Արմտան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂԱՃԱՆ ԱՄՈՒԻՆ ԷԼՄԱՍԸ

Թեղուտի Եզեկենց Աղաճանը, Չոլլիկին ու Գասպարին հայրը, առտուն աղը դրուած բեմկին վրայեն ալ թութի ծլած պէքմէզը, գլոխ մը չոր սոխին հետ, թրջած հացով կերաւ, աղի բեմկին, ծլած պեքմեզը ներսիդիդ կ՚այրեն` թաս մըն ալ պաղ ջուր խմեց, բերանը սրբեց, բիրը առաւ ու դուրս ելաւ, որո՞ւ դուռը նստեր էին, ինք ալ մէջերնին էրթալու, նստելու, ժամանակ անցընելու համար, երբ ժամուն անկիւնէն երկու միասին պտըտողները, երկու քէնեկալները` Արութն ու Մքայէլը երեւցան:

Աղաճա՜ն Ամու, Աղաճա՜ն Ամու…— կանչեցին, կեցիր, մ'երթար…

Ու քովը եկան:

Վերիգեղցի Էլմասը եկեր է, Սլոյենցն է, ըսին իրեն:

Աղաճան ամուն, որ տղոցը` Չոլլիկին ու Գասպարին ընդդիմութիւններուն հակառակ, յիսունըհինգէն ետքը երկրորդ անգամ կարգուելու ելեր էր, վերիգեղցի Էլմասը առնել կ՚ուզեր, Արութն ու Մքայէլն ալ ադ գործը յաջողցնելը իրենց վրայ առած էին, բացագանչեց.

Ի՞նչ կ՚ըսէք, իրա՞ւ կ՚ըսէք տղաք.. է՜, է՜…:

Ուրախութենէն խոշոր աչքերը բանալով, երկու քէնեկալներուն նայեցաւ ու սպասեց, որ շարունակէին:

Ես ալ չգիտէի, սկսաւ Մքայէլը, Մայամ քրոջս աղջիկը` մեր Զմրութը աղբուրէն կուգար, ան ըսաւ, իրկունը եկեր է, Սլոյենցը մտայ որ` հոն է, նստեր էին, առտուան ճաշը կ՚ընէին:

Ետքն ալ, Աւետենցը աչքի լուսի պիտի երթային: Նշանին կնիկը տղայ մը չբերա՞ւ, Նշանն ալ Էլմասին հօրքրոջը տղան չէ՞:

Արութը` Մքայէլին.

Իմ ըսածս է, պաճօ, քեզի ես ի՞նչ ըսի, աչքի լուսի գալը մահանայ է: Քէնիս` Նազէնը Վերի գեղը չգնա՞ց, «Աղաճան ամուն քեզ կ՚ուզէ, կ՚առնե՞ս» լուրը չտարա՞ւ իրեն. եկաւ, որ հասկնար` ո՞վ է, ինտո՞ր մարդ է, ի՞նչ ունի:

Գիտեմ, գիտեմ, ես ալ ատոր կուտամ գալը, պատասխանեց Մքայէլը:

Թող հասկնայ, Աղաճան ամուն հիմա ինքը կ՚առնէ ու ինք ալ կեցէր է, նազ կ՚ընէ, ըսաւ Արութը:

Աղաճանը չհամբերեց.

Տանս մեծը պիտի ընեմ, ունեցածներս, իմ փարաներս, լուսհոգի կնկանս ոսկիները, մալերս որո՞ւնն է, իրենն է: Կրնայ, որ հարսներս, տղոցմէ մէկը հնազանդութիւն չընէ իրեն, երես դարձնէ… հը… հը… բերանը կը պատռեմ:

Գլուխը շարժեց ու ծխատուփը երկարելով երկու քէնեկալներուն.

Մքայէլ, Արութ, ճիկառա փաթթեցէք, ըսաւ:

Հիմա էր նետեցինք, Աղաճան ամու, ըսին: Բայց երկուքն ալ նորէն մէկ մէկ հատ փաթթեցին:

Վախնամ թէ մէկին, մէկալին ըսածներուն համոզուի ու իս չառնէ, շարունակեց Աղաճանը, ամա, Աստուծով ու ետքն ալ ձեր ջանքերովը խսմէթ ըլլայ ու առնեմ, տունս բերեմ, Արութ, Մքայէլ, Աստուած վկայ, ձեր կնիկներուն, երկու քուրերուն, Նանոյին ու Նազէնին մէկ մէկ րուպիյէ ոսկի, մէկ մէկ ջուխտ ալ Ակէն Հալէպի գործ` կնիկ մարդու դեղին չետուկ բերել պիտի տամ, ձեր երկուքիդ ալ, ես Եզեկենց տղայ եմ, խօսքէս չեմ դառնար, մէկ-մէկ օսմնցու կարմիր ոսկի պիտի տամ, Երզնկայէն ալ Տրապզոնի գործ` մէկ մէկ ջուխտ եմենի բերել պիտի տամ:

Արութ Աղաճանին խօսքերը ընդհատեց.

Կ՚ըլլայ, կ՚ըլլայ, Աղաճան ամու, ամէն փափագիդ կը հասնիս. Մենք չենք քնանար, մենք կայնած ենք, ըսաւ, ու Մքայէլին դառնալով, պաճօ, մեր խօսելիքները ետքէն ալ կը խօսինք, երթանք Եշտենց կալին պատին վրայ նստինք, հիմա ուր որ է Էլմասը մօրքրոջը հետ Աւետենցը, կը նայիս, կ՚երթայ, մեր առաջքէն պիտի անցնի, խօսքի կը բռնենք, կը կեցնենք, Էլմասն ու Աղաճան ամուն թող իրար աղէկ մը տեսնեն, չըլլա՞ր:

Աղաճանը վարանեցաւ:

Տղաք, դուք խօսեցէք, ես չեմ խօսիր, ես որքան որ քանի մը անգամ տեսած եմ, հետը հէչ չեմ խօսած, ես կը քաշուիմ, ես մինակ կը նստիմ:

Դուն մի խօսիր, նստէ, ըսին, մինակ թէ` մէջքդ չծռես, կռնակդ շիբշիտակ բռնէ, որ ծեր չերեւնաս, մէկ մըն ալ` պըյըխներդ ոլրէ, ծայրերը վեր դարձուր, մարդու մը էրիկմարդութիւնը ցուցնողը պըյըխներն են:

Արութին ըսածը ելաւ: Ժամ բռնէր էր, կ՚ըսես: Կալը գացին, պատին վրայ նստան, ոտքերնին կախեցին, չկախեցին, դէմի կարգի փողոցին գլխէն Սլոյենց դուռը բացուեցաւ, Էլմասը, մօրքրոջը հետ, դուրս ելաւ, ու իրենց կողմը շտկուեցան: Իրենց, առջեւէն որ պիտի անցնէին, Արութն ու Մքայէլը մէկ բերան.

Բարի ես եկեր, Էլմաս, բարի երթաս, ըսին:

Բարի տեսանք, բարին արեւնուդ, բարին ձեր որդոցը արեւուն, - պատասխանեց Էլմաս, հեզ ձայնով մը, ու կեցաւ:

Իր վրայ ըսուածներուն չափ կար: Գեղանի էր, դեղին թարթիչներով: Քառասունըհինգ մը կար, կամ ըլլալու էր, որովհետեւ, քսանըհինգ, քսանըվեց տարեկան կարգած տղայ ու թոռներ ունէր, բայց չէր ցուցներ: Հասակին գծերը դեռ չէին աւրուած, գոյնը երեսներէն դեռ գացած չէր: Այն կնիկներէն էր, որ իրենց աղջիկներէն աղուոր կ՚ըլլան. աղջիկը չես առներ, մայրը կ՚առնես, ինչպէս կ՚ըսեն: Արմտաններու բոլոր կիներուն պէս` կապոյտ չուխայէ ճիւպպէ մը հագեր էր, փայլփլուն քեօսթէկով մը բռնուած ետեւը, տակէն գինեգոյն կեռմեւուտ էնթարի մը, ծունկերէն վար քովնտի չաքերով: Եզերքը վարդագոյն փունջերով վարդագոյն լաչակ մը կապեր էր գլուխը, իսկ ամէնէն աւելի տպաւորողը իր զուսպ ու պարկեշտ արտայայտութիւնն էր:

Արութն ու Մքայէլը չթողուցին, որ երթար:

Վերիգեղը ի՞նչ կայ չկայ, Էլմաս, հարցուցին, տագրդ Մանուկ աղան ի՞նչ կ՚ընէ, տղաքդ` Գրիգորը, Նշանը:

Ի՞նչ ընեն, աղէկ են, խաթրնիդ կը հարցնեն, պատասխանեց:

Հա՞րսդ, թոռնե՞րդ:

Ձեռքերնիդ կը պագնեն, ըսաւ:

Մնաք բարով, ըսաւ:

Երթաք բարով, ըսին:

Աղաճանը գլուխը չվերցուց: Բիր կ՚ըլլեր էր, կ՚ըսես, կռնակը շիբշիտակ բռնէր, երկու սրունքները միացուցեր, պեխերուն ծայրերը պլորեր ու վեր դարձուցեր, պռկըները ուժով մը սեղմեր, անթարթ գետինին հողերուն նայեցաւ, մինչեւ որ գացին: Եւ երբ հեռացան, գլուխը վերցուց.

Տղաք, Էլմասը ինծի ալ նայեցա՞ւ, հարցուց:

Նայեցաւ, նայեցաւ, մեր հետը կը խօսէր, աչքն ալ վիրա քեզի էր, ըսին, ու աւելցուցին Աղաճանին.

Ալ ի՞նչ ընենք` հոս նստինք, երթանք: Մենք ետքէն կը հասկընանք` Նշանին տունը ի՞նչ ըրեր, ինչ որ խօսեր են, ու լուրը քեզի կը բերենք:

Ու բաժնուեցան:

Աղաճանը քիչ մը Կեռսենց դուռը նստաւ, խնամիին հետ խօսեցաւ, հոնկէ ելաւ խել մըն ալ տէրտիրոջը դուռը նստողներուն հետ խօսեցաւ, հոնկէ ալ տուն գնաց: Մեծ հարսը, Չոլլիկին կինը, որ կեսրոջը մահէն ասդին տունը դարձնողն էր, աղցան ու թանով ապուր եփեր էր: Զատիկէն ետք ուրիշ ի՞նչ կ՚ուտուի, ամէն տուն ի՞նչ կ՚ուտէ, թանին, մածունին, աղցաններուն ամէնէն առատ ատենն է: Սինին դրին, ունկվրային մէջը հացը բրդեցին, թանով ապուրը լեցուցին վրան, հարսներով, տղոցմով, ամէնքը բոլորուեցան, դգալեցին: Չոլլիկն ու Գասպարը չկային, վարի այգիները գացեր էին` պատ որմելու: Նորէն ունկվրայի մը մէջ հաց բրդեցին, տապակ մը հաւկիթով աղցանը վրան լեցուցին, ան ալ կերան: Աղաճան ամուն երկնցաւ, ճաշքուն մը ըրաւ, ետքն ալ ելաւ, դպրոցին քովի Եշտենց կալը գնաց: Անոր տակը երկրորդ կալ մը կար, որ Եշտենց մէկալ տանն էր, անկէ վար ալ ձորն ու ջաղացքն էին, ու դիմացն ալ` սուրբ Վառվառին լեռան մատուռին դարվերիները:

Գիւղին էրիկմարդոցը կէսը հոն էր: Գիւղը կառավարող աղաները, ծերերը, երիտասարդները խումբ-խումբ եղեր էին, գետինները տաք ու չոր ըլլալով` շատերը նստեր էին, շատերն ալ ոտքի վրայ կը խօսէին: Աւելի անդիի կալերը տղաքը չալուկ կը խաղային: Ի՞նչ պիտի ընէին, ընելիք գործ չկար: Գարնցանները` վիկը, գարին, ոսպը ցանէր էին, այգիները յօտեր, սարփներ էին, պարտէզները բահեր էին: Փայտ բերել մը կար լեռնէն, ան ալ` ամէն տունէն երիտասարդը ո՞վ էր, ան կ՚երթար ու մինչեւ ցերեկ կուգար: Յունիսին կէսը պիտի անցնէր, ամառնամուտը պիտի գար, որ հերկը, խոտքաղը սկսէր:

Աղաճանը, որո՞նց մէջ խառնուելու համար, մէկ խումբէն միւսին կը նայէր, երբ Արութն ու Մքայէլը եկան:

Կը տեսնե՞ս դուն եղածը, ըսին, Էլմասը ճամբու դրին, չթողին, որ մնար, ու ղրկեցին: Կնիկը աղէկ մը կակուղցած էր, քեզի պիտի առնէր, աղէկը գիտենք: Մեր Նազէնին ըսած էր: «մէկ մը գամ, տեսնեմ, կ՚առնեմ`» ըսեր էր: Վերիգեղէն մինչեւ Թեղուտ ինչո՞ւ եկաւ: Աչքիլուսի գալը մահանայ ըրաւ, խօսք տալու եկաւ: Կնիկը համոզեցին, խրատեցին, ետ դարձուցին: Աս գործին մէջ տղաքդ ալ կան` Էլմասը քու առնելդ չուզող: Մէկ մըն` ալ Նշանը, Աւետենց Նշանը: «Խե՞նթ ես դուն, Աղաճանը կ՚առնես, վաղը անոր տղաքը, հարսները քեզի համ ու հո՞տ պիտի տա՞ն». գլխուն թափեցան ու ըսին: Ըմա մենք չենք քնանար, նորէն նորէն կ՚ըսենք. մենք գիտենք` ո՞վ պիտի ղրկենք ու պիտի համոզենք: Դուն հեչ հոգ մ'ըներ, Աղաճան ամու: Մեր ձեռքէն բան չազատիր:

Երկու քէնեկալները զատուեցան կալէն, գացին:

Նշանն ալ կալ մտաւ, Աղաճանին առջեւէն անցաւ:

Բարեւ, Աղաճան Ամու, ի՞նչ կ՚ընես, Աղաճան Ամու, ըսաւ:

Աղաճանը Նշանը տեսաւ, չտեսաւ` մազերը տնկուեցան: Ընելիքը, ըսել է, ըրաւ, Էլմասը ճամբու դրաւ, հիմա ալ եկաւ ճաթեցնելու զինքը, հա՞: Ակռաները կճրտեց, բերանը փրփրեցաւ, ալ անկէ ետքը` ի՞նչ հայհոյութիւն, որ եկաւ ներսէն` դուրս տուաւ:

Քեզի, քեզի, քեզի…

Նորէն.

Քեզի, քեզի, քեզի… շուն… շանձագ… շանձգնած… քու կաթդ ու մակարդդ… քու օխտը պորտդ…

Նշան նախ չհասկցաւ այս հայհոյութիւններուն տարափին պատճառը:

Խենթեցա՞ր, խելքի՞դ եկաւ, Աղաճան Ամու, մէկէն ի մէկ ի՞նչ եղաւ, հարցուց:

Խենթեցայ, հա, խենթեցայ, ճիվերիս տղան, Էլմասը խրատեցիր, ղրկեցիր, հիմա ալ վրաս խնդալու եկար, գիտես, թէ ես լուրը չառի՞: Ու այն Աղաճանը, որ աման, մարդ չգիտնայ, մինչեւ յաջողի` ըսելով, Էլմասին հետ քաշուեցաւ խօսելու ու գլուխը չվերցուց, որ կնկանը երեսին նայէր, փոխուեցաւ մէկէն, ամչնալը ձգեց, ինչքան ձայն ունէր, որպէսզի կալ մը ժողովուրդը լսէր.

Ծօ՛, ես ան Էլմասը պիտի առնեմ, ինչ ալ ընես` ես ան կնիկը պիտի առնեմ, ունեցած մալերս, մուլքերս անոր վրայ պիտի գրեմ, տղոցս ալ պիտի չտամ, պոռաց:

Ա՛ռ, մալերդ ալ անոր տուր, ի՞նչ կ՚ուզես` ըրէ, ինծի՞ ինչ, Աղաճան Ամու, մի պոռար, ըսաւ Նշան:

Ալ մէկ մըն ալ ամու մի կանչեր ինծի, քեղի պէս շանը ես ամու չեմ, պոռալով պատասխանեց:

Իզուր Նշանը.

Ես Էլմասին խրատ չտուի, մի առնէր չըսի, ինք` «հարս ունիմ, երկու տղայ ունիմ, թոռներ ունիմ, ես չեմ կարգուիր, չվայլէր ինծի» ըսաւ, ես ասոր մէջ ինչո՞վ յանցաւոր եմ` ինծի կը բարկանաս, պատասխանեց»

Աղաճանը մտիկ իսկ չըրաւ, աւելի բորբոքեցաւ, բիրը վերցուց, որ զարնէր Նշանին, զուռնաճի Մոսիկը վազեց, մէջ մտաւ, բիրը Նշանը ուտելուն` Մոսիկին եկաւ, քիչ մնաց` աչքին պիտի գար:

Գիւղին աղաները` Մելքոն աղան, Մաթօս աղան, Գասպար էֆենտին հասան, իրարմէ զատեցին:

Մինչեւ իրիկուն Աղաճանին բարկութիւնը չիջաւ: Գիւղին բոլորտիքի ճամբաներուն վրայ պտըտեցաւ: Արտերուն մէջ ցորենները իրենք զիրենք գետնէն ազատեր էին: Կանուխ ցանուածները ծունկթաղ մը եղեր էին, աւելի կանուխ ցանուածները` տարեկանները, ծունկթաղն ալ անցեր էին: Մթնելուն մօտ տուն մտաւ որ` Չոլլիկն ու Գասպարը եկեր էին, սունկ բերէր էին, մեծ հարսը` Չոլլիկին կնիկը, սունկով եղինձ եփէր էր, իւղին մէջ կարմրած սոխրացին, եղինձին ու սունկերուն անուշ հոտը բռնէր էր տունը: Սինին դրեր էր, տղաքը նստեցուցեր էր, տղոցը փորը կը կշտացնէր: Պզտիկ հարսը` Գասպարին առածը, Քարսաղբիւրի բլուրներէն լեռան կանկառ բերէր էր, նստեր էր, մկրատով փուշերը կ՚առնէր, որ հաւկիթով, իւղով պիտի եփէին:

Աղաճանը, ժանիքը կախած, մռթըներէն ինկողը քառսուն կտոր կ՚ըլլար, չարդախին անկիւնը` իր ամենօրեայ տոշակին վրայ նստաւ ու պըզտիկներուն կերածին հետեւեցաւ: Մեծ հարսին` Թէրզոնց Աղջկանը աղջիկն ու պզտիկ հարսին` Կեռոյենց Աղջկանը տղան, որոնք քով քովի նստեր էին, չհասկցուեցաւ պատճառը, ուտելը ձգեցին, ան` անոր, ան` անոր, իրար ծեծեցին: Մեծ հարսը երկուքին ալ բարկացաւ, երկուքն ալ մերժեցին ուտելը, ձգեցին դգալները:

Չիտի ուտենք մենք ալ, ըսին երկուքն ալ.

Մ՚ուտէք, ճիվերս կերէք, հայդի գացէք պառկեցէք, իս չի տի քաշէք եա, հարերնիդ, մարերնիդ տի քաշէք, պոռաց Աղաճանը երկուքին ալ:

Ալ ատոր վրայ կնքուած բերանը բացուեցաւ Աղաճանին: Մինչեւ պռկըները լեցուած էր, պիտի պայթէր` ներսը պահելու ըլլար, պարպուելու էր, ու, թթու թթու Չոլլիկին ու Գասպարին նայելով, որոնք տրեխնին հանէր էին, մինչեւ ծունկերնին քաշած հաստ գուլպաներով նստեր էին իրենց ամէն օրուան տեղերը, կը սպասէին, որ հարսները տղաքը պառկեցնէին, գային նորէն սինին դնէին, սեղան պատրաստէին.

Ինծի նայեցէք, ծօ՛, գոռաց տղոցը, դուք ո՞վ կ՚ըլլաք, որ իմ կարգուելուս վրայ կը խօսիք, Նշանին հետ կ՚ըլլաք, չէք ուզէր, որ ես Վերիգեղցի Էլմասը առնեմ:

Այո, կը խօսինք, չենք ուզէր, որ առնես, պատասխանեց Չոլլիկը` Գաբօն, մեծ տղան: Մօրերնուս մեռնելը տասնըհինգ տարի եղաւ, կեցար, կեցար, հիմա կարգուելու ելար: Կը վայլէ՞ քեզի, Վերիգեղցի Էլմասը առնես: Քու մեծ հարսիդ տարիքն է: Կեռսենց տունը հարս ըրած աղջիկդ, Նախօ քուրս անկէ մեծ է: Դուն ինքզինքդ յիսունըհինգ տարեկանի տեղ դրեր ես, դուն վաթսունըհինգ տարեկան ես, գնայ Տէր Գենարին, թող ժամուն տետրակը բանայ ու նայի: Երկու կարգած տղայ, երկու կարգած աղջիկ, երկու հարս, ութը թոռ ունեցող մա՞րդն այ նորէն կը կարգուի:

Ի՞նչ կ՚ուզէ ըլլայ, պիտի առնեմ, պիտի կարգուիմ, ձեզի՞ պիտի հարցնեմ, ձենէ՞ հրաման պիտի առնեմ, ծօ՛, սպառնաց հայրը տղոցը:

Առ, ով կ՚ուզես առ, կ՚ուզես` թոռիդ տարիքը աղջիկ մը առ, դուն աղէկ մը դախլեցար, պատասխանեց Չոլլիկը:

Աղաճան ամուին աչքերը բոլորովին դուրս ելան իրենց տեղերէն, իսկ Էլմասին աչքին երիտասարդ երեւնալու համար ոլորելով ծայրերը վեր դարձուցած պեխերը դեռ կը պահէին իրենց ձիգութիւնը:

Շատ լեզուիդ մի տար, տունս, մալերս, արտերս Էլմասին վրայ կը գրէմ, ձեզ երկուքդ ալ տունես կը նետեմ, ուր կ՚ուզէք` գացէք, կոկորդը պատռելով պոռաց:

Գասպարը ըմբոստացաւ հօրը.

Ո՞վ կը հանես, կը նետես տունէն, ըսաւ, տունը ինչէ՞ն քուկդ կ՚ըլլայ, արտերը, էգստանը, մալերը, մուլքերը ինչէ՞ն քուկդ են. մեր պապերուն, ո՞վ գիտէ` քանի հարիւր տարի առաջուան մեր ո՞ր պապերը ձգած են մեզի, սանքի կ՚ըսես` դուն վաստակեր ես ու առեր ես:

Եշտենց մեծ տանը Աղապապան, Նաղաշենց Մելքոն աղային հայրը` Օհան աղան, Պետենց մեծ տանը Խուռնավուլցի Մաման իրարու ետեւէ ներս մտան, չթողին, որ կռիւը շարունակուի, ստիպեցին ու հաշտեցուցին հայրն ու տղաքը: Խուռնավուլցի Մաման, որ Տուժիկի լեռներուն քուրդերուն մազերնին հինայուած մեծղի կնիկներուն կը նմանէր, բարկացաւ Աղաճանին: Աղաճանը կրնա՞ր պատասխանել անոր: Բերնի՞ն էր ինկեր: Ան երկու անգամ, Հալէպի վրայով, Երուսաղէմ գացեր, եկեր էր, հաճի եղեր էր: Ան ղայմախամը կը կեցնէր խօսքովը:

Ասոնք տուն բերողը պզտիկ հարսը եղաւ: Գասպարին առածը, Կեռոյենց Աղջիկը, Նարվերցի Մամուն թոռը: Ին՜չ եաման էր: Երբ կռիւը սաստկացաւ հօր ու տղոցը միջեւ, կանկառը ձգեց, վազեց, գնաց, գիւղ մը մեծերը ոտքի հանեց:

Պարըշուեցան: Հաւկիթով կանկառը եփելը վաղուան ձգեցին, սունկով եղինձը միայն կերան ու ամէնքը իրենց տեղերը գացին, պառկեցան: Աղաճանը յոյսը չկտրեց Արութէն ու Մքայէլէն: Մէկ մէկ օսմնցու ոսկի եւս խոստացաւ, անոնք ալ, անունը չէին տար, գիտէին` ո՞ր կնիկը պիտի ղրկէին, որուն Էլմասը «չէ» պիտի չըսէր, խօսքի պիտի գար: