Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՄ ՏՂԱՅՈՒԹԵԱՆՍ

Իմ տղայութեանս իմ գաւառիս, ինչպէս իմ գիւղիս, մէջ փոքր տարիքով տղաքը կարգելը յաճախադէպ էր: Իմ երկրացիներս շատ բնական կը գտնէին այս կարգի ամուսնութիւնները, երբեմն նոյնիսկ հօրմէն, մօրմէն աւելի` իրենք կ՚ըլլային ստիպողը, տղան կարգողը: Մերերոնց Աղան ըսեմ, որ իմ գերդաստանէս էր, մենէ բաժնուած մեր միւս տունէն էր: Տասը տարեկան էր, որ կարգեցին: Ու երբ թագւորութեան՝ այսինքն` փեսայութեան, ծիրանի պինիշը հագցուցին, ժամ տարին պսակելու, այնքան երկայն եկաւ իրեն, որ հարսնեւորները ծայրերը վերցուցին: Հարսը հասակով ու տարիքով իր երկուքն էր: Բայց ինչո՞ւ այդչափ պզտիկ կարգեցին: Կարգողները մօրմէն աւելի մերերը` մեր Տեմուրճենց երկու տուները եղան: Ի՞նչ ընէին, տունը աշխատող չկար: Հայրը` Մարտիրոս պապս, Ըսդանպոլ էր, կը պանդխտէր: Ճանօն` եղբայրը, իրմէ երեք տարի պզտիկ էր, իսկ տունը մէկ կնիկով մը, մինակ մօրով մը կը դառնա՞ր: Տանը եփին, թափին, ախոռին, ոչխարի՞ն նայէր, թէ դուրսի արտին, խոտին, եգիին հասնէր: Հարսը ինչո՞ւ կ՚առնեն: Ամէն մարդ ինչո՞ւ հարս կ՚ուզէ: Աշխատելու համար: Տունը, ախոռը աւլէ, աղբը շալկէ, տանի աղբընոցը թափէ, տունը ջուր չկայ` կուժը շալկէ ջուր մը բերէ: Լեռը խոտ քաղող, դաշտը արտքաղոց, եգին փորող, բահող մը ունենալ։ Հարս ըսածդ` ասոնց համար է: Զաւակ բերելը երբ ըլլայ` կ՚ըլլայ: Թող տղան մեծնայ, էրիկ մարդ ըլլայ ու զաւակ ունենայ: Հիմա իրմէ զաւակ սպասող չկայ:

Խնկենց Աղան ինչքա՞ն մըն էր, որ կարգեցին։ Մերերոնց Աղայէն ալ տարի մը պզտիկ էր։ Մերերոնց Աղային պէս` անոր ալ բուն անունը չէր: Իմ երկրացիներս Աղա, Ճանօ, կամ Աղուոր, Պեկոյ կը դնէին տղոցը անունը, մեռած սիրելիի մը, կամ` մեռած հօր, եղբօրը անունը տանը մէջ յաւերժացնելու համար, ու բուն անուն չէին կանչեր, չյուզուելու, սրտերնին վեր չելլելու համար: Խնկենց Աղան շուտ մը կարգեցին, որովհետեւ տանը մինակ արուն էր, պապերը, հայրը, հօրեղբայրները, ամէնքը մեռած էին, ու` որպէսզի սերունդը չանցնէր, տունը շարունակուէր: Յետոյ, նոյնքան ալ երկրորդ պատճառ մը։ Տունը կնիկ շատ կար, մամեր, հարսիկներ ունէր, ամէնքն ալ այրի ու պառաւ էին, արտը, լեռը գացող չէին: Մինակ մայրը` Արխանը, կար բանող: Մինակ անով կ՚ըլլա՞ր: Հարս մը պէտք էր: Աղան ալ չըլլար, մամերը, հարսիկները ուրիշ բան մը պիտի ընէին: Գիւղին մէջէն, կամ դուրսի գիւղէ մը` տղայ մը, աղջիկ մը պիտի առնէին, Խնկենք պիտի ընէին: Խանըմենց Մքօն անանկ չեղա՞ւ: Տաղլուենց Վարդօյին առին` Տաղլուենց Մքօ եղաւ: Մաղեկանց Գարեգինը մեռաւ, Մաղիկ Մաման ալ մեռաւ, տունը մարդ չմնաց: Գիւղացիները Հասան ավայէն Պալենց Ահարոնը բերին, գեղէն ալ Տէրտիրանց Մարօն առին, կարգեցին, Մաղեկանց Ահարոն, Մաղեկանց Մարօ եղան, իրենց առջի մականունները մոռցուեցան: Գիւղին համար կարեւորը հարազատութիւնը չէր, տանը անունին շարունակութիւնը, տունը չգոցուիլը, օճախը չմարիլն էր:

Գալենց Րահաթ Մամային թոռը` Աղուորը, ի՞նչ էր: Քանի՞ մըն էր: Ինք ծնած չէր, որ հայրը մեռեր էր` կը պատմէին: Ան ինձմէ ալ պզտիկ էր: Ես Մայրենի Լեզու կը կարդայի, ան հեգարան կը կարդար, երբ մամը, հօրքուրները, մորքուրները, ժողվուըեցան ու կարգեցին:

Մեր մարագին պատկից Հայան Հարսիկին Մուշէն չըսե՞մ, որ տարեկից էր ինծի, նոյն օրը, նոյն աւազանը մկրտուեր էինք երկուքս ալ: Հայան Հարսիկը միշտ գիշերը կը դառնար տունը էշովը` եգիէն կամ լեռնէն, արտէն: Էշը ախոռը կը տանէր, օճախը պիտի վառէր, բան մը պիտի եփէր, որ Մուշէին հետ ուտէին: Այդչափ ուշ ի՞նչ կ՚եփուէր: Եթէ պահք էր, ձաւար պիտի խաշէր, տախդեղով, սխտորով ընկոյզ պիտի ծեծեր, վրան անցընէր, ժուր պիտի պատրաստէր, եթէ ուտիք էր` դգալին ծայրիկովը եղին կճիկէն եղ պիտի հալեցնէր, քանի մը հաւկիթ պիտի կոտրէր, ջուրով ու կարմիր տախդեղով ջրվրայ մը պիտի եփէր: Աս կը քաշուէ՞ր ամէն օր: Մերերոնց վարի տունէն Գոբբալ մամս. «Հարս, աս տղադ չկարգե՞ս» կ՚ըսէր ամէն օր: «Ի՞նչ ընեմ, Գոբբալ հարսիկ, շատ պզտիկ է, խելքը չհասնիր, կարգուիլը ի՞նչ է չի գիտէր» կը պատասխանէր: «Թող չգիտնայ, թող պզտիկ ըլլայ, կը բարկանար մամս, մինակ թէ հարսը մեծ ըլլայ, քեզի հարսը պէտք է, հարսը տղուդ պիտի չառնես, տանդ համար պիտի առնես» «Մուշէ, ծօ՛, կ՚ըսէի Մուշէին, իր վրայ խօսուածները լսելով, Գոբբալ մամս քեզ պիտի կարգէ»: «Գնայ, ծօ՛, թող ըսեն, ես չեմ կարգուիր, կարգուիլը ի՞նչ պիտի ընեմ», կը պատասխանէր:

Մուշէն որ պսակեցին, իմ խելքս ինչքա՞ն կը հասնէր կարգուելուն, ես ի՞նչ գիտէի: Անգամ մը պատմած եմ ձեզի` Բարիկանց Նանօյին վրայ: Ամառը գրեթէ ամէն օր ես անոր հետ էի: Մայրը` Թումասը, անունը Հայոց էր, Թումասենց աղջիկ ըլլալուն` Թումաս կ՚ըսէին, մեր անուշ ջուրին աղբիւրը կը ղրկէր մեզ: Շատ քիչ վազելուն` Նանօյին հետ կուժ կը պահէինք: Միշտ եօթը ութը կուժ մերինը կ՚ըլլար, այնչափ մըն ալ` անոնցինը: Ամէն օր հարիւրներով կուժ կը շարուէին աղբիւրին շուրջը: Արտուորը, խոտուորը, կալուորը ջուր կ՚ուզեր: Յաճախ մինչեւ մթնելը մեր կարգին կը սպասէինք: Թումասը, որ մօրս հետ պաճըլըխ էին, ամէն անգամ «Ակոբին հետ եղիր, տեղ մը չերթաք, չզատուիք, կարգերնիդ չփախցնէք» կ՚ըսէր Նանօյին: Ցերեկուան ճաշելու հաց ու պանիր կը բերէր, մերերն ալ մեր տունէն կը բերէին: Նանօն խորունկ ունկվրայի մը մէջ, մինչեւ պզպզուն ըլլար, ջուր կը լեցնէր, չախուն կը հանէր գրպանէն, որ բարակ շղթայով մը գօտիին կապած էր, մեր աղջիկները առանց չախուի` զմելիի, չէին ըլլար, պանիրները կը մանրէր ջուրին մէջ, ես ալ, Նանօն ալ` մեր հացերը կը կոխէինք ջուրը, մեր մատներովը պաղ պաղ պանիրները կը հանէինք, կ՚ուտէինք: Ետքն ալ, երբ գիտէինք, թէ մեր հերթին դեռ շատ կար, կը պառկէինք, կը քնանայինք հողերուն վրայ: Նանօյին երեսները կլոր չէին, քիչ մը երկայն էին, երկու երեսներուն ճիշտ մէջտեղերը կարմրուկ էին: Գարունները, Զատիկէն ետքը ես մեր ուլերը, գառները, ան ալ` իրենցինները, մօտակայ Ավազանի ձորին բլուրները կը տանէինք` արածելու: Ի՞նչ արածել: Ծծկեր էին ամէնքն ալ, իրենց մայրերը կը ծծէին, խոտ ուտել չգիտէին: Խոտերը կը փրթցնէին, իրենց քթիկներովը բը՜ռթ… կ՚ընէին կը նետէին ու կը վազէին Պեկիշենց ձորին կողմը, Մեղուընոցին կողմը, Կաքվուկի քարին ուղղութիւնովը, ես ու Նանօն ալ` արեւներէն չորցած, կռնծած տրեխներով, երբեմն ալ կ՚ելլէր մեր ոտքերէն, անոնց ետեւէն, անոնք կը վազէին, մենք կը վազէինք, անոնք կը վազէին, մենք կը վազէինք, անոնք կը վազէին, մենք կը վազէինք, մինչեւ որ առջեւնին կտրէինք, ետ դարձնէինք: Իրենց մայրերէն զատելու համար էր, որ կը պտտցնէինք: Եթէ թողէինք, որ անոնց հետ արօտ երթային ու մինչեւ իրիկուն քանի ուզէին` ծծէին, քուրջ կը դարձնէին այծերուն, մաքիներուն պտուկները, պտիկ մը կաթ չէին ձգէր մեզի, որ կթէինք ու մենք ուտէինք: Մեր երեք տուներուն հօրքուրներս ու մորքուրներս` «Ակոբ, Նանօն քեզի առնենք», Նանօյին մօրը` «Թումաս, Նանօն Ակոբին նշանենք» կ՚ըսէին: «Գնայ, պէ…— կը բարկանայի ես, ես չեմ կարգուիր, կարգուիլը ի՞նչ պիտի ընեմ» կ՚ըսէի: Քիչ մը գիտէի կարգուիլը ի՞նչ է, բայց չէի ուզէր, միայն շատ կ՚ախորժէի Նանօյին երկու երեսներուն երկու կարմրուկներէն. անուշ զգայնութիւններ կ՚ունենայի:

Մեր բոլորտիքը ինը գիւղեր կային, Կոստըկայ կըսէինք միայն ան թուրք էր, միւսները քրդու ու ղզլպաշի գիւղեր էին: Անոնք ալ մեր Աղային, Մուշէին տարիքը տղաքը կը կարգէին: Քուրդ Կախմըխիի Ղանպեր աղան, որ ամէնէն ունեւորն էր գաւառին մէջ, միշտ նոփ նոր կապոյտ չուխայէ սալթա, կապոյտ չուխայէ շալվար կը հագնէր, մինչեւ փորը մօրուք մը ունէր, թոռը` Զեյնօն, որ կարգեց` քանի՞ մըն էր: Կախմըխցոնց տղաքը, որ Կապուտ Կապների արտերը կուգային` գերի կը խաղայինք, չալուկ կը խաղայինք, Զեյնօն ամէնքէս պզտիկ էր։ Չէինք խաղցնէր, կը նստէր, կը դիտէր, չալուկը հեռուն որ թռէր` կ՚երթար կը բերէր:

Գինանու արտերն ու մերինները խառն էին: Գինանցիք ղզլպաշ էին: Գինանփողներու մեր տանը շատ մը արտերը Սէլիմ աղային արտերուն կից էին: Երբ Սէլիմ աղան իր թոռը` Օշիկը, որ կարգեց` մեզ ալ հարսնիք հրաւիրեց: Մամս իր կողմէն մայրս ղրկեց: Լացի, պոռացի: Մայրս զիս ալ տարաւ հետը: Հարսը բերելու թափօրին հետ մենք ալ գացինք հարսին գիւղը` Թափուռը, որ Թեղուտի Ապուզտայի լեռան ետեւը երեսուն տուննոց գիւղ մըն էր, Օրանիկի լեռներուն կը նայէր: Ձի հեծցուցինք ու թէ աղջկան, թէ փեսին հարսնեւորներովը Գինանա բերինք, Օշիկին հետ կարգեցին: Օշիկը ղզլպաշներու սիրական գոյներով դեղին, կարմիր գլխի փուշիին, նոր մինթանին, կապոյտ չուխայ շալվարին մէջ աւելի պզտիկ երեւցաւ ինծի: Իսկ հարսը բարակ, երկայն աղջիկ մըն էր: Արտքաղերուն Կաւին Դարը իրենց արտերն որ կուգային, ղզլպաշ կիներու մինչեւ կրունկները հասնող կարմիր քօղը կռնակը կը նետէր, ինչ արագութիւնով ու կշռոյթով արտ մը կը քաղէր, մանգաղ կը շարժէր: Գեղեցիկ էր: «Օշիկին` ինչի՞ն, պապը` Սէլիմ աղան, հարուստ էր, անոր հարստութեանը տուին Թափուռցի աղջիկը», կ՚ըսէին:

Զնզնուտցիք ալ ղզլպաշ էին: Ալի էֆենտիին Ատր Կիւզելը երբ կարգեցին, ճղճիմ տղայ մըն էր: Մէլէքը առին անոր, որ մէկ մը կարգուած ու էրիկը մեռած էր: Մէլէքը ըսես` ըմբիշի մը թեւերը ու մարմինը ունէր: Ատը Կիւզելը Մէլէքին քով կը կայնէր` մէջքի գօտիին անգամ չէր հասնէր գլուխը, իրենց ջորին չէր կրնար հեծնել: Մէլէքը կը գրկէր ու կը հեծցնէր: Մէլէքը հօրենական տունէն շատ արտեր ժառանգած էր, իր արտերուն միացնելով սեփականացնելու համար իր տղուն առաւ ու իր հարսը ըրաւ Ալի էֆենտին:

Բայց երբ իմ գիւղիս Առքենց Պեկօն որ կարգեցին, աս պատմածներուս մէջէն ամէնէն պզտիկն էր: Անոր տարիքը տղայ մը կարգուած չէր ոչ միայն իմ, այլեւ շրջակայ բոլոր գաւառներուն մէջ: Ամէնքը զարմացան, երբ լսեցին, որ Պեկօն կը կարգէին: Մամը, Տիւկէ Մամա կ՚ըսէինք, ան կարգեց: Հայր չունէր, մօրը փորն էր, որ մեռաւ: Մայրը, մամը ու ինք էին: Տիւկէ Մամա կ՚ըսէինք մամուն, որովհետեւ տիւկէի` երինջի ճակատ մը ու աչքերը ունէր, ախոռէն դուրս հանուած երինջի մը պէս կը նայէր դռնէն անցնողներուն: Մամը չանսաց ոչ մէկուն ըսածին, Քեմախի ու Կերճանիսի գիւղերէն` Թորդանէն աղջիկ մը առաւ Պեկօյին: Թորդանցի աղջիկն ալ, փոքր տարիքով բոլոր տղոցը առած աղջիկներուն նման, Պեկօյին երկուքն էր: Ուժեղ ալ էր, մեր աղջիկներուն մէջ անոր չափ կարշնեղը չկար: Մեր Մեծ գիւղին Առաջնորդ վարդապետին յատուկ աթոռին վրայ կայնեցուցին ու հարսին հետ պսակեցին: Ու երբ հարսնիքը վերջացաւ, գիշեր եղաւ, կարգը եկաւ հարսին հետ պառկելու, այնչափ տղայ էր եւ խելքը չէր հասնէր, որ իր մայրը զատ համոզեց, մամը զատ համոզեց, Առքենց միւս տունէն Խուրնաւուլցի Մաման զատ, «Հարսին հետ պիտի պառկիս, հայտի գնայ պառկէ անոր հետ», ըսին, «ես անոր հետ չեմ պառկիր» ըսաւ: Ինչ ըրին` չգնաց, ամէն գիշերուան պէս` մօրը հետ պառկեցաւ: Լման երկու տարի հարսը մինակ պառկեցաւ: Չարքաշ ալ էր: Ամէն առտու իրիկուն ներսը, դուրսը, ախոռը, բակը կ՚աւըլէր, աղբը կը տանէր աղբանոցը կը թափէր, ոչխարը, կովը կը կթէր` արօր կը ղրկէր, կուժը կը շալկէր` ջուր կը բերէր, արտ կը քաղէր, խոտ կը քաղէր, ու գիշերը մինակ կը պառկէր: Պեկօն ալ մօրը ծոցը: Ետքը ինչպէ՞ս եղաւ, չհասկցուեցաւ, հարսը համոզե՞ց, թէ՞ ինքը վարժուեցաւ, ալ մօրը ծոցը չգնաց, հարսին հետ կը պառկէր: