր էր, երկու մատի չափ հաստ, կացին չէր բաներ:

Հանդը սղոց մը ըլլար` բազուկը կը սղոցէին, կը մտնէին: Սղոց չկար: Միակ ճարը` չարդախին պատուհանը ապակի չունէր, հոնկէ ներս ցատկելն էր, բայց սանդուխ մը կ՚ուզեր, որ ելլէին, իսկ պատին վրայ բռնելիք տեղ մը չկար, որ շուլլուէին: Սանդուխ` վարի հանդին Փիլիկին ջաղացքը կամ Եղիակի Խաշմանենց ջաղացքը կային, անոնք ալ գոց էին, ամառը ջաղացքները բաց կ՚ըլլայի՞ն:

Կեցիք, իմ մտածածս ընենք, տղաք, ըսաւ Մանուկանց Ակոբը: Ես ու Վահանը պատին տակը կայնինք, Դաւիթ, դուն բարակ մարմինով ու թեթեւ հոգի ես, մեր ուսերուն վրայ ելիր ու կայնէ, պատուհանէն ներս ցատկէ, կա՞յ թէ չկայ` կը հասկնանք:

Ըրին: Դաւիթ պատուհանը ելաւ ու ներս նայեցաւ: Կոստանը ամբողջ հասակովը փորին վրայ բերսկի վար պառկեր էր:

Հոս է, հոս, բերսկի վար պառկեր է: Կը քնանա՞յ, ի՞նչ կ՚ընէ, երեսը չեմ տեսնէր` որ ըսեմ, ձայնեց վարը կայնողներուն, որ իրեն կը նայէին. դուք ըսէք հարիւր հոգի, ես աւելի ըսեմ, որ մինչեւ Եղիակին, Լեղիակին, պատերուն, Քարի եգիներու, Թեղի էգիներուն, երկու գեղերու տասներկու հանդերու էգիներէն իմացեր ու եկեր էին:

Ու պատուհանէն Կոստանին`

Մօրքրո՜րդի, մօրքրո՜րդի, քեզի եմ, Կոստա՜ն, մորքրորդի, կը քնանա՞ս, աչքերդ բաց, ելի՜ր, պոռաց:

Կոստանը չերերաց, չշարժեցաւ, չպատասխանեց: Մեռած էր:

Իմ սիրտս վկայեց, ես հասկցայ, որ մեռած է, վա՜յ ինծի, վա՜յ իմ գլխուս, չորս տղոցմովդ իս անտէր ձգեցիր ու գացիր, գոչեց Խանպակենց Աղջիկը, լաչակը քակեց, աչքերուն վրայ ձգեց ու պատռտուեցաւ, փղձկեցաւ, լաց մըն է բրթցուց:

Բոլոր կիները լաչակնին քակեցին, հերարձակ ու աչքերնին գոց, ու մէկ ձայն`

Կոստա՜ն, Կոստա՜ն, տղաքդ անտէր ձգեցիր ու կէնճ արեւդ առիր ու գացիր, Կոստա՜ն, պոռացին ու լացին:

Ծօ՛, աղբա՛ր, գոչեցին այրերը Դաւիթին, ի՞նչ կայնեցար, մնացիր պատուհանը, ներս ցատկէ, վար իջիր, դուռը բաց, որ ներս գանք:

Դաւիթ ներս ցատկեց, Կոստանին մօտեցաւ ու զարմացաւ: Կը շնչէր: Գլուխը վերցուց որ շտկէ, Կոստան աչքերը բացաւ, ելաւ, նստաւ ու.

Ի՞նչ կայ, ի՞նչ կ՚ուզես, ըսաւ:

Դաւիթ պատուհանը վազեց ու պոռաց վերէն`

Աչքերնիդ լուս, Կոստանը մեռած չէ, ողջ է, ելաւ նստաւ, կը խօսի հետս, մի լաք, մի՛ լաք:

Ու եօթը ակռայով երկայն փայտէ բանալին, որ Կոստանին քովն էր, վար նետեց:

Այգիին բազմութիւնը իրար անցաւ նորէն: Աչքերուն արցունքները ուրախութեան փոխուեցան:

Այրերը Կոստանը վար բերին:

Ծօ աղբա՛ր, երկու գեղին հանդերուն ժողովուրդը ոտքի հանեցիր: Ծօ՛, տղոցդ կանչածներէն, Դաւիթը պատուհանը եկաւ` մօրքրորդի պոռալէն, այս չափ ժողովուրդի ձայներէն, կնիկ-մարդոցը լացերէն` հե՞չ ականջդ չհասան, ինտո՞ր չարթնացար:

Անգամ մը ականջիս ձայն մը գիտես քի` եկաւ, պատասխանեց Կոստան:

Աղէկ, հայտի մեր ձայները չառիր, ըսենք, Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի, այսօր երեք օր կ՚ըլլայ` կը քնանաս, հե՞չ չարթնցար, չանօթեցա՞ր, չծարաւցա՞ր… ծօ՛, ջուր թափելդ ալ չեկա՞ւ, հարցուցին այրերը:

Անգամ մը արթնցայ որ` գիշեր էր, պատասխանեց, Ուրբաթ թէ Շաբաթ գիշեր էր, չեմ գիտէր, ելայ նստայ. Ճուհարքարտակի աղբիւրին գորտերը կռ՜ռռ… կռ՜ռռ… կը կանչէին, հանդը ձայն ձուն չկար, քիչ մը հաց պանիր կար` կերայ, պռկաւորը ջուր կար` խմեցի, ի՞նչ ընեմ` նստիմ ըսի, նորէն պառկեցայ: Անգամ մըն ալ արթնցայ, Շաբաթ առտու էր, Կիրակի առտու էր, չեմ գիտէր, եգիները ձայն ձուն չկար, գորտերը նորէն կռ՜ռ… կռ՜ռ… կը կանչէին, լուսուն աստղը Թեբթայի Քարին վրայ եկեր էր, ի՞նչ նստիմ` ըսի, նորէն պառկեցայ:

Հէ՛յ քեզի պէս մարդուն, մեզ վախցուցիր, ըսին, ու կնոջը դառնալով, աղջի Խանպակ, աղջի Խանպակենց Աղջիկ, աղջի Դշխու, աղջի Դպրենց հարս, աչքդ լուս, անցած ըլլայ, ըսին:

Ու երբ ամէնքը գացին, իրենք իրենց մնացին եգին, Կոստանը`

Խանպակ, ըսաւ կնոջը, ես անօթի եմ, ներսիդիս կը մարի, ի՞նչ ունիս:

Մայրը Բուբուլը ղրկեց` հացին վալան բերաւ, մէջը պանիր ընկոյզ, աղի տախդեղ, աղի բեմկի կար. Կոստան նստաւ, կերաւ, տղաքը` Եսօն, Մոսօն, Օննօն ու Խազուկը, Բուբուլը իրենց մօրը` Խանպակին հետ թութ ժողվեցին: