ԱՂԹԱՄԱՐԻ
ՄԷՋ
Աչքերս
յոգնած,
ես
տակաւ
անծնատուր
եղայ
նորէն
կոպերուս
վրայ
ճնշող
քունին։
Մեր
հանդիպած
նաւը,
սակայն,
ճերմակ
կէտի
մը
պէս
ուղեղիս
մէջ
սեւեռուն,
մինչեւ
առաւօտը
ինծի
անկապ
եւ
անյարիր
երազներուն
նիւթ
հայթայթեց,
Աղթամարն
էինք
արդէն,
անոր
դրսի
տան
—
Ախավանից,
նաւահանգիստը։
Իրարու
վրայ
բողոքող
միաբանները,
միաբանօրէն,
որ
քիչ
մը
կը
նմանէր
չուանի
եւ
կախաղանի
միջեւ
գոյութիւն
ունեցող
միաբանութեան,
նաւահանգիստն
եկած
էին
իրենց
յարգանքը
բերելու
քննիչ
յանծնաժողովին։
Պաշտօնէի
համար,
ո՞վ
արդէն
աւելի
յարգելի
է
քան
անոր
քննիչը։
Ես
փութացի
փոքրիկ
համարատուութիւն
մը
ընել
Սրբազանին
եւ
ընկերներուս,
այն
ամենի
մասին
որ
լսած
էի
Գաբթան
Մինասէն
եւ
տեսած
անոր
հետ։
Սրբազանը
քիթը
կախեց,
սկսաւ
մօրուքը
խառնել
եւ
բաւականացաւ
փոքրիկ
մենախօսութեամբ
մը։
—
Արդէն
Աւանցի
քամին
մեզի
կ՚ըսէր
որ
վազ
անցնելու
էինք
այս
ճամբորդութենէն։
Յանձնաժողովը
դիմաւորող
խումբին
կեդրոնը
կը
գտնուէր
իր
սլացիկ
հասակովը,
կաթողիկոսական
տեղապահ
Արսէն
վարդապետը,
աջը
Եզնիկ
վարդապետ
Ներկարարեան,
վերջէն
կաթ,
տեղապահ
եւ
Վանի
Առաջնորդ,
որ,
մօրուքին
ցցուած
մազերովը՝
սարսափի
մատնուած
մարդու
մը
տպաւորութիւնը
կը
թողուր,
ձախը
Դանիէլ,
վարդապետ
Զատօյեան,
որ՝
որպէս
թունդ
դաշնակցական
—
գաղափարով
ձախ,
բայց
մարմինովը
այն
աստիճան
դէպ
ի
աջը
հակած,
որ
իր
հաստ
ու
կախ
շրթունքներուն
հետ,
կաթուածահարի
մը
երեւոյթը
կը
պարզէր։
Գաղափարով
տարբեր,
անոնք
սակայն
կը
կրէին,
երեքն
ալ,
Շատախի
մետաքսահիւս
եւ
մանիշակագոյն
շալէ
միատեսակ
վերարկուներ,
որոնց
վէտվէտումները,
նորածագ
արեւու
ճառագայթներուն
ներքեւ
մասնաւոր
փայլ
մը
զգեցած
էին
այդ
րոպէին։
Նախագահ
Սրբազանին
նաւէն
ցամաքը
փոխադրութեան
գործը
տեւեց
ամբողջ
ժամ
մը։
Հարկ
եղաւ
իրար
բերել
Կայծակի
հնարաւորութիւններուն
հետ,
անոր
տիրոջ
հնարամտութիւնը,
յետոյ,
դուրսէն
յաւելուածական
սանդուխ
մը
եւ
վանքը
գտնուող
ոստիկաններուն
բազուկները,
գլուխ
հանելու
համար
այդ
փոխադրութեան
գործը։
Կլանուած
Գաբթան
Մինասի
տուած
լուրովը,
Բագրեւանդեան
Սրբազանի
առաջին
գործը
եղաւ,
մեկուսի
բռնել
Դանիէլ
վրդ.
ը
եւ
անոր
ստուգումին
ենթարկել
լուրը։
—
Գաբթան
Մինասի
խելապատակին
մէ՛ջ
է
որ
գոյութիւն
ունի
այդ
լուրը
—
պատգամեց
Դանիէլ
վրդ.
հաստատուն
շեշտով
մը։
—
Ուրեմն
անդրանիկ
փորձանքէն
վախ
չունինք
—
ըսաւ
Բագրեւանդեան
Սրբազան,
բռնուած
իր
բառախաղի
մոլութենէն։
Դանիէլ
վարդապետը,
որուն
անծանօթ
չէր
որ՝
Բագրեւանդեան
Սրբազան,
պատրաստաբանութեան
մէջ
վարպետ
մը,
կը
սիրէր
բառերու
հետ
խաղալ,
չարաճճի
ժպիտով
մը
պատասխանեց։
Սրբազանը
իր
սիրած
խաղին
յաջողութեան
վերագրեց
դաշնակցական
վարդապետին
ժպիտը։
Բայց
Գաբթան
լուրը
անմիջական
վտանգ
մը
չէր
ենթադրեր։
Անմիջականը
վանքին
մէջ
յեղափոխականներու
գոյութիւնը
կրնար
ըլլալ։
Ոստիկաններու
ներկայութիւնը,
սակայն,
մասնաւոր
տրամադրութիւն
մը
բերաւ
ամէնքին,
բայց
մանաւանդ
Բագրեւանդեան
Սրբազանին։
Ոստիկաններու
ներկայութիւնը
նշան
մը
կը
համարուէր
թէ
վանքին
մէջ
յեղափոխականներ
չէին
գտնուեր։
Այսուհանդերձ,
երբ
այս
իրողութեան
ակնարկութիւնը
ըրի
Սրբազանին,
ան՝
միշտ
թերահաւատ
եւ
կասկածամիտ,
դարձաւ
նորէն
դէպ
ի
Դանիէլ
վրդ.
եւ,
իր
քաշուած
ձայնովը՝
անոր
ականջին
փսփսաց,
—
Հապա՞
փորձանքին
կրտսերը։
Փորձանքին
կրտսերը
Իշխանն
էր
որ՝
իրեն
պտըլիկ
հասակովը,
կրկին
իմաստ
մը
կուտար
Սրբազանի
բառախաղին։
Դանիէլ
վրդ.
այս
անգամ
ժպիտով
չբաւականացաւ,
ան՝
իր
թաւ
յօնքերուն
դէպ
ի
վեր
ուժգին
շարժում
մը
ընկերացուց
իր
ժպիտին,
—
Աճապարե՛նք,
աճապարե՛նք
—
դարձաւ
դէպ
ի
ինձ
մտավախ
Սրբազանը
—
այս
կօկօզները
յանկարծակի
բուսնելու
գէշ
սովորութիւնն
ունին։
Կօկօզը,
վանեցիի
լեզուին
վրայ
ընչազուրկն
է,
բառ՝
որով
Բագրեւանդեան
Սրբազան
սովոր
է
որակել
յեղափոխականները,
որ
սակայն
քիչ
մը
կը
հակասէր
Սրբազանի
մէկ
ուրիշ
պատմութեան,
զոր
ան՝
եպիսկոպոս
ձեռնադրուելու
համար
Էջմիածին
կատարած
ուղեւորութենէն,
հետը
բերած
ունէր։
Էջմիածնի
մէջ,
ըստ
այդ
պատմութեան,
Սրբազանը
կը
հանդիպի
համագիւղացի
իր
հին
մէկ
բարեկամին։
—
Ի՞նչ
գործ
կ՚ընես,
տղա՛ս,
կը
հարցնէ
անոր
Սրբազանը։
—
Տղաս
յեղափոխական
է
—
Սրբազանին
կը
պատասխանէ
անոր
համագիւղացին։
Վեհարանի
սանդուխին
առջեւ
Սրբազանը
կանգ
առաւ,
ան
պէտք
ունէր
շունչ
առնելու,
ուժերը
հաւաքելու
եւ
սանդուխին
աստիճանները
չափել
կարենալու
համար։
Դանիէլ
վարդապետը
անոր
մօտեցաւ
թեւը
մտնելու,
բայց
Սրբազանը,
կարծես
ուրիշ
մարզի
մէջ
անոր
օգնութեան
պէտքը
կը
զգար
այդ
րոպէին,
կօկօզներու
յանկարծակի
բուսնելու
զինք
մտապաշարող
վտանգին
դէմ
Վարդապետին
հաւաստիքին
էր
որ
աւելի
պէտք
ունէր
ան,
Մտավախ
Սրբազանը
նորէն
ծռեցաւ
դէպ
ի
Դանիէլ
վարդապետի
ականջները՝
—
Վանքին
մէջ
«ի
նոցանէ»
մարդ
չկա՞յ
եա՛։
Վանեցի
չկար,
այդ
օրերուն,
որուն
ծանօթ
եղած
չըլլար
Սրբազանի
լեզուին
վրայ
արկօյացած
«ի
նոցանէ»ն։
Դանիէլ
վարդապետ
դժուարութիւն
չկրեց
անմիջապէս
պատասխանելու՝
—
Ո՛չ
Սրբազա՛ն։
Այս
մէկ
«ոչ»ը՝
Սրբազանին
շատ
աւելի
հանգստութիւն
բերաւ
քան
այն
քանի
մը
շունչերը,
զոր
ան՝
իրարու
ետեւէն
առաւ։
Բայց,
սանդուխի
կէսին,
նոր
շունչի՞,
թէ
ոչ
նոր
հաւաստիքի
պէտքը
անոր
կանգ
առնելու
տուաւ։
Ան
նորէն
ծռեցաւ
դէպ
ի
Դանիէլ
վրդ.
ի
ականջները,
—
Ո՛չ
ի՞սկ
վանքին
շրջակաները։
—
Ոչ
իսկ
վանքին
շրջակաները,
Սրբազան
—
պատասխանեց
վարդապետը,
կէս
հեգնական
ժպիտով
մը։
Պատասխանը
ապահովիչ
էր
Սրբազանի
համար,
բայց
ո՛չ
ժպիտը,
ան
կրկնեց,
—
Շիտակը
խօսէ՛,
վարդապե՛տ։
—
Կարգս
վկայ
—
ըսաւ
Դանիէլ
վարդապետը,
այս
անգամ
լուրջ
դէմք
մը
առնելով։
—
Երանի՜
թէ
ուրիշ
բանի
մը
վրայ
երդուած
ըլլայիք
—
ըսաւ
Սրբազանը,
կէս
ժպիտով,
բայց
տեսակ
մը
հառաչի
թօն
մը
դնելով
անոր
վրայ
ու
սկսաւ
բարձրանալ
սանդուխին
աստիճանները։
Արմաշական
վարդապետը
չկրցաւ
զսպել
ժպիտ
մը
որ
քիչ
մը
կը
բացատրէր
թէ
որպիսի՜
սուտեր
սքօղելու
ընդունակ
էր
այդ
կարգին
անոր
ուսերուն
վրայ
դրած
սքեմը։
Սանդուխին
գլուխը,
Դանիէլ
վարդապետն
էր,
որ՝
այս
անգամ,
դէպ
ի
իմ
ականջը
ծռեցաւ,
—
Եւ
երեւակայեցէք
որ
հին
յեղափոխական
մըն
է
յեղափոխականներէն
այս
աստիճան
վախցողը
—
փսփսաց
ան
իմ
ականջին։
Արդարեւ,
Բագրեւանդեան
Սրբազանը,
ինքն
ալ,
ատենին,
քիչ
մը
յեղափոխական
եղած
էր,
երբ
յեղափոխութիւնը
պաշտօնական
կնիք
չէր
կրած
դեռ։
Ութսունական
թուականներուն
—
ան
վանահայրը
եղած
էր
Արճէշի
շրջանին
մէջ,
նախ,
Սօսկունի
վանքին,
յետոյ
Մեծոբայ
վանքին,
որ
գաւառին
ամենէն
համբաւաւոր
վանքը
կը
համարուէր,
եւ
որ
ընտանի
անասուններու
եւ
ոչխարներու
հօտեր
կը
պահէր
Քիւրտերէ
շրջապատուած
այդ
շրջանին
մէջ։
Քիւրտերուն
անծանօթ
չէր
վանքին
հարստութիւնը,
բայց,
անոնց
ծանօթ
էր
նաեւ
որ
այդ
վանքին
մէջ
հրացաններ
ալ
կային,
նաեւ
հրացան
բռնողներ,
որոնց
գլխաւորն
էր
նոյնիսկ
վանքին
վանահայրը։
Անոնք
գիտէին
նաեւ,
որ
այդ
վանքը
գիշերելու
կ՚երթար
երբեմն
համբաւաւոր
գաչախ
(փախստական,
աւազակ)
Աւօն։
Աւօն
Բագրեւանդեան
Սրբազանի
ծննդավայր
Արճէշի
Ասրաֆ
գիւղէն
կտրիճ
Հայ
մըն
է,
որ՝
կրած
յիրաւի
թէ
յանիրաւի
մէկ
դատապարտութեան
երեսէն
գաչախ
կը
դառնայ։
Ան
համբաւաւոր
քիւրդ
աւազակ
Համզա
Գաչախի
խումբին
մէջ
մկրտուելէ
եւ
արհեստին
ծանօթանալէ
վերջ,
օրին
մէկը,
խմբապետին՝
հայ
քահանայի
մը
հանդէպ
ցոյց
տուած
անգութ
մէկ
արարքէն
գազացած,
խումբէն
կը
հեռանայ
եւ
հայ
եւ
քիւրդէ
բաղկացեալ
առանձին
խումբ
մը
կազմելով՝
անոր
գլուխը
կ՚անցնի
եւ
աւազակութեան
կը
սկսի։
Աւօն՝
ասպարէզին
մէջ
իր
մուտքը
կը
գործէ
բօստան
զարնելով
(կողոպտել),
ինչ
որ
այդ
օրերուն,
արհեստին
համար
գլուխ
գործոց
մը
կը
համարուէր։
Բայց,
Աւօն
հասարակ
աւազակ
մը
չէր,
աւազակութեան
հետ
ան
ուրիշ
բաներ
ալ
կ՚ընէր,
ան՝
ունեցողէն
կ՚առնէր,
օրինակի
համար,
բայց
չունեցողին
ալ
կուտար
երբեմն,
յետոյ
վանքերու
ո՛չ
միայն
չէր
դպչեր,
այլեւ,
ըրած
կողոպուտէն
երբեմն
անոնց
բաժին
մըն
ալ
կը
հանէր,
տասանորդի
պէս
բան
մը,
հայ
գիւղերուն
ալ
ան
սովոր
չէր
դպչելու
առհասարակ
եւ
անոնց
վրայ
ունէր
տեսակ
մը
բրօթէքթօրա,
զոր
քիւրդ
աւազակները
չէին
կրնար
անտեսել։
Այսպէս,
Աւօն
կը
դառնայ
տարիներով
Արճէշի
շրջանին
սարսափը,
անոր
համբաւը
կը
տարածուի
շրջակայ
գաւառները
եւ,
տակաւ,
կը
հասնի
առասպելական
այնպիսի
համեմատութեան
մը,
որ
տասթաններու
(երգ)
նիւթ
կը
հայթայթէ
շրջանի
հայ
թէ՛
քիւրդ
աշուղներուն։
Իսկ
շրջանին
մայրերը՝
անոր
անունը
կը
գտնեն
վախցնելու
եւ
քունի
կամ
հանդարտութեան
բերելու
համար
իրենց
երեխաները։
Հա՜յը
աւազակ,
երեւոյթ
մըն
էր
ասիկա,
որուն
հանդիպելու
համար
տասնեակ
տարիներով,
գուցէ
դարերով
ետ
պէտք
էր
երթալ
հայ
պատմութեան
մէջ,
միաժամանակ
փարսախներով
հեռանալ
Վասպուրականի
շրջաններէն։
Վանեցի
Հայը
Աւօն
աւազակ
չէր
համարիր,
այլ
հերոս
մը։
Արթնցող
սերունդն
ալ
զայն
տեղը
կը
դնէր՝
այդ
օրերուն
վխտացող
Րաֆֆիի
վէպերուն
այս
կամ
այն
հերոսին,
անոր
համար
Աւօն
իր
ուժովը
նոր
Սամսոն
մըն
էր,
որուն
ուժը՝
սակայն,
իր
մազերուն
մէջ
չէր
որ
կը
գտնուեր
այլ
սիրտին,
սիրտ՝
որուն
մէջ
երկիւղ
ըսուած
բանը
գոյութիւն
չունէր։
Այդ
սիրտը,
սակայն
ունէր
ուրիշ
թագուն
ծալքեր
ու
երբ,
օր
մը,
Աւօն՝
գերի
այդ
ծալքերէն
մէկուն,
դաւաճանութեամբ
ձերբակալուեցաւ
իր
քիւրտ
սիրուհիին
գիրկին
մէջ,
վանեցին
սուգ
կապեց,
անոր
արթնցող
սերունդին
մէջ
չգտնուեցաւ
մէկը,
որ՝
ժամերով,
դատարանի
եւ
կամ
բանտի
ճանապարհին
վրայ
սպասած
չըլլար,
տեսնելու
համար
Հայը
—
որուն
սարսափէն՝
կառավարութիւնը
թղթատարի
ճամբան
կը
փոխէր
երբեմն,
երբեմն
ալ
կը
պարտաւորուէր
զինուորական
ջոկատ
մը
ընկերացնելու
անոր։
Շատերը՝
այդ
արթնցող
սերունդէն,
ազգական
մը
կամ
բարեկամ
մը
տեսնելու
պատրուակաւ,
այդ
օրերուն,
ուխտաւորներու
պէս,
բանտը
կ՚երթային
Աւօն
տեսնելու
համար։
Ու,
երբ,
օր
մը,
կառավարութիւնը
նոր
բանտ
մը
շինած
ըլլալով,
հինէն
հոն
փոխադրեց
բանտարկեալները,
բանտերուն
հինէն
նորը
տանող
ճամբան
տեսակ
մը
հանդիսավայրը
դարձաւ
այդ
սերունդին,
մասնաւորապէս
դպրոցական
տղաներու
համար,
որոնք
եկած
էին
տեսնելու
հայ
կտրիճը։
Տրամաբանութի՞ւն
կար
արթնցող
սերունդի
այս
վերաբերմունքին
մէջ
—
բանավարութի՞ւն։
Ո՛չ
մէկը,
ո՛չ
միւսը։
Ժողովուրդը
վարող
անոր
երեւակայութիւնն
է,
ժողովուրդ՝
որուն
հոգիին
խորհրդապաշտութեան
անսպառ
նիւթ
կը
հայթայթէ
անոր
երեւակայութիւնը։
Այդ
երեւակայութիւնն
է
որ
տուն
կուտայ
պաշտամունքին
որ
ան
ունի
ոյժին
եւ
ոյժը
ներկայացնող
ուժեղ
մարդու
հանդէպ։
Աւօն
այդ
երեւակայութեան
հերոսն
էր։
Աւօյի
անունին
այս
հմայքը
այն
աստիճան
տեղ
բըռնեց
վանեցիի
սիրտին
մէջ,
որ
երբ
անոր
մէջ
արթնցող
ըմբոստութեան
ոգին,
յանձին
արմենականութեան,
գտաւ
իր
առաջին
կազմակերպութիւնը,
առաջին
գործը
եղաւ
այդ
կազմակերպութեան,
Պարսկաստան
փախցնելու
եւ
չէթէական
խումբի
մը
գլուխ
դնելու
նպատակաւ
Վանի
բանտէն
փախցնել
Աւօն։
Ան
յաջողեցաւ
բանտէն
ազատել
Աւօն,
բայց
այդ
յաջողութեան
զսպանակը
եղաւ,
կազմակերպութեան
անձնուիրութենէն
աւելի,
ոսկիները
Մեծոբայ
վանքին
վանահայր
Բագրեւանդեան
վարդապետին,
որ
չէր
մոռցած
իր
համագիւղացին
եւ
բարեկամը։
Այդ
ոսկիներովը,
Արմենականները՝
Կաճետցի
Ղարիպ
անուն
ուրիշ
բանտարկեալի
մը
միջոցաւ,
կաշառեցին
բանտապահները
ազատեցին
Աւօն,
բայց
չկրցին
զայն
Պարսկաստան
հասցնել։
Անոնք
Մակու
չհասած
—
իրենց
դէմ
կը
գտնեն՝
կառավարութեան
հրամաններուն
վրայ
ճամբաները
բռնող
քրտական
ուժերը
եւ
կռիւի
կը
բռնուին
անոնցմէ
Հայտարանցի
Սիւլէյման
աղայի
խումբին
հետ,
որուն
թուական
գերազանցութեան
առջեւ
Արմենականները
կը
պարտաւորուին
տեղի
տալ
եւ,
իրենց
առաջնորդ
Գարեգին
Մանուկեանի
ծանրապէս
վիրաւորուելէն
վերջ,
անձնատուր
ըլլալ։
Նախորդ
սերունդէն
վանեցի
չկայ,
որուն
ծանօթ
չըլլայ
այս
եղերական
պատմութիւնը,
որուն
մէջ
Գարեգին
Մանուկեան՝
հակառակ
կրած
անասելի
չարչարանքներուն,
նոյնիսկ
խաչելութեանը
—
բառական
իմաստովը,
չտուաւ
անունները
ո՛չ
ոսկիները
տուող
Բագրեւանդեան
վարդապետին,
ո՛չ
ալ
իր
ընկերներուն,
որոնց
մէջ
Արմենակ
Եկարեան
իր
բաժին
դերն
ունէր
եւ
որ՝
այդ
օրէն
սկսեալ,
դարձաւ
փախստական։
Անձնական
բարեկամութի՞ւնն
էր
միայն
որ
մղած
էր
Բագրեւանդեան
վարդապետը
իր
ոսկիները
տրամադրելու
Աւօն
փախցնելու
ձեռնարկին։
Ո՛չ։
Անոր
յեղափոխական
խմորը
առանց
բաժինի
չէր
մնացած։
Այդ
զգացումներուն
մէկովը
թէ
միւսովը,
ան՝
յետագային
ուրիշ
ոսկիներ
եւս
տրամադրեց
—
եւ,
դատաւորները
կաշառելով՝
ան
կաղախանէ
ազատեց
Աւօն։
Յետոյ
տարիներ
վերջ,
երբ
կառավարութիւնը,
անդրադարձումի
մը
հետեւանքով,
Աւօյին՝
15
ամեայ
բանտարկութեան
տանջանքները
կրել
տալէն
վերջ,
բոլորովին
յանիրաւի,
մահուան
դատապարտել
տուաւ
զայն,
Բագրեւանդեան
վարդապետ,
որ
այդ
օրերուն
Վանի
Առաջնորդն
էր,
միեւնոյն
զգացումներով
տոգորուած՝
ամէն
դուռ
զարկաւ
եւ
յաջողեցաւ
կախակայել
տալ՝
Հայու
թէ՛
Թուրքի
կողմէն
անարդար
համարուած
այդ
վճիռը,
զոր,
սակայն,
տարի
մը
վերջ,
կառավարութիւնը՝
օրուան
միւֆթիին
տուած
մէկ
ֆէթվային
վրայ,
գործադրութեան
դրաւ։
Դանիէլ
վարդապետը
իրաւունք
ունէ՞ր
հին
յեղափոխականի
մասին
յայտնած
իր
զարմանքին
մէջ։
Այս
կէտն
ալ
կը
շօշափէ
ուրիշ
պատմութիւն
մը։
Մինչեւ
96ի
Վանի
ջարդը
յեղափոխութեան
համակիր,
երբ,
իր
այդ
համակրութեան
ի
պատիժ՝
Վանի
ջարդարար
Սաատէթին
փաշան՝
Պոլիս
աքսորեց
Բագրեւանդեան
վարդապետը,
Պոլսոյ
ճամբան
այն
եղաւ
աքսորական
վարդապետին
համար,
ինչ
որ
Դամասկոսինը
եղած
էր
Պօղոս
Առաքեալի
համար,
դարձի
ճամբան։
Օրմանեանի
Պատրիարքութեան
առաջին
օրերուն
էր
որ
Բագրեւանդեան
վարդապետը
Պոլիս
հասաւ,
եւ
Օրմանեանի
առաջին
գործերէն
մէկն
եղաւ
զայն
ազատել
անմիջապէս։
Ան՝
ոչ
միայն
ազատեց
աքսորականը,
այլ
եւ
Նարլը-Գափույի
եկեղեցիի
քարոզչութիւնը
յանձնեց
անոր։
Այդ
օրերուն,
ես
Պոլիս
կը
գտնուէի
եւ
կ՚ապրէի
Գում-Գափու,
ուրկէ
յաճախ
այցելութեան
կ՚երթայի
Վանի
նախկին
Առաջնորդին,
որ՝
Մարմարայի
վրայ
վանդակի
դիրք
մը
ունեցող
իր
փոքրիկ
սենեկին
արեւոտ
պատուհանին
առջեւ
նստած՝
Օրմանեան
Պատրիարքի
արեւշատութեան
համար
ծխախոտ
կը
ծխէր։
Ինչպէ՞ս
էք
Հայր
Սուրբ,
հարցումը
ըրի՞ր,
ան
մէկ
պատասխան
ունէր
միայն,
—
Շնորհիւ
Օրմանեան
Սրբազանի
շատ
աղէկ
եմ։
Եկաւ
Խանասորի
արշաւանքը,
Մէզրիկ
աշիրէթապետ
Շէրէֆ
պէյը
սպաննելու
նպատակաւ՝
Դաշնակցութեան
կազմակերպած
արշաւանքը,
որուն
լուրերուն
չափազանցութեանց
արձագանգը
չուշացաւ
հասնիլ
Պոլիս։
Որպէս
Վանեցի
եւ
Վանէն
նոր
հասնող,
այդ
արշաւանքի
պատմութիւններով
հետաքրքրուողներուն
համար,
Վանի
նախորդ
Առաջնորդը
դարձաւ
օրուան
մարդը։
Արշաւանքը
կազմակերպողներուն
մասին
ամէն
տեսակ
վերապահումներ
ընելով
հանդերձ,
հին
յեղափոխականը
չէր
կրնար
չգովել
կռիւին
մասնակցողներուն
անձնազոհութեան
ոգին,
բայց,
ան
չէր
քաշուեր
միաժամանակ
այդ
գովեստներուն
կցելու
իր
վախը,
թէ
Դաշնակցութեան
վրիպած
վրէժին
պիտի
յաջորդէր
Շէրէֆ
պէյի
անվրիպելի
փոխ-վրէժը։
Արդարեւ,
տարի
մը
վերջ,
Շէրէֆ
պէյ
աւերեց
Ատրպատականի
մէջ
տասնեակ
մը
հայ
գիւղեր,
մահացնելով
հարիւրաւոր
Հայեր։
Բագրեւանդեան
վրդ.
ի
այս
մարգարէութեան
լրացումը
տասնապատկեցին
արժէքը
անոր
ուրիշ
մէկ
դատաստանին,
զոր
ան
ըրած
էր
այդ
առիթովը։
Ըստ
այդ
դատաստանին,
Դաշնակցութիւնը
Խանասորի
արշաւանքովը
իւղ
քսած
է
Համիտի
հացին։
Այս
դատասատանըլսողներուն
մեծ
մասը
սկեպտիկ
կամ
թերահաւատ,
դարձի
եկած
եկեղեցականը՝
այդպիսիներուն
համար
ունեցած
է
բնորոշ
բացատրութիւն
մը։
Արեւելեան
նահանգներու
համար
—
ըսած
է
ան
—
ուր
թուրք
ցեղը
հիւր
մըն
է
եւ
հիւրի
թիւ
մը
ունի
միայն,
Համիտ
մէկ
քաղաքականութիւն
ունեցած
է,
տանուտէրերը
—
Հայերը
եւ
Քիւրտերը
—
իրարմէ
բաժնելու
քաղաքականութիւնը։
Մնացեալը
ինքզինքը
կը
հասկցնէր
լիուլի։
Բագրեւանդեան
վրդ.
իր
այս
համոզումին
հետեւանքովը
եղած
էր,
որ՝
անգամ
մը,
երբ
Դաշնակցութեան
ուրիշ
մէկ
ձեռնարկին
յաջողութեան
խօսքն
ըրած
էին
իր
քովը,
ան՝
հետեւեալ
յատկանշական
խօսքն
ըրած
էր։
—
Խանասորի
արշաւանքէն
վերջ,
ես
գիտեմ
թէ
ի՜նչ
կ՚արժէ
Դաշնակցութեան
յաջողութիւնը։
Բագրեւանդեան
վարդապետի
այս
դատաստանը
Դաշնակցութեան
ականջէն
չէր
վրիպած,
ո՛չ
ալ
անոր
կողմէն
մոռցուած։
Մինակ
ա՞յս
եղած
էր
դարձի
եկած
եկեղեցականին
հակայեղափոխական
արտայայտութիւնը։
Ո՛չ։
Բագրեւանդեան
վարդապետը
կը
սիրէր
անդրադառնալ
յաճախ
Իզմիրլեան
Պատրիարքի
վարած
քաղաքականութեան
եւ
պատմել
անոր
կեանքէն
դրուագներ՝
որոնց
մեծ
մասը
Օրմանեանի
հաստ
շրթունքներէն
անցած
էին,
եւ
այդ
դրուագներու
մէջ
հետաքրքիրներ
չէին
պակսիր։
Ըստ
այդ
դրուագներէն
մէկուն,
երբ
Գում-Գափուի
ոստիկանապետը
կ՚երթայ
Իզմիրլեան
Սրբազանը
հրաւիրելու
նաւը,
որով
ան՝
ըստ
Համիտի
իրատէին
Երուսաղէմ
պիտի
երթար,
նախկին
Պատրիարքը՝
գոյքերը
կարգի
դնելու
պատրուակաւ,
հինգ
ժամ
ժամանակ
կ՚ուզէ
եւ
այդ
հինգ
ժամերու
ընթացքին
ան՝
հինգ
անգամ,
արգելափակուած
տան
թէրասը
կը
բարձրանայ,
Մարմարայի
վրայ
փնտռելու
անգլիական
զրահաւորները՝
զոր
Սըր
Ֆիլիփ
Քըրրին
անոր
խոստացած
էր,
որոնք
ճիշտ
է
որ
Հայաստանի
լեռները
չէին
կրնար
ելնել,
բայց
շատ
լաւ
կրնային
մտնել
Մարմարա,
ուր
անոնք
երկու
անգամ
մտած
էին,
Հնդկաստանի
անտէր
ճամբայի
ապահովութեան
համար,
ստիպելու
Ռուսը,
որ
նորէն
Թուրքին
ձգէ
անոր
գրաւած
հողամասերը
եւ
անոնց
վրայ
ապրող
Հայերը,
անկէ
ջարդուելու
եւ
տեղահան
ըլլալու
համար։
Աւելորդ
է
ըսել
որ
—
ըստ
պատմութեանը,
եթէ
նախկին
Պատրիարքը
տեսնար
փնտռած
զրահաւորները
պիտի
մերժէր
հետեւիլ
զինք
հրաւիրելու
եկած
ոստիկանապետին։
Բագրեւանդեան
վարդապետը՝
հակառակ
մեծ
ուսում
չունենալուն,
ի
բնութենէ
ունէր
a
proposի
մեծ
շնորհ
մը,
բնականէն
մտացի՝
երբ
առիթը
ներկայանար,
ան
սովոր
էր
իր
սրտմտութեան
զինարանէն
սլաք
մը
արձակելու։
Որո՞ւն
կը
դպչէր
սլաքը,
որքա՞ն
խորը
կը
մտնէր
դպած
տեղը,
անոր
հոգը
չէր,
բաւական
է
սլաքը
յարմարի
եւ
ինքն
ունենայ
զայն
նետած
ըլլալու
հաճոյքը։
Ան՝
իր
սեփական
տըվիզներ
ունէր
որոնց
գլխաւորներէն
մէկն
այն
էր
թէ՝
«երբ
խօսքը
կը
պատշաճի,
խնայելու
չէ»
եւ
նոր
յեղափոխութեան
գործունէութիւնը,
մանաւանդ
գործելակերպը
քիչ
առիթներ
չէին
ներկայացներ,
յեղափոխութիւնը
հինէն
ճանչցող
այդ
մտացի
անձին
համար։
Դանիէլ
վարդապետի
զարմանքը,
ուրեմն,
հին
յեղափոխականին
նորերէն
ունեցած
երկիւղի
մասին,
այնքան
ալ
զարմանալի
չէր։
Վեհարանի
սանդուխին
գլուխէն,
ուր
քիչ
մը
շատ
կանգ
առինք,
անցնինք
այժմ
կաթողիկոսական
տեղապահի
պատրաստած
սեղանին
շուրջը,
ուր
քիչ
մըն
ալ
կանգ
առնելու
պարտաւորուած
ենք,
շրջանակելու
համար
Բագրեւանդեան
Սրբազանի
դիմագիծը։
Կաթողիկոսական
Տեղապահ
Արսէն
վրդ.
՝
առանց
Մոլիէրը
կարդացած
ըլլալու
գիտէր
որ
ճշմարիտ
Ամֆիթրիօնը
(դիցաբանութեան
մէջ
Թիրինթի
իշխանը)
այն
է
որուն
քով
կը
ճաշեն։
Անոր
պատրաստել
տուած
նախաճաշը,
որուն
կը
մասնակցէին
նաեւ,
իր
շռայլութեան
մասին
բողոքող
զոյգ
վարդապետները,
ունէր
քննիչներու
յատուկ
ճոխութեան։
Բայց
այդ
ճոխութիւնը
կը
պատշաճէ՞ր
քննիչներէն
բոլորին
ալ
ստամոքսին։
Բագրեւանդեան
Սրբազանը
Պոլիսէն
հետը
բերած
ունէր
հիւանդութիւն
մը,
որուն
հետեւանքով
օրէ
օր
կը
գիրնար
ան։
Ի՞նչ
էր
հիւանդութիւնը,
ինքն
ալ
չգիտէր
եւ
գիտնալ
ուզողներուն
համար
ունէր
բնորոշ
պատասխան
մը,
—
Որքան
բժիշկ,
նոյնքան
հիւանդութիւն։
Հիւանդ
եկեղեցականը
դարմանող
բժիշկներէն
—
որոնց
թիւը
երկու
երկոտասանեակէն
պակաս
չէր
եղած
—
իւրաքանչիւրը
անուն
մը
դրած
էր
անոր
հիւանդութեան
վրայ,
անուններ՝
որոնք
ուրիշ
բանի
չէին
ծառայած
եթէ
ոչ
հիւանդին
հակասութիւններ
գտնել
տալու
անոնց
ախտաճանաչութեանց
միջեւ
եւ
անոնց
տուած
դեղերուն
անզօրութեան
հետեւանքով
ամէնքի
մասին
խախտել
տալու
անոր
վստահութիւնը։
Էսքալիւպի
աշակերտներէն
մէկը
միսը
յանձնարարած
էր,
միւսը
զայն
բացարձակապէս
արգիլած,
մէկը
լաւ
սնունդ
յանձնարարած
էր,
միւսը
ծոմ,
մէկը
կանթեղէնի
գործածութեան
մէջ
գտած
էր
անոր
առողջութեան
հնարաւորութիւնը,
միւսը
անոր
մէջ
գտած
էր
հիւանդութեան
միքրոպը։
Օր
մը,
երբ
Բագրեւանդեան
վրդ.
իր
հիւանդութեան
մասին
գանգատած
էր
Օրմանեան
Պատրիարքին
եւ
այս
վերջինի
հարցումին
թէ
ո՞վ
էր
զինք
դարմանող
բժիշկը,
հիւանդը
Տօքթ.
Րօպէնսօնի
անունը
տուած
էր,
—
Լա՛ւ
է
—
ըսած
էր
Օրմանեան
Սրբազան
—
չարիքին
փոքրագոյնին
հանդիպած
էք
—
եւ
ըստ
սովորութեան,
լիաթոք
խնդացած
էր։
Տօքթ.
Րօպէնսօն
պտըլիկ
կազմուածքով
անձնաւորութիւն
մըն
էր։
Օրմանեան
Պատրիարքը
այս
իւմօրով
չէր
բաւականացած,
ան՝
գրիչը
ձեռքը
առած
էր
եւ
տոմսակ
մը
գրած
էր
իր
բժիշկ
եղբայր
Տօքթ.
Օրմանեանին,
անոր
քննութեան
յանձնարարելով
իր
պաշտպանեալ
վարդապետը։
Տօքթ.
Օրմանեան
սխալ
գտած
էր
Տօքթ.
Րօպէնսոնի
թէ՛
տուած
դեղերը
եւ
թէ՛
յանձնարարած
րէժիմը։
Տարօրինա՞կ
էր
այս
երեւոյթը։
Կարելի
չէ
այս
ըսել։
Չէ՝
որ
բժշկութեան
աստուածները
Հիբօկրատ
եւ
Կալիէն,
ինքներն
իսկ
իրարու
հակասած
էին
ատենին
եւ
ա՛յն
աստիճան
յաճախ,
որ
ծնունդ
տուած
էին
«Հիբօկրատ
այո՛
կ՚ըսէ,
Կալիէնին
ո՛չ»
յատկանշական
առածին։
Քանի
մը
շաբաթ
վերջ,
օր
մը
հոգեճաշի
սեղանի
մը
վրայ,
Օրմանեան
Պատրիարքը
կը
նշմարէ
Բագրեւանդեան
վարդապետի
ներկայութիւնը,
եւ,
անոր
առողջութեան
մասին
տեղեկութիւն
կ՚ուղէ
անկէ։
—
Լաւ
չէ,
Սրբազա՛ն,
կը
պատասխանէ
Բագրեւանդեան
վարդապետը։
—
Չգացի՞ք
նոր
բժիշկին։
—
Չարիքին
մեծին
ըսէ՛ք,
Սրբազա՛ն,
գացի
այո՛,
ինչպէ՞ս
չէ։
Բագրեւանդեան
վրդ.
ի
այս
պատրաստամիտ
եւ
բնորոշ
պատասխանին
վրայ,
Օրմանեան
կ՚ունենայ
խնդուք
մը
այն
աստիճան
սաստիկ
եւ
ըստ
սովորութեան
ցնցող,
որ
գինիի
շիշերը
եւ
գաւաթները՝
աղմուկով
մը
զիրար
հրմշտկելու
կ՚ելնեն
սեղանին
վրայ։
Արդարեւ,
Տօքթ.
Օրմանեան՝
ինքնին
մեծղի
Պատրիարք
—
եղբօրը
գրեթէ
մէկուկէս
անգամը,
կազմուածքովը՝
կը
ներկայացնէր
իսկական
տիտան
մը։
Պոլսոյ
բժիշկներէն
վերջ,
Վան
վերադարձին,
հիւանդ
Առաջնորդը
փորձեր
էր
Վանի
բժիշկներուն
դեղեը,
զորս,
սակայն,
ան
մէկ
օր
կը
գործածէր
եւ
կամ,
շատ
շատ,
երկու,
ապա,
զանոնք
կը
տանէր
տեղաւորելու
յատուկ
դարակի
մը
մէջ,
որուն
համար
սովոր
էր
ըսելու
թէ՝
թաղապետական
դեղարանէն
աւելի
ճոխ
է։
Յետոյ,
լուր
կը
ղրկէր
Պէրպէր
Գարեգինին,
որ
կուգար
կէս
սխալ
արիւն
առնելու
անոր
մարմինէն
այս
կամ
այն
կողմէն։
Որպիսութիւնը
հարցնողներուն
ալ,
Բագրեւանդեան
Սրբազանը՝
երկու
տեսակ
պատասխաններ
ունէր
պատրաստի,
կամ,
«շնորհիւ
Պէրպէր
Գարեգինին
լաւ
եմ»,
եւ
կամ,
«հակառակ
բժիշկներու
խնամքին՝
կ՚ապրիմ
դեռ»։
Գալով
րէժիմին՝
ատիկա
կախում
ունէր
ճաշէն։
Եթէ
ճաշը
հաճելի
էր,
ախորժակն
ալ
քիչ
մը
տեղը,
լաւ
սննդառութիւն
յանձնարարող
բժիշկը
միտքը
կուգար
եւ
անոր
հրահանգը,
հակառակ
պարագային,
միտքը
կ՚երթար
դէպ
ի
ծոմապահութեան
պէտքը
եւ
ճաշը
կը
ղրկէր
սպասաւորին,
երբեմն
ալ
Ամուք
խօճային։
Ամուք
խօճան՝
Առաջնորդարանէն
քանի
մը
քայլ
հեռու
Թօփչու
մզկիթին
մուէզինն
(աղօթասաց)
էր,
որուն
աղօթքի
ձայնին
ճշմարիտ
սիրահար
մը
դարձեր
էր
քրիստնեայ
Սրբազանը,
այն
աստիճան
ճշմարիտ,
որ
զարմանալի
չպիտի
թուի
այդ
սիրոյն
ծնունդ
եղող
հետեւեալ
դրուագը։
Նոյն
տարւոյն
գարնան,
Տօքթ.
Րէյնօլտսի
յանձնարարութեան
վրայ,
ամիս
մը
օդափոխութիւն
ընելու
համար
Այգեստան
փոխադրուեցաւ
հիւանդ
Սրբազանը։
Քանի
մը
օր
վերջ,
իմանալով
որ
ան
Առաջնորդարանը
վերադարձած
է,
գացի
զինք
տեսնելու։
—
Ինչո՞ւ
վերադարձաք,
Սրբազան
—
հարցուցի
իրեն։
—
Շիտակը,
ձանձրացայ։
Այգեստանը
ինձ
համար
ձանձրալի
վայր
մըն
է,
պատասխանեց
Սրբազանը՝
անկեղծ
թօնով
մը։
Ու
լայն
ժպիտէ
մը
վերջ,
աւելցուց
ան՝
—
Այգեստանի
ջուրերը
խոնաւութիւն
կը
բերեն,
ծառերն
ալ
թէ՛
մութ
կը
բերեն
եւ
թէ՛
կ՚արգիլեն
լիճին
եւ
շրջակայ
լեռներուն
համայնապատկերը։
Ես
կը
սիրեմ
Քաղաքամիջի
տեսարանը
եւ
անոր
չոր
պայծառութիւնը։
Առաջին
անգամ
էր
որ,
օդի
տեսակէտէն,
Այգեստանի
վրայ՝
Քաղաքամիջի
առաւելութեան
խօսքը
կը
լսէի։
Չքաշուեցայ
ես
զարմանքս
յայտնելու։
Սրբազանը՝
տուած
փաստին
օգնութիւն
կանչեց
անմիջապէս
իր
սովորութիւնները։
—
Սովոր
եմ
—
շարունակեց
ան
—
Ամուք
խօջայի
իրիկնամուտին
աղօթքին
հետ
ճաշել,
անոր
գիշերային
աղօթքին
հետ
անկողին
մտնել,
մանաւանդ
արշալոյսի
անոր
էզանին
հետ
արթննալ
եւ
խահուէս
խմել
սիկարէթիս
հետ։
Չգիտե՜ս
թէ
որքան
քաղցր
եւ
հաճելի
է
անոր
ձայնը
—
աւելցուց
ան
մասնաւոր
կարօտով
մը
եւ
ժպիտով
մը,
որ
չգիտես
թէ
կատակէ
կուգար
թէ
ոչ
լրջութենէ։
Ես,
այդ
օրը,
Սրբազանին
սովորական
կատակներէն
մէկը
համարած
էի
անոր
այդ
տարօինակ
դատումը,
բայց,
եղաւ
օր
մը,
որ
ես
պարտաւորուեցայ
փոխելու
իմ
կարծիքը։
Այդ
օրուան
իրիկուն,
ես՝
Քաղաքամէջը,
բարեկամի
մը
տունը
ճաշի
մնացեր
էի։
Ճաշէն
վերջ
Առաջնորդարանը
գացի,
այցելութիւն
մը
տալու
Բագրեւանդեան
Սրբազանին։
Դահլիճը
չմտած՝
թուրքերէն
երգի
մը
մեղմ
եւ
ախորժալուր
ձայնը
ուշադրութիւնս
գրաւեց
յանկարծ։
Կանգ
առի
ես
եւ
ականջ
դրի՝
Եաղմուր
եաղար
իւսթիւմէ,
Խապար
վէրին
տօսթումէ,
Ձայնին
անուշութիւնը
զիս
կեցածս
տեղը
գամեց։
Դուռը
չբացի
ես՝
մինչեւ
որ
երգին
ձայնը
չդադրեցաւ
ինքզինք
լսելի
ընել
տալէ։
Ներսը
կը
կարծէի
գտնել
Սրբազանին
հայ
բարեկամներէն
մէկն
ու
մէկը։
Ո՞վ
կ՚ուզէր
որ
տեսնեմ
անոր
փոխարէն,
երբ
որ
դուռը
բանալով
ներսը
մտայ,
Ամուք
խօճան։
Անոնք,
քրիստոնեայ
եւ
մահմետական
կրօնաւորները՝
սուրճի
գաւաթները
եւ
սիկարէթները
առջեւնին,
դէմ
դէմի
նստած,
կը
զուարճանայի՞ն,
կարելի
չէ
«այո՛»
ըսել,
բայց,
ամէն
պարագայի,
հաճելի
ժամանակ
մը
կ՚անցընէին։
Հայ
եւ
Թուրք
եղբայրակցութեան
օրինակներէն
—
մէջն
ըլլալով
Իթթիիհատ
—
Դաշնակինը
—
եւ
ոչ
մէկը
ունեցած
էր
այս
օրինակին
անկեղծութիւնը։
—
Միասին
կը
ձանձրանանք
—
ըսաւ
անմիջապէս
Սրբազանը,
ժպիտով
մը,
որ
առհասարակ
կ՚ընկերանայ
քիչ
մը
փիլիսոփայութեան
շունչ
ունեցող
խօսքերու,
տեսակ
մը
արդարացում
դնել
ուզելով
երեւոյթին
տարօրինակութեան
վրայ։
Յետոյ,
անմիջապէս
աւելցուց
ան՝
—
Ճնճղկներէն
տուն
է
(գիտէ)
գիտէ՞ք։
Այս
գրաբախառն
արկօն՝
Վանի
մէջ
կը
ծառայէ
նորեկի
մը,
որ
կրնայ
յանկարծ
կաֆի
մը
մէջ
իյնալ,
հասկցնելու
թէ
ներկայ
Թուրքը
հայերէն
գիտէ։
Վանի
մէջ
գիւղեր
կան
ուր
Հայերը
եւ
Թուրքերը
խառն
կ՚ապրին։
Նման
գիւղերու
մէջ
ապրող
Թուրքերը
կամ
Քիւրտերը,
եթէ
չեն
խօսիր,
գէթ
կը
հասկնան
առհասարակ
հայերէն
լեզուն։
Ամուք
խօճան
ամուքցի
է,
եւ
այդ
հայ
եւ
թուրքով
բնակուած
գիւղէն
է
որ
առած
է
իր՝
նախապէս
Ամուքլի,
ապա
կրճատուած՝
Ամուք
անունը։
Ամուք
խօճային
մեկնումէն
վերջ,
Սրբազանի
առաջին
խօսքը…
չքմեղանքի
գնաց։
—
Ի՜նչ
ընեմ,
ձանձրոյթը
երբեմն
այն
աստիճան
կը
ճնշէ
հոգիիս
վրայ,
որ
ճարս
Խօջային
երգին
կը
նետեմ։
Յետոյ,
լրջօրէն՝
—
Կը
հաւատա՞ք,
որ
անոր
երգը
ինծի
քուն
կը
բերէ։
Գիտէի
որ՝
Սրբազանի
հիւանդութեան
ախտանիշերէն
մէկը
անքնութիւնն
էր։
—
Պ.
Համբարձում
Երամեանի
խորհուրդն
ալ
դեր
ունի
—
շարունակեց
ան
—
հոգեբուժութեան
այս
մեթօտին
մէջ։
Ան՝
իր
անձնական
փորձառութեան
վրայ
հիմնուած՝
օր
մը,
ինծի
խորհուրդ
տուաւ,
անկողին
մտնելէն
առաջ
երգել,
բայց
իմ
ձայնը՝
ինծի
անգամ
անտանելի՝
կը
վախնամ
որ
ուրիշներուն
լսելի
ըլլայ։
Պ.
Համբարձումի
տուած
խորհուրդը
գործադրելու
այս
միջոցը
գտայ
եւ
օգտուեցայ
խորհուրդէն՝
որ՝
ինչքան
չըլլայ,
բժիշկէ
չէ
որ
կուգայ։
Ու
Սրբազան
լիաթոք
խնդաց
իր
այս
սուր
կատակին
վրայ։
Ան՝
սակայն,
այդ
օրը,
յիշեց
բժիշկները,
անոնք
որոնք
լաւ
սննդառութեան
յանձնարարութիւն
ըրած
էին,
երբ
Արսէն
վարդապետի
սեղանին
վրայ
եկան,
իրարու
ետեւէն,
մեղրն
ու
սերը,
խորտիկները
եւ
խմորեղէնները։
Ծովային
ճամբորդութիւնը,
իր
կարգին,
նախապատրաստած
էր
անոր
ախորժակը։
Ու
Շահպազիի
գինիին
անոր
բերած
տրամադրութեան
ներքեւ,
Սրբազանը
սկսաւ
իր
սրտմտութեան
գինարանէն
սլաքներ
արձակել
աջը
ու
ձախը։
—
Շիտակը,
եթէ
այսպէս
է
ձեր
ամենօրեայ
ուտելիքները,
աղէկ
որ
1500
ոսկին
դիմացեր
է
մինչեւ
հիմայ։
Յիշենք
այստեղ,
որ
Յանձնաժողովին
կատարելիք
քննութիւնը
կը
կայանար
1895ին
մեռած
Խաչատուր
Կաթողիկոսի
թողուցած
1500
ոսկիին
ինչպէս
հալած
ըլլալուն
շուրջը։
«Ձեր
ամենօրեայ
ուտելիքները»
խօսքերը՝
Սրբազանը
թուրքերէնօվ
էր
որ
արտասանեց,
ինչ
որ
մասնաւոր
տրամադրութիւն
մը
բերաւ
սեղանին
վրայ։
Այդ
խօսքերուն
թուրքերէնը
—
հէր
կիւնքի
հէտիկինիզ-ը՝
ետեւը
զուարճալի
պատմութիւն
մը
ունի,
որուն՝
Վանեցի
չկայ
որ
անծանօթ
մնացած
ըլլայ։
Վանի
թուրք
երեւելիներէն
Հաճի
Էմին
աղա
անուն
մէկը,
անգամ
մը,
մեծ
ճաշ
մը
կուտայ
ի
պատիւ
նորեկ
կուսակալի
մը,
որ
երբ
կը
տեսնէ
թէ
կերակուրներու
տեսակները՝
տասնեակներով,
իրարու
կը
յաջորդեն,
ատոնց
վերջը
սպասելէ
ճարահատ,
հիւրընկալին
կ՚ուղղուի,
—
Այս
ի՜նչ
շռայլութիւն
է
—
Հաճի
Էմին
աղա՛։
—
Մեծ
բան
մը
չէ,
փաշա
էֆէնտի,
ամենօրեայ
կերածնիս
է
—
կը
պաասխանէ
սնամիտ
եւ
միամիտ
տանուտէրը։
Իրարու
վրայ
բողոքող
միաբանները՝
Սրբազանի
այս
սուր
ակնարկութիւնը,
միաբանօրէն,
կատակի
տեղ
առին
եւ
անցան։
Ճաշէն
վերջ,
նախագահ
Սրբազանի
ցոյց
տուած
աճապարանքին
տեղի
տալով,
անցանք
մենք
հաշիւներուն
քննութեան։
Կաթողիկոսարանի
հաշուապահ
Միհրան
էֆ.
Գէորգեան,
որ
միանգամայն
խորհրդականն
էր
Տեղապահ
Արսէն
վարդապետի,
անոր
թարգմանը
եւ
քարտուղարը
միաժամանակ,
մէջտեղ
դրաւ
հաշուեմատեանները,
որոնք՝
պէտք
է
խոստովանիլ
որ
կը
ներկայացնէին
ձեւական
բոլոր
կանոնաւորութիւնները։
Երբ,
Յանձնաժողովին
անդամներէն
մէկը
այս
իրողութիւնը
վեր
հանեց,
Նախագահ
Սրբազանը,
թուրքերէնով
պատշաճ
տուն
մը
արտասանեց
իր
պատրաստամտութեան
սաղմոսէն,
—
Մինարէն
գողցողը
պահարանը
պատրաստ
կը
պահէ։
Բողոքող
վարդապետները
մէկ
մէկ
լայն
ժպիտով
ընդունեցին
այս
սուր
ակնարկութիւնը,
որոնք՝
սակայն,
շատ
շուտ
նեղցան։
Երբ,
ընդհանուր
ակնարկով
մը,
երեւան
եկաւ
որ՝
1895
դեկտեմբերին,
հոգելոյս
(գործածենք
այս
բառը,
քանի
որ
ան
գանձը
հետը
չէր
տարած)
Կաթողիկոսի
ձգած
1500
ոսկիէն
1904
յուլիսին,
մնացած
էր
միայն
300
ոսկի,
Առաջնորդ
Սրբազանը,
լո՞ւրջ
թէ
կատակ,
ուղղուեցաւ
դէպի
բողոքող
վարդապետները։
—
Շիտակը,
եթէ
այս
դրամը
ձեր
ձեռքը
անցած
ըլլար,
այս
300
ոսկին
ալ
չէր
մնար։
Բողոքող
վարդապետները,
այդքան
համարձակ
մէկ
վճիռը
բնականաբար
կատակի
տեղ
պիտի
առնէին
եւ
պատշաճ
ժպիտով
մը
պիտի
բաւականանային։
Ինկանք
ծախքերու
լաբիւրինդոսին
մէջ։
Հեռագի՜ր,
հեռագի՜ր,
հեռագի՜ր։
Հեռագիր՝
Վանի
կուսակալին,
հեռագիր՝
Ներքին
Գործոց
նախարարին,
հեռագիր՝
Մեծ
Եպարգոսին,
հեռագիր՝
Կայս.
Պալատը,
առանց
մոռնալու
պատճէնները,
որոնք՝
ըստ
հասցէի՝
ուղղուած
կ՚ըլլային
կամ
Վանի
Առաջնորդարանը
եւ
կամ
Պոլսոյ
Պատրիարքարանը։
Հարկ
կա՞յ
ըսելու
որ
այս
հեռագրերը
տրուած
էին,
առիթով՝
Աղթամարի
թեմի
շրջանին
մէջ
կատարուած
սպանութեանց
եւ
կեղեքումներուն,
որոց
թիւը,
դիւրին
է
մակաբերել,
քիչ
չէր
կրնար
եղած
ըլլալ։
Կաթողիկոսի
ձգած
1500
ոսկիէն՝
մօտ
300ը
գնացեր
էին
այս
հեռագրերուն
ծախքերուն։
Հաշուապահը՝
հեռագրական
իւրաքանչիւր
ծախքին
դէմ
դրած
ունէր
հեռագրին
թուահամարը,
եւ,
այդ
թուահամարին
վրայ՝
անմիջապէս
գտնելով,
մեզի
կը
ներկայացնէր
հեռագրին
պատճենը,
հեռագրատան
ընկալագրին
հետ։
Կարդացինք
այդ
հեռագրերէն
մէկ
քանիները,
մասնաւորապէս
այն
պատմականը,
որ՝
մինչեւ
Օսմ,
Սահմանադրութիւնը,
գաղտնի
մնացած՝
անկէ
վերջ
դարձած
էր
ամենուն
սեփականութիւն։
Րամազանի
օր
մը,
Համիտի
շրջանին,
Ոստանի
հեռագրատան
երկու
պաշտօնեաները
կը
նկատեն
որ
հասոյթի
պակասութեան
երեսէն,
իրիկունն
ալ
բան
մը
չունին
ցորեկուան
ծոմերնին
լուծելու
համար։
Ծոմը՝
հնարքի
խորհուրդ
մը
կը
բերէ
ծոմապահ
պաշտօնեաներուն։
Անոնք՝
յաջորդ
առաւօտը,
կը
հնարեն
եւ
կը
տարաձայնեն
լուր
մը,
որուն
նայելով
Միր
Մըհէն,
յայտնի
աւազակապետը,
Ծիծանցի
երկու
Հայեր
սպանած
կ՚ըլլայ
գիւղին
ճանապարհին
վրայ։
Սուտ
լուրը
իրիկուն
Աղթամար
կը
հասնի
եւ
անոր
Տեղապահին
կողմէ
բողոքի
հեռագիր
մը
կը
բերէ
Ոստանի
հեռագրատունը,
հետը,
իր
եւ
պատճէններու
ծախքին
համար,
400
ղրուշի
գումար
մը,
որ
կը
ծառայէ
հնարամիտ
պաշտօնեաներուն
լուծելու
իրենց
թէ՛
հաւատքի
եւ
թէ՛
անկուտիութեան
ծոմերը։
Այս
պատմական
միջադէպին
չափ
պատմական
եղած
էր
եւ
անկէ
գուցէ
աւելի
զուարճալի
անոր
յաջորդողը։
Վանի
կուսակալը՝
Կայս.
Պալատէն
հասած
խիստ
հեռագրին
վրայ,
քննութեան
կը
ձեռնարկէ
եւ
հաստատելով
որ
լուրը
գոյութիւն
չունի,
կը
փութայ
քննութեան
արդիւնքը
հաղորդել,
մէկ
կողմէն
Կայս.
Պալատը,
միւս
կողմէն
Վանի
ֆրանսական
հիւպատոսին,
որ՝
այդ
օրերուն
որպէս
Վան
գտնուող
միակ
հիւպատոս,
հետապնդած
էր
այդ
սպանութեան
գործը։
Ֆրանսական
հիւպատոսը՝
իր
թարգմանը,
Թասկուլեան
Միհրան
էֆէնտին,
կուսակալին
կը
ղրկէ,
անոր
յայտնելու
համար
իր
ցաւը,
որ
անստոյգ
լուրի
մը
զոհ
գացեր
է։
Թարգման
Թասկուլեան
Միհրան
էֆ՝.
որ
Տօմինիկեան
Հայրերու
գործակատար
եղած
է
նախապէս
եւ
որ՝
անոնց
յանձնարարութենէն
ի
զատ,
ուրիշ
շնորհ
չունէր
այդ
քիչ
մը
փափուկ
պաշտօնին
անցնելու
համար,
Գարթան
Մինասի
տեսակէն
ուրիշ
տիպար
մըն
է,
որուն
դեռ
պիտի
հանդիպինք
այս
պատմութեան
ընթացքին։
Միհրան
էֆէնտին,
ուրեմն,
կուսակալին
կը
ներկայանայ
եւ...
շնորհներուն
թելերը
իրար
բերելով՝
անոր
կ՚ըսէ.
—
Կը
ցաւինք
որ
Ծիծանցի
Հայերու
սպանութեան
լուրը
սխալ
է։
Կուսակալը,
ալպանացի
Թահիր
փաշան,
բարի
եւ
մտացի
անձնաւորութիւն
մը,
կը
զարմանայ
Հայ
թարգմանին
տգիտութեան
վրայ
եւ
անդրադառնալու
առիթ
մը
տալու
համար
անոր,
կը
հարցնէ.
—
Դո՞ւք
էք
որ
կը
ցաւիք
լուրին
սխալութեան
համար,
թէ
ոչ
պարոն
հիւպատոսը։
Միհրան
էֆէնտին՝
փոխանակ
անդրադառնալու
իր
սխալին՝
դիւանագիտական
պատասխան
մը
կը
գտնէ։
—
Ցաւը
թէ՛
Պ.
Հիւպատոսին
է
եւ
թէ՛
իմը։
Կուսակալը
կը
ճամբէ
դիւանագիտական
պաշտօնեան
արգահատանքի
ժպիտով
մը,
որուն
իմաստին,
դահլիճէն
դուրս
ելնելէն
վերջն
է
միայն
որ
տխմար
թարգմանը
կ՚անդրադառնայ,
որ
ատեն,
արդէն
ուշ
էր
դարմանելու
իր
դիւանագիտական
կաֆը։
Մեր
կարդացած
քանի
մը
հեռագրերը
բաւական
էին
մեզի
գաղափար
մը
տալու
ի
մասին
զանոնք
խմբագրող
միւս
Միհրան
էֆէնտիին,
կաթողիկոսական
քարտուղարին,
որ՝
Երամեան
դպրոցին
մէջ
ուսած՝
Հայերու
մէջ
թրքագէտ
մը
կը
համարուէր։
Բայց,
ամէն
թրքագէտի,
մանաւանդ
համարուածին,
տրուած
չէ
Կայս.
Պալատը
ուղարկելի
գրութիւն
խմբագրել։
Եթէ
Կաթողիկոսական
Տեղապահը՝
այդ
գրութեանց
մէջ
ջանք
տարած
է
իր
պաշտօնին
հեղինակութիւնը
արժեցնել՝
պաշտօնատանց
մօտ,
Միհրան
էֆէնտիին
ալ
ջանքը
եղած
է
իր
թրքագիտութիւնը
արժեցնել
իր
բաթրօնին
քով։
Քարտուղարը,
ինքը,
չափազանց
ջղուտ
մէկն
է,
բաթրօնը,
Կաթ.
Տեղապահը,
չափէն
աւելի
յանդուգն,
հեռագրերը
աւելորդութիւններով
եւ
աւելորդաբանութիւններով
խըճողուն՝
իրենց
մէջ
կը
խտացնէին,
ինքզինքնին
արժեցնելու
իրենց
մարմաջին
հետ,
մէկին
յանդգնութիւնը,
միւսին
ջղայնութիւնը,
որոնցմէ,
սակայն,
տուժողը
եղած
էր
կաթողիկոսական
գանձը։
Բաւականացանք
դիտողութիւն
մը
ընելով
եւ
անցանք
Արսէն
վարդապետի
ձիուն։
Արսէն
վրդ.
ունէր
արաբական
նժոյգ
մը,
որուն
համբաւը
տարածուած
էր
մինչեւ
սահմանամերձ
երկիրները։
Ատրպատական,
Մուսուլ,
Պիթլիզ։
Այդ
վայրերուն
մէջ
բնակող
աշիրէթապետներէն
եւ
ո՛չ
մէկը
ունէր
Արսէն
վարդապետի
ձին։
Երբ,
Կաթողիկոսական
Տեղապահը,
իր
տօռու
(մութ
կարմիր)
ձիովը,
որուն
սանձը
ժօգէյի
մը
պէս
կ
բռնէր,
կուսակալին
այցելութեան
կուգար,
ձիուն
համբաւն
ու
տեսքը
պալատին
առջեւը
կը
խռնէին
բազմութիւն
մը,
զոր
պաշտօնական
ընդունելութեանց
օրերը
միայն
կարելի
էր
տեսնել։
Բողոքող
վարդապետներու
թէզը,
թէ
Արսէն՝
վրդ.
՝
յիսուն
ոսկի
վճարած
է
ձիուն
համար,
մեզի
այնքան
արդար
չթուեցաւ,
ինչու
որ
ձին
հիմա
կ՚արժէր
աւելի
քան
հարիւր
ոսկի,
բայց
Եզնիկ
ու
Դանիէլ
վարդապետները
կը
պնդէին
թէ
ձիուն
պահպանութեան
համար
է
որ
Արսէն
վրդ.
վանքը
բերած
է
երկրորդ
ոստիկանը,
որուն
ապրուստը
արհամարհելի
բեռ
մը
չէ
եղած
վանքին
պիւտճէյին
վրայ։
Նախագահ
Սրբազանը՝
որ
երկար
ատենէ
ի
վեր
իր
զինարանին
դուռը
փակ
պահած
ունէր,
զայն
բացաւ
յանկարծ,
սուր
սլաք
մը
հանելու
համար
անկէ.
—
Աւելո՜րդ
զգուշութիւն։
Գողը
եթէ
տունէն
ըլլայ,
եզը
երդիքէն
կը
հանէ
—
ան
յիշատակեց
ծանօթ
առածը,
անոր
կցելով
հոմերական
քրքիջ
մը։
Սլաքը
սուր
էր
բայց
ո՛չ
տեղին։
Ան
ուղղակի
կ՚ըսէր,
թէ՝
ձին
Եզնիկ
եւ
Դանիէլ
վարդապետներու
մեղսակցութեամբ
միայն
կարելի
էր
գողնալ,
որ
ատեն
զգուշութիւնը
աւելորդ
կը
դառնար։
Եզնիկ
վրդ.
ի
մօրուքին
մազերը
քիչ
մը
աւելի
ցըցուեցան,
Դանիէլ
վարդապետն
ալ
քիչ
մը
եւս
կախեց
իր
կախ
քիթը։
Անոնք
իրարու
երեսը
նայեցան,
յօնքերով
կարծես
իրարու
հետ
խօսեցան,
բայց
բան
մը
չըսին։
Բագրեւանդեան
Սրբազանը՝
կը
թուի
թէ
զգաց
որ
կատակին
տօզը
շատ
էր
քիչ
մը,
եւ,
գուցէ
սխալը
դարմանելու
համար
էր
որ՝
այս
անգամ,
միւս
կողմը
ձեռք
առաւ։
—
Եթէ
գիտնայինք
թէ
ասանկ
պիտի
հալէր
1500
ոսկիի
գումարը,
96ին,
Սաատէթտին
փաշային
կուտայինք
զայն
եւ
Վան
ջարդէն
կ՚ազատէինք
—
մենախօսեց
ան՝
կէս
հառաչով
մը։
Հառաչը
կրնար
ամբողջական
ըլլալ։
Ան
կուգար
իրողութենէն,
որ
երբ՝
Սաատէթտին
փաշան
Վան
ջարդելու
նպատակաւ
Վան
կը
հասնէր
96ի
սկիզբը,
օրուան
կուսակալ
Նազըմ
փաշան,
ազնիւ
անձնաւորութիւն
մը,
Առաջնորդ
Բագրեւանդեան
վրդ.
ին
եւ
Իտարէի
երկու
հայ
անդամներուն
կ՚առաջնորդէ,
երկու
ամիս
առաջ
մեռնող
Խաչատուր
Կաթողիկոսի
ձգած
1500
ոսկին,
որ
Առաջնորդարանի
տրամադրութեան
ներքեւ
կը
գտնուէր
այդ
օրերուն,
Սաատէթտին
փաշայի
տալ
որպէս
կաշառք
եւ
ետ
ղրկել
զայն։
Առաջնորդարանը,
սակայն,
խաղ
մը
համարելով
առաջարկը,
եւ
կամ
հաշուելով
որ
դրամն
ալ
վրայ
պիտի
երթայ,
ընդառաջ
չերթար
առաջարկին։
Ջարդը
տեղի
կ՚ունենայ
եւ,
յօրէ
անտի,
այնպիսիներու
համար,
որոնք
սովոր
են
«փախչող
ձուկը
միշտ
մեծ
գտնալ»։
Առաջնորդարանի
ժլատութիւնը
թէ
անհեռատեսութիւնը
տեսակ
մը
պատճառ
կը
մնայ
Վանի
ջարդին։
Եզնիկ
եւ
Դանիէլ
վարդապետները
դժգոհ
չմնացին
Սրբազանի
այս
մէջբերումէն,
բայց
ո՛չ
մէկին
մազերը
կակուղցան,
ո՛չ
ալ
միւսին
քիթը
անկուեցաւ։
Անոնք
շարունակեցին
մնալ
իրենց
սպառնագին
դիրքին
մէջ։
Բողոքի
գլխաւոր
կէտերէն
մէկը
կը
կայանար
կարգ
մը
շինութեանց
եւ
նորոգութեանց
աւելորդութեանց
հետ՝
անոնց
վրայ
եղած
աւելորդ
ծախքերուն
մէջ։
Յաջորդ
առաւօտը
մենք
անցանք
այդ
կէտին
քննութեան,
տեղւոյն
վրայ
գնահատութեան
ենթարկելով
շինուած
կամ
նորոգուած
շէնքերը
—
մատուռ,
վեհարան,
ջրաղացք,
հիւրանոց,
եւ
այլն։
Բագրեւանդեան
Սրբազանը
շուտ
յոգնեցաւ։
Կարճ
կապելու
համար
քննութիւնը,
ան
փութաց
կանխել
իր
դատաստանը՝
—
Ճիշտ
է
որ
—
ըսաւ
ան,
միշտ
իր
կէս
կատակի
շեշտովը,
վանական
եւ
թաղական
գործերու
մէջ,
առանց
շինութիւններու
եւ
նորոգութիւններու
պատրուակներու՝
կարելի
չէ
դրամը
մէկ
կողմը
դնել,
բայց
ես,
շիտակը,
աւելորդ
բան
մը
չնկատեցի
կատարուած
շինութեանց
մէջ։
Կը
մնար
քննել
եւ
փնտռել
տարբերութիւն
մը
այդ
շինութեանց
վրայ
եղած
ծախքերուն
եւ
անոնց
գնահատութեան
միջեւ։
Այս
առիթով,
Յանձնաժողովը
հարկ
տեսաւ
հարցուփորձի
ենթարկել
միաբաններէն
Պօղոս
վարդապետը,
որ
կատարուած
շինութեանց
վրայ
հսկող
գլխաւոր
վերակացուն
եղած
էր։
Պօղոս
վարդապետ
բաւական
տարիք
ունի
անցուցած,
բայց,
ան
այդ
տարիները
կը
կրէ
այնպիսի՜
ձիգ
հասակի
մը
վրայ,
այնքա՜ն
բարձր
եւ
ուղիղ
կը
բռնէ
գլուխը,
որ
երիտասարդի
մը
տպաւորութիւնը
կը
թողու։
Ան՝
սիրով
պատասխանեց
մեր
հարցումներուն,
բայց,
երբ
Յանձնաժողովին
անդամներէն
մէկը՝
հակասութիւն
մը
գտաւ
անոր
պատասխաններէն
մէկուն
մէջ
եւ
լուսաբանուիլ
ուզեց,
Պօղոս
վարդապետը,
զսպանակէ
մը
լարուածի
պէս,
ոտքի
ելաւ
յանկարծ,
եւ,
առանց
մնաք
բարեւի,
թողուց
սրահը
եւ
հեռացաւ։
Միաբանները՝
առանց
անմիաբանութեան,
իրենց
պաշտօնակցին
այս
տարօրինակ
վարմունքը
բացատրեցին
անով՝
որ
ան
քիչ
մը
անհաւասարակշիռ
էր,
բայց,
երբ
իրիկուն,
վանքին
գործակատար
Հաճի
Օհաննէս
աղա
Պապիկեանի
պատմեցինք
Պօղոս
վարդապետի
արտակարգ
ելոյթը,
ան
մեզի
ըսաւ
թէ
վարդապետին
այդ
ժէսթը
ճիշտ
է
որ
հետեւանք
է
իր
անհաւասարակշռութեան,
բայց
այդ
անհաւասարակշռութիւնն
ալ
հետաքրքիր
պատմութիւն
մը
ունի
իր
ետեւը։
Պապիկեան
Հաճի
Օհաննէս
աղան՝
արհեստով
դերձակ-վաճառական,
վանքին
ներկայացուցիչն
է
Վանի
մէջ,
ուր
ան՝
ատենին,
Խաչատուր
Կաթողիկոսի
«մարդը»
կը
համարւէր
եւ
անոր
մահուընէն
յետոյ,
իր
փորձառութեամբը՝
անոր
ձգած
1500
ոսկիին
հետ,
ժառանգ
մնացած
էր
Արսէն
վրդ.
ին։
Մեծ
մարդու
«մարդը»
ըլլալու
համար,
հարկաւոր
են
քանի
մը
տեսակ
շնորհներ.
նախ
տէրը,
մանաւանդ
անոր
թոյլ
կողմերը
լաւ
ճանչնայ,
սուր
ականջ,
քիչ
մը
բամբասանք
եւ
շատ
գազանապահութիւն,
քիչ
մըն
ալ,
եթէ
կ՚ուզէք
իւմօր
եւ
համարձակութիւն,
ի
հարկին
ժպիտ
մը
բերելու
համար
տիրոջը
դէմքին
վրայ։
Պապիկեան՝
այս
շնորհներէն
զուրկ
չէր,
շնորհներ՝
որոնց
գլխաւոր
զսպանակն
էր
իրողութիւնը,
որ
վանքը՝
իր
միաբաններովը
եւ
ծառայողներովը՝
գաղտնիք
չունէր
այդ
հինաւուրց
գործակատարին
համար։
Մեր
խնդուքին
վրայ,
Պապիկեան
մեզի
ըրաւ
Պօղոս
վարդապետին
անհաւասարակշռութիւն
բերող
անցքին
պատմութիւնը։
Բայց,
պատմելու
շնորհը
չէր
իյնար
անոր
ունեցածներուն
մէջ,
ինքն
ալ
գոհ
չմնաց
իր
պատմելու
եղանակէն,
ան
չկրցաւ
իրար
կապել
պատմութեան
այս
եւ
այն
մասերը։
Վերջապէս,
պատմութիւնը
կտոր
չէ,
որպէսզի
դերձակ
մը
կարենայ
իր
ասեղովը
իրար
փակցնել
անոր
մասերը։
Մինչ
այս,
անոր
ականջին
բան
մը
փսփսալու
համար,
սրահէն
ներս
մտաւ
երիտասարդ
մը։
Հաճի
աղան
անոր
օձիքին
փակաւ
անմիջապէս,
մեզի
ներկայացուց
զայն,
ըսելով՝
—
Ահա
անձը
որ
ձեզի
կրնայ
ընել
Պօղոս
վարդապետի
պատմութիւնը։
Երիտասարդը
ուրիշ
մէկը
չէր
եթէ
ոչ
վանքի
որբանոցին
ուսուցիչը,
որ՝
վանքին
մէջ
Վարժապետ
անունով
կը
ճանչցուէր։
Հաճի
աղան
անգամ
չը
գիտէր
անոր
բուն
անունը։
Վարժապետ
շնորհալի
եւ
համեստ
մէկը
կ՚երեւէր,
անոր
առաջին
ժէսթն
եղաւ
Սրբազանին
աջին
մօտենալ
եւ
խոնարհ
համբոյր
մը
դնել
անոր
վրայ,
—
«Ի
նոցանէ»
ըլլալու
չէ
այս
վարժապետը
—
փսփսաց
Սրբազանը
իմ
ականջին,
երբ
Վարժապետ
գնաց
գրաւելու
աթոռ
մը։
Վարժապետ՝
արտաքինովն
ալ
յեղափոխականի
չէր
նմաներ։
Ծնօտին
ծայրը
ան
ունէր
փոքրիկ
մօրուք
մը,
ինչ
որ,
այդ
օրերուն,
յեղափոխականները
յատկանշող
զարդ
մը
կը
համարուէր։
Բայց
Վարժապետին
ունեցածը,
իր
դիմագծովը
ամբողջացած՝
աւելի
տիրացու
—
սարկաւագի
երեւոյթը
կուտար
անոր,
քան
թէ
յեղափոխականի։
Վարժապետի
պատմելու
եղանակն
ալ,
հակառակ
քիչ
մը
վրան
բաց
ըլլալուն,
եթէ
ոչ
վիպական,
միստիք
բան
մը
ունէր
իր
մէջը,
կարծես
Երգ-Երգոցի
մէկ
էջն
էր
որ
կը
կարդար
ան։
Սրբազանի
աչքէն
չվրիպեցաւ
Վարժապետի
այս
շնորհը,
պատմութեան
կէսին,
ան՝
այն
աստիճան
խանդավառեցաւ
իր
տպաւորութեանը
մէջ,
որ
չկրցաւ
զսպել
անոր
արտայայտութիւնը,
—
Ես՝
Վարժապետը
վարդապետ
պիտի
ձեռնադրեմ
—
մենախօսեց
ան
բարձրաձայն։
Ու,
Վարժապետի
շրթունքներուն
վրայ,
այսպէս
էր
Աղթամարի
միաբան
Պօղոս
վարդապետի
պատմութիւնը։
«Պօղոս
վարդապետը
Փշավանք
(Աղթամարի
ամենէն
մօտիկ
գիւղը)
գիւղացի
է
եւ
գիւղին
հովիւը
եղած
է
երբ
դեռ
Պօղոս
չէր
ո՛չ
ալ
վարդապետ,
այլ
Պետրոս
եւ
20
տարու
կտրիճ
երիտասարդ
մը։
Օր
մը,
երբ
Պետրոս,
հոտը,
ինչպէս
կ՚ըլլար,
քիչ
մը
աւելի
կը
քշէ
դէպի
սահմանակից
Նոր-Գիւղի
արօտները,
կը
հանդիպի
այդ
գիւղին
գառներուն
հոտին
եւ
հազիւ
պատանի,
հովուուհիին,
որ
աղբերակի
մը
վրայ
ծռած,
եղջերուի
մը
անյագութեամբ
կը
խմէր
անոր
ջուրէն։
Երբ
հովուուհին
գլուխը
կը
դարձնէ,
Պետրոսի
աչքերուն
մէջ
կ՚իյնան,
անոր
արմաւենիի
նմանող
հասակին
հետ՝
անոր
միսերուն
թարմ
կլորութիւնը,
մանաւանդ,
արշալոյսի
պէս
իրեն
նայող
անոր
եզնիկի
աչքերը,
որոնցմէ
անուշ
եւ
այրող
հոսանք
մը
իր
երակներուն
մէջ
կ՚անցնի
անմիջապէս։
Այդ
գիշերը
Պետրոս
չի
քնանար
բնաւ։
Ան
գերի
դարձեր
է
այլեւս
իր
երակներուն
մէջ՝
այդպէս
յեղակարծօրէն
ինկնող
հոսանուտին։
Ան
կը
զգայ
վերջապէս
որ
Փշավանից
գետին
ջուրերն
անգամ
չպիտի
կրնային
այլեւս
մարել
այդ
հոսանուտին
իր
սրտին
մէջ
դրած
կրակը։
Յաջորդ
առաւօտը,
անոր
առաջին
քայլը
կ՚ըլլայ
հոտը
քշել
դէպ
ի
Նոր-Գիւղի
արօտները։
Երբ,
հեռուէն
հովուուհին
կը
նշմարէ
Պետրոսը,
գառները
կը
ձգէ
եւ
իր
եղնիկի
ոտներով
բլուրներու
ծաղիկներուն
վրայէն
ցատկոտելով՝
շունչը
անոր
քովը
կ՚առնէ։
Երրորդ
հանդիպումը՝
անոնք,
զիրար
փնտռելով
է
որ
կ՚ունենան։
Ու,
այնուհետեւ
անոնք
հոն
են,
Փշավանից
եւ
կամ
Նոր-Գիւղի
արօտներէն
մէկուն
ծոցը,
քով
քովի,
ծունկ
ծունկի։
Պետրոս՝
այլեւս,
բոլորովին
իրը
կը
համարէ
հովուուհին,
մինչեւ
այն
օրը,
երբ
անոր
վարդ
այտերէն
քաղած
տաք
մէկ
համբոյրին
վրայ,
հովուուհին՝
տարօրինակ
մէկ
հարցում
մը
ընելու
կ՚ելնէ
յանկարծ
Պետրոսին,
«—
Պետրո՛ս,
դուն
ինչո՞ւ
իմ
շրթներէն
չես
համբուրեր
—
կ՚ըսէ
աղջիկը,
հեշտագին
ժպիտով
մը։
«Դո՛ւն…։
«Հարցումին
անակնկալ
ձեւէն՝
Պետրոսի
մէջ
կը
մտնէ
յանկարծ
չար
կասկածը,
թէ՝
ուրիշ
մը
համբուրեր
է
ուրեմն
հովուուհիին
շրթունքներէն։
Պետրոսի
հոգին
կը
խռովի,
ան
իր
պատասխանը
հարցումի
մը
մէջ
կը
դնէ։
«—
Քու
շրթունքներէն
համբուրող
մը
եղա՞ծ
է
ուրեմն
—
կը
հարցնէ
ան,
դողը
սիրտին
մէջ
լափելով
միաժամանակ
այդ
շրթունքներուն
կարմիրութիւնը։
«—
Այո՛
—
կը
պատասխանէ
միամիտ
աղջիկը,
հեշտագին
նայուածքով
մը,
անցեալ
օրը
Նարեկի
գառնարածը
շրթունքներէս
առաւ
համբոյրը
եւ
այդ
համբոյրը
ինծի
աւելի
տաք
թուեցաւ,
աւելի
անուշ։
«Պետրոս
վեր
կ՚ելնէ
ընդոստ
կեցած
տեղէն,
կռնակը
սիրականին
կը
դարձնէ
եւ
արագ
քայլերով
կը
հեռանայ
անկէ,
առանց
բառ
մը
արտասանելու,
առանց
նոյնիսկ
ետեւը
նայելու։
Ան
վանքը
կուգայ,
ունեցած
քսան
մէճիտները
Խաչատուր
Կաթողիկոսին
առջեւը
կը
թափէ
եւ
անկէ
վարդապետ
կը
ձեռնադրուի»։
Մեր
ընկերներէն
մէկը,
որուն
ծանօթ
չէր
որ
Խաչատուր
Կաթողիկոսի
համար
ձեռնադրութեան
առաջին
եւ
վերջին
պայմանը
դրամն
էր,
հարցուց,
—
Հովիւ
Պետրոս
գրել
կարդալ
գիտէ՞ր
ուրեմն։
Վարժապետ
ժպտեցաւ։
Պատասխանը
հաճի
աղան
տուաւ,
—
Վերջէն
քիչ
մը
սորվեցաւ
—
ըսաւ
ան,
ինքն
ալ
ժպտելով
հարցում
տուողին
միամտութեան
վրայ։
Սրբազանը
գոհ
չմնաց
այս
հարցումին
միջամտութենէն։
Ան
կը
կարծէր
թէ
դեռ
շարունակութիւն
ունէր
Վարժապետին
պատմուածքը։
Երբ
անոր
հարցումին
վրայ՝
Վարժապետ
ըսաւ
թէ
պատմութիւնը
վերջացած
էր,
Սրբազանը
վշտագին
արտայայտութիւն
մը
ունեցաւ,
—
Խեղճ
մարդը՝
ուրեմն,
սէրը
չճանչցած,
եթէ
ոչ
անոր
երեսէն
կորսնցնելու
համար
իր
հաւասարակշռութիւնը։
Առաջին
անգամ
էր
որ
Սրբազանը՝
որուն
մասնագիտութիւնը
հեգնութեան
մէջ
էր
եւ
կատակի,
երեւան
կը
բերէր
կարեկցութեան
այդպիսի
խոր
զգացում
մը։
Յետոյ,
ան
դարձաւ
անմիջապէս
դէպ
ի
իր
սովորութիւնը,
—
Վարժապետի
ապագան
աւելի
բանաստեղծութեան
մէջ
է
քան
թէ
կուսակրօնութեան։
Ես
քիչ
մը
աճապարեցի,
ինծի
համար
դժուար
պիտի
ըլլայ
ձեռքս
անոր
գլուխին
վրայ
դնել
—
փսփսաց
ան՝
իմ
ականջին։
Ապա,
դառնալով
դէպ
ի
Հաճի
աղան,
—
Ի՞նչ
են
վարդապետին
անհաւասարակշռութեան
նշանները։
—
Ուրիշ
ոչինչ
—
պատասխանեց
Հաճի
աղան,
եթէ
ոչ
ընդոստ
վեր
կենալ,
երբ
սրտին
դպչող
բան
մը
պատահի,
եւ
առնել
քալել,
ինչպէս
որ
ըրած
է,
այսօր,
ձեր
ներկայութեանը։
—
Եւ,
ինչպէս
որ
ըրած
է,
ըստ
Վարժապետի
պատմութեան,
հովուուհիէն
բաժնուած
օրը
—
աւելցուց
Սրբազանը։
Յետոյ
դէպ
ի
Վարժապետ
դառնալով,
—
Ապրի՛ս
զաւակս,
սքանչելի
էր
քու
պատմութիւնը,
միայն
թէ
աշակերտներուդ
չընես
այս
պատմութիւնը,
գէթ
այնպէս
ինչպէս
որ
ըրիր
մեր
ներկայութեան։
Եւ,
այնքան
թեթեւութեամբ,
որքան
թոյլ
կուտար
իր
մարմնոյն
ծանրութիւնը,
դէպ
ի
Վարժապետ
գնաց
ան
եւ
ձեռքը
սեղմելով
մտերմաբար
անոր
հարցուց
թէ՝
կղզիին
մէջ
յեղափոխականներ
կը
գտնուէի՞ն
արդեօք։
Վարժապետը
պատասխանեց
թէ
չէր
գիտեր,
բայց,
ան
Սրբազանին
ցոյց
տուաւ
ստուգումի
լաւագոյն
միջոցը։
—
Յեղափոխականները
նաւով
միայն
կրնան
գալ
կղզին։
Կղզիին
նաւահանգիստը,
ուրեմն,
եթէ
նաւ
կը
գտնուի,
կը
նշանակէ
թէ
ներսը
յեղափոխականներ
կան,
վասնզի
ուխտի
օրեր
չեն
այս
օրերը։
Յաջորդ
առաւօտը
մեր
առաջին
գործն
եղաւ
վանքին
դիտակովը
քննութեան
ենթարկել
կղզիին
նաւահանգիստը։
Վանքը
մէկ
մէթր
երկայնութեամբ
դիտակ
մը
ունէր,
որուն
վրայի
արձանագրութենէն
յայտնի
կ՚ըլլար
որ
ան
Տատեան
ամիրայի
կողմէն
նուիրուած
էր։
Դիտակովը
նաւահանգիստին
խիճերն
անգամ
կարելի
էր
համրել,
այն
աստիճան
որ
զօրաւոր
էր
ան։
Ոչ
մէկ
նաւ։
—
Այսօր
երթա՛նք
ուրեմն
կղզին,
բայց
գիշեր
մը
միայն
մնանք
հոն
եւ
անցնինք
—
վճռեց
Սրբազանը,
ժպիտով
մը,
որ
անոր
երիտասարդութիւնը
կը
յիշեցնէր։
Սրբազանը՝
որ
քանիցս
մերժած
էր
Յանձնաժողովի
անդամներուն
կղզին
երթալու
եւ
քննութիւնը
հոն
լրացնելու
առաջարկը,
այդ
օրը
քանի
մը
անգամ
կրկնեց՝
—
Ապրի
Վարժապետ՝
որ
զիս
դուրս
հանեց
տարակոյսներէս։