Արծիւը իր բոյնին մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԾԻՒԸ ԵՒ ՃՆՃՂՈՒԿԸ

Նոյն իրիկուն հերթական հաւաքոյթ է մեր տունը։ Հերթին պայմանը քաղաքին մէջ կարեւոր կամ արտասովոր անցքի մը գոյութիւնն է։ Երբ անցքը  կայ, իրիկուն, անպատճառ հաւաքոյթ է, մեծ կամ փոքր։ Անոր չափը կախուած է անցքէն` որ ըստ իր կարեւորութեան, ի չգոյէ ուրիշ հրաւէրի, կը դատէ եւ կ՚որոշէ թէ որոնք պէտք է հրաւիրել։ Անցքը` իր նուազ կարեւոր եղած պարագային, լուր կուտայ միայն հօրս այս կամ այն դրացի մտերիմին, բայց անպատճառ անոր երկու քեռորդիներուն, երկուքն ալ անմիջական դրացիներ։ Այս պարագային հաւաքոյթը կը մնայ սեղմ շրջանակի մէջ եւ անմիջապէս կը վերածուի վիճաբանական ժողովի, Վասնզի երկու քեռորդիները` վիճասիրութենէ եւ յամառութենէ ի զատ, բնաւորութեան միւս բոլոր գիծերով եւ խառնուածքով հակոտնեաներ` օրուայ հարցերու եւ անձերու մասին եւս ունին առհասարակ հակոտնեայ  կարծիքներ եւ դատումներ։ Մէկը` օրինակի համար Հայրիկի հիացող մըն է, միւսը անոր ուխտեալ հակառակորդը։ Եւ, որովհետեւ անոնց, որպէս յայտնի մտաւորականներու, չէր պակսեր ո՛չ նիւթ ոչ ալ ռազմանիւթ, իրենց կռիւները` տանը անփոփոխելի օրէնքը եղող «եկեսցէ»ի աղօթքին ընդիմջումովը չէին վերջանար, այլ յաճախ կը վերսկսէին եւ կը տեւէին մինչեւ կէս գիշերը։ Ասոնցմէ մէկը, Ստեփանեան Քրիստոսատուր քաջ թրքագէտ մը ըլլալուն համար Քրիս էֆէնտի, հարցաքննիչ դատաւորի օգնականն է (վերջէն` դատաւոր), միւսը` Գէորգ Ճոնաւէտեան` Էջմիածնի ճեմարանը աւարտած յայտնի հայկաբան եւ ձայնագրագէտ մը (վերջէն` Երուսաղէմի վանքին միաբան եւ տպարանին տեսուչ) որ նոր վերադարձած է Էջմիածինէն։

Երկու կռուազաններն ալ այդ օրը Վարագ եղած են եւ հաւաքոյթին շարժառիթը եղող Վարագի այդ օրուայ անցքին մէջ երկուքն ալ իրենց անձնական բաժինները ունեցած են։ Քրիս էֆէնտին թուրքերէն ճառ մը կարդացած է եւ ծափեր ու շնորհաւորութիւններ խլած, Ճոնաւէտեան` ընդհակառակն խոշոր եւ աններելի կաֆ մը գործած է։

Հայրիկ նախապէս Ճոնաւէտեանին առաջարկած կ՚ըլլայ Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ հայերէն ձայնագրութեան եւ հայկաբանութեան  դասեր եւ այդ օրը, բազմութեան մէջ անոր ներկայութիւնը նշմարելով` Երեմիա եպիսկոպոսը կը ղրկէ անոր կախակայած պատասխանը ստանալու։ Ճոնաւէտեանի պատասխանն այն կ՚ըլլայ թէ` «ես Հայրիկի շունչին տակ չեմ կրնար ապրիլ» ու երբ, այս տարօրինակ պատասխանին  վրայ` Երեմիա եպիսկոպոս իր զարմանքը կը յայտնէ, ըսելով թէ «ինչո՞ւ, Հայրիկ սուրբ մարդ է» Ճանաւէտեան` չափազանց ջղային մարդ, որուն նախանձի մաղձը, կը թուի թէ յորդած էր այդ օրուայ Հայրիկի փառքին ի տես, կը վերցնէ եւ եպիսկոպոսին երեսն ի վեր կ՚ըսէ` «որ սուրբ է առաջին մարդկան պիղծ է առաջի Աստուծոյ», Երեմիա եպիսկոպոսը սրտմտած`  կ՚առնէ կը քալէ եւ կ՚երթայ հօրս պատմելու իր քեռորդւոյն  այս անշնորք վերաբերմունքը։

Կար ուրեմն, այդ երեկոյ, Ճոնաւէտեանի այս վրան բաց կաֆը, կար հօրս դժգոհութիւնը։ Ստեփանեան` առիթը երկու ձեռներով բռնեց, զարմիկին` գէթ անգամ  մը կեանքին մէջ, խոստովանեցնելու համար իր սխալը։

Ճոնաւէտեան հունձքէն է Գէորգեան Ճեմարանի այն  շրջանին, որ յեղափոխականէ աւելի մաքրակրօններ կը հասցնէր։ Իր խառնուածքին գուցէ նաեւ ընտանեկան դաստիարակութեան  զուգադիպող  Ճեմարանի այդ մթնոլորտէն ան դուրս եկած է յոռետես մը, դառնացած մը, հոգեկան վիճակ մը` որուն մէջ անշուշտ անոր` բնութեան շնորհներէն ֆիզիքապէս շատ քիչ բաժին մը առած ըլլալը իր մեծ բաժինն ունէր։ Ապերջանիկ մըն է ան, մարդատեաց մը` ուղղակի, որուն ատելութիւնը այնքան սուր է որքան մարդը երջանիկ, որքան մարդը բնութենէն լայնօրէն օժտուած մը։

Ստեփանեան` հարիւրերրորդ անգամ ըլլալով շրջանն ըրաւ Հայրիկի կեանքին եւ գործին, հայկական հարցէն մինչեւ Հայաստանի սովը, Վասպուրականի արծուիէն մինչեւ Տարօնոյ Արծուին, Հրաւիրակներէն մինչեւ Դրախտի ընտանիք մինչեւ Սիրաք  Սամուէլ, իւրաքանչիւր փաստին վրայ կանգ առնելով եւ անոնցմով` հակառակորդին գործածած «պիղծ» բառին պղծութիւնը շեշտելով։ Ճոնաւէտեան ուրիշ պատասխան չունեցաւ եթէ ոչ սկեպտիկ ժպիտ մը եւ գլխի ճօճում, բայց երբ Ստեփանեան   ըսաւ`

Ինչպէ՞ս կը համարձակիք ժխտել Հայրիկը, որ իգական սեռը ազատեց իր քօղէն եւ կաշկանդումներէն։

Նախապաշարեալ ճեմարանականը հեգնօրէն`

Այդ մէկը չեմ ժխտեր, ատիկա Խրիմեանի  գործն է…։

Յետոյ  երբ Հայրիկի ախոյեանը` յիշատակութիւնն ըրաւ կրթական մարզին մէջ Խրիմեանի ցոյց տուած գործունէութեան, անոր հիմնած Ժառանգաւորաց վարժարանին, անոր հասուցած հունձքին` Սրուանձտեաններուն, Աղուանեաններուն, Թօխմախեաններուն, Ճոնաւէտեան գլուխ բռնեց`

Մեծագործութի՞ւն կ՚ուզէք, գացէ՛ք տեսէք Գէորգ կաթողիկոսի հիմնած ճեմարանը, ճեմարանին հունձքը։

Հայրս որ մինչ այդ լուռ էր եւ համբերութեամբ մտիկ կ՚ընէր, պոռթկած յանկարծ։

Վա՜յ թէ ամէնքն ալ քեզ պէս են այդ հունձքին։

Ճոնաւէտեան` հօրս այս խօսքին վրայ վշտացած` առաւ քալեց եւ այլեւս մեր տունը ոտք չկոխեց մինչեւ Ծննդեան տօնը, որ առհասարակ քէները մոռցնելու առիթ մըն է։

Այդ օրը` անոր մեր տունը գտնուած պահուն այցելութեան եկաւ Հայրիկ, որուն` ներկաներու կարգին, անոր ուխտեալ հակառակորդն եւս գնաց ձեռքը համբուրելու։ Հայրիկ անոր ձեռքէն բռնեց եւ քովը նստեցուց,

Ես ձեզ վարդապետ պիտի ձեռնադրեմ, ըսաւ Հայրիկ իր սովորական անուշ ժպիտովը։

Հայրիկի նմանօրինակ  մէկ առաջարկին` դեռ Փանոս Թէրլէմէզեան  տուած չէր իր համբաւաւոր, բայց շատ կասկածելի «առանց կնիկի չեմ կրնար ապրիլ» պատասխանը [1] ։ Ճոնաւէտեան ուխտած էր առանց կնիկի մնալ եւ ամէն ոք գիտէր այս բանը։ Ան չէր կրնար ուրեմն  մերժել սկզբունքը։

—Դեռ ժամանակը հասած չէ Սրբազա՛ն, սպասելիքներ ունիմ, պատասխանեց ան։

—Լա՛ւ, մինչ այդ վանքը եկէք, վարժարանին մէջ քանի մը դասեր վերցուցէ՛ք, հայերէն ձայնագրութիւն սորվեցուցէ՛ք, աշակերտներ հասցուցէ՛ք։

Ճեմարանականը` միջոց մը Յիսուսեան վարժարանի մէջ ձայնագրութեան  դասեր ստանձնած էր։

Ճոնաւէտեան լաւ ձայնագրագէտ մըն է։ Բայց ձայնագրութիւնը գիտութիւն մըն է որ առանց ձայնի չաւանդուիր եւ դժբախտաբար Ճոնաւէտեանի ձայնը սարսափելի էր։ Առաջին առթիւ որ անոր պէտք եղած էր ցոյց տալ զայն, աշակերտները մատերնին ականջնին խոթած էին եւ նոյն օրն իսկ ձայնին նմանողութեամբ նոր անուն մը մկրտած էին անոր, «սեւ տղէզ»։ «Տղէզ»ը Վանի արկօյին մէջ մեղուն է` որուն սեւը սոսկալի բզզոց մը ունի, բզզոց մը որ ստուգիւ, քիչ մըն ալ կը յիշեցնէր անոր ձայնը։ Անուանափոխութիւնը որպէս թէ չբաւէր, աշակերտները օրին մէկն ալ սեւ մեղու մը կը բռնեն, ոտքին թել մը կը կապեն եւ դասաւանդութեան պահուն դասարանին մէջ կարձակեն։ Ճոնաւէտեան` կատղած` խաղին հեղինակներուն դպրոցէն վտարումը կը պահանջէ տեսուչէն եւ անոր մերժումին վրայ կը հրաժարի։

Այս փորձառութենէն մնացած անվստահութի՞ւնն էր թէ ոչ «Խրիմեանի շունչին ներքեւ ապրիլ չուզելը», Ճոնաւէտեան իր սովորական չորութեամբը յամառեցաւ իր մերժումին մէջ։

Հայրիկ ծածկելու համար խօսակցին մերժումին ինչպէս նաեւ  անոր ձեւին թողուցած յոռի տպաւորութիւնը, անմիջապէս խօսքը փոխեց եւ սկսաւ հարցումներ ուղղել անոր, Էջմիածնի եւ անոր նոր մեռնող գահակալին Գէորգ Դ. ի մասին։

Ճոնաւէտեան առհասարակ սակաւախօս, սկսաւ լեզու կտրիլ եւ ընել պատմութիւններ որոնք բնաւ Հայրիկի հարցումներուն մէջ չէին իյնար։ Որպէս այդպիսին, ան սկսաւ քննադատել Կիլիկիոյ եւ  Աղթամարի Աթոռներու բացասական դերը, վեր հանել Գէորգ կաթողիկոսի զանոնք ջնջել ուզելու քաղաքական հեռատեսութիւնը եւ խստիւ խարանել Պոլսոյ Ազգ[ային] ժողովը, որ վերջ չտուաւ այդ հեստեալ աթոռներուն եւ չամրացուց հայ Եկեցեղւոյ  միասնականութիւնը։

Ճոնաւէտեան անտեղեակ չէր որ Պօլսոյ Ազգ[ային] Ժողովը` մասնաւորապէս Կիլիկիոյ  Աթոռի խնդրոյն մէջ, Խրիմեանի թէզն էր որ պաշտպանեց։ Ան, այսպէս, խոշոր քար մըն էր որ կը նետէր Հայրիկի պարտէզը։ Բայց Հայրիկ անյիշաչար  եւ ներողամիտ, բնաւ անտեղուանքը չեղաւ։ Երկրորդ անգամ ըլլալով, ան նիւթին վրայէն ցատկեց եւ սկսաւ տեղեկութիւններ  ուզել Ճեմարանի  մասին։

Ճեմարանը` Գէորգ Դ. ի փառապսակը, որպիսի՜ հարուստ առիթն է գովեստներ շռայլելու անոր հիմնադրին հասցէին։ Ճեմարանի մասին տեղեկութիւններէ աւելի ան գովեստներ հիւսեց անոր հիմնադրի անունին շուրջը, զորս վերջացուց իւրայատուկ վճիռով մը։

Էջմիածին դժուար թէ ունենայ նման գահակալ մը։

Ասիկա երկրորդ քարն էր։

Հայրիկ զուարճանալու նիւթ կը փնտռէ։ Աւելին լսելու համար` ան չիմանալու կը զարնէ խօսակցին ակնարկութիւնը։

Այո՛ կը հաստատէ ան Աթոռը դեռ երկար ատեն պէտք ունէր անոր ներկայութեանը։

Մինակ աթո՞ռը առիթը չփախցներ  Գէորգ Դ. ի հիացողը Ամբողջ ազգը պէտք ունէր անոր հեռատես եւ շրջահայեաց քաղաքականութեան։

Քարերուն այս երրորդ ամէնէն շեշտակին էր եւ ամէնէն աւելի զուարճացուց Հայրիկը։

Իրաւունք ունիք ըսաւ ան։

Բարեբախտաբար, Հայրիկ` հանգուցեալ կաթողիկոսին հաւանական յաջորդի  մասին հարցումներ չուղղեց, այլապէս Ճոնաւէտեան  կամ Պարզեանցի անունն  պիտի տար եւ կամ ուրիշ պահպանողական եկեղեցականի մը, բայց բնաւ Հայրիկինը։

Հայրիկը երբ զուարթ է անոր իւմօրի տրամադրութիւնը կը բռնէ։

Ռուսահայերը  գիտե՞ն, կը գնահատե՞ն ըստ արժանւոյն հանգուցելոյն արժանիքները։

Անխտի՜ր։

Սուրբ մըն է, չըսէ՞ք ուրեմն հանգուցեալը` անոնց քով։

Ճոնաւէտեան շփոթեցաւ, արդէն  տժգոյն քիչ մը եւս տժգունեցաւ։ Ան րոպէապէս  յիշած էր Պօղոս առաքեալի խօսքը, դատաստանը, զոր ինքն Հայրիկի մասին ըրած էր Տէվկանց եպիսկոպոսի ներկայութեանը  եւ զոր այս վերջինը  չէր մոռցած տեղը հասցնել։

Խրիմեան ուրեմն քովը նստեցնելու պատիւն ըրած էր մէկու մը, իր վանքին մէջ կարեւոր պաշտօնի մը հրաւիրած էր մէկը, որ զինք պիղծ անուանած էր։

Ճոնաւէտեան` մատնուած շփոթութեան մէջ չէր կրցած նոր դիմադարձ մը գտնել։

Եւ Հայրիկ եղաւ նորէն, որ մատնուած վիճակէն ազատեց հակաճառողը։ Ան երեք անգամ զինքը նեղել ուզողին դարձաւ եւ անուշ ժպիտով մը։

Մտածեցէք, վանքին դուռները միշտ բաց են ձեր առջեւ եւ դառնալով դէպի միւս հիւրերը, ճամբու դրաւ զայն։

Իրիկուան հերթական հաւաքոյթին հրաւէրը եւ օրակարգը Արծիւի եւ ճնճղուկի այս հանդիպումն էր ի բացակայութեան այս վերջինին, որ Արծիւի վեհանձնութենէն վիրաւոր եւ ամօթահար, երես չէր ունեցած հաւաքոյթին մասնակցելու։

Յաջորդ քանի մը օրերն  ալ հակախրիմեանը մէջտեղ չելաւ։ Կը կարծէինք թէ հօրմէս յանդիմանականներ չլսելու համար ան ինքզինքը կը ծածկէ։ Բաւական վերջ էր որ իմացանք թէ Հայրիկի այդ օրուայ հանդիպումէն 2 օր վերջ, հակառակ ցրտաշունչ օդին, ան ելեր Աղթամար գացեր եւ Խաչատուր կաթողիկոսին  դիմում ըրեր է Վանքին միաբանութիւնը ընդունելու  եւ վարդապետ ձեռնադրուելու համար, բայց խորամանկ կաթուղիկոսը, որ վանքը իր սեփական տունը կը համարէր եւ անոր մէջ հլու հպատակներուն միայն տեղ կուտար, քիչ մը ծանօթ թեկնածուի համբաւին, քիչ մըն ալ գուցէ անոր համար որ ան քեռորդին էր ազդեցիկ անձնաւորութեան մը, որուն հետ իր յարաբերութիւնները այնքան ալ լաւ չէին, մերժած էր անոր դիմումը։

Այս իրողութիւնը պարզուեցաւ այն ատեն միայն, երբ քանի մը օր վերջ Հայրս`  Սրուանձտեան Վ. մեզի ճաշի հրաւիրած էր անոր Ակն մեկնելու առիթով։ Սեղանին վրայ Սրուանձտեան` որ որպէս հմուտ մարդ կը յարգէր Ճոնաւէտեանը, անկէ տեղեկութիւններ ուզեց, անոր` իրմէն` Խաչատուր կաթուղիկոսի հասցէին առած յանձնարարականին մասին։ Ձեռնունայն ընծայացուն չկրցաւ ծածկել իր գաղտնի դիմումին հետ  անոր անփառունակ վախճանը։ Ասոր վրայ, նեղացած` հայրս չկրցաւ զսպել ժողովրդական ասացուածք մը  «քաշեցին աթոռը, գնաց մտաւ ախոռը» եւ Սրուանձտեանի պատմեց Հայրիկի հրաւէրը ու քեռորդիին անճահ  պատասխանները։

Սրուանձտեան յորդորեց Ճոնաւէտեանը նորէն դիմել Հայրիկին։

Դուք չգիտէք անոր հոգին, անոր ներողամտութեան հոգիին բարձրութիւնը, ըսաւ Համով-հոտովի հեղինակը եւ գրպանէն դուրս հանեց Հայրիկի` Ակնի ազգ[ային] պաշտօնական  մարմիններուն գրած ինքնագիր նամակը` տեսակ մը կոնդակ, որ ներկաներու միջեւ ձեռքէ ձեռք անցաւ։ Հայրիկի կոնդակը կը զեզուր` իր ձեռնասունին մասին հայրական այնպիսի ջերմ գորովով, ան վեր կը հանէր Սրուանձտեանի` Վանի առաջնորդական փոխանորդութեան շրջանին ըրած ծառայութիւնը եւ ցոյց տուած վարչական կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր կրօնականի առաքինութիւնները եւ գրական արժանիքները, այնպիսի՜ անկեղծ զգացումով մը, որ իւրաքանչիւր ընթերցողը, անխտիր ծանօթ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող ցրտութեանը, ափ ի բերան մնաց։

Եթէ մեր բաժանումի ատեն ներկայ ըլլայիք եւ տեսնէիք արցունքները որ ան թափեց…։

Սրուանձտեանի աչքերը թրջուեցան,

Ճոնաւէտեան` անհաղորդ ներկաներու տպաւորութեան, չկրցաւ մաղձը պահել։

Ձեր մասին գրածները ճիշդ են եւ անկեղծ, բայց իր սիրոյն եւ գորովին…

Հայրս թող չտուաւ որ ան լրացնէ միտքը եւ ըսաւ,

Խաչատուր կաթուղիկոսը կեանքին մէջ եթէ բարի գործ մը ունեցաւ ան ալ քեզ վռնտելն է, դուն կրօնաւոր ըլլալիք մարդ չես։

Սրուանձտեան` իր կարգին միջամտեց  այս գրեթէ ընտանեկան վէճին եւ պատմեց Հայրիկի անյիշաչարութեան եւ մեծութեան` մինչ այդ անծանօթ եւ գուցէ  շատերու համար մինչ օրս անծանօթ մէկ դրուագը։

Դուք լսած էք անշուշտ —սկսաւ պատմել Հայրենախօս Սոխակ որ Հայրիկի Սուրբ Կարապետ գտնուած օրերուն, օր մը քիւրտին մէկը` որպէս թէ հրացան պարպած կ՚ըլլայ անոր  քնացած սենեակին  պատուհանէն ներսը։ Արդ` գիտէ՞ք թէ ո՞վ եղած է այդ հրացանը պարպող քիւրտը... ։ Այդ հրացանը պարպողը եղած է վանականներէն  մէկը` զոր Հայրիկ տեսած եւ ճանչցած  է եւ զոր ազատելու համար, սենեակը խուժողներուն ըսեր է թէ քիւրտի հագուստով մէկն էր հրացանը պարպողը։

Յետոյ, դէպի Ճոնաւէտեան դառնալով,

Եթէ անպատճառ չէք ուզեր Վարագի միաբանութիւնն ընդունիլ, բնաւ խորհուրդ չեմ տար ձեզ Աղթամարի` կամ Անապատներուն վրայ ձեռնադրուիլ, գացէք Երուսաղէմ եւ հոն ապրեցէ՛ք, Երուսաղէմ պէտք ունի ձեզ պէս հմուտ միաբաններու։

Տասներկու տարի վերջ էր որ Ճոնաւէտեան իրագործեց Սրուանձտեանի այս խորհուրդը։



[1]            Հայրիկը ճանչցողները շատ կը կասկածին թէ Փանոս Թէրլէմէզեան պիտի կրնար համարձակիլ նման արտայայտութիւն մը ունենալ Հայրիկի ներկայութեանը։ Իսկ Հայրիկի բերան դրուած թէ՝ «եթէ աշխարհականները մէկ կնիկ կ՚ունենան կղերականները կ՚ունենան տասը», առասպել մըն է հարիւրին հարիւր, աւելորդ զրախօսութիւն մը, զոր կը թուի թէ՝ իրեն կարեւորութիւն մը ապահովելու համար, օրին մէկը Թէրլէմէզեան փորձուած է ընելու։ Անէքթոտին հասարակ տեղիքն իսկ բաւական է անոր իրողութիւն ժխտելու։ Ո՞վ ըսաւ թէ աշխարհականները մէկ կին կ՚ունենան, եթէ կղերականին ունեցածները կարելի ըլլայ կին համարել։