Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԱՂԼՈԻԵՆՑ ՄԱՐՕՆ

Քանի մը օր առաջ Գուլէտիպի իմ երկրացիներուս` Ղուռուչայցի կիներու հանդիպեցայ, որոնք դռնապանութիւնը կ՚ընեն այս հրէական փողոցներու ափարթմաններուն մէջ:

Ղոնշու, ըսին, Մարոյը կէօրտիւ՞ն մի, եանընայ կիթթի՞ն մի, դրացի ըսին, Մարօն տեսա՞ր, քովը գացի՞ր:

Չհասկցայ, իրենց նայեցայ:

Սիզին` Քիւչիւք Քէօյին Մարօյը, կրկնեցին, հանի քիւրտ Կեամխուլու Պեկօյը ալտը, օ Մարօյը, քիւրդ Մարօյը— Ձեր` Պզտիկ Գեղի Մարօն, ուր է` Կախմխցի Պեկօն առաւ, ան Մարօն, քուրդ Մարօն: Իմ գիւղիս Պզտիկ Գիւղ կ՚ըսէին, երկու Արմտաններէն պզտիկը ըլլալուն:

Իրա՞ւ կ՚ըսէք, ո՞ւր է, ո՞ւր կը գտնուի, հարցուցի:.

Իրենցմէ երկուքը. «բայց` ան հոս չէ, գնաց», ըսին: Միւսները. «ոչ, ոչ, դեռ չգնաց, հոս է», պնդեցին ու փողոցը, տեղը բացատրեցին:

Թոփհանէ, Պողազքեսէն պողոտային աջ կողմը, ետեւի փողոցը մզկիթ մը կայ, անոր կիցը կանանչ ներկուած փայտաշէն տուն մը կայ, միայարկ, հոն է, տղան կը նստի, հարս մը ունի ու երկու թոռներ, անոնց քովն է:

Ո՞վ գիտէ, լաւ մը ծերացած է հիմա, ինձմէ ալ տասը տարի մեծ է, աւելցուցի:

Եոք, եոք, եոք ղոնշու, ըսին, օ պիզտէն տէ կէնճ, կիւճլիւ, Կեամխունուն քիւրդ ղառըլարը կիպի` սաչլարը տա ղընայ ղոյմուշ. Ոչ, ոչ, ոչ դրացի, ըսին, մենէ ալ երիտասարդ ու հուժկու է, Կախմխիի քուրդ կնիկներուն պէս` մազերուն ալ հինա է դրեր:

Մեր Տաղլուենց Մարօյին համար էին: Չըսի, թէ Մարօն իմ ինչս էր. քոյրս էր, ինչո՞ւ ըսէի, պէտք չկար: Քոյրս որ կ՚ըսեմ իրաւէն քոյրս չէր, ան Տաղլուենց աղջիկ էր, ես Տեմուրճենց տղայ եմ, բայց մենք` երկու տուներս, մէկ տունէ ենք, իրարմէ զատուեր ենք: Երկուքիս նախնիքը Վարդան` պապն ու Գրիգոր պապը, երկու եղբայրներ են, Տէրսիմի հիմակուան Թունճէլլի Օվաճուխէն անդին, Ղարաչոռէն եկեր են, մենք ալ չենք գիտէր ե՞րբ, գիւղին կալերուն ետեւը Փոսուն Բուռը նստեր են: Գիւղին բնիկները եօթը տուն եղեր են, մեր պապերը հրաւիրեր, բնակութեան տեղ ու արտեր տուեր են, որ ցանեն, քաղեն ու ուտեն, գիւղն ալ շէննայ, բազմանայ: Լեռնէն եկած ըլլալուն` Տաղլուենք ըսէր են, մենք Գրիգոր պապուն թոռները, զատուեր, զատ տուն եղեր են, երկաթագործ ըլլալուն` Տեմուրճենք ըսէր են, մենք Գրիգոր պապուն թոռներն ենք: Ադ է, աս է, մեր գերդաստանի արենակցութիւնը կը շարունակէինք, քոյր, եղբայր կը կանչէինք իրարու:

Մարօյին քրդու կնիկ ըլլալը Առաջին Թալանին տարին եղաւ: Ըսեմ, թէ առաջին ու երկրորդ երկու թալաններուն խուժանը մեր գիւղերը չմտան: Առաջինին` դռներուն ետեւը քարէ պատեր որմեցինք, տանիքները եփնտեփ ջուր, տաք մոխիր, կծու կարմիր փոշի պղպեղ պատրաստեցինք ու պահեցինք խուժանին գլուխներուն ու աչքերուն նետելու, որ չկարէնային մօտենալ ու փախէին: Տէրսիմի քուրդերէն Բախդիարցիներն ու Ղուռէշանցիները կայծքարաւոր հրացաններով, կեռ սուրերով, Եփրատի եզերքը եկան, նստան: Ընծաներ տարինք անոնց պետերուն` Ալիշեր ու Կակկօ աղաներուն ու հետեւորդներուն, երեսուն արծաթ մէճիտիյէ, րուպիյէ, մահմուտիէ զարդոսկիներ, կտաւ, կերպաս, հինա, ապրշում, անոնք ալ խուժանը վանեցին, մինչեւ որ Երզնկայէն հեծելազօրքը հասաւ: Յաջորդ աշունը, երկրորդ թալանին, Ակը, Բինկեանը զարկին, մեր հինգ գիւղերուն նորէն չկրցան դպիլ, որովհետեւ մեր գայմագամը` Ահմէտ պեկը, որ չերքեզ էր ու չորրորդ բանակի հրամանատար միւշիւր Զեքի փաշային հետ կաթնեղբայրներ էին, նախօրօք հեծելազօրք բերել տուաւ:

Մարօյի քրդանալուն պատասխանատուն մայրը` Եղսիկ նէնէն ու մշակը` Մուսթաֆան են: Մարօյին հայրը գիւղը չէր, Պոլիս էր, կը պանդխտէր, տունը կառավարողը մայրն ու Մուսթաֆան էին, որ քուրդ էր, կախմխցի էր: Թալանին, ապահովութեան համար, Մուսթաֆան Մարօն Կախմխի ղրկեց, իր տունը: Մերերը զիս ալ Կախմխի ղրկեցին: Ես ութը տարեկան էի, էնթերին նոր ձգէր էի, կապոյտ կտաւէն կտրեցին, շալվար կը հագնէի: Մեր գիւղը թուրք չկար, թուրքերէն բառ մը անգամ չգիտէի, քիչ մը քրդերէն ու շատ մը քրդերէն հայհոյութիւններ գիտէի, քուրդերուն տղոցմէն սովրեր էի: Մարօն ալ տասնըութը տարեկան էր, Մարօյին` գեղանի է կ՚ըսէին, բայց ես այդ տարիքիս մէջ աղջկան մը գեղեցկութենէն չէի ազդուեր: Աղջիկ մը գեղեցիկ կամ տգեղ ըլլար, նոյնն էր ինծի համար: Աղջի՜կ… գիւղը աղջիկ շա՜տ, քանի՞ մը կ՚ուզես: Կեցիք, որ ըսեմ: Բարիկանց Նանոյին վրայ պիտի ըսեմ: Անոր հետ մենք մէկ տարիք էինք, անոր ալ` շատ գեղեցիկ է կ՚ըսէին. թող ըլլար, ինծի ի՞նչ: Ես ու ան, մէկտեղ, մեր Նորաղբիւրը ամառները ջուր կը պահէինք: Փողրակէն, ըսես, մախաթի մը չափ անգամ չկար՝ ջուր կը վազէր, ատով գուռը պիտի լենար, մենք ալ հոնկէ թասով կուժերը պիտի լեցնէինք, ու արտուորին, խոտուորին կամ կալուորին ջուր պիտի հասցնէինք: Անոնք ըսես` օրը հարիւր անգամ ջուր կը խմէին, քիչ ալ չէ, մէկ անգամէն պղնձէ լոշիկ մը պսպղուն ջուրը գլուխնուն կը վերցնէին, կը հատցնէին, ջուր կը դիմանա՞ր ատոր: Մեր առաջքը, երկու պատերուն երկայնքով երեսուն, քառասուն կուժ շարուած կ՚ըլլար միշտ, մինչեւ որ կարգը մեզի գար պիտի սպասէինք, իսկ մեր կուժերն ալ շատ մեծափոր ու խոշոր էին, մեր պորտերէն վեր, մինչեւ մեր կուրծքերը կը հասնէին: Ամէն օր Նանոյին հետ կը ճաշէինք։ Մայրը Թումասն ալ` Թումասենց աղջիկ ըլլալուն` Թումաս կը կանչէին, կ՚ուզեր, որ ես վիրա Նանոյին հետ ըլլայի, ինչո՞ւ, ես ալ չգիտէի: Տունէն կերթայինք հաց, պանիր կը բերէինք, մենք պանիրը ջուրով կ՚ուտէինք, Նանոն պանիրը կը ջարդէր ջուրին մէջ, պատառնիս ջուրին մէջ կը խոթէինք, պանիրով կը հանէինք, կ՚ուտէինք: Նանոն բիլաւ եփել ալ գիտէր, դէմ դիմաց կը նստէինք, կը դգալէինք: Ետքն ալ գետինը, հողերուն վրայ երես երեսի կը պառկէինք, կը քնանայինք: Երբեմն աչքերս կը բանայի, անոր կը նայէի, ան աչքերը գոց կը քնանար, բան մը չէի զգար, ես ալ աչքերս կը գոցէի, նորէն կը քնանայի. Նանոն որեւէ աղջիկ մըն էր ինծի համար: Այդքան:

Երբ թալանին վախը անցաւ, ամէնքս ալ Կախմխիէն մեր տուները դարձանք: Մարօն մնաց: Մերերը վրդովուեցան:

Մարօն ո՞ւր է, ան ինչո՞ւ չեկաւ, ըսին ինծի:

Է՛, ի՞նչ ընեմ, չեկաւ, ըսի:

Մօրը բարկացան:

Չէրթա՞ս, չքաշե՞ս, բերես աղջիկը, ըսին:

Մսթաֆան կ՚ըսէ, թէ` թող մնայ:

Մերերը յանդիմանեցին.

Մսթաֆային հրամանովը՞ պիտի քալես, ըսել է` ինչ ըսէ, ան պիտի ընե՞ս, ըսաւ մեր Խորուկալի տան Արութ պապուս կնիկը` Գոբբալ մամս:

Կնիկ պիտի ըլլաս` կը նկտի քեզի պէս կնիկը, մար պիտի ըլլաս` մարմրի քեզի պէս մարը. աղջիկը քուրդերուն մէջ ձգէր է, հոգը անգամ չէ, կ՚ուզե՞ս որ ճահէլ աղջկանը գլուխը փորձանք մըն ալ բերեն, չեխեց Գասպար պապուս կնիկը` Հոռմիկ մամս, որ Ակէն` Հայ-հոռոմ Ձորակ գեղի աղջիկ ըլլալով, Հոռմիկ մամա կը կանչէինք:

Կրնա՞ր մամերուս պատասխանել, գնաց, Մարօն առաւ բերաւ, բայց մամերուս կասկածածները իրականացան: Քուրդերը աղջիկը իրենց կողմը դարձուցեր էին, համոզէր, խելքը առէր էին, երկու օր մնաց մօրը տունը, երրորդ առտուն ելանք որ` Մարօն փախեր է ըսին, չկայ, գիշերը տանը ետեւի բակին կողմի դուռը բացեր է, Կախմխցիները ձի բերէր են, հեծցուցեր, տարեր են: Աշնան անձրեւով առտու մըն էր, գիւղով իրար անցանք, Մելքոն պապս Ղուռուչայ գնաց, ղայմախամին դիմեց, այն ատեն դատաւոր չկար, ղատի կար մեր գաւառը, ղատիին ներկայութեանը բերին. «բռնի չէ, իմ ուզելովս, իմ կամքովս Պեկօն առի» պատասխանեց, ալ ի՞նչ կրնայինք ընել, ակռանիս կրճրտելէն զատ:

Անկէ ետքը գիւղով ատեցինք: Մեր արտերը, ձորերը Կախմխիի արտերուն, ձորերուն խառնուած էին, ամառը հերկին, խոտքաղին, արտքաղին ամէն օր կը տեսնէինք, քրդու Ղութնի էնթերիով մինթանով, պղնձէ կարմիր դրամները քունքէ քունք թաղիքէ սեւ գլխարկին կարած, չէինք խօսէր, գլուխնիս կը փարտէինք, կը հայհոյէինք:

Տասը տարի Պոլիս մնացի, գացի որ` հին ատելութիւնները մարեր էին, ամէն մարդ կը խօսէր հետը, միայն մարանքը` հայրը, մայրը եւ մեր երեք տուները չէին հաշտուէր: Ես ալ խօսեցայ հետը, թէեւ ատոր համար մերերը բարկացան ինծի:

Երբեմն, երբ խօսած ատենը ինծի աղբար կ՚ըսէր, կ՚ընդմիջէի.

Ինչո՞ւ քու աղբարդ կ՚ըլլամ, ես` հայ, դուն` քուրդ, դուն քուրդ չե՞ս, կ՚ըսէի:

Իրարմէ զատուած չե՞նք, ես Տաղլուենց աղջիկ չե՞մ, կը պատասխանէր:

Տաղլուենց աղջիկ որ ըլլայիր` հայու տղայ մը չկա՞ր, հայու տղայ մը կ՚առնէիր, քուրդ մը չէիր առնէր, շան ձագ, կ՚ըսէի:

Իմ հայհոյութիւններէս չէր առնուէր:

Եղաւ մէկ մը, ի՞նչ ըսես` իրաւունք ունիս, կը պատասխանէր, ամա ես հայ եմ, Աստուած վկայ` հայ եմ, տղոցս, աղջկանս հայերէն սորուեցուցի, հետս հայերէն կը խօսին, գիշերները խաչս չհանած, Հայր մերս չըսած չեմ պառկիր, էրիկս կը թողու, որ ընեմ:

Տաղլուենց Սարօյին պատմութիւնն է աս… ու հիմա, իմ քոյրս եղող, ինծի աղբար կանչող այս Մարօն եկեր էր, հոս էր: Դռնապան կնիկներէն զատուեցայ չզատուեցայ, Գուլէտիպիէն շիտակ Թոփհանէ գացի, ալ կը կենայի՞, երթալու, տեղեկանալու համար իմ գիւղերէս, աքսորէն, աքսոր եղածներէն, հիմա որո՞նք կան, որո՞նք կը նստին հոն: Ժամերով խօսեցնէի` պիտի չհատնէին հարցումներս:

Գտայ տունը, դուռը զարկի, սեւ, բարակ պեխերով երիտասարդ մը բացաւ դուռը:

Կախմխցի էզիզոյին տունը ա՞ս է, մայրը Մարօն հո՞ս է, ըսի:

Գեղ գնաց, երէկ գիշեր թրէն նստաւ` Հայտար Փաշայեն, ըսաւ:

Եա՛… չեղաւ, ըսի, չգտնելուս ցաւ զգալով:

Մարօն իմ մայրս է, Էզիզօն ես եմ, դուն ուր տեղացի՞ ես, ո՞վ ես, հարցուց:

Ես արմտանցի եմ, Պզտիկ Գեղէն եմ, դուն չես գիտէր, մօրդ եղբայրն եմ, Տեմուրճենցմէ եմ, անունս Ակոբ է, ըսի:

Ակոբ քեռին դո՞ւն ես, հա՞, գոչեց հայերէն: Մայրս քանի մը քու վրադ կը խօսէր, կ՚ըսէր` «ան աքսորին գեղը չէր, Պոլիս էր, ո՞ւր մնաց, ի՞նչ եղաւ, աճէպ»: Քեզ շատ կը սիրէր:

Ու ձեռքս պագաւ, ներս` սենեակ տարաւ, կինը, տղաքը կանչեց, եկան, ձեռքս պագին, սուրճ բերին:

Ես Ղալաթիայ պանքաները` հրեայ իթխալաթճի վաճառականներու քով եմ, սենեկապան եմ, մայրս որչա՜փ փնտրել տուաւ քեզ, քանի մարդու հարցուցինք: Տեմուրճենց Ակոբը` ըսինք, չենք գիտէր` ըսին, ետքն ալ, ըսինք, կարելի է դուրս գացեր է, հոս չէ:

Ասոր, անոր հարցնելուն, թող Պեյօղլու, Պալըխ փազար, հայուն ժամը գայիք, հարցնէինք, ես հոն էի, ես ամէն օր հոն եմ, ըսի:

Ադ հէչ խելք չըրինք, ըսաւ, վա՜խ, վա՜խ, վա՜խ… Մօրս պիտի գրեմ: Որ իմանայ նը` որչա՜փ պիտի ուրախանայ, հէմ չկենար, կ՚ելլէ կուգայ` քեզ տեսնելու, թրէնը դիմացնիս է, Լիճքն է, վաթսուն քանի ոսկիով կուգայ, վաթսուն քանի ոսկիով կ՚երթայ, հէմ` երկրորդ կարգ, շա՞տ փարա մըն է, հէմ` ես փարան պիտի ղրկեմ, որ գայ, աւելցուց, մինչեւ հիմա ալ, ամէն գիշեր, խաչը չհանած, աղօթքը չըրած չի պառկիր, քեռի, մայրս: